Անկախութեան 32-րդ տարեդարձը՝ շրջափակման պայմաններուն մէջ․ Արցախն այս շաբաթ


Այսօր Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակն է։

2 սեպտեմբեր 1991-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մարզային խորհուրդի, Շահումեանի շրջանային խորհուրդի եւ բոլոր մակարդակներու խորհուրդներու պատգամաւորներու համատեղ նստաշրջանի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր պետական իշխանութեան ու կառավարման ժամանակաւոր մարմիններու ձեւաւորման մասին հռչակագիր ընդունեցաւ:

10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէին Արցախի բնակչութեան 99.89%-ը «այո» ըսաւ անկախութեան: Դեկտեմբեր 1991-ին արցախցիները մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի պատգամաւորներու ընտրութիւններուն: Ձեւաւորուեցաւ հանրապետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը` Գերագոյն խորհուրդը: Իսկ յունուար 1992-ին տեղի ունեցաւ Գերագոյն խորհրդի առաջին նստաշրջանը, որ ընդունեց ԼՂՀ-ի անկախութեան հռչակագիրը: Գերագոյն խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Մկրտչեանը: Հանրապետութիւնը ունեցաւ իր պետական դրօշը, զինանշանն ու օրհներգը:


25 սեպտեմբեր 1991-ին Ազրպէյճանը Արցախի դէմ սկսաւ պատերազմ, որ տեւեց աւելի քան 3 տարի, եւ միայն 12 մայիս 1994-ին ստորագրուեցաւ հրադադարի մասին փաստաթուղթը Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն կողմէ:

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանը Արցախի դէմ կրկին սանձազերծեց լայնածաւալ պատերազմ: Այն դադրեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած հրադադարի մասին յայտարարութեամբ: Ցաւօք, պատերազմի հետեւանքով Ազրպէյճանը գրաւեց Արցախի անվտանգութեան ողջ գօտին, ինչպէս նաեւ Շուշին եւ Հադրութը:

Ազրպէյճանի կողմէ աւելի քան ութ ամիսէ շրջափակման մէջ գտնուող արցախցիները հաստատակամօրէն կը դիմակայեն իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ ամուր կառչած մնալով իրենց հայրենի հողին եւ հաւատարիմ՝ հազարաւոր նահատակներու հայրենի հողին համար թափած սուրբ արեան։

Անկախութեան տօնին առիթով՝ Հանրապետական մաղթանք եւ քայլերթ Ստեփանակերտի մէջ

Այսօր՝ 2 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրուան առիթով Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

 «Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանի հանդիսապետութեամբ, Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան նաեւ միասնական  աղօթք յղուած է առ Աստուած՝ Արցախի Հանրապետութեան պետականութիւնն անսասան պահելու, խաղաղութեան ու բարօրութեան համար:

Արարողութեան ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, երեք նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը,  պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քայլերթ Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք  մատուցեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հերոսներու յիշատակին: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Ներկայացուեցաւ նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի խօսքը:

Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաժարականի դիմում ներկայացուց Ազգային ժողով

Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 98-րդ յօդուածի համաձայն` Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 1 սեպտեմբերին հրաժարականի դիմում ներկայացուց Ազգային ժողով, կը տեղեկացնէ Արցախի ազգային ժողովի կայքը:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան

 Յարութիւնեան այդ մասին 31 օգոստոսին յայտնեց «ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով: 

Հնարաւոր զարգացումներու պայմաններուն մէջ, ըստ Յարութիւնեանի ձեւակերպումին, մօտեցումներու փոփոխութեան կարիք կայ, իսկ անոր համար Արցախի մէջ պէտք է հիմնական դերակատարները փոխուին:

Իր վերջին հրամանագիրներով Յարութիւնեան փոխեց պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը փոխարէնը այդ պաշտօնին վրայ նշանակուեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը:

Յարութիւնեան իր գործընկերները յորդորեց սթափօրէն գնահատել իրավիճակը եւ սատար կանգնիլ նոր ձեւաւորուող իշխանութեան` երկրին մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտը յաղթահարելու, ներքին եւ արտաքին հաւանական մարտահրաւէրները դիմակայելու նպատակով:

Արցախի մէջ հացի տագնապը աւելի կը սաստկանայ

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի փուռերուն առջեւ 24 ժամեայ անվերջանալի շարքեր կը կազմուին՝ 1 կամ 2 հացի կամ լաւաշի համար: Մարդիկ նախօրօք կը ցուցակագրուին, սակայն, յաճախ տուն կ’երթան առանց հացի:

Արցախի մէջ հացի հարցը երթալով կը սրի: Կառավարութիւնը թէեւ կը հերքէ տարածուած լուրերը, թէ յառաջիկայ օրերուն ընդհանրապէս ալիւր պիտի չըլլայ, բայց նոյն ատեն կը խոստովանի, որ ցորենի պաշարը սպառման եզրին է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց «Արցախի գիւղաջակցութեան հիմնադրամ»-ը:

Գիշերը հաց ստանալու հերթի կանգնած քաղաքացիներ

«Ամէնօրեայ դրութեամբ կը հաւաքագրուին ցորենի պաշարներ եւ ստացուած ալիւրը անմիջապէս կ’ուղղուի հացի արտադրամասեր՝ ըստ ունեցած հնարաւորութիւններու: Այսօր առաւօտեան արդէն զգալի ծաւալի ալիւր մատակարարուած է Ստեփանակերտի արտադրամասեր, իսկ մինչեւ օրուան վերջ պիտի մատակարարուի այսօրուան եւ վաղուան հացի պահանջարկի շուրջ 70 տոկոսի չափով ալիւր», կ’ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:

Մէկ այլ անլուծելի հարց է ցորենի բերքը հաւաքելը. Ազրպէյճանի զինուժը կը կրակէ ցորեն հնձող սարքերուն վրայ: Այդպէս՝ Սարուշէնի միակ ցորենի դաշտին մէջ բերքը կը խոնաւնայ եւ կը փճանայ, կարելի չէ հաւաքել։ «60 հեկտար է, չենք կրցած հաւաքել, կը կրակեն, քանի անգամ փորձած ենք, կը կրակեն: Ռուս խաղաղապահները կանգնած, դարձեալ կը կրակեն», ըսաւ Սարուշէնի համայնքապետ Կարէն Գասպարեան:

Հացի խորացող ճգնաժամի այս օրերուն բազմաթիւ բողոքներ կը հնչեն, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը հացը կտրօնով չի բաժներ, ինչպէս նախապէս, որպէսզի մարդիկ գիշերը-ցերեկ շարքի մէջ սպասելով չչարչարուին՝ յաճախ անարդիւնք:  Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան իշխանութեան կ’առաջարկէ կտրօնով տրամադրել ոչ միայն հացը, նաեւ հաց պատրաստելու բաղադրիչները, որպէսզի մարդիկ տան մէջ հաց թխեն: Այժմ հացը կտրօնով կը տրամադրուի միայն Մարտունիի կարգ մը շրջաններու մէջ: 

Ստեփանակերտը կը մերժէ ընդունիլ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով Պաքուի ուղարկելիք 40 թոն ալիւրը

Ազրպէյճան 29 օգոստոսին յայտարարեց, որ, Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան միջնորդութեամբ, երկու բեռնատարներով 40 թոն ալիւր կ’ուղարկէ Լեռնային Ղարաբաղ` Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով, առանց յստակացնելու, թէ արդեօք համաձայնութիւն ձեռք բերուա՞ծ է Արցախի իշխանութիւններուն հետ` բանալու Աղտամի ճամբան:

Ազրպէյճանի ուղարկած «օգնութեան» բեռնատարը

Կարմիր մահիկ կազմակերպութեան նախագահ, պատգամաւոր Նովրուզ Ասլան ըսաւ, թէ դրական արձագանգ կ’ակնկալեն Ղարաբաղի հայերէն՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային ալիւրէն բացի այլ անհրաժեշտ ապրանքներ եւս կրնան մատակարարել: «Մենք ուշադիր պիտի հետեւինք հոն տեղի ունեցող գործընթացներուն: Կը հաւատամ, որ այս քայլը դրական պիտի ընդունուի թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ) ապրող հայազգի բնակչութեան կողմէ», ըսաւ ան:

Ստեփանակերտի արձագանգը չուշացաւ. Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան յայտարարեց, որ Պաքու հարցը լուծելու փոխարէն զայն կը խորացնէ. եթէ Ազրպէյճան իրապէս հետաքրքրուած է Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական աղէտի վերացումով՝ պէտք չէ արգիլէ Լաչինի միջանցքով մատակարարումներու վերականգնումը, ինչպէս նախատեսուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ:

Ռուսիոյ խաղաղապահները կրախիճէ արգելապատնէշներով եւ փշաթելերով փակեցին Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան, որուն միջոցաւ Ատրպէյճան իբր թէ կը փափաքի «մարդասիրական օգնութիւն» ուղարկել Արցախ:

Արցախցիներ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ ցոյց կ’ընեն՝ մերժելով ազրպէյճանական «օգնութիւն»-ը

Համացանցի վրայ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս խաղաղապահները փշաթելերով եւ արգելապատնէշներով փակած են ճամբու այն հատուածը, ուր հասած եւ կանգնած են այսպէս կոչուած «մարդասիրական օգնութեամբ» լեցուն բեռնատարները:

Ճամբան փակեցին նաեւ արցախցիները, որոնք կը շեշտեն, որ ահաբեկչական պետութիւն Ատրպէյճանէն ոչ մէկ օգնութիւն կ՛ուզեն։ Անոնք նշեցին, որ այդ ճամբու գործարկումը անընդունելի է իրենց համար։ Արցախցիները վրաններ տեղադրեցին այդ հատուածին մէջ:

Ատրպէյճանցիները նոյնպէս վրաններ տեղադրեցին այն բաժինին մէջ, ուր կանգնած են բեռնատարները:

Ասոր զուգատեռ, «Պի. Պի. Սի.»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Աղտամի ճամբան բանալուն յաջորդող 24 ժամերուն ընթացքին պիտի բացուի նաեւ Լաչինի ճամբան։ «Որքան շատ ճամբաներ՝ այնքան լաւ բոլորին համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ արցախցիներուն կ՛առաջարկեն նոյն լեզուական, մշակութային, կրօնական, ինչպէս նաեւ քաղաքային իրաւունքներ, ինչպէս է պարագան Ատրպէյճանի մնացեալ քաղաքացիներուն:

«Յստակ որոշում կայ Ակնա-Ստեփանակերտ ճամբան փակ պահելու». Դաւիթ Իշխանեան

Ստեփանակերտ յստակ դիրքորոշում ունի Աղտամ (Ակնա)-Ստեփանակերտ ճամբան փակ պահելու, եւ զայն չօգտագործելու վերաբերեալ, 30 օգոստոսին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբուն վրայ տեղակայուած է ռուս խաղաղապահներու համապատասխան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան պարեկային հսկողութեան համապատասխան կէտը:

Արցախի ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան

Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով բեռնատարներ ուղարկելով՝ իրեն համար սովորական դարձած սադրիչ քայլին դիմած է՝ փորձելով աշխարհին ցոյց տալ, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը ներքին հարց է:

«Մենք ունինք մէկ ճանապարհ, որ կոչուի Լաչինի միջանցք, որով թէ մարդասիրական բեռեր, թէ ընդհանրապէս Արցախէն Հայաստան եւ Հայաստանէն Արցախ անխափան երթեւեկութիւնը պէտք է վերականգնուի եւ ապահովուի. ասիկա ամրագրուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի փաստաթուղթով», շեշտեց Իշխանեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճան կարմիր մահիկի միջոցով կը փորձէ դուրս մղել Ստեփանակերտէն Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը: «Միջազգային այդ կառոյցի ներկայութիւնը մեզի համար առաւելութիւն եւ հնարաւորութիւն է: Մօտ 30 տարիէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակը Ստեփանակերտի մէջ կը գործէ որպէս առանձին միաւոր` ուղիղ ենթակայութեամբ Ժընեւին: Գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճանը 2020 թուականի պատերազմէն ետք մինչ այսօր բոլոր ջանքերը ուղղած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակը Ստեփանակերտէն, Արցախի Հանրապետութենէն դուրս բերելուն», դիտել տուաւ Իշխանեան։

Ազրպէյճանը խափանեց Հակարիի կամուրջին մօտ հասած Ֆրանսայի մարդասիրական օգնութիւնը հասնի Արցախ

Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը 30 օգոստոսին, Երեւանէն հասաւ Կոռնիձոր՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, սակայն ազրպէյճանցիները Լաչինի միջանցքը փակեցին ֆրանսական բեռնատարներուն առջեւ եւս։

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի, Սթրասպուրկի եւ ֆրանսական քանի մը այլ մեծ քաղաքներու ուղարկած մարդասիրական շարասիւնին կ’ընկերակցի Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Անոնք դիմաւորուեցան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի, Սիւնիքի մարզպետին եւ Գորիսի համայնքապետին կողմէ։ Ղազարեան տեղւոյն վրայ պատուիրակութեան ներկայացուց իրավիճակը, նաեւ անդրադարձաւ Լաչինի ազրպէյճանական անցակէտին մէջ կատարուած առեւանգումներուն։

Փարիզի քաղաքապետ Ինն Իտալկօ մարդասիրական օգնութեան հետ պատուիրակութեամբ մը կը հասնի Կոռնիձոր՝ Հակարի կամուրջին մօտ

Իտալկօ «Էքս»-ի իր էջին վրայ հրապարակեց ֆրանսական պատուիրակութեան հետ լուսանկար մը եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայաստան կը գտնուինք` Փարիզի եւ այլ տեղական իշխանութիւններու ընտրուած պաշտօնեաներու հետ: Ինն ամիսէ ի վեր` Արցախի 120 հազար հայերը, որոնց 30 հազարը` մանուկներ, մեկուսացուած են, մատնուած սովի եւ զրկուած ամէն ինչէ: Մարդասիրական այդ աղէտին դէմ յանդիման մենք անոնց համար հրատապ օգնութիւն կը տանինք: Ժամանակը հաշուըւած է»:

Աւելի ուշ, Գորիսի մէջ, պատուիրակութիւնը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն տեսակապով միացաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ շեշտեց, թէ Արցախ այս օրերուն կ’ապրի իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը, սակայն Ազրպէյճանի Արցախը ծունկի բերելու քայլը պիտի չյաջողի եւ իրենք պիտի պայքարին այնքան, որքան հնարաւորութիւնը ունենան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի օգնութեան համար։

Իտալկօ իր կարգին յայտնեց, որ եկած են իրենց համերաշխութիւնը եւ բարեկամութիւնը արտայայտելու: «Մենք կարցանք 10 բեռնատարներ ուղարկել. անոնց մէջ հիմնականին մէջ չփճացող ուտելիք կայ, մանուկներու համար ուտելիք, կաթի փոշի, նաեւ շարժակներ, ամէն այն, ինչը կարելիութիւն պիտի տայ ձեզի դիմադրելու եւ տոկալու», ըսաւ Իտալկօ։

Ան նաեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում որակեց Ազրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: «Նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ ան օգտագործէ այն դիրքը, զոր ունի Ֆրանսան՝ ՄԱԿ-ի խորհուրդին մէջ բանաձեւ ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգել տալու նպատակով», նշեց ան:

Նոյն օրը, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաքուած արցախցիները երախտագիտութիւն յայտնեցին Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան: Ապա, հաւաքին մասնակցողները ուղղուեցան Ազատամարտիկներու պուրակը, ուր տեղադրուած է Արցախի ու Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութեան ցուցանակը եւ ֆրանսերէնով շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին Ֆրանսայի ժողովուրդին ՝ մարդասիրական օգնութեան եւ աջակցութեան համար:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսական օգնութեամբ առաջին բեռնատարները Կոռնիձոր կը գտնուին 9 օգոստոսէն ի վեր. հոն են նաեւ 26 յուլիսին Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուող շուրջ 400 թոն մարդասիրական օգնութիւնը:

Արցախի 3 երիտասարդներ առեւանգուեցան Հակարիի անցակէտէն

Լաչինի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի անցակէտին մէջ, 28 օգոստոսին Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ առեւանգուեցան Արցախի երեք երիտասարդներ Ալէն Սարգսեանը, Վահէ Յովսէփեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը: 

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ տեղափոխութիւնը կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ընկերակցութեամբ. առեւանգուած երիտասարդները Հայաստան կը տեղափոխուէին՝ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը: 

Ազրպէյճանի կողմէ արեւանգուած երեք հայ երիտասարդները

Երեք երիտասարդներու առեւանգումին անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ ընդգծելով, որ թէ՛ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ թէ ռուս խաղաղապահներու միջազգային իրաւական ու քաղաքական երաշխիքները փաստացիօրէն բաւարար չեն Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, նաեւ՝ ազատ ու ապահով տեղաշարժը երաշխաւորելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, խաղաղապահ զօրակազմին ընկերակցութեամբ կատարուած է 170 անձերու տեղափոխութիւն։

Նկատի ունենալով այդ երկու դերակատարներուն ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անոնցմէ պահանջեց ձեռնարկել բոլոր կարելի միջոցներուն՝ Արցախի բնակչութեան մարդասիրական տեղաշարժի ապահովութիւնը եւ առեւանգուած անձերու անյապաղ վերադարձը երաշխաւորելու:

Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած երեք հայերը կը պատրաստուի Հայաստան արտաքսել:

Մինչ այդ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին Լաչինի միջանցքին մէջ գտնուող ապօրինի անցակէտին մէջ երեք հայերու ձերբակալման մասին՝ նշելով, որ անոնց կը սպառնայ 10-օրեայ բանտարկութիւն: Անոնք նաեւ դիտել տուին, որ ձերբակալուած հայ երիտասարդները «Մարտունի Աւօ» ֆութպոլի ակումբի մարզիկներ են: Անոնց նկատմամբ 2021-էն ի վեր հետախուզում յայտարարուած է՝ իբր թէ ազրպէյճանական դրօշը անարգելու մեղադրանքով: