Արցախն այս շաբաթ


Յուշաղբիւրի բացում Ստեփանակերտի մէջ` ի յիշատակ Արցախեան երեք պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

Արցախի շուրջ քաղաքական իրադարձութիւններ

— Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի անօրինական եւ մահաբեր յարձակումը, 18 Սեպտեմբերին յայտարարեց ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին, Երեւան այցի ընթացքին ունեցած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

«ԱՄՆ-ն որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ յստակ եւ վաղուց նշած է, որ համակարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ: Մենք կը շարունակենք հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ մենք կը ցանկանք ձգտիլ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանը բանակցային, խաղաղ եւ տեւական լուծում ըլլայ», Արցախի կարգավիճակին անդրադառնալով ընդգծեց ան:

— 19 Սեպտեմբերին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկաւ տեսաուղերձով մը եւ միասնականութեան կոչ ուղղեց՝ ըսելով. «Հայոց պետականութիւնը կանգնած է նոր ու աղէտալի պատերազմի մը շեմին, որ կրնայ ոչ պակաս ծանր հետեւանքներու յանգեցնել, քան՝ 44-օրեայ պատերազմը: Հաշուի առնելով վերահաս աղէտի վտանգը՝ համոզուած եմ, որ միակ լուծումը յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բոլոր հիմնական դերակատարներու ջանքերու համատեղումն է՝ միասնականութեան, անկեղծ երկխօսութեան ու ողջախոհութեան հիման վրայ: Անկախ այն բանէն, թէ ինչ գործիքակազմով հնարաւոր կ’ըլլայ կանխել աղէտը, միեւնոյն է՝ նշածս համախմբումը պէտք է տեղի ունենայ, որպէսզի կարենանք պատուով թօթափել այս ծանր ու վճռական մարտահրաւէրը»:

Ան անգամ մը եւս յորդորեց միջազգային հանրութեան դերակատարները՝ կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները եւ ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Արցախի անկախութիւնը: Յարութիւնեան շեշտեց, որ անընդունելի է որեւէ փաստաթուղթ, որ կրնայ Արցախը դիտարկել իբրեւ Ատրպէյճանի մաս: «Կրկին կը հաւաստիացնեմ, որ մենք պիտի չընդունենք Արցախի ժողովուրդի շահերուն հակասող որեւէ փաստաթուղթ եւ այդ մասին կը յայտարարեմ նաեւ հիմա՝ ի լուր աշխարհի»։

— Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, 19 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած քոնկրեսական հաւաքին, ներկայացուց Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ ազդարարեց, թէ Արցախը ներկայիս գոյութենական պայքար կը մղէ Ատրպէյճանի ցեղասպանական վարչակարգին դէմ, նոյն ժամանակ վստահեցնելով, որ արցախցիները պիտի շարունակեն պայքարիլ ազատութեան եւ ապահովութեան իրենց տարրական իրաւունքներուն համար։ «Արցախը երբեք մաս պիտի չկազմէ Ատրպէյճանին», շեշտեց Բաբայեան։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայկական համագումարին միացեալ ջանքերով։ Արցախին զօրակցող եւ Պաքուն դատապարտող ելոյթներով հանդէս եկան քոնկրեսականներ Ճուտի Չու, Ճիմ Քոսթա, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն եւ Տէյվիտ Սիսիլին։

Դաւիթ Բաբայեանի ելոյթը Քոնկրեսին մէջ (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

Նշենք, որ Բաբայեան 17 Սեպտեմբերին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ուուտրօ Ուիլսընի տուն- թանգարանին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Արցախին նուիրուած ճաշկերոյթին ընթացքին եւ շեշտեց Արցախի ինքնիշխանութեան ու ապահովութեան մէջ Սփիւռքի աջակցութեան կարեւորութիւնը։ Բաբայեան նաեւ մասնակցեցաւ Հայ Դատին կազմակերպած ռազմավարական քննարկումներուն եւ հանդիպումներ ունեցաւ քոնկրեսականներու հետ։

— Արցախի եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած ցանկացած անվտանգային մարտահրաւէրին կարելի է դիմակայել միայն միասնական ջանքերով,  20 Սեպտեմբերին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Արցախ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան:

Անդրադառնալով Արցախի ապագային, խնդրի լուծման հնարաւորութիւններուն Մոսիեան, կարեւոր համարեց համախմբումը մեր ընելիքներուն շուրջ, ընդգծելով, որ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ձեւաւորուած է միասնական տեսակէտ: «Պիտի շարունակենք միակամ ըլլալ խնդիրներու լուծման շուրջ համախմբեւելով, որովհետեւ այդ միասնականութեամբ մենք կրնանք փրկել այն, ինչ մնացած է եւ հասնիլ մեր նպատակին», շեշտեց ան:

— Յայտնի ռուսահայ գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, որ վերջերս հաստատուեցաւ Արցախ, հանդիպում կ’ունենայ Արցախի քաղաքական եւ հասարակական դէմքերու հետ։ 20 Սեպտեմբերին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ: Անոնք խօսեցան հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն, աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու, անվտանգութեան, Արցախը հայկական պահելու ու զարգացնելու հարցերուն շուրջ: «Ինծի համար շատ կարեւոր էր լսել նախագահներուն կարծիքը, իրավիճակէն դուրս գալու ելքերու վերաբերեալ անոնց մօտեցումները: Մենք համոզուած ենք, որ նման մաշտաբի մարտահրաւէրներուն դիմակայելու միակ հնարաւորութիւնը բոլորիս համախմբումն է ու ողջ հայութեան ներուժի լիարժէք օգտագործումը», նշեց Վարդանեան:

Հանդիպում՝ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի միջեւ

— 20 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ Պրունօ Ռըտայոյի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած համաժողով, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղ. սեւ գիրք» համհեղինակային աշխատութիւնը:

Ծերակուտական Ռըտայօ համերաշխութիւն յայտնեց Արցախին եւ Հայաստանին` դատապարտելով ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմից իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կլոր-սեղան քննարկում` «Լեռնային Ղարաբաղ. սեւ գիրք» աշխատութեան հեղինակներու մասնակցութեամբ: Գրքին խմբագիր-հեղինակներ են Էրիկ Տընեսէն եւ Տիգրան Եգաւեանը, ինչպէս նաեւ առանձին հեղինակներ ծերակուտական Մարի-Առլետ Քառլոթին, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանսուա-քզաւիէ Բելամին, պատմաբան, հրապարակախօս Ժան-ֆրանսուայ Կոլոսիմոն, «L’Œuvre d’Orient» կաթոլիկ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, Տէր Պասկալ Գոլնիշը եւ հանրայայտ աշխարհաքաղաքագէտ Ժերար Շալեանը:

—  21 Սեպտեմբերին, Լաչինի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը զգուշացուց սադրանքներու դիմելէ. «Այլապէս արժանի պատասխան պիտի տանք», ըսաւ ան:

«Այսօր Հայաստան պէտք է լաւ մտածէ: Ոչ ոք մեզի հետ վերջնագիրներով կրնայ խօսիլ եւ ոչ ոքի վրայ յոյս թող դնեն: Ես անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել՝ մեզ ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ կասեցնել: Մենք իրաւունքի, արդարութեան, միջազգային իրաւունքի կողմնակից ենք, կը պաշտպանենք, կը պահպանենք ու կը վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած ենք, թէ ի՛նչի ընդունակ ենք, մենք ուժով ազատագրեցինք մեր հողը եւ կը հպարտանանք անորմով», յայտարարեց Ալիեւ:

«Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ մեզ մեղադրել, թէ մենք իրենց տարածքը մտած ենք, այդ մէկը ոչ մէկ հիմնաւորում ունի: Նախ եւ առաջ, եթէ սահմանները ըլլային հոն, ուր իրենք կ՛ըսեն, սահմանային ճարտարապետական աշխատանքներ կը տարուէին: Անոնք կը կարծէին, թէ ամբողջ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը իրենց պիտի մնայ: Այդ պատճառով ալ ոչ մէկ բան ըրած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին», ըսաւ ան։

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Արցախի բնակարանային հարցերու կոմիտէին նախագահ Արմէն Մանգասարեան յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերի դրութեամբ՝ ընկերային տարբեր կարգավիճակ ունեցող ընտանիքներուն տրամադրուած է աւելի քան 1000 բնակարան, որոնցմէ 472-ը նորակառոյց»։ Ան աւելցուցած է, որ մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսուի յանձնել եւս շուրջ 500 բնակարան` մեծամասնութիւնը Արցախի շրջաններուն մէջ:

Առաջին փուլով կը նախատեսուի Իւանեան գիւղի տարածքին կառուցուող շէնքերուն մէջ բնակարաններ տրամադրել Հադրութի Մեծ Թաղեր համայնքէն տեղահանուած ընտանիքներու:

Ըստ անոր՝ Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակուի 1300 բնակարանի, իսկ շրջաններու մէջ` 1600 բնակելի տան շինարարութիւնը:

— Շուշիի շրջանի Եղցահող գիւղին մէջ հաստատուած ընտանիքներ սփիւռքահայ միութիւններու կողմէ օգնութիւն կը ստանան։

Լոս Անճելըսի՝ Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւնը 5 տեղահանուած ընտանիքներու նուիրած է 2-ական մայր ոչխար:

Եղցահող բնակող եւս 3 տեղահանուած ընտանիքներու ոչխարներ նուիրած են ԱՄՆ Արեւմտեան ափի ՀՕՄ-ի նախկին շրջանային վարչութեան անդամները, որոնք նաեւ 6 տուփ հագուստ փոխանցած են Շուշիի շրջանի բոլոր 4 գիւղերուն: «Արցախի մէջ ապրելուն, արարելուն եւ սեփական եկամուտը վաստակելուն աջակցող այս ծրագիրը բաւական լայն ու դրական արձագանգ գտած է ե՛ւ սփիւռքահայ, ե՛ւ այս ծրագրի շահառու հանդիսացող արցախաբնակ մեր հայրենակիցներուն մէջ», նշեց Արցախի սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան:

— Հիմնականօրէն կը նորոգուի Մարտունիի շրջանի Քարահունջ գիւղ տանող եւ ներհամայնքային ճանապարհը։

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ ճանապարհի երկարութիւնը 1,6 քմ․ է։ Ներկայիս կը կատարուի հողային, ճանապարհի լայնացման եւ յենապատերու կառուցման աշխատանքներ: Նշուած աշխատանքներու աւարտէն ետք ճանապարհը պիտի կուպրապատուի:

Քարահունջ գիւղի ճանապարհի վերանորոգումը (լուսանկարը՝ Արցախպրես-ի)

— 18 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար, շուիահար, դուդուկահար Զաքար Քէշիշեանի համերգապատումը:

Համերգին, դաշնակահարուհի Նադեժդա Սարգսեանի նուագակցութեամբ, հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն: Քէշիշեան տեղեկացուց, որ համերգապատումով կ’աւարտէ այս տարուան իր առաքելութիւնը Արցախի մէջ:

Ան համերգի ժամանակ ներկայացուց Շուշիի մէջ ապրած օրերու իր յուշերը: «Առաջին անգամ Արցախ եկայ 3 Ապրիլ 1989-ին: Օրական քանի մը համերգներով  հանդէս կու գայինք Ստեփանակերտի տարբեր վայրերու մէջ, այնուհետեւ` Հադրութի, Ասկերանի, Մարտունիի մէջ։ Համերգները կը վերածուէին ցոյցերու. մենք Արցախ կը բացականչէինք, դահլիճը` Հայաստան, միացում: Շատ ոգեւորիչ օրեր էին: Այն ժամանակ կ’ըսէին, թէ Շուշի չենք կրնար երթալ, սակայն օր մը մենք կրկին գնացինք Շուշի եւ դեռ պիտի երթանք», պատմեց Քէշիշեան:

19 Սեպտեմբերին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի նախարար Անահիտ Յակոբեան ընդունելով խմբավար Զաքար Քէշիշեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր` Արցախի մէջ բացառիկ երգչախմբային մշակոյթ ձեւաւորելու եւ սերունդններուն գեղագիտական ճաշակի զարգացման ու դաստիարակութեան, Արցախի հանդէպ շահագրգիռ եւ սրտացաւ վերաբերմունքին համար: Յակոբեան, գնահատելով Քէշիշեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը, անոր յանձնեց նախարարութեան շնորհակալագիր:

— 19 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը եւ ռազմական յանցագործութիւնները 1918-2022 թուականներուն» խորագիրով մամուլի ասուլիս:

Ասուլիսին մասնակցեցան Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, «Կաճառ գիտական» կեդրոնի ղեկավար, պատմաբան Մհեր Յարութիւնեան:

Կովկասագիտութեան կեդրոնի տնօրէն Յովիկ Աւանեսովի խօսքով` 1918-ին աշխարհի քաղաքական քարտէզի վրայ յայտնուած Ազրպէյճան կոչուող արհեստածին կազմաւորումը ձեւաւաւորուած է բռնազաւթելով տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու պատմական հայրենիքը:

Ան ընդգծեց, որ 1918-էն սկսած Ազրպէյճանը հայերու նկատմամբ իրականացուցած է բազմաթիւ ցեղասպանական գործողութիւններ եւ էթնիկ զտումներ` նպատակ հետապնդելով վերացնել հայկական պետականութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը:

Մհեր Յարութիւնեան շեշտեց․ «Պէտք է դաս քաղել պատմութենէն եւ կարեւոր եզրակացութիւն ընել` միայն մենք կրնանք կասեցնել թշնամիին ցեղասպան քաղաքականութեան իրականացումը` համարժէք պատասխան տալով անոր ոտնձգութիւններուն: Պէտք է ուժեղանանք որքան հնարաւոր է, պէտք է ժողովրդագրական խնդիրը լուծել: Մեր ամէն մէկ կորուստէն ետք պիտի հինգ ծնունդ ունենանք»:

— 21 Սեպտեմբերին Արցախի պետական համալսարանի զոհուած ուսանող-ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած կոթողին մօտ տեղի ունեցաւ համալսարան ընդունուած առաջին տարուան ուսանողներու երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, կրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, համլսարանի տնօրէն Արմէն Սարգսեան:

Տնօրէնը ուսանողներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ․ «Այս յուշարձանին մօտ երդուելով, դուք կը պարտաւորուիք համալսարանէն ներս ձեռք բերուած գիտելիքները, փորձը ամբողջ կեանքի ընթացքին կիրառել հայրենիքի բարգաւաճման համար»:

Կրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան մէջբերելով Նժդեհի խօսքը, ըսաւ. ««Եթէ կ’ուզես գուշակել ազգի ապագան, նայիր երիտասարդութեան»։ Վաղը մենք պիտի հնձենք այն, ինչ կը ցանենք այսօր: Դուք էք այն հիմնաքարը, որ պիտի ըլլայ մեր պետականութեան ամրապնդողը: Եղէք հաւատարիմ ձեր երդումին եւ հող հայրենիին»:

— 21 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսամարտիկ, բանաստեղծ Հայասէր Յովսէփեանի «Լռութեան փոխարէն» գրքին շնորհանդէսը: Գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է Հայասէր Յովսէփեանի խումբ մը ընկերներու ջանքերով, ընդգրկուած են նահատակուած բանաստեղծին տարբեր տարիներու ստեղծագործութիւնները:

Արցախի գրողներու միութիւնը Հայասէրը յետմահու պարգեւատրեց «Նարեկացի» մետալով, որ յանձնուեցաւ անոր մօրը։ Հայասէրի հարազատ Խնուշինակի դպրոցի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Իրա Յարութիւնեան պատմեց, որ ան բանաստեղծական առաջին քայլերը կատարած է 9-րդ դասարանին: «Մենք կորսնցուցինք տաղանդաւոր երիտասարդ մը, որ ընդամէնը 31 գարուն ապրեցաւ», աւելցուց ուսուցչուհին:

Իսկ 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է երիտասարդ գրող Գայիանէ Յովսէփեանի «Ճախրող տունը» չափածոյ ստեղծագործութիւններու գիրքի շնորհանդէսը: 17-ամեայ Գայիանէն Ասկերանի Աւետարանոց գիւղէն է, որ գրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Ստեղծագործել սկսած է Արցախեան երրորդ պատերազմէն ետք:

«Ես կ’ուզեմ, որ այս ծանր իրավիճակին մէջ, այս թանձրացած խաւարէն լոյս մը ծագի: Միաժամանակ մենք պէտք է գիտակցենք մեր պատասխանատուութիւնը, եւ, որ այդ լոյսը մեր սերունդի ձեռքերուն մէջ է: Ծանր պատասխանատուութիւն է, բայց պէտք է ըլլանք մեր նախնիններու արժանի յետնորդը: Կը ցանկայի նաեւ, որ ոչ մէկ մարդ զգայ ծննդավայր կորսնցնելու այն ցաւը, որ ես զգացած եմ», երիտասարդ գրողը:

— 24 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի Առաքելեան փողոցին մէջ տեղի է ունեցաւ յուշաղբիւրի բացման արարողութիւն` ի յիշատակ Արցախեան երեք պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն:

Նախաձեռնութիւնը Առաքելեան փողոցի բնակիչներինն է:

«Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ պայքարած է իր ազատութեան, անկախութեան ու գոյատեւման համար: Բացառութիւն չէին Արցախեան երեք պատերազմները: Այս թաղամասէն պատերազմին մասնակցած 51 քաջորդի այլեւս տուն չվերադարձաւ, երկուքին ճակատագիրն ալ առ այսօր անյայտ է: Մենք շնորհակալ ենք եւ բոլորս պէտք է միշտ կանգնինք հերոսներու ընտանիքներուն կողքին: Այս յուշաղբիւրն ալ յարգանքի, պատուի, հպարտութեան, յոյսի, հաւատքի իւրայատուկ սրբավայր մըն է», ըսած է թաղամասի բնակիչ Ջիւան Հայրապետեան:

Յուշաղբիւրը օծուած է Տէր Անդրէաս քհնյ․ Թաւադեանի ձեռամբ:

Բացման արարողութեան ներկաները ծաղիկներ խոնարհաած են յուշաղբիւրին եւ յարգանքի տուրք մատուցած Արցախեան պատերազմներուն մարտիրոսուած հերոսներու յիշատակին :