Արցախ կ’ենթարկուի լայնածաւալ յարձակման. արցախահայութեան ճակատագիրը անորոշ


Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման պատճառով արցախահայութիւնը կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգին առջեւ

19 սեպտեմբերի կէսօրին Ազրպէյճանը լայնածաւալ պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ` զայն անուանելով «հակաահաբեկչական գործողութիւն»: Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով թշնամին կիրառեց հրենանի, հռթիներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Հրթիռակոծուեցան Ստեփանակերտը եւ Արցախի այլ բնակավայրերը։ Թշնամին ճեղքելով պաշտպանական գիծը գրաւեց ռազմավարական նշանակութեան բարձունքներ, բնակավայրեր՝ պատճառելով հարիւրաւոր մարդկային զոհեր։

Ռմբակոծութեան հետեւանքները՝ Ստեփանակերտի մէջ

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ հաւաքագրուած տուեալներուն համաձայն՝ 20 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 9:30-ի դրութեամբ՝ Արցախի մէջ արձանագրուած են առնուազն 200 զոհեր եւ առաւել քան 400 վիրաւորներ: Վիրաւորներուն մէջ կան աւելի քան 40 քաղաքայիններ, որոնցմէ 13-ը՝ մանուկներ: Զոհերուն մէջ կան 10 խաղաղ բնակիչներ, որոնցմէ 5-ը մանուկներ են:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան մինչ այդ հաղորդեց, որ Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններու 16 համայնքներէն տարհանուած են առաւել քան 7000 անձեր: 

Իրենց բնակավայրերը լքած արցախցի ընտանիքներ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 24 ժամերուն ընթացքին, ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի առաւել վտանգաւոր շրջաններէն շուրջ 2000 խաղաղ բնակիչներ տարհանեցին. անոնց կէսէն աւելին՝ 1049-ը, մանուկներ են: Անոնց մէկ մասը ապաստան գտաւ խաղաղապահներու տեղակայման վայրին մէջ, մնացեալին մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան: 

Մինչ Ազրպէյճան ռազմական գործողութիւններ կը կատարէր Արցախի մէջ, Հայաստանի իշխանութիւնը յայտարարեց, թէ Երեւան պիտի չմիջամտէ, որովհետեւ ռուս խաղաղապահները պէտք է Ղարաբաղի հայերուն ապահովութիւնը երաշխաւորեն։

Երբ արցախցիները տագնապով կը սպասեն, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իրենց ճակատագիրը, Պաքու տեսանիւթեր տարածեց գրաւուած Սարսանգի, Դրմբոնի, բազմաթիւ այլ հատուածներէ: Արցախի գիւղերուն մէջ կան անյայտ ճակատագիրով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ մանուկներ. ազրպէյճանցիները ճամբայ չեն բանար, առ այդ, անոնց մասին որեւէ տեղեկութիւն ճշդելու ձեւեր չկան։

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան ահազանգեց, որ Արցախի մէջ կան հազարաւոր կորսուած մարդիկ: Կապի բացակայութեան պատճառով, շատ բարդ է գիտնալ անոնք զոհուա՞ծ են, կամ ո՞ւր կը գտնուին:

«Բազմաթիւ ընտանիքներու անդամներ չեն կրնար գտնել զիրար՝ ծնողքը երեխան կամ երեխան ծնողքը, քոյրը եղբայրը եւ այդպէս շարունակ: Ամբողջական բնակելի վայրեր կտրուած են իրարմէ, մարդոց ճակատագիրները անյայտ են: Այս ամէնուն կ’աւելանան սնունդի, կապի, ելեկտրականութեան, կազի, դեղորայքի բացակայութիւնը, որ աւելի կը մեծցնէ մարդոց տառապանքները», յայտնեց Թաթոյեան:

20 Սեպտեմբերի զինաթափութեան յայտարարութենէն ետք, Արցախի մէջ անորոշ եւ անտէր վիճակ կը տիրէ։ Ընկերային ցանցերու մէջ արցախցիները 21 սեպտեմբերին աղեկտուր օգնութիւն կը խնդրէին՝ բանալու մարդասիրական միջանցք Հայաստան տեղափոխուիլ փափաքողներուն համար։ Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ուղիղ սպառնալիք չկայ: Փաշինեան իր խօսքին մէջ յստակօրէն հասկցուց, որ Արցախի հայերը պէտք է ապրին իրենց տուներուն մէջ, հայրենիքի մէջ՝ արժանապատիւ եւ ապահով պայմաններու մէջ։ Ըստ անոր՝ այդ կեանքը անոնց պէտք է ապահովեն ռուս խաղաղապահները։

Տեղահանուած եւ ապաստարաններուն մէջ գտնուող արցախցի ընտանիքներ

Արցախի իշխանութիւնները համաձայնեցան լուծարել պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցը

Ռուս խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հրադադարի համաձայնութիւն գոյացաւ, որուն իբրեւ հետեւանք Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները համաձայնեցան լուծարել Արցախի պաշտպանութեան բանակը եւ քննարկել Ազրպէյճանի հետ համարկումի հարցը:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրենց այս որոշումը բացատրեցին ստեղծուած ծանր իրավիճակով` ընդգծելով, որ Ազրպէյճանը, անցնելով լայնածաւալ յարձակման, նպատակ դրած է մասնատել Արցախը եւ անդառնալիօրէն վնաս հասցնել անոր կենսունակութեան:

«Երկու օր տեւած յամառ մարտերու ընթացքին Արցախի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերոսաբար կը պաշտպանուին կենդանի ուժով եւ զէնք-զինամթերքով քանի մը անգամ գերազանցող թշնամիէն` պատճառելով անոր մեծագոյն կորուստներ: Դժբախտաբար, կորուստներ եւ վիրաւորներ ունի նաեւ արցախեան կողմը, իսկ որոշ հատուածներու մէջ թշնամին յաջողած է մխրճուիլ պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքեր, տիրանալ շարք մը բարձունքներու եւ ռազմավարական ճանապարհային հանգոյցներու: Ստեղծուած իրադրութեան մէջ անբաւարար են միջազգային հանրութեան գործողութիւնները` պատերազմի դադրեցման եւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ: Հաշուի առնելով այս ամէնը` Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ’ընդունին ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրակազմի հրամանատարութեան առաջարկը կրակի դադրեցման վերաբերեալ», նշուած է կառավարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Այս որոշումը տալէն առաջ Արցախի նախագահը հրաւիրած էր Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն մասնակցած են քաղաքական բոլոր ուժերն ու նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ստեփանակերտը կը հրթիռակոծուի

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը յայտնեց, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է` առաջին` երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն սկսեալ ամբողջութեամբ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, երկրորդ` ռուսական զօրակազմի տեղակայման վայրէն հանել, ինչպէս ձեւակերպուած է, «Հայաստանի զինուած ուժերու մնացեալ ստորաբաժանումները», լուծարել եւ ամբողջութեամբ զինաթափել Արցախի պաշտպանութեան բանակը, ինչպէս նաեւ դուրս բերել ծանր զինուորական սարքաւորումները Լեռնային Ղարաբաղէն` զայն արագօրէն ոչնչացնելու նպատակով: Եւ երրորդ` համաձայն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` Ազրպէյճանի կողմէ բարձրացուած համարկումի, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ Ղարաբաղի ժողովուրդի կենսագործունէութեան ապահովման հարցերը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ տեղւոյն հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ պիտի քննարկուին վաղը` ազրպէյճանական Եւլախ քաղաքին մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ 19 սեպտեմբերին սկսած եւ «յաջողութեամբ աւարտած հակաահաբեկչական միջոցառումներուն» հետեւանքով Ազրպէյճանը վերականգնած է իր ինքնիշխանութիւնը:

Ան աւելցուց, որ Ղարաբաղի հայ բնակիչները Ազրպէյճանի քաղաքացիներ են, եւ իրենք կ’ուզեն հաստատել միացեալ գոյակցութիւն՝ խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած: «Մենք կը ճանչնանք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Պէտք է համոզուած ըլլալ, որ հակառակ կողմը չ’ապրիր վրէժխնդրական գաղափարներով: Հայաստանի ղեկավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրավիճակին մէջ ցուցաբերեց ձեռնհասութիւն. Պաքու կը գնահատէ այդ մէկը», ըսաւ Ալիեւ:

Արցախի Եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները Եւլախի մէջ հանդիպում ունեցան

21 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները։ Միջազգային լրատուամիջոցներու բացակայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տեղեկացուց ԱՊԱ կայանը՝ նշելով, որ ղարաբաղեան կողմը կը ներկայացնէր Սերգէյ Մարտիրոսեանը (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեանը (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի անդամ):

Եւլախի հանդիպումէն պարկեր մը

Աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուց Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հանդիպման մասին՝ յայտնելով. «21 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումը անցած է գործնական մթնոլորտի մէջ։ Կողմերը յատուկ ընդգծած են, որ առկայ բոլոր հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել խաղաղ մթնոլորտի մէջ` հանդիպումները շարունակելու պատրաստակամութեամբ»:

Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Ազրպէյճանի նախագահականը, որ հանդիպումը դրական որակեց` նշելով, որ անիկա ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ: «Քննարկումներ ծաւալեցան ենթակառուցուածքներու վերականգնման, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերահամարկման եւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներու հիման վրայ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան գործունէութեան կազմակերպման վերաբերեալ», նշուեցաւ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Պաքուի` բաւարարուեցաւ Ղարաբաղի հայերու խնդրանքը` մարդասիրական օգնութիւն` պարէնային ապրանքներու եւ վառելիքի:

«Արցախի պատկանելիութեան հարցը լուծուած է». Մոսկուա

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 21 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Արցախի պատկանելիութեան հարցը՝ իբրեւ այդպիսին, լուծուած է՝ աւելցնելով, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին մաս ճանչնալու Հայաստանի յայտարարութենէն ետք, կան բոլոր նախադրեալները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան։

Ան դարձեալ ընդգծեց, թէ այս հարցին մէջ Ռուսիա պէտք է դեր ստանձնէ: «Այնքան ատեն որ կողմերը անոր հասան 2021-22-ին՝ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու հիման վրայ, Ռուսիա հոս որոշ դեր ունի եւ պէտք է ունենայ: Ամէն պարագայի, Ռուսիա հանդէս կու գայ իբրեւ այդ համաձայնութիւններու երաշխաւոր», ըսաւ Փեսքով։

«Բանակցութիւններ կ’ընթանան «զօրքերու ետքաշման եւ տարհանուած քաղաքացիներու վերադարձի ուղղութեամբ». Ստեփանակերտ

Ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ, բանակցութիւններ կ’ընթանան ազրպէյճանական կողմին հետ` զօրքերու նահանջի գործընթաց կազմակերպելու եւ ռազմական գործողութեան պատճառով տեղահանուած քաղաքացիներու` իրենց բնակավայրեր վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Ըստ Ստեփանակերտի` միաժամանակ կը քննարկուի նաեւ քաղաքացիներու Արցախ մուտքի եւ Արցախէն ելքի ընթացակարգը:

Ասոր զուգահեռ, «Ռոյթըրզ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան յայտեց, որ ապահովութեան երաշխիքներու կամ համաներման մասին բանակցութիւնները, զորս իբր թէ կ’առաջարկէ Պաքու, տակաւին յստակ արդիւնքներ չեն տուած։

«Իրավիճակը շատ ծանր է` մարդիկ սոված են, ելեկտրականութիւն չկայ, վառելիք չկայ: Մենք շատ տեղահանուածներ ունինք», ըսաւ ան։

Ըստ Բաբայեանի՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 22 սեպտեմբերին, Հայաստանէն մարդասիրական օժանդակութիւն բերել, սակայն Լաչինի միջանցքը տակաւին պատշաճ կերպով չի գործեր:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը «Թելեկրամ»-ի ալիքին վրայ գրած է, որ՝ ի կատարումն ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պայմանաւորուածութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները սկսան յանձնել իրենց զէնքերը եւ զինամթերքը:

Գործընթացը տեղի կ’ունենայ ռուս զինուորներուն հսկողութեամբ: Ասոր զուգահեռ, Ղարաբաղի զինուած ուժերը կը հեռանան իրենց դիրքերէն: Ռուս խաղաղապահները աւելցուցին, որ մինչեւ հիմա, Ղարաբաղի հայերը յանձնած են առաւել քան 800 հրազէններ, նռնակներ, ականանետներ, հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ եւ հակահրասայլային հրթիռային համակարգեր:

Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր․ կը կազմուի «Ազգային կոմիտէ»

Երեւանի մէջ սկսան տեղի ունենալ ժողովրդային ընդվզումի ցոյցեր։ Ցուցարարները 21 սեպտեմբերին նախ փակեցին Խանջեան փողոցը, ապա փակելով բոլոր փողոցները՝ ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակը՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն՝ միանալու իրենց:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ պիտի սկսին անհնազանդութեան շարժումներու՝ ակնկալելով, որ բնակիչները միանան իրենց։ «Մենք 5 հոգիով կազմեցինք «Ազգային կոմիտէ», որուն կազմին մէջ են Հայկ Մամիջանեանը, Աւետիք Չալաբեանը, Անդրանիկ Թեւանեանը, Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ես: Մենք պէտք է հարցի լուծում տանք հնարաւորինս օրինական կերպով եւ մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունին այն գործընկերները, որոնք կը գտնուին Ազգային ժողովին մէջ, բայց հնարաւորինս շուտ պէտք է սկսիլ անհնազանդութեան ցործողութիւններու: Վաղը՝ 11-ին այստեղ պիտի կայանայ կառավարութեան նիստ, բայց մենք ժամը 10-ին պիտի շրջափակենք կառավարութեան շէնքը», ըսաւ Մանուկեան: 

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն պատկեր մը

Աւելի ուշ, լարուած վիճակ տիրեց Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Վարչապետի հրաժարականը, Արցախէն մարդոց տարհանումը պահանջող բազմաթիւ քաղաքացիներ հաւաքուեցան կառավարութեան շէնքին առջեւ։ Որոշ ժամանակ ետք, քաշքշուկ ծայր առաւ ոստիկաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ։ Ոստիկանները սկսան ցուցարարներ ձերբակալել։

Արցախի զօրակցութեան եւ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող անհնազանդութեան գործողութիւնները կը շարունակուին։ Բազմաթիւ ուսանողներ դասադուլի կը դիմեն եւ կը միանան ցուցարարներուն։

Համազգային զօրաշարժ՝ ի խնդիր Արցախի փրկութեան

21 Սեպտեմբեր-ին, Հայաստանի վերանկախութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք, զօրակցական աղօթք եւ մաղթանք, որմէ ետք Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը իր տուած պատգամին մէջ համազգային զօրաշարժի կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին։

Ան Արցախի մէջ ստեղծուած օրհասական վիճակին անդրադառնալով մասնաւորապէս ըսաւ․ «Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման:

Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց մեզ: Ո՛չ ոք գործնապէս բաժնեց մեր մտահոգութիւնները եւ զօրակից եղաւ մեր իրաւունքներուն: Միւս կողմէ, արիւնարբու թշնամին առաւել կատաղութեամբ շարունակեց իր պատերազմը հայ ժողովուրդին դէմ, զէնքով թէ քարոզչութեամբ, հայկական հողերու վրայ թէ աշխարհի տարածքին՝ դառնալով աւելի անգութ ու յարձակողապաշտ։ Փաստօրէն անպաշտպան ենք ու առանձին»:

Արամ Ա․ վեհափառը դիտել տուաւ, որ կարելի չէ՛ այլեւս հանդուրժել մեր ժողովուրդին դէմ կատարուող սադրանքները, սպառնալիքները, ռմբակոծումները ու յարձակումները: Կարելի չէ՛ այլեւս համակերպիլ պարտադրուած իրավիճակներուն: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է եւ նաեւ ու մանաւանդ մեր ազգին համար առաջնահերթութիւն: Եթէ այսօր յաւերժ կորստեան սեմին գտնուող Արցախը չկարենանք փրկել, վաղը կրնայ Հայաստանը նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնուիլ։

Վերափառը համազգային զօրաշարժի կոչ ուղղեց, որ ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Ան առաջարկեց շուտով համազգային մաշտապով հանդիպում մը կազմակերպուել՝ մասնակցութեամբ մեր ազգին հոգեւոր, քաղաքական, պետական ու կուսակցական ղեկավարներուն, ճշդելու համար նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, իրատես ու խոհեմ մօտեցումով: