Արցախի Հանրապետութեան նախագահընտրուեցաւ Սամուէլ Շահրամանեանը. Արցախն այս շաբաթ


Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Շահրամանեանը

9 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի յատուկ նիստը, որուն ընթացքին Արցախի նախագահ ընտրուեցաւ Սամուէլ Սերգէյի  Շահրամանեանը:

Փակ գաղտնի քուէարկութեանը մասնակցեցան 23 պատգամաւորներ, որոնցմէ  22-ը կողմ քուէարկեցին, իսկ 1-ը` դէմ:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի յատուկ նիստ (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Նշենք, որ Արցախի խորհրդարանի 5 ուժերէն 4-ը՝ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, նախագահի թեկնածու առաջարկած էին Ազգային անվտանգութեան նախկին պետ, քանի մը օր առաջ Պետական նախարար նշանակուած 44-ամեայ Սամուէլ Շահրամանեանը:

Իսկ «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանը յայտնած էր, որ իրենք քուէարկութեան պիտի չմասնակցին, այլ՝ նախագահի ընտրութեան օրը մտադիր են Ստեփանակերտի մէջ ցոյց կազմակերպել:

Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ ահագնանալ

Արցախի մէջ արդէն քանի մը օրէ ի վեր հացը կտրօններով կը վաճառեն: Մէկ անձին իւրաքանչիւր օրուան համար կէս հաց` 200 կրամ, կը տրուի:

Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը շարունակէ ահագնանալ` խանութները դատարկ են, մարդիկ հացը կտրօնով կը ստանան, փուռերն ալ չեն հասցներ բոլորին համար մէկ օրուան հացը թխել: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի օգնական Մերի Ասլանեանը:

Հերթ Ստեփանակերտի խանութի մը առջեւ (լուսանկարը՝ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեանի «Թուիթըր»ի էջէն)

«Փուռերը մարդոց պահանջարկին միայն 10-20 տոկոսը կրնան օրական ապահովել: Ալիւր ընդհանրապէս չկայ, նոր հաւաքած ցորենով հացը կը պատրաստեն: Անձրեւներն ալ երբ սկսին, ոչ կրնան հաւաքել ցորենը, ոչ ալ աղալ` հաց եւ ալիւր ընդհարնապէս չենք ունենար: Այսօր Արցախի մէջ միայն կան որոշ քանակութեամբ բանջարեղէն ու միրգ, որոնք գիւղերէն Ստեփանակերտ կը բերեն: Խանութներն ալ շուտոնց փակ են, քանի որ ոչինչ կայ: Այս կը նշանակէ, որ մեզի զանգուածային սովի կը տանին, այլ կերպով հնարաւոր չէ բնութագրել», նշած է Մերի Ասատրեանը:

Խօսելով մաքրութեան պարագաներուն, մասնաւորապէս զուգարանի թուղթի, անձեռոցիկներու մասին, Արցախի ՄԻՊ օգնականը շեշտեց` մարդիկ տուներուն մէջ այլ տարբերակներ կը փնտրեն` թերթեր, կտորներ:

«Ներկայիս այն իրավիճակն է, որ կը փորձենք կիսել կամ փոխանակել անհրաժեշտ ապրանքները այն մարդոց հետ, որոնք ատոր կարիքն ունին: Բոլորս ալ կը հասկնանք` ասիկա ալ յաւերժ պիտի չշարունակուի, օր մը պիտի աւարտին բոլոր ապրանքները», նշեց Ասատրեանը:

Դպրոցներէն մէկուն մէջ նոյնիսկ ուսուցիչ մը ուշագնաց եղած է, թերսնուցման պատճառով, իսկ ուսուցիչներն ու աշակերտները դպրոց յաճախելու համար երբեմն քանի մը քիլոմերթ կը քալեն:

Երեւանի մէջ բազմամարդ հանրահաւաք` ի պաշտպանութիւն Արցախի

Շաբաթ, 2 Սեպտեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32-ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը՝ «Էս.Օ.Էս. Արցախ» կարգախօսով:

Հանրահաւաքին նպատակն էր՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի միասնական ձայնը հնչեցնել Արցախի ու հայութեան համար այս ծանր ու վճռական փուլին:

Երեւանի հանրահաւաքէն պատկեր մը

Տէրունական աղօթքը կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան: Սրբազանը երախտիքի խօսք յղեց Արցախի անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ Ազատութեան հրապարակին մէջ գտնուող հանրահաւաքին մասնակցողներուն:

Հանրահաւաքին ելոյթներ ունեցան շուշեցի Նարէ Սիմոնեան, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեան, «Բաբոն տէր ա» նախաձեռնութիւնը, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Վաչագան Մանուկեանի հայրը` գրող Խաչիկ Մանուկեան, քաղաքագէտ Թեւան Պօղոսեան, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Յակոբ Ռոստոմեանի հայրը` Արա Ռոստոմեան, «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեան, Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, Ղարաբաղեան շարժման ակունքներուն մէջ կանգնած, Ղարաբաղ կոմիտէի ղեկավար Վազգէն Մանուկեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:

Տեսաուղերձով հանրահաւաքի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան:

Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութիւնը Արցախի հարցով նամակ յղեց արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահներ խորհրդարանի անդամ Ռէյչըլ Թամըս եւ ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս, 6 սեպտեմբերին, նամակով մը Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին կը տեղեկացնեն Հարաւային Կովկասի մէջ Արցախի շուրջ ծաւալած ճգնաժամին մասին, նշելով, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մարդասիրական և տնտեսական ճնշում կը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայ բնակչութեան նկատմամբ:

Նամակին մէջ կ՚ընդգծուի, որ Genocide Watch կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը դասակարգած է որպէս «հալածանք»-ի փուլ, միաժամանակ 14 յունիս 2023-էն ի վեր, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին մուտքը արգիլուած է Արցախ, սննդամթերք և բժշկական տարրական օժանդակութիւն տեղափոխելու համար։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը, որուն վստահուած է Լաչինի միջանցքի պաշտպանութիւնը, ցաւ ի սիրտ, չէ կրցած վերահսկել միջանցքը՝ խախտելով եռակողմ հրադադարի համաձայնագրով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները։

«Լաչինի միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի շրջափակումը՝ բնիկ հայերու նկատմամբ գործադրուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու շարքին մաս կը կազմէ եւ այդ խախտումներու շարքը կը ներառէ նաեւ վարձկաններու օգտագործումը ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, ինքնիշխան հայկական տարածքներու վրայ յարձակումն ու բռնագրաւումը եւ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուժի կիրառումը։

«Գանատայի համար որոշիչ պահ է: Հրամայական է, որ Գանատան պատժամիջոցներ սահմանէ Ազրպէյճանի բռնապետական ​​կառավարութեան պաշտօնեաներուն դէմ, որոնք խախտած են խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ միաժամանակ կատարելով մարդկային իրաւանց կոպիտ եւ համակարգուած խախտումներ:

ՄԱԿ-ի «Պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը» (R2P) պարտաւորութեան Համաձայն՝ Գանատան պատասխանատու է Արցախի բնակչութիւնը պաշտպանելու այնպիսի վայրագութիւններէ, ինչպիսիք են հալածանքները եւ էթնիկ զտումները: Ազրպէյճանի այս ընթացքը կասեցնելու համար անհրաժեշտ են բոլոր համապատասխան միջամտութիւնները՝ դիւանագիտական ​​և տնտեսական պատժամիջոցներէն մինչև միջազգային քրէական հետապնդումները՝ եւ որպէս վերջին միջոց՝ ռազմական գործողութիւնները», կ’ըսուի նամակին մէջ:

Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահները նամակի աւարտին Գանատայի իշխանութիւններէն կը խնդրեն արագօրէն թափ տալ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ շարունակուող հալածանքները դադրեցնելու համակարգուած աշխատանքներուն, վերստին շեշտելով, որ այդ մէկը կը պահանջէ պատժամիջոցներ սահմանել ազրպէյճանական իշխանութեանց նկատմամբ՝ եւ ստիպել Պաքուի կառավարութեան դադրեցնել Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակումը։

Գանատայի տարածքին կայացան «Էս․օ․էս Արցախ» կարգախօսով բողոքի եւ զօրակցութեան ցոյցեր

Շաբաթ, 2 սեպտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի եւ Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցան «Էս․օ․էս Արցախ» (SOS Artsakh) կարգախօսով բողոքի ցոյցեր, 17 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակուած Արցախի ժողովուրդին առ ի զօրակցութիւն, կը հաղորդէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը:

Թորոնթոհայ համայնքը, կազմակերպութեամբ Օնթարիոյի հայ համայնքի Միացեալ մարմինին, արցախահայոց ցեղասպանութեան իրազեկումի զօրակցական արշաւներու ծիրէն ներս, պաստառներ ցուցադրեց քաղաքի մայր պողոտաներու խաչմերուկներուն, ապա ինքնաշարժներով երթ իրականացուց քաղաքի բանուկ ճամբաներուն վրայ:

Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Ինքնաշարժներով երթ, կազմակերպութեամբ՝ Քեպէգի հայ համայնքի Միացեալ մարմինին: Մեկնումը կատարուեցաւ Լաւալի հայ կեդրոնէն եւ պատկառելի թիւով ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ երթը շարունակուեցաւ մինչեւ Մոնթրէալի Տորչեսթըրի հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց: Միացեալ մարմինին անունով խօսք առաւ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Շանթ Գարայեան, որ հայերէն եւ ֆրանսերէն իր խօսքերուն մէջ խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի իրագործած անմարդկային շրջափակումը եւ աշխարհով մէկ ցրուած մեր հայ ժողովուրդին լիակատար զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի աներկիւղ մեր ժողովուրդին: Ապա ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երիտասարդները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին եւ թռուցիկներ բաժնեցին անցորդներուն:

Վանգուվըրի մէջ նոյնպէս, կազմակերպութեամբ՝ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ հայ համայնքի Միացեալ մարմինին, տեղի ունեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որ կը կրէին յանցապարտ Ազրպէյճանի հասցէին ըմբոստութեան արտայայտութիւններ եւ Արցախահայութեան կողքին կանգնելու ու շրջափակման վերջ տալու կոչեր:

Գեմպրիճի մէջ եւս, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Արամ Մանուկեան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ բողոքի արշաւ «Էս․օ․էս Արցախ» կարգախօսով եւ դատապարտումի ու զօրակցութեան պաստառներով:

Պլինքըն կոչ ուղղեց Ալիեւին՝ բանալու Լաչինի միջանցքը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կրկնեց Լաչինի միջանցքը բանալու՝ Միացեալ Նահանգներու կոչը: Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Նախարարը յայտնեց Միացեալ Նահանգներու անհանգստութիւնը` Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման գծով: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց՝ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտուրի եւ փոխադրութիւններու համար` միաժամանակ գիտակցելով Ազրպէյճանէն յաւելեալ երթուղիներու կարեւորութիւնը։

Պլինքըն ընդգծեց նաեւ երկխօսութեան եւ փոխզիջումի անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու կարեւորութիւնը՝ խոստանալով Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին:

«Ղարաբաղի հայերուն միակ ապագան Ազրպէյճանի կազմին մէջ իրենց ապագայի քննարկումն է». Պայրամով

Պետական «Ազերթաճ» գործակալութեան եւ հունգարական «Մադեար դեմոկրատա» թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ըսաւ, որ «Ղարաբաղի հայերուն միակ ապագան երկխօսութիւնն է (Պաքուի հետ) եւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ իրենց ապագայի քննարկումը»։

«Այլ ուղի պարզապէս գոյութիւն չունի, մնացած բոլոր տարբերակները անօրինական են: Այդ է մեր կարմիր գիծը: Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գորշ գօտիներ այլեւս պիտի չըլլան», նշեց ան:

Խօսելով Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մասին` Պայրամով ըսաւ. «Պատերազմի աւարտէն ետք, Հայաստանէն 2.5 տարի պահանջուեցաւ, որպէսզի այդ երկրին վարչապետը, վերջապէս, թէկուզ բանաւոր, ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` Ղարաբաղը ներառեալ: Այժմ եկած է բանաւոր յայտարարութիւնները պաշտօնական ստորագրութեամբ ամրագրելու ժամանակը, իսկ անոր համար պէտք է աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին վրայ տարուող աշխատանքը: դժբախտաբար, մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն: Երբեմն կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք կը ժխտեն նախապէս կատարուածները»:

Պայրամով նաեւ դիտել տուաւ, որ Պաքու «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման երկրորդ ծրագիր ունի` առանց Հայաստանի մասնակցութեան։

 «Պահ մը կը սկսի թուիլ, թէ մենք մօտ ենք աշխատանքներու աւարտին, սակայն վերջին պահուն Հայաստան անսպասելիօրէն նոր մօտեցումներով հանդէս կու գայ, եւ գործընթացը դարձեալ փակուղի կը մտնէ: Այդ մէկը ոչ միայն կառուցողական չէ, այլ կը հակասէ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներուն», ըտաւ Պայրամով։

 Ըստ անոր՝ այս բոլորը կրնան պատճառ դառնալ, որ այդ ճամբան պարզապէս շրջանցէ Հայաստանը: «Մենք այս ծրագիրի իրագործումը պիտի շարունակենք ամէն պարագայի, նաեւ առանց Հայաստանի: Այդ պարագային, այդ երկիրը պարզապէս դուրս կը մնայ նախագիծի շահառուներու ցանկէն», յայտարարեց ան։

Ազրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երեք ուսանողները յանձնուեցան հայկական կողմին

Հակարիի անցակէտէն Ազրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երեք ուսանողները՝ Վահէ Յովսէփեանը, Ալէն Սարգսեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը, 28 օգոստոսին,  յանձնուեցան հայկական կողմին:

«Ազատութեան» Սիւնիքի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հակարիի կամուրջէն այս կողմ՝ Կոռնիձորի մէջ, զանոնք կը սպասէին Հայաստանի մէջ ապրող արցախցիներ:

Առեւանգուած երեք ուսանողները՝ Վահէ Յովսէփեանը, Ալէն Սարգսեանը եւ Լեւոն Գրիգորեանը

Երիտասարդներուն ծնողները Արցախ գտնուելով՝ կարելիութիւնը չունեցան Պաքուէն եկած իրենց որդիները տեսնելու: Մինչ այդ, անոնք չէին կրցած հեռաձայնով ալ խօսիլ անոնց հետ: 

Ըստ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ երիտասարդներուն փոխանցումը հայկական կողմին տեղի ունեցաւ ռուս խաղաղապահներուն մասնակցութեամբ: Ան նշեց, որ անոնց առեւանգումի, Ազրպէյճանի կողմէ կամայական եւ ապօրինի ազատազրկման ընթացքին անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը եւ առողջական իրավիճակը տակաւին պիտի ուսումնասիրուին:

«Եղէք Արցախի կողքինԱրցախը ունի բոլորիս կարիքը». ՀՄԸՄի Արցախի մասնաճիւղ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները հետեւեալ ուղերձը յղեցին շրջափակուած Արցախէն.

«Բարե՛ւ աշխարհ, ես հայ սկաուտ եմ, ես հայ եմ: Մենք ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներն ենք, մենք հայ ենք: Արդէն մօտ 9 ամիս է, որ մենք կը գտնուինք շրջափակման մէջ, չունինք բնական ապրելու եւ արարելու նուազագոյն պայմաններ, չունինք սնունդ, դեղորայք, վառելիք եւ անոնցմէ բխող ամէն ինչ:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի միաւորի անդամները

«Բայց կը կրկնեմ` մենք հայ ենք, ազգ, որ յանձնուիլ չի գիտեր, որ` դարեր շարունակ կը պայքարի սեփական հողին վրայ ապրելու համար, որ` ունեցած է բազում նուաճումներ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ` անկումներ:

«Կը դիմենք ձեզի, համայն հայութեան, Հայաստանին եւ սփիւռքին, եղէք Արցախի կողքին, Արցախը ունի բոլորիս կարիքը»:

Ստեփանակերտի մէջ Վարդան Յակոբեանի անունը կրող գրադարան բացուած է

Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ, 5 սեպտեմբերին համալսարանի հիմնադիր, փրոֆետոր Վարդան Յակոբեանի անունը կրող գրադարան բացուած է:

Ըստ «Արցախպրես»-ի, բացման արարողութիւնը մեկնարկել է Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգով:

Վարդան Յակոբեանի անուան գրադարան Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Համալսարանի տօնրէն Սեւակ Յակոբեանը ընդգծած է, որ գրադարանը բացուած է Վարդան Յակոբեանի անձնական գիրքերու ֆոնդին եւ միջոցներու հաշուին: «Նպատակ ունեցած ենք աւելի հարուստ գրադարան ունենալ: Համոզուած եմ, որ այս արհաւիրքները յաղթահարելէն ետք, առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային, անպայման պիտի ունենանք այդպիսի գրադարան», աւելցուցած է Յակոբեանը:

Գրադարանի գրքային ֆոնըը կը կազմէ աւելի քան տասը հազար գիրք:

1 սեպտեմբերին Արցախի դպրոցներուն մէջ հնչեց վերամուտի առաջին զանգը

1 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ հնչեց վերամուտի առաջին զանգը։

լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Շուրջ ինը ամիս տեւող ամբողջական շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ, որ իր անմիջական անդրադարձը  ունեցաւ եւ կ’ունենայ Արցախի Հանրապետութեան գիտական, կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական աշխատանքները պատշաճ  կերպով կազմակերպելու եւ իրականացնելու գործին մէջ: Այնուամենայնիւ, նախարարութեան կողմէ գործադրուեցան կարելի բոլոր ջանքերը` մեր մատաղ սերունդի ու երիտասարդութեան կրթութեան իրաւունքը պաշտպանելու եւ անգամ նմանօրինակ ծանր պայմաններու մէջ ուսումնական գործընթացը սկսելու ուղղութեամբ»։

Վառելանիւթի պակասի պատճառով, Արցախի մէջ փեսան հարսը գրկած բարձրացուց Ս. Յակոբավանք

3 սեպտեմբերին, Ս. Յակոբավանքի մէջ կատարուեցաւ պսակի արարողութիւն մը՝ ձեռամբ վանահայր Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեանի։ Արցախի մէջ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով, փեսան հարսը գրկելով բարձրացուց Ս. Յակոբավանք, իսկ վանքի շրջափակին մէջ սպասող Քոլատակ գիւղի կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ծափողջոյններով դիմաւորեցին օրուան հերոսները։

«Հակառակ Արցախի շրջափակման պատճառով յառաջացած ծանր հետեւանքներուն, արցախցիները լկը շարունակեն իրենց յատուկ տոկունութեամբ դիմադրել դժուարութիւններուն, կազմել նոր ընտանիքներ ու շէնցնել Արցախը», կը յայտնեն Արցախի թեմէն։

Աւելի ուշ, հարսանիքէն լուսանկարներ հրապարակեց արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան՝ գրելով. «Արմանին եւ Մարիամին պսակադրութիւնը՝ Սուրբ Յակոբավանքին մէջ»։