ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 44-րդ վերամուտը


Առաջին զանգը դարձեալ հնչեց

Սեպտեմբեր է դարձեալ՝ վերամուտի եւ դպրոցական կեանքի վերադառնալու գործընթաց: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք կը վերադառնան նպատակաուղղուած աշխատանքի, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրներն ու յանձնառութիւնները:  Նոյնն է պարագան Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մանկամսուրին, «Պապայեան» մանկապարտէզին, «Գոլոլեան» նախակրթարանին եւ «Լափոյեան» երկրորդական վարժարանին, որուն 44-րդ վերամուտի զանգը հնչեց Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 9-ին: 

ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը, իր 630 աշակերտներով եւ 70 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը:

Վարժարանի ծիլ դասարանէն մինչեւ ԺԲ. կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Սուրբ Աստուածածին հայց. առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, վարժարանի տնօրէնութեան, կրթական մարմինին եւ ծնողներուն կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի, Հայ Օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի, Հայ երէցներու ընկերակցութեան եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:

Վարժարանի կրթական մարմինի ատենապետ՝ Վազրիկ Շարապխանեանը ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը, եւ 2022-2023 ուսումնական 44-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր որ վարժարանը յաջողի ջամբել գերազանց ուսում, տիպար նկարագիր եւ ազգային ու հայկական գիտակցութիւն՝ դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց թէ մեծ պատիւ է 18- ամսեայ հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ անոր ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը:  Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ոյժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Սուրբ Աստուածածին հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Գիրէջեանի սրտի խօսքերով եւ տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 44-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:

Վերամուտի արարողութենէն հատուածներ կարելի է դիտել ստորեւ (տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ին):