Ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը հասաւ Ստեփանակերտ․ Արցախն այս շաբաթ


Ռուսական մարդասիրական օգնութիւնը հասաւ Ստեփանակերտ․ Արցախն այս շաբաթ

 

Ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւնը Ակնայի վրայով հասաւ Ստեփանակերտ

Ռուսական օգնութիւնը երկու օրեր Ազրպէյճանի Պարտա շրջանին մէջ մնալէ ետք, 12 սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան, Ակնայի (Աղտամ) ճամբով մտաւ Ստեփանակերտ։

Արցախի իշխանութիւնները շեշտեցին, որ օգնութիւնը մուտք գործեց իրենց թոյլտուութեամբ: «Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, Ռուսիոյ կառավարութիւնը հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեամբ: Այսօր՝ 12 սեպտեմբերին, բեռը ռուսական Կարմիր խաչի միջոցով եւ այդ կազմակերպութեան մեքենաներով, հանրապետութեան իշխանութիւններու թոյլտւութեամբ մուտք գործած է Արցախի Հանրապետութիւն՝ Ասկերան քաղաքով: Օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեան ապրանքներ», կ’ըսուի Ստեփանակերտի հաղորդագրութեան մէջ:

Աղտամ-Սսկերան ճամբան փակած ասկերանցիները ռուսական օգնութեան մուտքը արտօնեցին պայմանով, որ պիտի պահպանուին ռուսական կողմին պարտաւորուածութիւնները առ այն, որ պիտի բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը: «Արմենպրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց շրջանային վարչակազմի բանբեր Անահիտ Պետրոսեան:

«Ռուսաստանի Կարմիր Խաչի բեռնատարը զննուած է Ակնա-Ասկերան ճանապարհին տեղակայուած հսկիչ պահակակէտին մէջ, որմէ ետք` ուղեւորուած Ստեփանակերտ: Նախօրօք բանակցութիւններ եղած են Ասկերան քաղաքի պատասխանատու անձնակազմին հետ, որուն ժամանակ կողմերը համաձայնութեան եկած են ճանապարհը բանալ բացառապէս ռուսական մեքենային համար` պայմանով, որ պահպանուին ռուսական կողմի պարտաւորուածութիւններն առ այն, որ միայն անցնելու է ռուսական բեռնատարը եւ պիտի բացուի նաեւ Քաշաթաղի ճանապարհը», մանրամասնեց Պետրոսեան`աւելցնելով, որ ասկերանցիները կը շարունակեն փակ պահել Ակնա-Ասկերան ճամբան ազրպէյճանական Կարմիր մահիկի բեռնատարներուն համար:

Միւս կողմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ասիկա նկատեց կարեւոր եւ դրական յառաջընթաց Աղտամի ճամբան բանալու ուղղութեամբ, իսկ նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ընդգծեց հետեւեալը. «Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ ազրպէյճանական կողմը պատրաստ է Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ) ճամբուն զուգահեռ Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ բեռներու փոխադրութեան համար պայմաններ ստեղծել` Լաչինի սահմանային անցակէտին մէջ սահմանային եւ մաքսային ընթացակարգերու պահպանումով»:

Սակայն, Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ. հոն կանգնած են մարդասիրական օգնութեամբ լեցուն տասնեակ բեռնատարներ՝ առանց Արցախ մտնելու կարելիութեան։

Կարմիր Խաչի արցախեան առաքելութեան ներկայացուցիչ Էթերի Մուսայէլեան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ շուտով համաձայնութիւն կը գոյանայ, բայց ան շեշտեց, որ առայժմ միայն հիւանդները կը փոխադրեն: «Այսօր հերթական հիւանդներու խումբը տեղափոխած են Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Վերջին անգամ Լաչինի միջանցքով սնունդի եւ պարագաներու տեղափոխումը եղած է 14 յունիսին, իսկ դեղամիջոցներու տեղափոխումը եղած է 7 յուլիսին», ըսաւ Մուսայէլեան:

Ռուսիան եւ Միացեալ նահանգները կը խօսին երկու ճամբաներու միաժամանակ բացման մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ ռուսական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախի մէջ մարդասիրական բարդ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ըստ անոր՝ այդ քայլերէն է` «Լաչինի եւ Աղտամի ճամբաներու զուգահեռ ապաշրջափակման դրութիւնը», որ մշակուած է բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ փոխգործակցութեամբ:

Նշելով, որ ռուսական մարդասիրական օգնութեան մուտքը առաջին քայլն է՝ ան ըսաւ, թէ ներկայիս Մոսկուա կ’ակնկալէ, որ Աղտամի ճամբուն զուգահեռ բացուի նաեւ Լաչինի միջանցքը, «այնուհետեւ մարդասիրական օգնութիւնը կանոնաւոր հիմքերով երկու ուղղութիւններով ալ անարգել մուտք պիտի գործէ տարածաշրջան»։

Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ այդպիսով Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը կայունանայ, իսկ տեղւոյն բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը կը վերականգնի:

 Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր իր կարգին անդրադարձաւ Արցախի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական կացութեան եւ իր երկրին մտահոգ ըլլալուն՝ նշելով.  «Մենք կը կրկնենք մեր կոչը, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը՝ շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութեամբ, Լաչինի եւ Աղտամի երթուղիներու անյապաղ եւ միաժամանակեայ բացման վերաբերեալ»։

«Մենք ղեկավարներուն կոչ կ’ուղղենք, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը իր կոչերուն մէջ ըրաւ՝ չձեռնարկելու որեւէ քայլի, որ պիտի բարձրացնէ լարուածութիւնը կամ պիտի շեղի այդ նպատակէն», շեշտեց Միլըր։

Ան նաեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն եւ հետեւաբար չի ճանչնար այնտեղ վերջերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնը։

Խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Արցախի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց նախարար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կ’ընդգծէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Արցախի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը քաջալերէ Ազրպէյճանի եւ Արցախի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգ է Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի արագ վատթարացումով: Մենք կը նշենք, որ մարդասիրական բեռները տեղակայուած են թէ՛ Լաչինի եւ թէ Աղտամի երթուղիներու մօտակայքը, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ եւ միաժամանակ բանալու երկու միջանցքները, որպէսզի ապահովուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տղամարդոց, կիներուն եւ մանուկներուն համար խիստ անհրաժեշտ մարդասիրական բեռներու առաքումը: Մենք նաեւ կոչ կ’ուղղենք առաջնորդներուն՝ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ, որ կը սրէ լարուածութիւնը կամ կը շեղէ այդ նպատակէն: Վէճերու լուծման համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է: Մենք դարձեալ կը յայտարարենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագիր պէտք է պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Մենք նաեւ կը քաջալերենք Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգները նաեւ կը հաստատէ, որ յառաջդիմելու միակ ուղին խաղաղութիւնն է, երկխօսութիւնը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ միմեանց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», կ’ըսուի վերոնշեալ այտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգները Արցախի մէջ ցեղային զտումները պիտի չհանդուրժէ 

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, Արցախի ճգնաժամի գնահատման վերաբերեալ լսումներուն ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու նախարարի տեղակալ Եուրի Քիմ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ պիտի չհանդուրժեն:

«Մենք խորապէս մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շարունակական փակումով եւ այն հետեւանքներով, զորս այդ փակումը կ’ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վրայ: Այս հարցին մէջ հաստատուած իրավիճակը բացարձակապէս անընդունելի է մեզի համար, եւ մենք պիտի չդադրեցնենք մեր աշխատանքը, մինչեւ որ լուծումի մը հասնինք», ըսաւ ան:

Քիմ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով պնդած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բաց ըլլայ մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրութիւններու համար՝ աւելցնելով, որ այդ պատգամը հասցուցած են Ազրպէյճանի կառավարութեան՝ թէ՛ հրապարակային յայտարարութիւններով եւ թէ առանձին զրոյցներու ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով:

Ան յայտարարեց նաեւ, որ բոլոր բանակցութիւններուն ընթացքին, մնայուն կերպով ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է պաշտպանուին, եւ որ որեւէ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի առանցքային բաղադրիչը պէտք է ըլլայ ասիկա:

«Ազրպէյճան պէտք է միջազգայնօրէն հաստատուած երաշխիքներ տրամադրէ, որ կը յարգէ անոնց իրաւունքները, եւ որ անոնք կրնան իրենց տուներուն մէջ ապրիլ առանց վախի: Կ’ուզեմ յստակ բան մը յայտարարել. Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր որեւէ գործողութիւն, ըլլա՛յ այդ կարճաժամկէտ, թէ երկարաժամկէտ, որ ցեղային զտումներ կամ այլ վայրագութիւններ կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ», ընդգծեց Քիմ: 

Հայաստանի վարչապետը ստորագրեց փաստաթուղթ մը, ըստ որուն՝ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ է. Լաւրով

10 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրած է փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը Ազրպէյճանի մաս է: Ան այս ձեւով պատասխանեց այն հարցումին, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիան կը մեղադրեն Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանին «յանձնելու» յանցանքով:

Լաւրով դիտել տուաւ, որ Ռուսիա որեւէ բանի համար մեղադրելէ առաջ պէտք է գնահատել սեփական արարքները:

Ըստ Լաւրովի՝ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը յղում կատարեց այն փաստին, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները 10 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրեցին առաջին եռակողմ համաձայնագիրը: «Ասիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Այնտեղ  ընդհանրապէս ոչինչ կ’ըսուի Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին, եւ այն ժամանակ երեք առաջնորդներն ալ մեկնեցան այն իրողութենէն, որ այդ կարգավիճակին շուրջ տակաւին պէտք է յաւելեալ բանակցութիւններ կատարուէին: Բայց երբ աւելի ուշ, Փրակի մէջ, ուր հրաւիրուած էին Ազրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը, անոնք ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ’ըսուի, որ կը ճանչնան 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրը, վերջ, հարցը փակուած է: Հայաստանի վարչապետը փաստաթուղթ մը ստորագրեց, ըստ որուն  այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզը Աzրպէյճանի կազմին մէջ է: Առ այդ, կարիք չկայ մեզ մեղադրելու՝ իբր թէ տակաւին 10 նոյեմբեր 2020-ին մենք «յանձնած ենք» Ղարաբաղը: Իր ժողովուրդին պէտք է ինքնուրոյն պատասխան տալ», շեշտեց նախարարը:

Գերմանիա Արցախի մէջ մարդասիրական գործունէութեան համար Կարմիր խաչին 2 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ 

Գերմանիան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ՝ Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութեան նախագիծին համար: Ըստ «Արմենպրէս»-ի, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը շատ լարուած է: Գերմանիա յաւելեալ 2 միլիոն եուրօ պիտի յատկացնէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին՝ տարածաշրջանին մէջ կեանքեր փրկող իր նախագիծին համար: Օգնութեան՝ հիմա տեղ հասնիլը կարեւոր է. անոր համար մենք կը ձգտինք բանալ մարդասիրական հասանելիութիւնը», կը յայտնէ դեսպանատունը իր «Էքս»-ի էջին վրայ: 

Սա մերօրեայ ողբերգութիւն է. Պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը այցելեց Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը այցելեց Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի` Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, ուր արդէն երկու ամիսէ կանգնած են արցախահայութեան համար անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութեան բեռնատարները, որոնց մուտքը Արցախ արգելք կը հանդիսանայ Ազրպէյճանը:

«Սա շատ տխուր եւ միաժամանակ շատ վտանգաւոր վայր է… սա մերօրեայ ողբերգութիւն է», ըսած է Humanitarian Aid Trust-ի(HART) հիմնադիր եւ նախագահ Քօքսը, կը հաղորդէ infoport.am-ը։

Քոքս Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակուելուն պատճառով, Արցախէն ստացուող տեղեկութիւնները մտահոգիչ են եւ տագնապալի:

Քոքս դիտել տուաւ, որ 30 տարիներ առաջ, իր գործընկերոջ հետ գրած էին զեկոյց մը, թէ այդ օրերուն ի՛նչ տեղի կ’ունենար Արցախի մէջ, իսկ այսօր՝ 30 տարիներ ետք, դժբախտաբար, իրավիճակը չէ բարելաւուած այդ հողատարածքին վրայ։

Հայ ժողովրդին համար այս վճռորոշ  պահուն, Քոքս յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ ամբողջ աշխարհի հայերը կը շարունակեն պայքարը յանուն Արցախի` իբրեւ միասնութեան խորհրդանիշ: «Ես եւ շատեր կը հաւատանք, որ հայերը պիտի կարենան քաջութեամբ, տոկունութեամբ յաղթահարել ներկայի տառապանքները, որպէսզի բազմաչարչար հայ ժողովուրդը շարունակէ ապրիլ խաղաղ եւ արժանապատիւ իր պատմական հողերուն վրայ», շեշտեց ան:

Իրավիճակը այնքան սրուած է, որ մարդիկ դիմանալու կարողութիւն անգամ չունին․ հաւաք՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ

15 սեպտեմբեր֊ին, խումբ մը քաղաքացիներ հաւաքուեցան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ` յայտնելու իրենց խիստ մտահոգութիւնը Արցախի մէջ ստեղծուած ծայրայեղ ծանր իրավիճակին վերաբերեալ:

Ըստ «Արցախպրես»-ի, հաւաքին մասնակից, Հադրութի քաղաքապետ Վահան Սաւադեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր արցախցի այսօր կը փորձէ յաղթահարել դժուար փորձութիւնները, բայց տեղահանուածներուն վիճակը այս պահուն անհամեմատ աւելի ծանր է։ Անոնց մեծ մասը չ’աշխատիր, բայց ստիպուած է միջոցներ հայթայթել գոյատեւելու համար:

«Մարդիկ հաւաքուած են հրապարակ հասկնալու` ով ունի իրենց հարցերուն պատասխանը, յառաջիկայ խնդիրները ինչպէս պիտի յաղթահարեն եւ, վերջապէս, ինչ կը սպասուի արցախահայութեան: Իրավիճակը այնքան սրուած է, որ մարդիկ դիմանալու կարողութիւն անգամ չունին», նշեց ան։

Հադրութի քաղաքապետին խօսով` համայնքներու ղեկավարներուն եւ հրապարակին վրայ հաւաքուածներուն միջեւ համաձայնութիւն եղած է` երկուշաբթի օրը հանդիպելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հետ եւ քննարկելու բնակչութեան առջեւ ծառացած խնդիրները:

«Արցախ. Անաւարտ պատերազմ» գիրք-ալպոմին շնորհանդէսը՝ Երեւանի մէջ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ: Անաւարտ պատերազմ» եռալեզու գիրք-ալպոմին շնորհանդէսը, կը հաղորդէ «Ազատ Արցախ» թերթը:

12 սեպտեմնբերին ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ կայացած շնորհանդէսին, հեղինակը՝ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը, Արցախ շրջափակման մէջ ըլլալով չկրցաւ ներկայ գտուիլ, սակայն անոր փոխարէն կատարուած կարեւոր գործին մասին պատմեցին հեղինակած լուսանկարները եւ անոր մասին պատմող տեսանիւթը:

Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը` պատմելով, թէ ինչպէս ծագեցաւ գիրք-ալպոմի ստեղծման գաղափարը եւ թէ ինչ առաքելութիւն պիտի ունենայ ան` մերօրեայ իրականութիւնը աշխարհին ներկայացնելու գործին: Ան նշեց, որ գիրք-ալպոմը արդէն հասած է Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա, Քուէյթ, Լիբանան, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ ու պիտի շարունակուի տարածուիլ Համազգայինի աշխարհասփիւռ գրասենեակներու միջոցով: «Այս պատկերագիրքին մէջ շատ է ցաւը, բայց չկայ լալկանութիւն, գիրքին համար գրուած իմ ներածական խօսքին մէջ ըսած եմ եւ կ’ուզեմ նորէն շեշտել` գիրքը ապրելու մասին է, որովհետեւ մահուան հականիշն ապրիլն է, եւ անոնք, որոնք նպատակադրուած են սեփական հողին վրայ ազատ ապրելու, արժանապատիւ պիտի ապրին, թէկուզեւ գերութեան մէջ: Գերութիւնը յաւերժ չէ, եթէ կայ ազատութեան ձգտում», ըսաւ Աւագեանը, աւելցնելով` պատկերագիրքը բաղկացած է երեք մասէ` «Անաւարտ պատերազմ», «Վերադարձ» եւ «Կեանքի ճանապարհ»: Պատկերագիրքը եռալեզու է` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն:

Շնորհանդէսէն պատկերներ (լուսանկարները՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ֆէսպուքեան էջէն)

Միջոցառման ներկաներուն օրհնութեան խօսք ուղղեց Արցախի թեմի առաջնորդ Հայր Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանը` կարեւորելով պատկերագիրքին ծնունդը` որպէս վաւերագրութիւն, որպէս կարեւոր խօսք աշխարհին, օտարներուն:

Համազգայինի կենտրոնական վարչութեան կողմէ խօսք ուղղեց միութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը` համոզում յայտնելով, որ գիրք-ալպոմը պիտի սթափութեան ազդակ դառնայ նախ մեզի` հայերուս, ապա` աշխարհին:

Համազգայինի Արցախի գրասենեակը Հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ կը կազմակերպէ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն (համալսարան) ընդունուողներու համար ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս կը կազմակերպէ հայոց լեզուի անվճար դասընթացներ, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը։

Արցախի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներու 12-րդ դասարանի աշակերտները կրկին հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու հայոց լեզուի անվճար դասընթացներուն, ուր կրնան ամրապնդել ունեցած գիտելիքները եւ աւելի արդիւնաւէտ պատրաստուիլ միասնական քննութիւններուն։ Դասընթացները պիտի սկսին 1 հոկտեմբերին։