Հացի սուր տագնապ կայ, թշնամին չի ձգեր ցորենը հաւաքեն․ Արցախն այս շաբաթ


Արցախի մէջ հացի սուր տագնապ կայ, թշնամին չի ձգեր ցորենը հաւաքեն

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախն ամբողջութեամբ շրջափակելու հետեւանքով մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Արցախի բնակիչները կը փորձեն գոյատեւել ով ինչպէս որ կրնայ: Հացի սուր տագնապ կայ, քանի որ գիւղացիները թշնամիին կրակոցներուն պատճառով չեն կրնար ցորենը հաւաքել, ալիւրն ալ երթալով կը պակսի, Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի օգնական Մերի Ասատրեանը:

Նշենք, որ 12 դեկտեմբեր 2022–էն սկսած Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակ է`տեղադրուած է ապօրինի անցակէտ: 15 Յունիսէն ի վեր որեւէ մարդասիրական օգնութիւն չէ մատակարարուած Արցախ` ազրպէյճանական սահմանապահները թոյլ չեն տար բեռերը տեղափոխել Լաչինի միջանցքով:

Հացի հերթ՝ Մարտունիի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Ալիւր ստանալու համար այս տարուան ցորենի բերքը արդէն կ’օգտագործուի, իսկ Ազրպէյճանը անընդհատ կը սադրէ, կը կրակէ այն դաշտերու ուղղութեամբ, ուր բերքահաւաք կը փորձեն կատարել։ Ամէն պարագայի, ամէն ինչ կ’ընեն, որպէսզի հնարաւորինս շուտ ցորենը բերուի նշուած վայր: Ժամանակ պէտք է, որպէսզի ցորենի հետ կապուած գործընթացը կազմակերպուի: Վերջին 2 օրը Ստեփանակերտի փուռերուն մեծամասնութիւնը չէր աշխատեր, բայց շուտով պիտի վերսկսի», ըսաւ Ասատրեանը:

Ըստ անոր, բնակիչները ապրանքներու փոխանակում կը կատարեն. մէկը կը գրէ, որ իր մօտ ակռայի օճառ կայ ու մազի օճառ կ’ուզէ, միւսն ալ`օճառ ունի, իրեն ալ մաքրութեան այլ պարագայ պէտք է: Այդպէս մէկը միւսին կ’օգնէ, իր մօտ եղածը կու տայ աւելի կարիք ունեցողին:

«Հանրախանութները ամբողջութեամբ փակ են, արդէն անիմաստ է անոնց բաց ըլլլալը, որովհետեւ ապրանք չկայ: Միայն փուռերը կ’աշխատին, հիմա ալ` ոչ բոլորը, մէկ ալ դուրսը, գիւղէն բերուած մթերք կը վաճառուի, որ գիւղացիէն կարելի է գնել: Բաց են նաեւ դեղատուները: Մաքրութեան պարագաներն ալ գրեթէ ամբողջութեամբ վերջացած են: Ատոր պակասը երբեմն կը փորձենք ժողովրդական միջոցներով լուծել, ակռայի օճառը վերջանալու պարագային ողողումներ կ’ընենք կամ փոխանակման միջոցով գտնել», նշեց Արցախի ՄԻՊ–ի օգնականը:

Ան ընդգծեց` արդէն աւելի քան 2 ամիս է` սարսափելի վիճակ է Արցախի մէջ, մինչեւ 15 յունիսը տեղափոխուած բեռերէն այլեւս պաշար չէ մնացած, ժողովուրդն ալ կը փորձէ ամէն ինչի համար այլընտրանք տարբերակներ գտնել, որպէսզի գոյատեւէ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդեց, որ 22 օգոստոսէն ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մայրաքաղաքի շուկայ պիտի հանուի յաւելեալ քանակութեամբ մսամթերք` տաւարի եւ խոզի միսի 1 քիլոկրամը առաւելագոյն արժէքը 4000 դրամով։ Նշուեցաւ, որ միջոցներու կը ձեռնարկուին նաեւ հացի ծաւալները կարելի եղածին չափ աւելցնելու ուղղութեամբ։

Արցախի եւ Ռուսիոյ 41 քաղաքացիներ Արցախէն Հայաստան փոխադրուեցան

Արցախի կառավարութեան ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնը հաղորդեց, որ 14 յունիսէն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով 21 օգոստոսին 41 Արցախի եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ Արցախէն Հայաստան ու տեղափոխուեցան:

Հակարի կամուրջին վրայ տեղադրուած ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտը

Հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ տեղափոխուած Ռուսիոյ քաղաքացիները շատոնց կը սպասէին իրենց տեղափոխութեան, իսկ Արցախի բնակիչները ուսանողներ են, որոնք ընդունուած են Հայաստանի եւ արտասահմանեան համալսարաններ: Կը նշուի նաեւ, որ ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ խոչընդոտել բազմաթիւ անձերու երկկողմ տեղաշարժը:

Կը նշուի նաեւ, որ այս պահի դրութեամբ, հարիւրաւոր քաղաքացիներ Հայաստանի մէջ կը սպասեն Արցախ վերադարձին, շտապ բուժման համար 333 անձ հերթագրուած է Կարմիր խաչի միջոցով Հայաստան տեղափոխուելու համար` չհաշուած մարդասիրական, աշխատանքային եւ այլ նպատակներով երկկողմանի տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը հազարաւոր անձերու:

Բացի այդ, ազրպէյճանական կողմը չէ արտօնած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժներուն՝ անցնիլ Հակարիի կամուրջը` ստիպելով ուղեւորներուն իրենց բեռներով հետիոտն անցնիլ կամուրջը։ Անկէ ետք անոնք Գորիսէն եկած ինքնաշարժներով շարունակած են ճամբան։ Այս մասին յայտնեցին Արցախէն` հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ մը:

Անցակէտին անմիջապէս կից, ազրպէյճանցի լրագրողներ կը հաւաքեն, կը նկարահանեն եւ հարցումներ կ’ուղղեն արցախցիներուն` պնդելով, որ միջանցքը բաց է: Ստեփանակերտ խստօրէն քննադատեց այս արարքը` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ արգիլել Լաչինի միջանցքով մարդասիրական բեռնափոխադրումները, իսկ Հայաստան եկող քաղաքացիներուն հետ հարցազրոյցները կ’օգտագործէ քարոզչական նպատակներով:

Մերժելի է Ազրպէյճանի կողմէ 17-ամեայ աղջկան հետ հարցազրոյցին օգտագործումը. Արցախի ՄԻՊ

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ անդրադառցաւ Պաքուի նորագոյն ձեռնավարութեան՝ դիտել տալով, որ անցակէտին վրայ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան, տասնեակ զինուած անձերու ներկայութեան, վախցած եւ հոգեբանօրէն ընկճուած 17-ամեայ անչափահասը օգտագործած է քարոզչական-քաղաքական նպատակներով՝ ցաւ յայտնելով, որ հայ հասարակութեան մէկ մասը եւս տարուեցաւ այս նիւթով եւ քննադատեց աղջիկը։

ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան եւ Էլէն Առոստամեան

«Փոխանակ մեզ հասանելի մեթոտներով հակազդենք ազրպէյճանական կեղտոտ քարոզչամեքենայի հերթական ստոր քայլին` պնդելով եւ ապացուցելով, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցը 17-ամեայ երեխայի հոգեկան անձեռնմխելիութեան, պատուի եւ արժանապատուութեան նկատմամբ ապօրինի միջամտութեամբ նկարահանուած տեսանիւթը կ’օգտագործէ աշխարհին հերթական կեղծիքը մատուցելու համար, մենք կը տարուինք այդ ձեռնավարութեան` վիրաւորելով կամ անտեղի թիրախաւորելով մեր հայրենակիցին` մեր հարազատին:

Կասկած չկայ, որ այդ տեղեկատուական ձեռնավարութիւնը ծրագրուած եւ իրականացուած է ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի կողմէ` Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերաբերեալ իրենց կեղծ պնդումները առաջ մղելու համար», նշած է Ստեփանեան:

Նշենք, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ ուսանողներու Արցախէն դէպի Հայաստան տեղափոխութեան ժամանակ Հակարիի կամրջի անօրինական անցակէտի մօտ ազրպէյճանական լրատուամիջոցի մը կողմէ նկարահանուած եւ իրենց մեդիա տիրոյթի մէջ տարածուած է 17-ամեայ Էլեն Առստամեանի հարցազրոյցը:

Ստեփանակերտը կը դիմէ ռուսական կողմին Պաքուի հետ անվտանգ վայրի մը մէջ հանդիպելու առաջարկով. Գուրգէն Ներսիսեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը հանդէս եկաւ տեսաուղերձով` ստեղծուած իրավիճակի եւ ընելիքներու վերաբերեալ:

 Ներսիսեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է․ «Պէտք է բաց երկխօսութիւն վարել ժողովուրդին հետ, նախաձեռնութիւն ցուցաբերել, չգերագնահատել միջնորդ երկիրներու ջանքերը եւ չթերագնահատելով ` անոնք ճիշդ օգտագործել: Պէտք է չվախնալ դժուարութիւններէն ու մնալ հաստատուն: Այս իրավիճակէն դուրս գալու ուղիները որոշելու պատասխանատուութիւնը բոլորինն է, պէտք է գործել ոչ թէ վախցած, այլ համարձակօրէն»։

Աղդամի ճամբու քննարկումներուն վերաբերող որոշում չկայ. Ստեփանակերտ

Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեանը, մեկնաբանելով շրջան ընող լուրերը այն մասին, թէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Աղդամի ճամբան օգտագործելու առաջարկը ընդունելու որոշում տուած է՝ հաստատեց, որ որեւէ որոշում չէ տրուած։

«Արմէնպրես»-ի հարցումին պատասխանելով՝ Աւանեսեան տեղեկացուց, որ Յարութիւնեան 22 եւ 23 օգոստոսին փակ քննարկումներ ունեցած է պետական, քաղաքական եւ հանրային զանազան շրջանակներու հետ՝ քննարկելով Ազրպէյճանի կողմէ ամբողջական պաշարման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ ապահովական հարցերը, Արցախի իշխանութիւններուն ընելիքները եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ տարբեր կեդրոններէ ստացուած միջնորդական առաջարկները:

«Որեւէ որոշում չէ կայացած, իսկ քննարկումները կը շարունակուին, եւ նախագահ Յարութիւնեանը յառաջիկային իրավիճակի եւ իշխանութիւններու մօտեցումներուն վերաբերեալ տեղեկութիւնները պիտի հանրայնացնէ անձամբ», ըսաւ Աւանեսեան:

Հայկական մամուլը տեղեկացուցած էր, որ Արցախի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի 22 օգոստոսի նիստին տեղեկացուց, թէ Աղդամի ճամբով առեւտուր ընելու որոշում տրուեցաւ: Ըստ հրապարակումներուն` Աղդամով կը մտնեն շինանիւթ, վառելանիւթ, դեղորայք, իսկ ւտելիքը կը ներկրուի Լաչինով` ռուս խաղաղապահներուն միջոցով:

Ասոր զուգահեռ, «Ազատութիւն»ը Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան հարցուց, թէ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ այն տեղեկութիւնը, թէ Արցախի իշխանութիւնները հակուած են համաձայնելու Աղդամի ճամբու բացման, եւ որ յառաջիկայ օրերուն այս հարցով կողմերուն միջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Բարդայի մէջ:

Ստեփանակերտ ընդգծեց, որ նման բանակցութիւններ պէտք է ընթանան կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած միջազգային ձեւաչափի ծիրին մէջ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ երաշխաւորելու, որ բանակցութիւնները ընթանան միջազգային իրաւունքի եզրերուն եւ պահանջներուն համապատասխան:

 «Պէտք է քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի դէմ`Արցախի մէջ հետագայ մահերը կանխելու համար». «Լեմքին» հիմնարկ

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը վշտակցեցաւ մահուան գուժին Կ. Յովհաննիսեանի, որ 15 Օգոստոս 2023 Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման պատճառով՝ սովահար մահացաւ։

Ըստ «Արմենպրես»-ի, հիմնարկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուի, որ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Արցախի շրջափակման պատճառով աւելցած են թերսնուցման, վիժումներու եւ բժշկական բարդութիւններու պարագաները, որոնք արդիւնք են պատշաճ սնուցման եւ բժշկական օգնութիւն ստանալու անմատչելիութեան:

«Այժմ շրջափակումը սկսաւ պատճառ դառնալ սովէն Արցախի հայ քաղաքացիներու ուղղակի մահուան: Այս շրջափակումը ցեղասպան է իր նպատակներով, այն է` ոչնչացնել Արցախի հայ բնակչութիւնը կա՛մ զանգուածային տեղահանութեան եւ կամ զանգուածային սովի միջոցով: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ինք բազմիցս յայտարարեց այդ մասին, նաեւ՝ 29 Մայիս 2023-ի իր յայտարարութեան մէջ, երբ սպառնաց՝ ըսելով. «Երրորդ անգամ հրաւէր պիտի չըլլայ՝ կա՛մ իրենք խոնարհաբար պիտի գան մեր մօտ, կա՛մ իրադարձութիւնները պիտի զարգանան այլ ուղղութեամբ: Մենք ունինք բոլոր կարելիութիւնները այս տարածաշրջանին մէջ որեւէ գործողութիւն իրականացնելու: Հետեւաբար, «խորհրդարանը» պէտք է լուծարուի, ինքնիրեն «նախագահ» անուանող տարրը պէտք է յանձնուի, բոլոր «նախարարները», «պատգամաւորները» եւ միւսները արդէն պէտք է հեռանան իրենց պաշտօններըէն: Միայն այդ պարագային կարելի է խօսիլ որեւէ համաներման մասին», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Լեմքին» հիմնարկը կ’ուզէ անգամ մը եւս պարզաբանել, որ ոեւէ անձ եւ-կամ պետութիւն, որ թոյլ կու տայ Ազրպէյճանին շրջափակել Արցախը` ըլլայ այդ ուղղակիօրէն օտարերկրեայ օգնութեան միջոցով թէ անուղղակիօրէն, հրաժարելով օգտագործել իրենց տրամադրութեան տակ եղած բոլոր դիւանագիտական գործիքները, կը հանդիսանայ այդ ցեղասպանութեան մասնակից՝ Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար քաղաքացիներու եւ կրնայ պատասխանատուութեան ենթարկուիլ դատարանին մէջ՝ յանցակցութեան համար:

Ան խստօրէն անհրաժեշտ կը համարէ, որ միջազգային առաջնորդները անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկեն Ազրպէյճանի դէմ ` Արցախի Հանրապետութեան մէջ հետագայ մահերը կանխելու համար։

Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս անհանգստացած է Արցախի մէջ ցեղասպանութեան սպառնալիքին մասին ահազանգներէն

Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամով: Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը պատճառ հանդիսացած է անտանելի իրավիճակի եւ քանի մը ամիս տեւած շրջափակման: Հայաստանէն ուտելիքի, դեղորայքի, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներէն զրկուածութիւնը արագօրէն կը յանգեցնէ շրջանին մէջ սովի եւ մարդասիրական աղէտի իրավիճակի:

«12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Լաչինի միջանցքի փակման նկատմամբ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, 9 յունուար 2023-էն ի վեր Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ բարձր լարային ելեկտրագիծին խափանումը, 21 մարտ 2023-էն ի վեր կազի մատակարարումներու խափանումը եւ աւելին` 15 յունիս 2023-էն ի վեր ամբողջական շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդի կենսապայմաններուն վրայ աղէտալի ազդեցութիւն ունին»։

Ըստ հիմնարկին, շարունակական շրջափակումը կը խախտէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւականօրէն պարտադիր կատարում ենթադրող որոշումները:

Ընկերվար միջազգայնականը Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը յորդորէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն բանալ Լաչինի միջանցքը եւ ապահովել մարդոց ու ապրանքներու տարանցումը երկու ուղղութիւններով` իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային դատարաններու կողմէ պարտադիր իրաւակիրարկութիւն ենթադրող որոշումներուն համաձայն: Ան նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի անդամ կուսակցութիւնները կը յորդորէ միասին աշխատիլ` ապահովելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայուն լուծումը:

«Մենք միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ արագացնելու ջանքեր եւ յորդորելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը» ըսուած է հիմնարկի 18 օգոստոսին տարածած յայտարարութեան մէջ։

Գործարկուած է Artsakhx Messenger Յաւելուածը` Յատուկ Արցախի համար

Արցախի կառավարութեան եւ «Զանգի Լայվքոմ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ ստորագրուած յուշագիրին համաձայն,  յատուկ արցախցիներուն համար ստեղծուած է ArtsakhX messenger յաւելուածը, որ նախատեսուած է Արցախի մէջ կայուն եւ անվտանգ հաղորդակցութեան համար:

«ArtsakhX յաւելուածին միջոցով օգտատէրերը կրնան ամբողջութեամբ` սկիզբէն մինչեւ վերջ (End-to-End) գաղտնագրուած ձեւով իրարու փոխանցել անձնական հաղորդագրութիւններ, ֆայլեր, կատարել լսատեսազանգեր: Ի տարբերութիւն այլ յայտնի messenger-ներու` ArtsakhX-ի հաղորդագրութիւնները, ֆայլերը, զանգերը չեն պահպանուիր server-ներուն վրայ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ խուսափելու կայքահէններու յարձակումներէն:

«Տուեալներու ցած օգտագործման եղանակը» կ’արտօնէ հաղորդակցելու նոյնիսկ ցած թողունակութեամբ, ոչ կայուն եւ նոյնիսկ աշխարհէն անջատուած համացանցի բացակայութեան պարագային: Նշուած համակարգի աշխատունակութիւնը ապահովելու համար պարտադիր է ունենալ Wi-Fi կամ բջիջային տուեալներու կապի հասանելիութիւն: Այսինքն անիկա կը գործէ նաեւ Արցախի Հանրապետութենէն դուրս` կապի խափանման, ընդհատման պարագային:

Օգտատէրերը կրնան ներբեռնել եւ օգտագործել յաւելուածը Google Play-էն, App Store-էն կամ ArtsakhX-ի պաշտօնական կայքէն` արձանագրուելով միայն արցախեան բջիջային հեռախօսահամարով:

Աշոտ Ղուլեանի յիշատակի օր

24 օգոստոսին, Արցախեան ազատամարտի առաջամարտիկ, ՀՅԴ անդամ, Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի Բեկոր Աշոտ, ասկոլկա) յիշատակի օրն է: Ան զոհուած է 1992-ի այս օրը Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման ժամանակ:

Ըստ «Ապարաժ»-ի, հերոսին նահատակութեան օրը իր անունը կրող Ստեփանակերտի դպրոցին մէջ կազմակերպուած էր ձեռնարկ, որուն ներկայ էին Արցախի ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը, Աշոտ Ղուլեանի ընտանիքի անդամները, մարտական, կուսակցական ընկերներ, հարազատներ: Ներկաները նախ ծաղիկներ դրին դպրոցի բակին մէջ տեղադրուած հերոսի կիսանդրիին մօտ: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Բեկորի անցած մարտական ուղին, անոր ձգած պատգամներն ու ուղերձները:

Դպրոցի սաները ներկայացուցին Բեկորի կեանքն ու գործը` յոյս յայտնելով, որ օր մը իրենցմէ մէկը պիտի հնչեցնէ անոր յայտնի խօսքերը` «Ես նստած եմ Շուշիի բերդի պատին ու կը սպասեմ տղաներուն բարձրանալուն»:

Դպրոցի տնօրէն Վահրամ Յակոբեանն իր խօսքին մէջ առանձնացուց Բեկորի մարտական ու կազմակերպչական ունակութիւնները․ «Ան լաւագոյն ձեւով կը ղեկավարէր մարտական գործողութիւնները, հմտօրէն կը կազմակերպէր ենթականերու առօրեան ու կենցաղը թէ՛ զօրանոցային պայմաններու մէջ, որ կը հանդիսանար մեր դպրոցը, թէ՛ դաշտային պայմաններու մէջ: Մեզի` ողջ մնացածներուս, կը մնայ սերունդներ դաստիարակել հրամանատար Աշոտ Ղուլեանի եւ նահատակուած մեր մարտական ընկերներու կերպարներով` միեւնոյն ժամանակ արժեւորելով մարտական ուղի անցած ողջ մնացած ազատամարտիկներու կերպարները»:

Ապրիլ, աշխատիլ, արարել` ի հեճուկս թշնամիին. նոր բեմադրութիւն Արցախի մէջ

23 օգոստոսին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ցուցադրուեցաւ Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի բեմադրած «Գիշատիչների խնջոյքը» հոգեբանական ներկայացումը՝ ըստ Վահէ Քաչայի համանուն վէպին: Ստեղծագործութիւնը կը պատմէ 2-րդ Համաշխարհայինպատերազմի տարիներուն գրաւուած Փարիզի մէջ ապրող ընկերներու ու դժուար իրավիճակի մէջ մարդկային որակները պահելու դժուարութիւններու մասին:

«Գիշատիչների խնջոյքը» ներկայացումը եւ հանդիսատեսը (լուսանկարները՝ «Ապարաժ»-ի)

Երկրորդ անգամ ներկայաուած թատրոնը առաջին անգամ բեմադրուած է 1988-ին` Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման առաջին օրերուն։ «Իսկ այս անգամ բեմադրուած է շրջափակման օրերուն, երբ ընկերային, քաղաքական եւ հոգեբանական ծանր կացութեան մէջ յայտնուած ժողովուրդը ընտրութիւն պիտի կատարէ` կա՛մ վերջնականապէս ծունկի գայ թշնամիին առջեւ, կա՛մ  մնայ իր կոչումին բարձրութեան վրայ», խօսելով ներկայացման մասին` ըսած է Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի գրական-գեղարուեստական վարիչ Կարինէ Ալաւերդեանը:

«Ապրիլ, աշխատիլ, արարել` ի հեճուկս թշնամիին։ Այս եղած է մեր թատրոնի անձնակազմին նշանաբանը: Կը կարծեմ` այս ալ մեր իւրատեսակ պայքարն է, ընդվզումը, չարին դիմակայելու ձեւը», համոզուած է տիկ․ Ալաւերդեանը: