Համազգային զօրաշարժ՝ ի խնդիր արցախահայութեան. խմբագրական


Ցեղասպանութիւն, էթնիկ զտում, հայրենազրկում, բռնի տեղահանութիւն․․․ եզրոյթներ, որոնք անզօր են բնորոշելու Արցախի մէջ ստեղծուած եղերական վիճակը։

Թշնամին իր ամբողջ վայրագութեամբ, դաժանութեամբ գործեց եւ բռնի տիրացաւ Արցախին. իսկ տասնեակ տարիներ հայրենի հողը պաշտպանելու համար արիւն թափած արցախահայութիւնը այսօր կը բռնէ գաղթի ճամբան: Տեղի կ’ունենայ զանգուածային տեղահանութիւն․ ան չ’ուզեր թշնամիին լուծին տակ ապրիլ, կը գերադասէ բաժնուիլ իր հայրենի բնօրրանէն, կառուցած տունէն, տեղէն, իր սրբազան երկրի համար արիւն թափած հերոսներու գերեզմաններէն, սրբավայրերէն, քան ենթարկուիլ էթնիկ զտումներու։

Արցախէն Հայաստան 1 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ի դրութեամբ տեղահանուած է 100 514 անձ:

Միջազգային դատապարտող կոչերը, Ազրպէյճանին ինը ամիս տեւած շրջափակման վերջ տալու պարտաւորեցնող բանաձեւերը, հայ ժողովուրդի զօրակցական հաւաքները չկասեցուցին Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը։ Ականատես ենք հազարաւոր տարիներ հայկականութեամբ ապրած, թշնամիներու դէմ քաջաբար կռիւ մղած եւ անկախութեան համար պայքարած հայրենիքի մէկ մասնիկին կորուստին։ Ասիկա ի՞նչ է, եթէ ոչ՝ ցեղասպանութիւն։

Քսանմէկերորդ դարուն ի լուռ աշխարհի Հայկական ցեղասպանութեան մը եւս կը գործադրէ թշնամին։

Ազրպէյճանը ամբողջ երեսուն տարի պատրաստուեցաւ տիրանալու Արցախին, ան գործեց բոլոր ճակատներով: Հայաստանի իշխանութիւնը իր վարած ապազգային քաղաքականութեամբ դիւրացուց թշնամիին գործը․ ան իր վարած սխալ դիւանագիտութեամբ ամբողջութեամբ տապալեց բանակցային գործընթացը, դուռ բացաւ պատերազմի եւ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցաւ որպէս Ազրպէյճանի մաս։ Վերջին պատերազմին նոյնիսկ օգնութեան չհասաւ:

Պատմութեան ընթացքին մեզի պատուհասած արհաւիրքներէն դասեր չքաղեցինք, մեր սխալներ չուղղեցինք եւ յոյսը դրինք օտարի «փրկութեան» վրայ։ Երեսունամեայ չքնաղ Արցախի Հանրապետութիւնը այնքան չսիրեցինք, չփայփայեցինք, որ զայն դարձնէինք անառիկ ամրոց թշնամիներուն դէմ։

Այսօրուան հրամայականը համազգային զօրաշարժն է․ մեր ամբողջ ներուժը ի սպաս դնենք, գործենք որպէս մէկ ընտանիք, նեցուկ կանգնինք մեր տառապեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, օգնութեան ձեռք երկարենք տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, անոնց ապահովենք կացարանով, ուտելիքով եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով, աշխատանքով։

Միայն այդ կերպով կրնանք մեղմել անոնց ցաւը եւ անհուն կորուստներուն վիշտը եւ յոյս տալ անոնց նոր կեանքի:

«Թորոնթոհայ»