«Համախմբուինք մեր հայրենաշինութեան վեհ գործունէութեան շուրջ». զրոյց Հուրի Նաճարեանին հետ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Հուրի Նաճարեանը Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչական կազմի փոխատենապետն ու ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչն է

1992-ին հիմնուած եւ միեւնոյն տարին Թորոնթոյի կազմը ի մի բերած Հայաստան համահայկական հիմնադրամը 31 տարեկան է։ Հիմնադրամը առ այսօր, թիւով 150-է աւելի այլազան ծրագիրներ մշակելով օժանդակած է Հայաստանին եւ Արցախին։ Այդ յաջող ծրագիրները իրականութիւն դարձած են հանգանակութեան, դրամահաւաքներու եւ հայ ազգի նուիրատուներու շնորհիւ։

Այս ծիրէն ներս՝ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի պիտի ունենայ  Հիմնադրամին տարեկան հանգանակային ճաշկերոյթը,  որուն ընթացքին պիտի իրականացուի մեր հայրենակիցներուն անհրաժեշտ կարիքները ապահովող նուիրահաւաքը, որուն միջոցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին բարելաւման ու բարւոքութեան համար կեանքի կոչուած ծրագիրները պիտի շարունակուին մեծ թափով։

Այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքին մանրամասնութիւններուն եւ Հիմնադրամին առաքելութեան մասին զրուցեցի ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ, 2006 թուականէն ի վեր Հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչական կազմի փոխատենապետ տիկին Հուրի Նաճարեանին հետ՝ փոխանցելու «Թորոնթոհայ»-ի մեր ընթերցողներուն։


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան – Բարեւ, ընկերուհի՛ Հուրի։ Նախ եկէք խօսինք Հայաստան համահայկական հիմնադրամին տարած աշխատանքին  եւ իրագործած ծրագիրներուն մասին. արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ անոնց։

Հուրի Նաճարեան – Բարեւ, ընկերուհի՛։ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը աշխարհի  տարածքին, իր բոլոր մասնաճիւղերով կամ յարակից կազմակերպութիւններով, հիմնադրութեան օրէն առ այսօր հանգանակուած գումարները կը յատկացնէ մեր հայրենակիցներուն՝ բարօր կեանք ապահովող քանի մը էական կէտեր իրականացնելու նպատակին։ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը ունի իր կայքէջը` himnadram.org, ուրկէ կարելի է հետեւիլ հիմնադրամին անցեալի եւ ներկայի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի կազմը ունի իրեն յատուկ կայքէջը՝ hayastancare.ca, որուն միջոցաւ կարելի է մանրամասն տեղեկանալ մեր ընթացիք ծրագիրներուն մասին, միեւնոյն ժամանակ կարելի է այդ կայքէջին միջոցաւ նուիրատուութիւն կատարել։

ՀՀ հիմնադրամին ցանցը տարածուած է աշխարհով մէկ եւ աշխարհի տաբեր երկիրներուն մէջ կը տարուին այլազան աշխատանքներ` իրագործելու ե՛ւ ընթացիք, ե՛ւ համատեղ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ ապագային իրագործուելիք հեռանկարային ծրագիրներ։

Հիմնադրամը ներկայիս  կը միտի օժանդակ կանգնիլ Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերուն, եւ յատկապէս կեդրոնանալ համայնքի մը վրայ, անոր կարիքները լիովին հոգալու համար, ինչպէս՝ ճանապարհաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, առողջապահական կեդրոններու շինութիւն, արեւային ջեռուցում, բնակարանաշինութիւն, վերանորոգում, ջրամատակարարման սարքաւորում, ելեկտրական հոսանքի կապ, մշակութային նախաձեռնութիւններ, երիտասարդներուն ուղղուած ծրագիրներ, վերականգնողական կեդրոնի սարքաւորում, եւ այլն։

Կ’ուզեմ շեշտել, որ հիմնադրամը ներկայիս միայն hայաստանակեդրոն չէ, այլ՝ ըստ անմիջական պահանջքին՝ սփիւռքին ալ կը հասնի, այսինքն՝  հիմնադրամը իր մօտեցումը քիչ մը ընդլայնելով ներառած է սփիւռքի կարեւոր համայնքներու կարիքները հոգալու առաքելութիւնը նաեւ, ինչպէս որ Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժի ընթացքին մարդուժ եւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովեց (մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար), իսկ Լիբանանի պայթումին ընթացքին նաեւ երկու միլիոն ամերիկեան տոլար օժանդակութիւն յատկացուց մեր լիբանանահայ համայնքին դժուար պայմանները բարելաւելու։

Հետեւեալը յայտնեմ եւ ըսեմ, որ մենք բացի Օնթարիոյի եւ Թորոնթոյի հանգանակուած գումարներէն, կը ստանանք նաեւ Վանգուվըրի հայ գաղութի ներդրումը, որոնք ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, օրինակ՝ անցեալ տարի 10 000 տոլարով միացան մեզի։ Մենք նաեւ դիմած ենք Մոնթրէալի մեր կառոյցին, որ ըստ իրենց փափաքին մասնակցութիւն բերեն, եւ բոլորս միասնաբար մեր ծրագիրները առաջ մղելու նպատակը յաջողցնենք։

ՏՄԿ – Հիմնադրամին անցեալ տարուան մշակած ծրագիրները ինչպէ՞ս կ’ընթանան, մանաւանդ որ Արցախը թշնամիին կողմէն  ամիսներէ ի վեր շրջափակուած է։

ՀՆ – Անցեալ տարուան ծրագիրներէն մէկը՝ Յարութիւն Եսայեանի կտակէն գոյացած գումարով իրականացած՝ Տարեցներու տան ծրագիրն էր։ Այս ծրագիրը ամբողջացաւ եւ բացումը կատարուեցաւ 30 սեպտեմբեր 2022-ին ու արժեց 274 000 ամերիկեան տոլար։ Այս տարի Տարեցներու տան մէջ տեղադրուեցան լուացքի մեքենաներ, չորացուցիչներ եւ արթուկի յատուկ սարքեր։

Միաժամանակ, տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններուն իշխանական նուիրատուութեամբ գոյացած Վարդենիսի շրջանի մանկապարտէզի ծրագիրին շինութիւնը ընթացքի մէջ է, պատերը արդէն կը պատուին։ Պատերազմի ահաւոր դրութենէն եւ այժմէական հիմնական կարիքներէն ելլելով, հարկ եղաւ նկուղային բաժին մըն ալ կառուցել՝ իբրեւ պատսպարան, որուն պատճառով դանդաղեցան շինարարական աշխատանքները։

Ուրախ եմ յայտնելու, որ Թորոնթոյի հայկական վարժարաններու աշակերտական անցեալ տարուան հանգանակութիւնը շարունակուած է եւ 5 000 գանատական տոլարէն հասած է 10,000-ի։ Անշուշտ այդ հանգանակուած գումարը պիտի յատկացուէր Արցախի 34 բնակարանային համալիրի տարածքին մէջ խաղավայր մը կառուցելու նպատակին, սակայն ներկայ ծանր իրավիճակը նկատի առնելով, եւ այսօրուան քաղաքական անհնարին պայմաններէն ելլելով, այդ խաղավայրը պիտի կառուցուի Վարդենիսի մէջ կառուցուող մանկապարտէզի տարածքին։

Հոս 34 բնակարաններու կառուցման հետ կապուած կարեւոր շեշտադրում մը կ’ուզեմ ընել։ Դժբախտաբար, Արցախի հանդէպ կատարուած անմարդկային շրջափակումին պատճառով, մենք չկրցանք բնակարանները յանձնել 44-օրեայ պատերազմին պատճառով անօթեւան մնացած ընտանիքներուն։ Շինարարութիւնը ամբողջացած է, սակայն՝ կազի, ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի բացակայութեան պատճառով այդ բնակարանները տակաւին կը մնան անբնակելի։ Այս ծրագիրին ամբողջացումը պիտի իրականանայ Արցախի մեր հաստատակամ ժողովուրդին դիմագրաւած շրջափակման ահաւոր վիճակին վերացումովը։

Մենք, ի տես Ազրպէյճանի անգութ եւ անմարդկային վերաբերմունքին, կը ցաւինք Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար, որոնք զրկուած են իրենց առօրեայ ամենաջնջին իրաւունքներէն եւ ապրելու նուազագոյն միջոցներէն։ Անշուշտ ամէն տեսակի միջոց կ’որդեգրենք եւ մեր ընդվզումը, մերժողական կեցուածքը եւ արդարութեան պահանջքը բարձրաձայնելով մեր ձայնը լսելի կը դարձնենք աշխարհին։

ՏՄ – Հիմնադրամին այս տարուան Հանգանակային ճաշկերոյթը ե՞րբ պիտի կայանայ եւ ինչպիսի՞ նոր ծրագիրներու նախագիծը պիտի ներկայացուի այդ հանդիսաւոր ձեռնարկի ընթացքին։

ՀՆ – Ի հարկէ մեր գաղափարախօսութիւնը եւ լոզունգը կը մնայ նոյնը՝ «Միշտ հայրենիքին հետ» (Always with our homeland). միշտ այդ ոգիով առաջնորդուած կը գործենք եւ հաւատարիմ կը մնանք մեր կոչումին, մեր հայրենիքին ու մեր քոյր-եղբայրներուն, որոնք անել կացութեան կամ դաժան պարագաներու կը մատնուին… մենք, իբրեւ սփիւռք՝ անոնց կեանքի բարօրութեան եւ բարելաւման սիրոյն համար է, որ կ’աշխատինք եւ 31 տարիներէ ի վեր անշահախնդիր կը գործենք։ Ահաւասիկ, այս գաղափարախօսութեամբ իրականացուող եւ հանգանակային բնոյթ կրող մեր այս տարուան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։

Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն է գիտական աշխարհի մէջ մեծ ներդրում ունեցող, աշխարհռչակ փրոֆեսոր Նուպար Աֆէյեանը (PhD)՝ Մոտէրնա դեղորայքի գործարանի հիմնադիր-տնօրէնը, որուն ներդրումը մեծ է մեր հայրենիքին։ Եթէ անհնար ըլլայ իր ներկայութիւնը՝ առցանց պիտի միանայ մեզի եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ ներկաներուն։

Այդ օրը նաեւ ներկաներուն իր պատգամը պիտի փոխանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը ու ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած ներկայ իրավիճակը։

Պիտի ունենանք գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ գաղութիս երիտասարդ արուեստագէտներուն՝ Լին Իշնար՝ երգեցողութիւն, Արթուն Միսքճեան՝ դաշանկ եւ Կարպիս Շահսուվար՝ սաքսոֆոն։ Ունինք նաեւ ցուցադրութիւն տեսերիզի մը, ուր կը ներկայացնենք մեր ծրագիրները։

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը պատրաստուի Հիմնադրամի լրատուն, ուր պատկերազարդ ձեւով կը ներկայացուին իրականացած եւ իրականացուելիք ծրագիրները, նախորդ տարեշրջանի հաշուետուութիւնը եւ նուիրատուներուն անուններն ու նուիրուած գումարներուն քանակին ցանկը։

Բոլոր նուիրատուները տուրքէ զերծ ստացագիր կը ստանան, իսկ 100 տոլար արժող տոմսերուն 40 տոլարը տուրքէ զերծ է, այսինք նուիրատուութիւն կը համարուի։ Ընդհանրապէս 500 տոլար նուիրող նուիրատուին՝ երկու տոմսակ կը նուիրուի եւ 380 տոլարի արժողութեամբ տուրքէ զերծ ստացագիր։

Մեծ կամ փոքր, անհատական կամ միասնական նուիրատուութիւններով եւ մեր առատաձեռն նուիրատուներուն նուիրած լումաներով է, որ կ’իրագործուին Հիմնադրամին բոլոր ծրագրերը։

Նախապէս յիշուած ծրագիրներուն հետ մեկտեղ, Հիմնադրամը կը ձեռնարկէ նաեւ երեք բուժ-կեդրոններու շինութիւն։ Առաջինը՝ Գեղարքունիկի մարզի Լճափ գիւղին մէջ, երկրոդը՝ Սիւնիք մարզի Շինահայր գիւղին, իսկ երրորդը՝ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար գիւղին մէջ։

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի կազմը իր առաքելութեան սահմաններէն ներս, իր ծրագիրները բազմացնելով, առաւելագոյնս հայրենիքին օժանակելով եւ Հայաստանի ու Արցախի հայութեան կեանքը բարելաւելու ճիգը բազմապատկելով է, որ կրնայ մեղմացնել տիրող լրջագոյն իրավիճակը։

ՏՄԿ – Որպէս Հիմնադրամի Թորոնթոյի վարչութեան երկարամեայ փոխատենապետը, ինչպիսի՞ խորհուրդներ կամ պատգամներ կը փոխանցէք թորոնթոհայութեան։

ՀՆ – Մեր Հիմնադրամին վարիչն ու ողջ անձնակազմը կամաւոր կը ծառայեն, եւ մենք բարեսիրական սկզբունքներով մղուած՝ նուազագոյն ծախսերն անգամ խնայելով՝ իւրաքանչիւր լումա կը հասցնենք որդեգրուած ծրագիրին, եւ նախատեսուած գործին հանգրուաններուն համաձայն գումարները կը յանձնենք պէտք եղած տեղը։ Անշուշտ շատ զգոյշ ենք եւ մօտէն կը հետեւինք առնուած իւրաքանչիւր քայլին։ Այս բծախնդրութեամբ եւ անշահախնդիր կեցուածքով 150-է աւելի ծրագիրներ իրականացուցած ենք առ այսօր եւ տակաւին պիտի իրականացնենք, ի շահ մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին։

Փափաքս է, որ Թորոնթոյի հայ գաղութի զաւակները, յատկապէս երիտասարդութիւնը, ներկայ գտնուին եւ իրազեկ դառնան Հիմնադրամին տարած ընդհանուր գործունէութեան, որուն ի նպաստ նուիրաբերուած իւրաքանչիւր լուման, Թորոնթոյի կազմին միջոցաւ, կը հասնի իր նպատակին։

Հայրենիքը մեզ կը կանչէ, հետեւաբար այս օրհասական պահուն սփիւռքը չի՛ կրնար ձեռնածալ կենալ, կամ լուռ դիտողի եւ համակերպողի դիրքերու վրայ մնալ։ Իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցութեամբ եւ կեդրոնացումով գործէ ու իր լուման նուիրաբերէ ազգին ու հայրենիքին։

Երանելիութիւն է ազգին նուիրաբերելը. այս գիտակցութենէն մղուած՝ Հիմնադրամի գլխաւոր բարերարներէն՝ Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններ, ընտանեօք եւ թոռներով հանդերձ կը գտնուին Հայաստանի Նալպանտեան գիւղը եւ իրենց նուիրատուութեամբ վերանորոգուած դպրոցը, բուժ-կեդրոնն ու կառուցուած բնականները այցելելով եւ բնակիչներուն հանդիպելով՝ յաջողութեամբ պսակուած ծրագիրին արգասիքը միասնաբար կը վայելեն։

Շատ ուրախ ենք, որ կան բարօր կեանք մը վայելող հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց ունեցած բարիքները կը նուիրաբերեն կարօտեալ հայ ընտանիքներուն եւ անոնց սրտերը կը ջերմացնեն՝ տաքուկ առաստաղ մը նուիրաբերելով անոնց։

Եկէ՛ք, մենք ալ առանց դոյզն կասկածի համախմբուինք մեր հայրենաշինութեան վեհ գործունէութեան շուրջ՝ այս պարագային Հայաստան համահայկական հիմնադրամ Թորոնթոյի  միջոցով բարելաւելու մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կեանքը։