Արցախահայութիւնը կը հայրենազրկուի․ Արցախն այս շաբաթ


Պատմական հայրենիքը բռնի լքած արցախցիներու կարաւանը (լուսանկարը՝ Դաւիթ Ղահրամանեանի)

«Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն մինչեւ 1 յունուար 2024-ը պէտք է լուծարուին Արցախի բոլոր պետական հիմնարկները եւ կազմակերպութիւնները, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը։

Համաձայնագիրով` Արցախի բնակչութիւնը, ներառեալ շրջանէն դուրս գտնուող բնակչութիւնը, սոյն հրամանագիրի ուժի մէջ մտնելէն ետք կը ծանօթանայ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած վերահամարկման պայմաններուն` անկախ եւ անհատական որոշում կայացնելու նպատակով` ապագային Արցախ մնալու (վերադառնալու) կարելիութեան մասին:

20 սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ հրադադարի համաձայնութենէն տասը oր ետք Արցախէն զանգուածային բռնի տեղահանութիւնը կը շարունակուի․ բնակչութեան շուրջ 80 առ հարիւրը` ամբողջութեամբ տեղահանուած է։

Արցախէն Հայաստան 29 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 18:00-ի դրութեամբ տեղահանուած է 97 հազար 735 անձ, կը հաղորդէ Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը:

«Հակարիի կամուրջը հատած է 20 հազար 609 փոխադրական միջոց», ըսաւ Բաղդասարեան: Անոր համաձայն, արդէն հաշուառում անցած են 74 հազար 382 անձ:

Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագիրը ստորագրելէ մօտ մէկ օր ետք ազրպէյճանական լրատուամիջոցները պատկերներ հրապարակեցին Ստեփանակերտէն` տեղեկացնելով, որ փողոցներուն մէջ այլեւս ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը հերթապահութիւն կ’իրականացնէ:

Միւս կողմէ, Արցախի դէմ 19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններէն ուղիղ տասը օր ետք Պաքուն սկսաւ արցախցի բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւններուն: 29 սեպտեմբերին Բերձորի միջանցքին մէջ ձերբակալուած է 2015-2018 թուականներուն Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը:

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ազրպէյճանցիները 4 ամիսով կալանաւորած են նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Դաւիթ Մանուկեանը` զայն մեղադրելով Արցախի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու յանցանքով:

Նշենք, որ Հակարիի կամուրջէն 27 սեպտեմբերին ձերբակալուեցաւ գործարար, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը։ Ըստ Ազրպէյճանի պետական ապահովական ծառայութեան՝ Վարդանեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ չորս ամիս ժամանակով:

Ըստ «Արցախփրես»-ի, իշխանական շրջանակներէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ձերբակալման վտանգի տակ են Արցախի երեք նախկին նախագահները` Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանը: Բացի ատկէ, ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն, Ազրպէյճանը ցուցակ ունի մօտ երկու հարիւր հայերու, որոնց կը ցանկայ կալանաւորել` տարբեր մեղադրանքներով:

Եւլախի մէջ 29 սեպտեմբերին ընթացան Ազրպէյճանի եւ Արցախի հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներու երրրորդ հանդիպումը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ազրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ` երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Արցախէն անվտանգ դուրս բերելու համար:

Ստեփանակերտի  յարակից տարածքին մէջ պենզինի պահեստին մէջ պայթումին պատճառաւ կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Ստեփանակերտ-Ասկերան մայրուղիի յարակից տարածքին մէջ, 25 սեպտեմբերին, պենզինի պահեստի մը մէջ պատահեցաւ ուժեղ պայթում մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան հարիւաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պայթումին պատճառները տակաւին յստակ չեն։ Ըստ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանի՝ հաւանաբար պատահածը անփութութիւն էր։

Հայաստանէն Ստեփանակերտ տեղափոխուած բժիշկներու խումբը անհրաժեշտ դեղորայքով եւ բժշկական պարագաներով այցելեց Արցախի հիւանդանոցներ եւ օգնեց տեղւոյն բժիշկներուն։

26 սեպտեմբերին, օդային ճամբով Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներ տեղափոխուեցան պայթումին պատճառով ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակ ունեցող հիւանդները ՝ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցներու եւ ռուս խաղաղապահներու ընկերակցութեամբ։

Փրկարարական խումբերու իրականացուցած որոնումներու արդիւնքով մինչ օրս նոյն տարածքէն յայտնաբերուած եւ դատաբժշկական փորձաքննութեան բիւրոյ տեղափոխուած է ընդհանուր 170 աճիւն եւ մասունք, իսկ անձնական իրերը` օպերատիւ շտաբ։ Աճիւններն ու մասունքները կը տեղափոխուին Հայաստանի Հանրապետութիւն` ՏՆԹ միջոցով ինքնութիւնները պարզելու համար:

Թորոնթոհայութիւնը Արցախի կողքին

Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Թորոնթոհայութիւնը Արցախի կողքին» կարգախօսով ժողովրդային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս, ուր հարիւրաւոր թորոնթոհայեր մէկ սիրտ դարձած համախմբուեցան՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի վերջին ոտնձգութիւնն ու սանձարձակ լայնածաւալ յարձակումները՝ արցախահայութեան նկատմամբ։ 

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած քայլերթը (լուսանկարը՝ «Հորիզոն»-ի)

24 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Տանտասի կեդրոնական հրապարակէն Արցախահայութեան զօրակցութեան քայլերթ մը ծայր առաւ, մասնակցութեամբ հազարաւոր թորոնթոհայերու: Քայլերթի ընթացքին, մասնակիցները բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի դիմաց եւ Նաթան Ֆիլիփս հրապարակին մէջ: 

Գանատան 2,5 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն. Մելանի Ժոլի

Գանատան Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի հայերուն կողքին է: 29 սեպտեմբերին այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է երկրի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին:

«2,5 միլիոն տոլար նախնական ներդրումով Գանատան մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ առաւել խոցելի մարդոց», նշած է ան։

Օթթաուան նախատեսուած գումարը պիտի փոխանցէ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան:

ՀՕՄի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը դրամահաւաքի կոչ կուղղէ Արցախի ընտանիքներուն օգնելու համար 

26 սեպտեմբերին ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը Արցախի ընտանիքներուն օգնութեան հասնելու համար դրամահաւաքի կոչ ըրաւ գանատահայութեան։  

«Պատմական Հայաստանի անբաժան մէկ մասնիկը համարուող արծուաբերդ Արցախը այսօր կ’ապրի մեր պատմութեան սեւ օրերը: Տասնեակ հազարաւոր հայ ընտանիքներ կը տարհանուին իրենց բնօրրանէն եւ ապաստան կը գտնեն Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս: Պարզ բառերով կարելի չէ նկարագրել ստեղծուած ծանրակշիռ իրավիճակը, որուն մատնուած են մեր հայրենակիցները: Անոնք մեր բարոյական աջակցութեան, զօրակցութեան եւ յատկապէս մեր նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ եւ կոչ կը կատարուի՝ աջակցելու Արցախի ընտանիքներուն: 

Նիւթական օժանդակութիւնը կարելի է ուղարկել.

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada 

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Artsakh fund-ը՝

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրուի նշել, որ նուիրատուութիւնները Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան (Artsakh fund) համար են եւ որուն դիմաց պիտի տրուի տուրքէ զերծ ստացագիր:

Արցախէն բռնի տեղահանուածներէն իւրաքանչիւրին Հայաստանի պետական պիւտճէէն պիտի յատկացուի միանուագ 100 հազարական դրամ

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հրատապ կարիքներուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը պետական ամավարկէն իւրաքանչիւրտեղահանուածի` անկախ տարիքէն, պիտի յատկացնէ միանուագ 100 հազարական դրամ:

Նշենք, նաեւ կառավարութիւնը տեղահանուածներուն կը յատկացնէ ժամանակաւոր կացարաններ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ։

Արցախի աղէտեալներուն օժանդակելու նպատակով ամերիկեան յատուկ խմբակ մը կը կազմուի

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սըմենթա Փաուըր այցելելէ ետք Կոռնիձոր, 28 Սեպտեմբերին յայտարարեց, թէ կազմուած է Հարաւային Կովկասի աղէտներու արձագանգման խմբակ մը (Disaster Assistance Response Team, DART)՝ համակարգելու համար Արցախի աղէտէն տուժած անձերուն ամերիկեան մարդասիրական աջակցութիւնը: 

Փաուըր նշեց, որ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգ է Արցախի խոցելի բնակչութեան ապահովութեամբ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան՝ բռնի տեղահանուածները ընդունելուն եւ անոնց ապաստան տալուն համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը ջանան աղէտեալներու կարիքներուն հասնիլ:

«Խմբակը պիտի գնահատէ իրավիճակը, պիտի պարզէ առաջնահերթ կարիքները եւ պիտի աշխատի գործընկերներու հետ՝ ապահովելու համար հրատապ անհրաժեշտ օգնութիւն», ըսաւ ան, «անընդունելի» որակելով Արցախի դէմ Ազրպէյճանի անցեալ շաբթուան ռազմական գործողութիւնը, որ մեծապէս վատթարացուց արդէն իսկ սարսափելի իրավիճակը: