Ութ ամսուան շրջափակման մէջ սովամահութեան պարագայ մը արձանագրուեցաւ․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի մէջ 40 տարեկան անձ մը սովամահ եղաւ

Արցախի ամբողջական շրջափակման մէջ սովամահութեան պարագայ մը արձանագրուեցաւ։ Ըստ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հրապարակած հաղորդագրութեան, Ստեփանակերտի բնակիչ, 1983-ի ծնունդ Կ. Յովհաննիսեանը մահացաւ քրոնիկ թերսնուցման պատճառով:

Թերսնուցման պատճառով Արցախի մէջ սովամահ եղած Կ. Յովհաննիսեանի մարմինը

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ըստ դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անձի մահուան մասին վկայականի Կ. Յովհաննիսեանի մահուան պատճառ հանդիսացած է` սննդանիւթերու երկարատեւ եւ ոչ ամբողջական սպառման պատճառով ընդհանուր հիւծուածութիւն, այտուցներ, նիւթափոխանակութեան բոլոր ձեւերու խանգարում, օրկաններու կազմափոխութեամբ եւ գործառական խանգարումներով, կախեքսիյ (սնուցման խանգարման յատուկ` ծանր տարատեսակ, որ կը զարգանայ օրկանիզմին մէջ ուտելիքին մէջ սպիտակուցներու ոչ-բաւարար պարունակութեան պարագային): Հիւանդութեան զարգացման պատճառ կը դառնան կենցաղային ծանր պայմանները, ցած կենսամակարդակը։

Ստեփանեան ընդգծեց, որ շրջափակման եւ յատկապէս երկամսեայ ամբողջական պաշարման պատճառով յառաջացած պարէնային աղէտալի իրավիճակը եւ անոր իբրեւ արդիւնք մարդոց թերսնուցումը եւ սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը եւ առողջապահական համակարգի ամբողջապէս գործելու անկարելիութիւնը ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիքներ կը ստեղծեն Արցախի 120 հազար բնակչութեան համար:

«Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ութ ամիս շարունակուող շրջափակման աղէտալի հետեւանքները հանրային առողջութեան վրայ առաւել քան նկատելի եւ շօշափելի են, որոնք առաջնահերթ կ’արտայայտուին հասարակութեան խոցելի խմբերու` երեխաներու, յղիներու, քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցողներու, հաշմանդամներու եւ տարեցներու առողջական իրավիճակին վրայ», կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ազրպէյճանական զինուժը կը կրակէ ցորենի արտին մէջ աշխատողներու ուղղութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ 17 օգոստոսին ազրպէյճանական զինուժը Ասկերանի շրջանին մէջ խախտած է հրադադարը` օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ հրաձգային զէնքէ կրակած է Սարուշէն համայնքի դաշտերուն մէջ աշխատող գիւղատնտեսական մեքենայի մը ուղղութեամբ:

Ազրպէյճանի զինուժը կը կրակէ ցորեն հնձելու մեքենային (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

19 օգոստոսին Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան տեղեկացուց, որ արդէն տեւական օրեր է, որ Սարուշէն գիւղի բնակիչները հացի խնդիրը լուծելու համար կը փորձեն հաւաքել գիւղի միակ ցորենի դաշտին բերքը, սակայն անոր մօտ գտնուող ազրպէյճանական դիրքերէն պարբերաբար թիրախի տակ կ’առնուին դաշտին մօտեցող մարդիկ ու գիւղատնտեսական մեքենան:

«Թէեւ ամէն անգամ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները հունձքի օրն ու ժամը կը համաձայնեցնեն ազրպէյճանական կողմին հետ եւ անոնք կազմակերպուին խաղաղապահներու ներկայութեամբ, այդուհանդերձ աշխատանքները սկսուելուն պէս ազերիները հրաձգային տարբեր զէնքերէ կը  սկսին անդադար կրակելու, որմէ ետք աշխատանքները անմիջապէս կը դադրին, իսկ քաղաքացիները խաղաղապահներու օգնութեամբ կը տեղափոխուին անվտանգ վայր։ Սարուշէնի համայնքի բնակիչները այսօր եւս զրկուած են իրենց հացի միակ աղբիւրը` ցորենը հաւաքելու հնարաւորութենէն», կը գրէ պետական նախարարը:

Արցախ կը դիմէ Կարմիր խաչին՝ երիկամի լուացման ենթարկուող Հիւանդները Հայաստան տեղափոխելու

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման պատճառով, դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու աւելցող սուր սղութեան պատճառով, Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը դիմեց Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին՝ տարհանելու երիկամներու մաքրման ենթարկուող հիւանդները Հայաստանի մասնագիտական հիւանդանոցներ, այլապէս բժշկական սարքերու վերջանալէն շուրջ մէկ շաբաթ ետք այդ հիւանդները կը մահանան:

Երիկամներու մաքրման ենթարկուող հիւանդներ

Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կան նման 41 հիւանդներ, որոնցմէ 19-ը վերջին օրերուն տեղափոխուեցաւ Հայաստան՝ Կարմիր խաչին կողմէ, իսկ 10 ուրիշներ պիտի փոխադրուին 15 Օգոստոսին: Թէեւ բոլորին առաջարկուեցաւ երթալ Հայաստան, սակայն 41 հիւանդներէն 12-ը մերժեցին դուրս գալ Արցախէն:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի վերաբերեալ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի առնչութեամբ.

Պաշտօնական Ստեփանակերտը ողջունեց ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստի Արցախի վերաբերեալ քննարկումը:

ԱԳ նախարարութիւնը ընդգծեց, որ իրենք կ’ակնկալեն, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները ցուցաբերեն հետեւողականութիւն եւ սկզբունքային դիրքորոշում Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ հետագայ յանցաւոր գործողութիւնները կանխելու գործին մէջ եւ իրենց դիրքորոշումը կ’ամրապնդեն բանաձեւի ընդունումով, «որ Ազրպէյճանը կը պարտաւորեցնէ վերացնելու Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակումը առանց որեւէ նախապայմանի եւ այլընտրանքային երթուղիներու հետ փոխկապակցութեան` 9 նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն խիստ համապատասխան»:

Միեւնոյն ժամանակ, նախարարութիւնը նշեց, որ «հիասթափութիւն կը յառաջացնէ այն, որ առանձին պատուիրակութիւններ փորձած են երեւակայական եւ չափազանց վտանգաւոր հաւասարակշռութիւն գտնել Արցախի ժողովուրդի` իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու ցանկութեան եւ զայն բռնի ուժով հպատակեցնելու եւ ոչնչացնելու Ազրպէյճանի նկրտումներուն միջեւ»:

«Չի կրնար ըլլալ փոխզիջում, մէկ կողմէ` ազատութեան, մարդկային արժանապատուութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքներուն եւ միւս կողմէ` մարդոց ֆիզիքական ոչնչացման նպատակով իրականացուող մարդու իրաւունքներու համակարգուած եւ լայնածաւալ խախտումներու ծայրայեղ դրսեւորումներուն միջեւ», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: 

«Բերձորի միջանցքին բացումը անյետաձգելի հրամայական պէտք է դառնայ միջազգային համայնքին համար»․ Արամ Ա. կաթողիկոս

17 օգոստոս 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մէջ Գանատայի դեսպանին: Ի պատիւ վեհափառ հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ: Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր` Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Արցախի հարցը:

Արցախի հարցին անդրադառնալով` վեհափառ հայրապետը շեշտեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքին անյապաղ վերաբացումը, որուն փակման պատճառով շուրջ 120.000 հայեր տագնապի մատնուած են: Ան նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման հրամայականը եւ յոյս յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ միջազգային համայնքը իր գործնական աջակցութիւնը բերէ:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը չունին ձայն եւ քաղաքական ներկայացուածութիւն. դուք կրնաք անոնց օգնել» Օքամփօ

Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի (Բերձորի) միջանցքի շրջափակումը, տեղւոյն բնակչութեան համար սնունդի, վառելանիւթի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարման դադրեցումը պէտք է դիտարկուի իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Լուիս Մորենo Oքամփոն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին (լուսանկարը՝ Mario Tama/Getty Images

Այս մասին «Էքս»-ի (նախապէս` «Թուիթըր») վրայ գրած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն` գրառման կից հրապարակելով տեսաուղերձ, որուն մէջ մարդոց կոչ կ’ուղղէ օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն` իրենց ձայնը հասցնելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը չունին ձայն եւ քաղաքական ներկայացուածութիւն: Դուք կրնաք անոնց օգնել` տալով ձեր ձայնն ու ներկայացուածութիւնը, ինչ որ անոնց պիտի օգնէ հասնելու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընին: Ան է որոշում տուողը եւ միայն ան կրնայ փոխել եղած քաղաքականութիւնը` կանգնեցնելու հայերու ցեղասպանութիւնը 2023-ին», նշուած է տեսաուղերձին մէջ:

Յատկանշական է, որ Օքամփօ իր գրառումին մէջ նշած է հայկական արմատներով ամերիկեան պատկերասփիւռի աստղ Քիմ Քարտաշեանի ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում» շարժանկարի արտադրիչ Էրիք Իսրայէլեանի անունները:

Անգարան կոչ ուղղեց Երեւանին՝ աջակցելու Աղդամի ճամբու օգտագործման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Հայաստանին՝ «աջակցելու Աղդամի ճամբու օգտագործման, ձեռնպահ մնալու սադրիչ քայլերէ, ճանչնալու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցելու Ազրպէյճանի ջանքերուն՝ հայ բնակչութեան համարկման հարցով»:

14 Օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեամբ պաշտօնական Անգարան նշեց, որ ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ քննարկումներուն՝ շեշտելով, որ «կը հասկնայ այդ հարցով Ազրպէյճանի օրինական մտահոգութիւնները»:

«Թուրքիա այն կարծիքին է, որ Լաչինի ճամբու հարցով Ազրպէյճանը քննադատելու հիմք չկայ», դիտել տուաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: 

Բերձորի միջանցքի ապօրինի անցակէտի մօտ Ազրպէյճանը կտրեց համացանցի հաղորդալարերը

Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուց, որ 17-ի օգոստոսին Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին վրայ տեղակայուած ապօրինի անցակէտի մօտ ազրպէյճանական կողմը կտրած է համացանցի հաղորդալարերը` խափանելով Արցախի կայուն կապը համացանցի հետ:

Երէկ երեկոյեան Արցախի մասնագէտները փորձած են ռուս խաղաղապահներու հետ միասին մօտենալ տուեալ հատուած եւ վերանորոգել մալուխը (հաղորդալարը), սակայն ազրպէյճանական կողմը չէ թոյլատրած: Այսօր առտուընէ կը շարունակուին բանակցութիւնները խաղաղապահներու ու ազրպէյճանական կողմի միջեւ, որպէսզի հայ մասնագէտները կարենան վերականգնել վնասուած մալուխը:

Ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտը Հակարի կամուրջին վրայ

«Պատահական չեմ համարեր, որ այս նոր յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք եւ Արցախի ցեղասպանութեան թեմայով նախատեսուած մամուլի ասուլիսի մեկնարկէն բառացիօրէն 5 վայրկեան առաջ: Այս սադրանքի հետեւանքով ասուլիսի արցախաբնակ բանախօսները` Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը եւ տեղահանուած քաղաքացի Ալվինա Ներսէսեանը կրցած են անկայուն ու այլընտրանքային կապով միանալ միւս երկու բանախօսներուն` Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանին եւ Միջազգահին քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամփոյին 45 վայրկեան ուշացումով:

Ի հեճուկս ազրպէյճանական ջանքերուն` ասուլիսը կայացած է, որուն մասնակցած են շուրջ 130 հոգի 27 երկրէ:

Ի դէպ, այժմ Արցախի մէջ հասանելի է խիստ սահմանափակ ծաւալի համացանց` անկայուն ռատիոկապի միջոցով, որ նոյնպէս շարունակաբար կը գտնուի ազրպէյճանական խլացուցիչ համակարգերու ճնշման տակ»: 

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դարձեալ կոչ կ’ուղղեն վերականգնելու Բերձորի միջանցքով ազատ երթեւեկը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի նախօրեակին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հարցումին, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դարձեալ կոչ ուղղած է բանալու Բերձորի միջանցքը:

«Մենք խորապէս մտահոգ կը մնանք Լաչինի միջանցքը շարունակական փակ մնալու վերաբերեալ, յատկապէս որ անիկա փակ է առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու համար: Մարդասիարկան երթեւեկի դադրեցումը, մեր կարծիքով, կը վատթարացնէ մարդասիրական կացութիւնը եւ կը խարխլէ խաղաղութեան հոլովոյթի մէջ վստահութիւն կառուցելու համար գործադրուող ջանքերը: Մենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ուղղենք վերականգնելու առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու այդ միջանցքով ազատ երթեւեկը», «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդմամբ՝ ըսած է Փաթել:

Բնակչութեան բնական աճը աւելցած է 188 տոկոսով

Արցախի մէջ բնական աճը այս տարուան եօթ ամսուան տուեալներով 18,8 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան համեմատ:  

Արցախի ազգային վիճակագրական ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ հակառակ 2023 թուականի 7 ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ծնունդներու թիւը նուազած է 7,9 տոկոսով, իսկ մահուան դէպքերը` 23, 6 տոկոսով, այնուամենայնիւ, բնական աճը գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը: 

Հաշուետու ժամանակահատուածին մօտ 25%-ով նուազած է ամուսնութիւններու թիւը, իսկ 9,1 տոկոսով` ամուսնալուծութիւններու: