«Արցախցիները պէտք է հետապնդեն եւ բարձրացնեն Արցախ վերադառնալու իրենց իրաւունքը». Արցախն այս շաբաթ


1. ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ՝ հայրենաճանաչողական շրջապտոյտ` համազգայինի Արցախի գրասենեակի երեսուն սաներուն

16 յունիսին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց հետաքրքրական հայրենաճանաչողական շրջապտոյտ մը` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի երեսուն սաներուն համար: Այս նախաձեռնութեամբ անոնք ամրապնդեցին Համազգայինի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան համագործակցութիւնը:

Նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Համազգայինի` Աբովեան եւ Մասիս քաղաքներու  աւագ խումբերու սաները այցելեցին` Գեղարդի վանական համալիր, Գառնիի հեթանոսական տաճար, Քարերու սիմֆոնիա եւ Չարենցի կամար: Անոնք նաեւ զարգացնող եւ անհատական խաղեր խաղացին ամրապնդելու համար իրենց գիտելիքները հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան վերաբերեալ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի երեսուն սաներու շրջապտոյտը (լուսանկանրը՝ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին)

Համազգայինի սաներուն ողջոյնի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը:

Այնուհետեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Համազգայինի Արցախի գրասենեակը շնորհակալ է այս համագործակցութեան համար, որուն նպատակն է Արցախի երիտասարդները քով քովի հաւաքելը, անոնց ներուժին բացայայտելը եւ ազգային հիմքերով  տարբեր ծրագիրներու իրականացնելը»:

***

2. Արցախի Ծիլ տիկնիկային ստուդիան Հրազդանի մէջ ներկայացուց «Երեք խոզուկները»

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին եւ գործակցութեամբ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան՝ Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքին մէջ Արցախէն տեղահանուած մանուկներու համար ցուցադրուեցաւ «Երեք խոզուկները» տիկնիկային ներկայացումը՝ արցախեան բարբառով:

Մանուկները մեծ խանդավառութեան եւ ոգեւորութեամբ դիտեցին ներկայացումը։

Արցախի Ծիլ տիկնակային Ստոիդիան՝ Հրազդանի մէջ (լուսանկարը՝ Համազգային Արցախի գրասենեակին)

Համազգայինի Արցախի գրասենեակը շնոհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ֊ի կեդրոնական վարչութեան՝  ներկայացումին սիրուն տիկնիկներ նուիրելուն համար:

«Մեզ համար կարեւոր է արցախեան բարբառով ներկայացումներ ցուցադրելը, քանի որ ստուդիայի ստեղծման օրուանից մեր ներկայացումները բեմադրուել են արցախեան ենթաբարբառներով: Մեր ընտրած ճանապարհից մենք երբեք չենք շեղուելու, քանի որ տարածում ենք արցախեանը: Ամէն ինչ կ’անենք որ մեր բարբառը լսելի լինի աւելի մեծ բեմերից», հաղորդագրութեամբ մը նշած է Արցախի Ծիլ տիկնիկային ստուդիա»-ն։

 ***

3. Արցախցիները պէտք է հետապնդեն եւ բարձրացնեն Արցախ վերադառնալու իրենց իրաւունքը. Արցախի առաջնորդ

19 Յունիսին տեղի ունեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի արցախահայութեան հետ հերթական հանդիպումը, Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին խօսք առին նաեւ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ազատուհի Սիմոնեան:

Սրբազան հօր առաջնորդութեամբ հանդիպումին մեկնարկը տրուեցաւ Տէրունական աղօթքով: Վրթանէս սրբազանը իր օրհնանքի եւ գօտեպնդման խօսքերը ուղղեց ներկաներուն՝ յորդորելով ըլլալ միասնական եւ անկոտրում:

Ան դիտել տուաւ, որ արցախցիները պէտք է կարենան իրենց վերադարձի հարցը լսելի դարձնել խուլ ականջներուն: «Վեհափառ հայրապետի տնօրինութեամբ Արցախի թեմը չի լուծարուել, այլ ընդհակառակը, նոր ձեւաչափով իր ծառայութիւնն է մատուցելու արցախահայութեանը՝ մեր վերադարձի, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, նաեւ սոցիալական (ընկերային) հարցերի շուրջ: Համապատասխան միջազգային կառոյցներին դիմելով՝ մեր ժողովրդի ինքնութեան պահպանման, նրանց իրաւունքների հարցերն իրաւական դաշտ բերելու ուղղութեամբ ինչքան կը կարողանանք ու ունենք հնարաւորութիւն, այդ հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք», ըսաւ սրբազանը:

Ան արցախցիներուն կոչ ուղղեց՝ չարտագաղթելու Հայաստանէն, որքան ալ շատ ըլլան ընկերային հարցերը: «Որպէսզի մենք մշտապէս մեր սրտի մէջ ունենանք Արցախը եւ ունենանք վերադարձի յոյսը, պէտք է լինենք իրար կողքի, համախմբուած: Եւ այդ համախմբուածութիւնն իրենից ներկայացնում է բաւականաչափ ուժ: Եթէ ցրուած լինէք, տարբեր տեղերում լինէք, կրաւորական դիրք բռնէք, անտարբեր լինէք եւ զբաղուէք միայն ձեր անձնական հարցերով, Արցախի հարցը դուրս կը մնայ: Ես չեմ ասում՝ վաղը բոլորով դուրս եկէք միտինգի (ցոյցի): Ես ասում եմ, որ ձեր մտածումները, ցանկութիւնները, պահանջատիրութիւնը եթէ դնէք դատարանի ու դատաւորի առաջ, եթէ կայ այդպիսի մի դատաւոր, ինքը կը տեսնի ու կը հասկանայ, որ արդարացի լուծումն է միայն այն լուծումը, որը դրուած է այդ թղթապանակի մէջ», ըսաւ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

Լեռնիկ Յովհաննիսեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի Արցախի հարցը չփակուի, «մեզնից կախուած ամէն ինչ պէտք է անենք, որպէսզի նորից վերադառնանք մեր արմատներին»:

Ան ըսաւ, թէ հիմնեցին գրասենեակ մը, որ ուշադրութիւն կը դարձնէ մասնաւորապէս Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցին: «Ճիշդ է, մեզ էթնիկ (ցեղային) զտման ու բռնագաղթի են ենթարկել, բայց մեր արմատները այնտեղ են՝ ի դէմս մեր եկեղեցիների, խաչքարերի, մեր պատմամշակութային ժառանգութեան: Մենք գրեթէ ամէն օր սոցիալական (ընկերային) ցանցերում ու լրատուամիջոցներում տեսնում ենք Արցախում մեր յուշարձանների ոչնչացման, պղծման դէպքեր: Եւ այս ամէնը շարունակական բնոյթ է կրելու, եթէ մենք ամէն օր չբարձրաձայնենք այդ խնդիրները: Այս գրասենեակն այդ ամէնը համակարգելու միտում ունի: Մենք ամէն օր էլ այդ ուղղութեամբ աշխատում ենք, շաբաթ չկայ, երբ ես զեկոյց չեմ ուղարկում այս կամ այն միջազգային կառոյցներին, որոնք զբաղուած են հակամարտութեան գօտիներում յուշարձանների պահպանման հարցերով։ Միւս կարեւոր ուղղութիւնը արտաքին քաղաքականութիւնն է», ըսաւ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով. «Այսօր միջազգային կոնսենսուս (համախոհութիւն) կայ, որեւէ մէկը չի մերժում, որ արցախցիները պէտք է վերադառնան, բայց ինչպէ՞ս, ի՞նչ երաշխիքներով: Այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները բազմաթիւ խոչընդոտներ են յարուցում Արցախի ընտրուած Ազգային ժողովի գործունէութեան համար, իսկ Արցախի թեմը փաստօրէն միակ լեգիտիմ (օրինական) մարմինն է: Դրա համար ամէն ինչ պէտք է կենտրոնացնենք Արցախի թեմի շուրջ, որպէսզի կարողանանք մեր իրաւունքների մասին հարցադրումներն անել»:

Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներ դատական հայցեր ներկայացուցած են Ազրպէյճանի դէմ: Օրինակ՝ հայց ներկայացուած է Միջազգային քրէական դատարան՝ Իլհամ Ալիեւը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Կարող է ասէք՝ դրանից ի՞նչ օգուտ, բայց երբ Պէյրութում հանդիպեցինք Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր Լուիս Մորենօ Օկամպոյի հետ, ինքն ասաց՝ հիմա ձեզ համար թղթեր հաւաքելու ժամանակն է, միջազգային իրաւական փաստաթղթեր պէտք է հաւաքէք: Ասում էր՝ եթէ դուռը փակ է ձեզ համար, պատուհանով մտէք, բայց ամէն օր խօսէք այդ մասին, ամէն օր պայքարէք», եզրափակեց ան: 

***

4. Յատուկ ջոկատայինները կոտրեցին Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասները եւ տարին Արցախի նախագահին ինքնաշարժը

Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասները կոտրուած (լուսանկարը՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին)

Ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայինները խումբով կոտրեցին Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասները, որպէսզի գրաւեն Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ծառայողական ինքնաշարժը:

«Միանշանակ պէտք է դատարանի որոշում՝ ոչ թէ մեքենան առգրաւելու համար, այլ մեքենան կոնկրետ (յստակ) Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին յարող տարածքից առգրաւելու համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում», հաստատեց Շահրամանեանի ներկայացուցիչ Ռոման Երիցեանը:   

Քննչական կոմիտէէն չյայտնեցին, թէ ի՛նչ հարցով առնուած է այս քայլը. անոնք խօսեցան Փետրուարին յարուցուած քրէական գործի մը մասին: Խօսքը Շահրամանեանի թիկնազօրի աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանի գործին մասին է: Փետրուարին ան ձերբակալուեցաւ թմրեցուցիչ պահելու եւ գործածելու կասկածով:

Դանիէլեան ազատ արձակուեցաւ. Անոր դէմ մեղադրանք չառաջադրուեցաւ, բայց գործի քննութիւնը կը շարունակուի:

Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան ըսաւ, որ ինքնաշարժը գրաւած են էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներ պարզելու համար:

Երիցեան դիտել տուաւ, որ արդէն մէկ անգամ` Փետրուարին, այդ ինքնաշարժը խուզարկած եւ վերադարձուցած են Աշոտ Դանիէլեանին: Այդ քրէական վարոյթը, ըստ անոր, ինքնաշարժին հետ կապ չունի։

Ըստ Երիցեանի՝ վերջին նախագահին սպասարկող ինքնաշարժը իրաւապահներուն թիրախ դարձած է քաղաքական դրդապատճառներով: Ըստ անոր` արցախցիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն եւ զանոնք կը պատժեն՝ Բագրատ Սրբազանի հաւաքներուն մասնակցելնուն եւ սատարելնուն համար:

Քննչականէն յայտնեցին, որ ինքնաշարժը պիտի վերադարձնեն գործողութիւնները աւարտելէ ետք. անոնք ժամկէտ մը չնշեցին:

***

5. Խստագոյնս դատապարտելի Է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ արցախցիներուն նկատմամբ ատելnւթեան խօսքը. Թաթոյեան Եւ Ստեփանեան

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Հայաստանի իշխանաւորներուն կողմէ արցախցիներուն նկատմամբ դրսեւորուած ատելութեան խօսքը։ Ստորեւ՝ այդ յայտարարութիւնը   

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ատելութան խօսք հնչեց 12 յունիսին Ազգային ժողովին մէջ վարչապետի յայտարարութիւններուն մէջ, որմէ ետք ընկերային ցանցերու եւ մեդիայի տարբեր հարթակներու վրայ աւելի սաստկացան արցախցիներու նկատմամբ վիրաւորանքներն ու ատելութեան խօսքը, անոնց ծաղրելու դրսեւորումները:

Աջէն ձախ՝ Արման Թաթոյեան եւ Գեղամ Ստեփանեան

«Բազմաթիւ են օրինակները, երբ այդ արշաւը տարածում ու անգամ ուղղորդում է Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւնը, որը բռնի տեղահանուած արցախցիների` հայաստանեան հասարակութեանն ինտեգրմանն (համարկման) ու հանրային համերաշխութեանը նպաստելու փոխարէն մասնակից է դառնում հայութեան մի հատուածի նկատմամբ տարուող ատելութեան գեներացմանը:

Անդրադարձ կը կատարուի, որ բազմաթիւ վկայութիւններ կը փաստեն, որ հաւաքներու ժամանակ բերման ենթարկուած արցախցներու նկատմամբ ոստիկանութիւնը արցախցիները առանձնակի կը թիրախաւորէ, որ կ’ուղեկցուի արժանապատուութիւնը նուաստացնող արտայայտութիւններով, իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ Արցախի կորուստի մէջ արցախցիները մեղադրելու, Հայաստանի մէջ «տեղ չունենալու», «հիւր ըլլալու» եւ այլ վիրաւորական արտայայտութիւններով։

Ըստ Թաթոյանի եւ Ստեփանեանի՝ Սեփանակերտի, Մարտակերտի, Ասկերանի, Հաթերքի համայնքապետներու նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումները եւ ձերբակալութիւնները որեւէ իրաւական հիմք չունին, այլ անոնք քաղաքական են։

«Վերոնշեալ համայնքապետերի դէմ հետապնդումները սկսուեցին եւ նրանք զրկուեցին ազատութիւնից Հայաստանում իրենց քաղաքացիական, այդ թւում` հաւաքների մասնակցութեան կամ այդ հաւաքներին աջակցութիւն յայտնելու համար», կ’ըսեն անոնք։

***

6. Եւրոպական Միութիւնը 15 միլիոն պիտի տրամադրէ՝ Արցախէն տեղահանուածներու ընկերային-տնտեսական համարկման

Կառավարութիւնը հաստատեց «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովին միջեւ «Պետութեան եւ դիմակայունութեան ամրապնդման պայմանագիր Հայաստանի Հանրապետութեան համար» ֆինանսաւորման համաձայնագիրը հաստատելու մասին» հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրի նախագիծը: Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 2024-ի առաջին եռամսեակին, 15 միլիոն եուրօ գումարով:

«Ծրագրի նպատակն է աջակցել Հայաստանի սոցիալ (ընկերային)-տնտեսական դիմակայունութեանը, մասնաւորապէս, նպաստել Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած անձանց առաջնահերթ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ խնդիրների հասցէագրմանը, ինչպէս նաեւ նրանց երկարաժամկէտ սոցիալ-տնտեսական ներառմանը: Ծրագրի շրջանակներում նախատեսւում է միանուագ բազմանպատակ դրամական օգնութեան տրամադրում՝ աջակցութիւն ժամանակաւոր կացարանների կարիքների ու կոմունալ ծախսերի ուղղութեամբ, աջակցութիւն կանանց ու խոցելի խմբերին, ինչպէս  նաեւ հիւրընկալող համայնքների սոցիալ-տնտեսական վերականգնմանը», ըսաւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

Ան նշեց, որ 15 միլիոնը անհատոյց դրամական աջակցութիւն է:

***

7. Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կոչ ուղղել Ազրպէյճանին՝ ապահովելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ՝ տունդարձը. Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական հարցերու գծով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Ազրպէյճանին կոչ ուղղել՝ ապահովելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ՝ անոնց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրականացումը:

Ան այս մասին խօսեցաւ՝ պատասխանելով Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու հարցումներուն:  

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ բոլոր չլուծուած հարցերու շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող ջանքերուն: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղէն ձերբակալուածներուն վիճակին, Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին՝ պահպանելու պատշաճ իրաւական ընթացակարգը, ձերբակալուած անձերու պաշտպանութեան հիմնական սկզբունքները եւ ապահովելու թափանցիկութիւն: Եւրապական Միութիւնը համոզուած է, որ վստահութեան ամրապնդման միջոցները, ներառեալ՝ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալերու ազատ արձակումը եւ հայրենադարձութիւնը, կրնան օգուտ բերել ընդհանուր խաղաղութեան գործընթացին եւ ճամբայ հարթել կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման», իր գրաւոր պատասխանին մէջ կը յայտնէ Պորել՝ յիշեցնելով, որ այս վերջին կէտին վերաբերեալ Եւրոպական Միութիւնը ողջունած էր 7 Դեկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու, որոնց կարգին բանտարկեալներու փոխանակման վերաբերեալ, եւ կը շարունակէ կոչ ուղղել՝ այդ ուղղութեամբ յետագայ քայլերու ձեռնարկելու:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ մարդու իրաւունքներու շուրջ կանոնաւոր երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ կապերու ծիրին մէջ: Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ուշադիր կը հետեւի տեղւոյն իրավիճակին եւ սերտ կապի մէջ է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ, որ կանոնաւոր հասանելիութիւն ունի հայ բանտարկեալներուն: Բացի այդ, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կոչ ուղղել Ազրպէյճանին՝ ապահովելու Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ անոնց՝ առանց ահաբեկման եւ խտրականութեան, իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրացումը: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը շարունակէ աջակցիլ Ղարաբաղի հայերուն, որոնք տեղահանուած են 2023 թուականի Սեպտեմբերին եւ անկէ առաջ, եւ այդ ժամանակէն ի վեր տրամադրած է աւելի քան 33 միլիոն եուրոյի մարդասիրական օգնութիւն՝ անոնց կարիքները բաւարարելու համար՝ ուղղակի մարդասիրական օգնութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան պիւտճէին աջակցելու միջոցով», կ’ըսուի Պորելի գրաւոր պատասխանին մէջ: