Արցախն այս շաբաթ


Ստեփանակերտի մէջ կառավարութեան կողմէ կառուցուած նոր շէնք մը

—«Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»-  Հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները պէտք է շտկուին, սակայն կան կարմիր գիծեր, որոնք պէտք չէ խախտուին, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

 «Մենք բազմաթիւ անգամ ըսած ենք, որ թէ՛ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւնները չեն կրնար տարածուիլ Արցախի կարգավիճակին եւ անոր յետագայ ճակատագրին վրայ, որովհետեւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ոչ մէկ կարգավիճակ կրնաj ապահովել Արցախի իրաւունքները, ազատութիւնն ու ապագան», վերահաստատած է Բաբայեան:

— Անցեալ տարուան Նոյեմբերէն մինչեւ Յուլիս 2022-ին Արցախի կառավարութեան կողմէ մօտ 377 նորակառոյց բնակարաններ եւ տուներ տրամադրուած են զոհուածներու, զինուորական հաշմանդամներու, 5 եւ աւելի զաւակներ ունեցողներու, տեղահանուածներու, փախստականներու, Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու, ինչպէս նաեւ ծնողազուրկներու ընտանիքներուն:

 Բնակարաններէն 312-ը տրամադրուած է  Ստեփանակերտի, 48-ը` Ասկերանի, իսկ 17-ը` Մարտունիի շրջանին մէջ:

— Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան  հետեւած է պատերազմէն ետք Ասկերանի շրջանին մէջ մեկնարկած շարք մը մեծ ծրագիրներու ընթացքին։

Ան նախ այցելած է Պատարայի մէջ կառուցուող ջրամբարի տարածք եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացած շինարարութեանը: 10 ամսուան մէջ կառուցուած է Ստեփանակերտի ջուրի կայանի նոր ջրատար խողովակը: Ներկայիս կ’ընթանան մեծ ջրամբարի շինարութիւնը, որ նախատեսուած է աւարտել 2025-ին: 
Նախագահը յաջորդիւ այցելած է Աստղաշէնի եւ Յովսէփաւանի վարչական տարածքները, ուր պետական եւ բարեգործական միջոցներով կը կառուցուին համապատասխանաբար 149 եւ 92 առանձնատուներ: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ` մինչեւ այս տարուան վերջը երկու բնակավայրերուն մէջ պատրաստ պիտի ըլլան աւելի քան 150 առանձնատուն` նախատեսուած Ասկերանի չորս գիւղերու բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու համար: 

Յարութիւնեան եղած է նաեւ մէկ տարի առաջ ժամանակակից արհեստագիտութեամբ հիմնուած խաղողի, արքայանարինջի եւ սերկեւիլի այգիներ, այցելած ռուսաստանաբնակ գործարարին կողմէ Խնապատի մէջ հիմնուած «Պեսթ ֆուտ» ընկերութիւն, որ կը զբաղի նաեւ պտուղներ եւ հատապտուղներ աճեցնելով: Նախագահը մէկ անգամ եւս շեշտած է, որ Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան բուռն զարգացումը այլընտրանք չունի եւ պետութիւնը պատրաստ է խրախուսելու եւ աջակցելու այն գիւղատնտեսներուն, որոնք արդի ձեւերով գիւղատնտեսութիւններ կը հիմնեն:

— 10 Յուլիսին Մարտունիի Թաղավարդ գիւղին մէջ բացուած է կարի արտադրամաս` «Սահման» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ:

Կազմակերպութեան ծրագիրներու ղեկավար Սօսէ Մուրադեան տեղեկացուցած է, որ իրենք 2011-էն ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ: Իսկ 2020-ի պատերազմէն ետք, կ’աշխատին նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի գիւղերուն մէջ: Թաղավարդի մէջ արդէն իրենց աջակցութեամբ 4-րդ ծրագիրը կ’իրականացուի։

«Սկիզբը որոշեցինք Մարտունիի գիւղերուն մէջ ծրագիրներ իրականացնել։ Թաղավարդի մէջ բացի կարի արտադրամասէն, իրականացուցին հինգ պիզնես` տարբեր ոլորտներէ: Ծանօթացանք տիկին Երմոնեային եւ որոշեցինք աջակցիլ իրեն, որովհետեւ շատ վատ պայմաններու մէջ կ’աշխատէր: Գիւղը ասոր կարիքը ունի, յատկապէս պատերազմէն ետք, որովհետեւ նկատեցինք, որ զինուորները շատ կը դիմեն հագուստ կարելու համար: Այդ պատճառով որոշեցինք ֆինանսաւորել տիկ․ Երմոնեային եւ  ամբողջութեամբ վերանորոգել, կահաւորել ու նոր սարքաւորումներ տրամադրել իրեն», նշած է Մուրադեան, եւ աւելցուցած, որ կ’ընդունուին տարբեր տեսակի հագուստներու պատուէրներ`  սկսած մանկականէն մինչեւ զինուորական:

— Մարտունիի Բերդաշէն ու Եմիշճան գիւղերը այսուհետեւ ունին  շուրջօրեայ ջուր:

Ծրագիրը իրականացուած է շնորհիւ արտեզեան հորերու բացումով եւ նոր ջրագիծի կառուցմամբ։ Կառուցապատման աշխատանքները աւարտելէ ետք արտեզեան հորերու եւ ջրագիծի շահագործումը յանձնուած է «Ջրամատակարարում» ընկերութեանը:

— Ստեփանակերտի մէջ 14 Յուլիսին տեղի ունեցած է Արցախի պետական երգչախումբի համերգը, որուն ընթացքին հնչած են օփերաներ:

Արցախի պետական երգչախումբի ղեկավար Նինա Գրիգորեան նշած է, որ պատերազմէն ետք միայն Ստեփանակերտի մէջ համերգներ կ’ունենան: Արցախցիներու համար շատ կարեւոր է հոգեւոր սնունդը, եւ մենք կը փորձենք մատուցել: Ծրագրին մէջ օպերային արուեստի գլուխգործոցներ են․ Մասկանի, Պիզէ, Վերդի, Չայկովսկի, Փուչինի, Լեհար:

— Ստեփանակերտի Մշակոյթի տան «Տէոդեմ-Արցախ» պարի անսամպլը Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Wonderland» եւ «New Life» միջազգային մրցոյթ-փառատօնին «Ժողովրդական ոճաւորում» անուանակարգին մէջ առաջինը հանդիսացած է:

«Մրցոյթին մասնակցիլը մեզի համար շատ կարեւոր էր: Պատերազմէն առաջ` 2019-ին, Երեւանի մէջ մասնակցած էինք GlobalFest միջազգային փառատօն-մրցոյթին, երբ ժամանակակից պարերու անուանակարգին մէջ 3-րդը դարձած», յայտնած է ան։

Ըստ անոր` այս մրցոյթին մասնակցած է 8 երկիր` Հայաստան, Վրաստան, Ղազախստան, Ռուսիա, Պելառուսիա, Թուրքիա, Իսրայէլ, Ազրպէյճան:

«Բացի յաղթանակէն, մրցոյթը նաեւ այլ կարեւորութիւն ունէր` ծանօթութիւն այլ ազգերու մշակոյթին ու արուեստին, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդին մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնել ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համաշխարհային արուեստի նկատմամբ», նշած է ան։