Ուրախութեան բանալին. բնակիլ ծննդավայրի՞ կամ աշխարհի լաւագոյն երկրին մէջ


Լոռի Պէրպէրեան

Հաճելի է բնակիլ հարազատ ու սիրած ծննդավայրիդ մէջ, հոն՝ ուր կը ճանչնաս, կը սիրես, ու կը պատկանիս։ Այդ նոյն հաճոյքը կը փոխուի ու տարբեր մակարդակի վրայ կ’ըլլայ սակայն, երբ երկար ժամանակ ուրիշ տեղ մը ապրելով կը զգաս, թէ այլ համեմունքներու զգացողութեամբ դիտել սկսած ես քեզի ծանօթ եւ հարազատ այդ վայրերն ու անձերը։

Շատ քիչ ճամբորդութիւններ կը գերազանցեն վերադարձը դէպի մեր ծննդավայրը. ապրած հեռաւոր երկիրն ու կեանքը իր փայլքը կը կորսնցնէ: Երբ անձը կը վերադառնայ հոն՝ իր առաջին բառերուն, քայլերուն ու մտածումներուն աղբիւրին մօտ, ու կը վերյիշէ այդ հարազատ հողին ու երկնքին տեսած բարեկամութիւնները, խնդուքներն ու լացերը, անիմաստ կը թուի այլ երկրի մը ափերուն կեանքը։

Սակայն, դէպի ծննդավայր վերադարձը նաեւ առիթ կ՚ընծայէ անձին բաղդատելու տուեալ երկրին եւ ծննդավայրին միջեւ՝ հոն գտնուող հին բարեկամներու ու ընտանիքի անդամներու ապրելակերպին, վայրերու յառաջացման ընթացքին եւ իրականացած փոփոխութիւններուն։ Նոր երկրի փորձառութիւններով ու դասերով ընդլայնացած մեր միտքը՝ կարողութիւնն ու կարելիութիւնը կ՚ունենայ քննադատելու ու բարեփոխելու ծննդավայրին մէջ երկարատեւ ապրող  բնակիչներուն ներկան։

Իւրաքանչիւր անձ պէտք է մնայ հոն, ուր հոգին հանգիստ կը զգայ եւ ոչ ուր պէտք է համակերպուի. սակայն եթէ միշտ ապրինք այդպէս՝ զերծ կը մնանք լայնամիտ ու ամբողջական տեսանկիւն ունենալէ եւ կամ իրարու հակասող կենցաղները գիտնալէ ու յառաջդիմելու բախտը ունենալէ։

Առանձնութիւն սիրողը կը մնայ մինակ, իսկ բազմութիւն սիրողը՝ միշտ անձերով շրջապատուած. առաջինը՝ չի համտեսեր անվերջ հաւաքոյթներու հաճոյքները, իսկ երկրորդը՝ չի գիտնար առանձնութեան հանդարտութիւնը։ Իւրաքանչիւրը կը հաւատայ, որ իր կենցաղն է լաւագոյնը՝ առանց իսկական գաղափար մը իսկ ունենալով տարբեր կեանքի տեսակներէն։ Առաւել եւս, իւրաքանչիւրը կը կառչի իրեն ծանօթ միջավայրին։ Դժբախտ երկրի մը բնակիչն ես՝ երկարակեաց կաշկանդումի մէջ կը շարունակես կեանքդ, իսկ եթէ բախտաւոր երկրի բնակիչն ես՝ միշտ ալ շահողը դուն կ’ըլլաս: Ասպիսով՝ վատնած կ՚ըլլանք կարելիութիւնը ամբողջ մարդկութեամբ վայելելու կեանքի որակի բարձրագոյն մակարդակը, երազանքներու անսանձ սլացումը ու աստղերու փայլքը խոնարհեցնող փայլուն ապագաները:

Յատուկ նուէր է կարողանալ բաժնեկցիլ այլ երկրէ մը քաղուած դիտանկիւններն ու դիտողութիւնները՝ ծննդավայրի մէջ բնակող անձի մը հետ։ Արժէքաւոր գանձեր են ծննդավայրի բնակիչներուն կենցաղին ու բնաւորութեան մասին վերլուծումներն դուրսի կարծիքները լսելը, մանաւանդ այնպիսի մարդոց համար, որոնք միշտ ապրած են նոյն տեղը եւ շատո՜նց ընդունած են այդ վայրին լաւ ու վատ պայմանները, իբրեւ իրենց յարմարագոյնը. երբ իրենց կեանքի ո՛չ էական մարտահրաւէրներն ու սխալ մտայնութիւնները իրենց համար դարձած են սովորական, անփոփոխելի, անփոխարինելի ու «շիտակ»։

Կը կարծեմ, որ պէտք չէ առանց անձնական փորձառութեան հաստատել, թէ դուրսը՝ ծննդավայրէդ աւելի լաւ կամ վատ տեղ է, երկուքն ալ կրնան հաւասար հաւանականութիւնը ունենալ. միայն դուրսը երկարատեւ ապրելով է, որ պիտի կրնանք գիտնալ պատասխանը այդ հանելուկին։ Այդ փորձը կ՚արժէ կատարել, որովհետեւ դուրսէն-ներս եւ ներսէն-դուրս դիտելը հսկայական առաւելութիւններ կը խոստանայ կատարել կեանքիդ ու մտայնութեանդ զարգացման մէջ։

Իսկ ո՞րն է ուրախութեան բանալին, բնակիլ ծննդավայրի՞ կամ աշխարհի լաւագոյն երկրին մէջ։

Ներկայիս համոզուած եմ, որ աշխարհի վրայ չկայ «լաւագոյն երկիր» անունով տեղ մը, այլ կայ քու յատուկ պէտքերուդ ու չափանիշներուդ յարմար երկիր։ Ուրախութեան բանալիին կը տիրանանք այս իրականութիւնը ընդունելով, ո՛չ թէ այս կամ այն երկիրը բնակելով: Մեզի կը մնայ իրապաշտօրէն բաղդատել մեր շրջապատն ու կարելիութիւնները, եւ ձգտիլ մեզի համար յարմարագոյն միջավայրն ու պայմանները ստեղծել։ Իսկ երբ տարբեր երկիրներ բնակելու կարելիութիւնը չունինք, գոնէ լսենք  մեր հերաւոր բարեկամներու կարծիքները, արժեւորումները, քննադատութիւնները, ու բարելաւման առաջարկները։ Այսպիսով բաղդատական մը կ՛ունենանք, որպէսզի արդարօրէն դատենք մեր պայմանները, մինչեւ կրնանք կերտել մեր լաւագոյն կեանքը։