ՀՕՄ-ի «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը՝ արցախցի ընտանիքներու համար․ Արցախն այս շաբաթ


ՀՕՄ-ի «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը՝ արցախցի ընտանիքներու համար

Հայ oգնութեան միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը մեկնարկած է Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու գիւղական շրջաններու մէջ բնարարաններ յատկացնելու «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը։  

««Յոյսի օճախներ» ծրագիրը շարունակական է։ Անոր առաջին հանգրուանին ընթացքին հինգ երկյարկանի բնակարաններ պիտի նորոգուին եւ տրամադրուին արցախահայ ընտանիքներու, որոնք անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ կը զբաղին։ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ այս ծրագիրը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի գիւղերու զարգացման վրայ եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ արցախահայութեան արտագաղթին նուազեցման ճիգերուն մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ արդէն իսկ երկու բնակարաններ գնուած են Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները շուտով պիտի յանձնուին արցախցի երկու բազմազաւակ ընտանիքներու։

«Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը անընդմէջ պիտի շարունակուի, յաւելեալ բնակարաններ տրամադրելով արցախահայ ընտանիքներու։

ՀՕՄ-ը կոչ կ’ուղղէ աջակցիլ այս ծրագրին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ բնակարաններ յատկացնել արցախահայ ընտանիքներու։

ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան սոյն ծրագրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած էջերուն կամ օգտագործել https://ars1910.org/give/  կապը։

***

Համազգայինը կը շարունակէ սատարել Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ վերջերս մեկնարկեցին դասապատրաստման ամառնային խմբակներ, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ուր կը յաճախեն Արցախէն տեղահանուած մանուկները: Խմբակները նախատեսուած են կրտսեր եւ միջին խումբերու համար` առանձին-առանձին:

Դասապատրաստման կրտսեր խումբի մանուկները (լուսանկարը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենակին)

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, անվճար դասապատրաստման եւ ստեղծագործական խմբակները կը գործեն նաեւ Հայաստանի Մասիս, Աբովեան եւ Գիւմրի համայնքներուն մէջ:

Համազգայինի այս ծրագիրները կոչուած են կրթութեան եւ մշակոյթի ճանապարհով սատարելու Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն:

***

Արցախի իշխանութիւնները կը պատասխանեն Փաշինեանի անհիմն յայտարարութիւններուն

12 Յունիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ արցախցիներուն հասցէին կատարած մեղադրանքներուն պատասխանեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը, նշելով, որ վերջին օրերուն Հայաստանի իշխանական շրջանակներու կողմէ, ներառեալ՝ Ազգային ժողովի ամբիոնէն, կրկին շատ կը խօսուի Արցախի Հանրապետութեան հայաթափման պատճառներուն մասին, եւ կը հնչեն թէզեր, որոնք նոյնիսկ աղերս չունին իրականութեան հետ: 

«Արցախի իշխանութիւնները հարկ են համարում ընդգծել, որ այդ գործիչների վրայ է ընկնելու իրենց յայտարարութիւնների պատասխան յայտարարութիւնների հետեւանքները, այդ թւում՝ երկրի անվտանգութեան համատեքստում, քանի որ հրապարակային ելոյթը ենթադրում է նաեւ հերքում, որը պէտք է անպայմանօրէն հաշուարկել: 

«Առաջնահերթութիւնը տալով Հայաստանի անվտանգային խնդիրներին՝ բռնի տեղահանումից յետոյ Արցախի իշխանութիւնները տեւական ժամանակ է ցուցաբերում են զսպուածութիւն, հնարաւորինս զերծ մնում հրապարակային խօսքից, բայց յատկապէս վերջին օրերին տարածուած կեղծիքին պէտք է պատասխանել, որպէսզի հայ ժողովուրդն իմանայ ճշմարտութիւնը: 

«Անդրադառնալով 12 յունիսին Երեւանի Բաղրամեան պողոտայում տեղի ունեցած անհնազանդութեան ակցիային (գործողութեան)՝ Արցախի իշխանութիւնները ոստիկանութեանը յորդորում են իրավիճակը գնահատել սթափ, զերծ մնալ անհամաչափ ուժի կիրառումից եւ բոլոր կողմերին կոչ անում ցուցաբերել զսպուածութիւն»:

***

Պաքուի մէջ գտնուող Արցախի ղեկավարութիւնը կենդանի պատանդ մնաց եւ ապահովեց Արցախի բնակչութեան ելքը․ Շահրամանեան

Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան պատասխանեց 12 Յունիսին Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքին, ըստ որուն, Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը դասալիք է: 

Շահրամանեան ըսաւ հետեւեալը. «Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, որը գտնւում է Պաքւում, կենդանի պատանդ է մնացել եւ ապահովել մեր բնակչութեան դուրս բերումը: Ռազմական գործողութունների դադարից յետոյ բոլոր միջպետական ճանապարհները վերահսկւում էին Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից, քաղաքացիական բնակավայրերը վտանգի տակ էին, բնակչութիւնը՝ նոյնպէս: Մեր ժողովրդի պահանջն է եղել դուրս գալ»:

Սամվել Շահրամանեան հարցազրոյցի ժամանակ (լուսանկարը՝ aysor.am-ի)

Շահրամանեան նաեւ անդրադարձաւ Փաշինեանի այն յայտարարութիւններուն, թէ արցախցիները եւ Արցախի կառավարութիւնը դիմացած են 2 ժամ, որմէ ետք խնդրած են դուրս գալ: Ան հաստատեց, որ Փաշինեան լաւ գիտէ, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը մինչեւ վերջին օրը ենթարկուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան, եւ որ անիկա կը հանդիսանար պաշտպանութեան նախարարութեան կառուցուածքային ստորաբաժանում: «Արցախցիները դիմացել են 32 տարի, եւ 7 տարեկանից բարձր ցանկացած արցախցի երեխայ տեսել է 3 լայնածաւալ պատերազմ», ըսաւ ան:

Վերջին գործողութեան մասին խօսելով՝ Շահրամանեան ըսաւ, որ ինք արդէն ըսած էր, որ ժամեր ետք հասկցաւ, որ առանձին են, եւ անկարելի էր դիմադրել 1-ը 10 ազրպէյճանական ուժերուն, եւ պէտք էր փրկել կեանքեր, այդպէս ալ եղաւ:

«Ինչ վերաբերում է նրան, որ մենք այնտեղ միլիարդաւոր զէնքեր ենք թողել սարքին, կարգին, ուզում եմ տեղեկացնել, որ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է որ լաւ իմանայ, թէ սպառազինութիւնը ում հաշուեկշռում էր գտնւում, եւ սպառազինութեան համար ով էր ենթակայ պատասխանատուն: Արցախի ՊԲ-ն մինչեւ վերջին օրը ենթարկուել է ՀՀ կառավարութեանը եւ հանդիսանում էր ՊՆ կառուցուածքային ստորաբաժանում: Պէտք է այս մասին իմանան եւ չփորձեն մեղաւորներ գտնել», ըսաւ Շահրամանեան: 

***

Վարդանեանը Պաքուի բանտին մէջ ենթարկուած է խոշտանգման․ փաստաբանները դիմած են ՄԱԿ-ի խոշտանգումներու դէմ կոմիտէին

Ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբանական խումբը 13 յունիսին հրատապ դիմում ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցողին` յորդորելով դատապարտել Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Ռուբէն Վարդանեանի դէմ իրականացուող խոշտանգումներն ու դաժան վերաբերմունքը:

«Չափազանց մեծ մտահոգութիւն կը յարուցէ այն, որ Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը եւ միջազգային փաստաբանը տեղեկացուցած են, որ ապրիլ 2024-ին յայտարարուած հացադուլի ժամանակ Վարդանեանին տեղափոխած են պատժախուց, զրկած են խմելու ջուրի հասանելիութենէն, քնանալու եւ արտաքին աշխարհի հետ կապի հնարաւորութենէն։ Տեղեկութիւն չկայ, թէ որքան ուժեղ եղած են այդ ամէնի հետեւանքով անոր հասցուած հոգեբանական եւ ֆիզիկական վնասները», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

«Ռուբէն Վարդանեանը յայտնի մարդասէր եւ բարերար է, որ երկար տարիներ շարունակ կը պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները: Յատկանշական է, որ Ազրպէյճանը զայն կը դիտարկէ որպէս սպառնալիք, կը փորձեն անոր լռեցնել կամայական կալանքի միջոցով, իսկ վերջին շրջանին ալ` խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի միջոցով: Եթէ Ազրպէյճանը կը ցանկայ, որ իրեն լուրջ վերաբերին միջազգային հարթակի վրայ, եւ որ COP29-ը դառնայ «խաղաղութեան COP», ապա պէտք է դադրեցնէ Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը եւ անյապաղ կերպով ազատ արձակէ զայն եւ Լեռնային Ղարաբաղի միւս քաղբանտարկեալները»,ա ըսած է Վարդանեան ընտանիքի միջազգային իրաւախորհրդատու Ճէարեըտ Կենսըրը:

Յայտարարութեան կը կը նշուի, որ 5-25 ապրիլին Ռուբէն Վարդանեանը հացադուլ յայտարարած էր` ի նշան բողոքի իր եւ միւս հայ բանտարկեալներու քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներու դէմ:

«Ի պատասխան` Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան նախաքննական մեկուսարանի պաշտօնեաները Վարդանեանը տեղափոխած են պատժախուց, ուր զայն պահած են ամբողջ հացադուլի ժամանակ: Մենախցին մէջ լոյսը վառած եղած է շուրջօրեայ, որ յանգեցուցած է անքնութեան եւ հիւծման: Բացի ատկէ, անոր ստիպած են երկար ժամանակ ոտքի վրայ մնալ եւ աւելի քան երկու օր զրկած են խմելու ջուրէն: Աւելին, անոր թոյլ չեն տուած լոգնալ եւ փոխել հագուստը, չեն յատկացուցած զուգարանի թուղթ, արգիլած են գիրք կամ կարդալու որեւէ նիւթ վերցնել, ան զրկուած եղած է անկողնի սպիտակեղէնէ: Յատկապէս մտահոգիչ է այն փասը, որ ո՛չ Վարդանեանի փաստաբանին, ո՛չ ոեւէ մէկուն, նոյնիսկ` տեղի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին, չեն թոյլատրած հացադուլի ժամանակ այցելել Վարդանեանին, իսկ անոր շփումը արտաքին աշխարհի հետ (օրինակ` ընտանիքի հետ հեռաձայնները) չեն թոյլադրած: Այս վերաբերմունքով, որ նպատակ ունեցած հացադուլի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքական գործունէութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պաշտպանութեան համար Վարդանեանը պատժելուն, Ազրպէյճանը կոպտօրէն կը խախտէ Խոշտանգումներու դէմ համաձայնագրով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի` բանտարկեալներու հետ վարուելու նուազագոյն կանոնները», ըսուած է Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ, ահազանգելով, որ Ազրպէյճանը յայտնի է իր քաղաքական բանտարկեալներու դէմ դաժան վերաբերմուքով, այդ իսկ պատճառով Վարդանեանը կը գտնուի յետագայ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի վերահաս վտանգի տակ: