ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 45-րդ վերամուտ. առաջին զանգը դարձեալ հնչեց


Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ռուբինա մանկամսուրի, Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանի 45-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք վերադարձան նպատակաուղղուած աշխատանքի:

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, իր 660 աշակերտներով եւ 75 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը։

Վարժարանի Ծիլ դասարանէն մինչեւ ԺԲ. կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, վարժարանի տնօրէնութեան, Կրթական մարմինին եւ ծնողներուն կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէի, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր միութիւններու եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչնե
Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:

Վարժարանի Կրթական մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը եւ 2023-2024 ուսումնական 45-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր, որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:


Ապա խօսք առաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ է 18-ամսեայ հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ զայն ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Վարժարանի 45-ամեակի սեմին, պարոն Սարգիսեան իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ մեր վարժարանի վերելքին սատարող անձնակազմի նուիրեալ անդամները, որոնք ոչ եւս են, ինչպէս՝ մեր հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգար Շարապխանեանը, փոխտնօրէններ՝ պարոն Վարուժան Նիգոլեանը եւ պարոն Ռաճըր Վէյլը: Ան, մէջբերելով պարոն Մարգարին խօսքերը, արտասանեց՝

«Աստուած կ’օրհնէ, շէն կը պահէ օճախդ,
Եթէ անձէդ բաժին հանես ուրիշին.
Ունեցածիդ ամուր կերպով մի փարիր,
Զի ան, վստահ, մահէդ անդին չես տանիր»:

«Մեր հայ լեզուն երբե՛ք չենք մոռնար,
Անոր յաւիտեան պահակներ կ’ուզենք դառնալ,
Բոլոր հայերն աշխարհի թող իմանան,
Որ հայ լեզուն երբ կայ, Հայաստանն ալ կը մնայ»:

Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի սրտի խօսքերով, տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 45-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար: ֍