«Յոյսի եւ յաղթանակներու երջանիկ վայրկեաններով կը ներշնչուիմ». հարցազրոյց՝ Սէրուժ Գրաճեանի հետ (Բ. մաս)


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Համաշխարհային մաշտաբով հռչակաւոր, երաժշտական աշխարհի մէջ դափնեկիր եւ բարձրագոյն մրցանակներու թեկնածու երաժիշտ-երգահան Սէրուժ Գրաճեանին հետ առիթը ունեցայ զրուցելու անցեալէն այսօր երկարող երաժշտական ուղիին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի իր նորաոճ եւ բազմազան ծրագիրներուն մասին։ Ահաւասիկ հարզարոյցին Բ. մասը (Ա. մասը կարդալ այստեղ):


ՏՄԿ- Որպէս հայ-աշխարհահռչակ երաժիշտ, դաշնակահար եւ յօրինող ի՞նչ կը զգաք, երբ օտարներէ բաղկացած ֆիլհարմոնիկ նուագախումբեր կը կատարեն ձեր յօրինած կտորները։

ՍԳ- Երբ մշակումներս, ստեղծագործութիւններս եւ յօրինումներս օտարներէ բաղկացած նուագախումբեր կամ երգչախումբեր կը կատարեն, ամէնէն առաջ յուզմունքն է տիրապետողը, միեւնոյն ժամանակ հպարտութիւնը եւ ինչո՞ւ չէ համոզումը, որ հայ երաժշտութիւնը թերեւս իր փոքրիկ, բայց ինքնուրոյն եւ կարեւոր տեղը կը գրաւէ համաշխարհային երաժշտութեանց գանձարանին մէջ։ Այդ մէկը շատ զգալի էր՝ Մեծն Կոմիտասի  ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած, Թորոնթոյի համերգին ընթացքին, երբ ութսունէ աւելի գանատացի երաժիշտներ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կատարեցին։ Սիրտս ու հոգիս դրած էի այդ ծրագրին մէջ եւ անոր յաջողութիւնը ձեւով մը պատիւի խնդիր դարձած էր ինծի համար, որովհետեւ յաջողութեան հասցնելու պատասխանատուութեան մեծ մասը ուսերուս վրայ էր։ Այդ օրուան օտար մասնակիցներն ու հանդիսատեսը երբեք պիտի չմոռնան Կոմիտասի արուեստը, անշուշտ այս ձեռնարկը խթան հանդիսացաւ, որ անոնք աւելի հետաքրքրուին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով եւ հայկական երաժշտութեամբ։

«Յոյսի եւ յաղթանակներու երջանիկ վայրկեաններով կը ներշնչուիմ» (լուսանկարը տրամադրած է Սէրուժ Գրաճեանը)

Ստեղծագործ հայ ազգի զաւակ ըլլալու հպարտութեան զգացումս անշուշտ կայ, բայց կը ձգտիմ ժառանգած յատկութիւններս աւելի որակաւոր ձեւով իմ հերթիս ժառանգ թողնելու գալիք հայ սերունդին, որ ան աւելի զարգացնէ եւ օտարներուն մատուցէ հայկական երաժշտութեան գոհարները։

ՏՄԿ- Նկատի ունենալով, որ ձեր ստեղծագործութիւնները իրենց կատարելութեամբ, ունկնդիրին յուզական աշխարհը կը ներթափանցեն` ի՞նչը կ’ուրախացնէ, կը տխրեցնէ ու կը յուզէ ձեզ, եւ այդպիսով կը յօրինէք տուեալ ստեղծագործութիւնը որպէս մարդ եւ հայ երաժիշտ։

ՍԳ- Յօրինումներովս եւ մշակումներովս պատմութիւններ կը փորձեմ պատմել ունկնդիրին։ Անոնք պարզապէս զանազան զգացումներու ամփոփումներ են, որոնց մէջ զգացումներու հոյլ մը կայ` թախիծ, ուրախութիւն, տխրութիւն, ոգեւորութիւն, յոյս եւ յուսահատութիւն եւ միախառն այլ զգացումներ։ Կը ներշնչուիմ շատ մը երեւոյթներէ՝ երբեմն պատկերներէ, խօսքերէ, կարդացած գրութենէ մը կամ զաւակներուս հետ խօսակցութիւն մը ունենալէ (պզտիկները անմեղ են, միեւնոյն ժամանակ դիպուկ՝ թէ իրենց հարցումներով եւ թէ իրենց խօսքերով, եւ ես իրենց այդ հարցումներուն պատասխանը շատ յաճախ կու տամ երաժշտական ստեղծագործութիւններուս ընդմէջէն) ետք։ Ես, որպէս հայ երաժիշտ, զգացումներու պակասը չունիմ, անցեալի եւ ներկայի թախիծի պարագաները զիս կը ներշնչեն, միեւնոյն ժամանակ յոյսի եւ յաղթանակներու երջանիկ վայրկեաններով կը ներշնչուիմ եւ հոնկէ կը ծնին նոր յօրինումներս։

ՏՄԿ- Համազգայինի «Կանչ» ելոյթի ընթացքին «Էրեբունի» պարախումբի երիտասարդուհիները հեզաճկուն պարերով ներկայացուցին ձեր մշակած «Սարի աղջիկ» երգը եւ ձեր յօրինումներէն Loss and Resilience կտորը։ Այդ երկու բացառիկ կտորներուն մէջ աշխարհի չափ մեծ հոգի, փափուկ սիրտ եւ ովկիանի խորութեան հասնող զգացումներ կային… ինչպէ՞ս կատարելագործած էիք այդ ամէնը եւ փոխանցած ունկնդիրներուն։

ՍԳ- Loss and Resilience-ը գրեցի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած օրերուն։ Չեմ կարծեր, որ աշխարհի մէջ հայ մարդ մը մնացած էր, որ այդ յուսախաբութեան եւ կորուստներու ցաւին դիմանար, իսկ ինծի համար Loss and Resilience-ը գրելը չխելագարուելու միջոց մըն էր, որուն միջոցաւ իմ ամբողջ յուզումը, ցաւը , ցասումը եւ յոյսը այդ մի քանի վայրկեանով արտայայտեցի։ Մէկ անգամէն նստայ նուագեցի, ապա՝ մի քանի սրբագրում եւ վե՛րջ։ Միեւնոյն զգացումները պատեցին սիրտս, երբ Համազգայինի «Էրեբունի»-ի պարողները, պարուսոյց Նելլի Կարապետեանի հիանալի բեմադրութեամբ, զայն կատարեցին բեմի վրայ։ Անոնք նոր շունչ տուին այդ ստեղծագործութեանս եւ կարծես կենդանի պատկեր մը ստեղծեցին այն ծանր ապրումներուն, յուզումին եւ այն  զգացումներուն, որոնք ես եւ բոլոր հայութիւնը ունեցանք պատերազմի աւարտին յաջորդող օրերուն։

«Սարի աղջիկ» երգը միշտ սիրած եմ։ Զարմանալին այդ է, որ տղու մը կողմէ երգուած այս երգը միակողմանի սիրոյ ամբողջ յուսախաբութիւնը եւ տառապանքը կը մարմնաւորէ իր տողերուն մէջ, եւ պարախումբի աղջիկները իրենց արտայայտիչ պարով այդ զգացումը փոխանցեցին հանդիսատեսին։ Այո՛, քնքշութիւն կայ այդ երգին մէջ, բայց նաեւ անփոխադարձ սիրոյ ցաւը կը գտնենք հոն։  Ես ուզեցի իմ դաշնամուրային մեկնաբանութեամբ նուագել այս երգը, որովհետեւ այս երգի բովանդակութիւնը շատ կը նմանցնեմ սրտիս մօտիկ՝ «Տըլէ եաման»-ին։

ՏՄԿՈ՞ր երկիրներուն մէջ ելոյթ ունեցած էք առ այսօր, ո՞րը ձեր սրտին աւելի հարազատ եղած է եւ ո՞ր երկրին մէջ կը փափաքէիք ելոյթ ունենալ ապագային։

ՍԳ- Գանատայի, Ամերիկայի, Լատինական Ամերիկայի (Պրազիլ), Ասիոյ (Ճաբոն, Չինաստան)  եւ Եւրոպայի (Գերմանիա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Սպանիա) մեծ սրահներուն մէջ ելոյթներ ունեցած եմ եւ կը շարունակեմ ունենալ։ Շատ կը փափաքիմ Արժանթինի մէջ համերգ ունենալ, ուր հայկական մեծ գաղութ ունինք, ինչպէս նաեւ Քոլոմպիոյ եւ Չիլիի մէջ։  Երազս է նաեւ Աւստրալիոյ մէջ ելոյթներ ունենալ։

Իւրաքանչիւր երկիր եւ ժողովուրդ իր ուրոյն մշակոյթը եւ ձեւը ունի արուեստդ ընկալելու, երբեմն կը սպասես, որ խանդավառութեամբ ընդունի հանդիսատեսը արուեստդ, բայց սպասումդ չիրականանար, երբեմն ալ` հակառակը։ Բնաւ պայման չէ, որ մեծ քաղաքի մը մէջ ամենէն յիշարժան համերգը ունենաս. երբեմն կրնաս քիչ հանդիսատեսով ու փոքր սրահի մէջ նուագել, բայց եւ այնպէս այնքան տաքուկ հանդիսատես ունենալ, որ այդ օրը զգացումները եւ հանդիսատեսին հետ հաղորդուիլն ու կապակցութիւնդ շատ աւելի զօրաւոր կ’ըլլայ։ Ամէն մէկ համերգ իր իւրայատկութեան եւ փորձառութեան մէջ անկանխատեսելի է։

ՏՄԿ- Վերջերս «Զարթի՛ր լաօ»-ի նոր կատարումով (տեսանիւթը՝ ստորեւ) հանդէս եկաք։ Գանատահայ հերոս եւ ազատամարտիկ` Քրիստափոր Արթինի եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ ծանր իրավիճակին նուիրուած ձեր այս ելոյթի ընթացքին ամբողջ ազգին ըմբոստացումը, ցաւը եւ պայքարը կը մարմնաւորէիք ձեր անկրկնելի կատարումով։ Խօսինք այս տեսանիւթին մասին։

ՍԳ- Քրիստափոր Արթինի սխրանքը չենք կրնար մոռնալ, եւ որեւէ հայ չի կրնար մոռնալ սխրանքը հազարաւոր հերոսներուն, որոնք հայրենիքի եւ Արցախի հանդէպ իրենց ունեցած սէրը գերադասեցին իրենց կեանքէն եւ նոյնիսկ ընտանիքի սէրէն։ Մեր ուղեղներէն վեր է հասկնալ այս վեհութեան եւ զոհողութեան ամբողջական իմաստը, եւ այդ պատճառով՝ «Զարթիր լաօ»-ն հայրենասէր մարդու ապրումներէն բխած կատարում մը ըլլալէ աւելի՝ հոգու ճիչ մըն էր, որովհետեւ չեմ ուզեր որեւէ քաղաքական հաշիւ կամ քաղաքական ղեկավարներու արարք, ի դերեւ հանէ մեր հերոսներուն՝ ի սէր հայրենեաց կատարած անձնազոհութիւնը։

Այդ տեսանիւթը ցասումի, տխրութեան եւ այլ ապրումներու հետ միատեղ, խոնարհումի  արտայայտութիւնս էր՝ մեր անմահ հերոսներու յիշատակին եւ ի մասնաւորի ընկերոջս` Քրիստափոր Արթինին հանդէպ, հպարտ ըլլալով որ իր նման իսկական հայրենասէրին անձնապէս ճանչնալու պատիւը եւ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ։

ՏՄԿ-  Բազմիցս առիթ տուած էք երիտասարդ եւ խոստմնալից նոր տաղանդներուն, որ ձեզի հետ բեմ բարձրանան կամ տեսահոլովակ նկարահանեն։ Այս իմաստով ինչպէ՞ս կը քաջալերէք նոր տաղանդները եւ ի՞նչ խօսք կ’ըսէք այդ երիտասարդներուն, որոնք տաղանդը ունին եւ արուեստի ճանապարհով քալել սկսած են։

ՍԳ- Ոեւէ կայացած արուեստագէտ պէտք է հմտութիւնը ունենայ երիտասարդ տաղանդներ նշմարելու եւ առիթ տայ զարգացնելու իրենց տաղանդը։ Ես ընդհանրապէս համերգներու ներկայ եղած պահուս, արուեստագէտի հոտառութեամբս, երբ նշմարեմ այդ փայլող տաղանդը՝ իսկոյն կը մտածեմ երաժշտական ծրագրի մը մասին, որ լաւագոյնս ի յայտ կը բերէ եւ կը ծաղկեցնէ տուեալ երիտասարդ երաժիշտին ձիրքը:

Արուեստագէտի դժուար ճամբուն երբ կը բռնես, կարեւոր է լաւ ուսում ստանալը, լաւագոյն ուսուցիչներ ունենալը եւ նուագարանիդ՝ կամ երգիչի պարագային ձայնիդ տիրապետել եւ հասցնել ամենաբարձր թեքնիքական կարողութեան, սակայն նոյնքան կարեւոր է անընդհատ նորարարութեան մասին մտածելը՝ այդպիսով քեզ առանձնացնելու ուրիշներէ։ Վստահ եմ, որ այդ պարագային հանդիսատեսը աւելի եւս կ’արժեւորէ արուեստագէտը, անոր ներկայացուցած ծրագիրը կամ տուեալ համերգը։

ՏՄԿ-  Արդեօք  համաճարակը ինչպէ՞ս ազդեց  ձեր ստեղծագործական կեանքին. իսկ հիմա, երբ որոշ չափով մեր բնականոն կեանքին վերադարձած ենք, ինչպիսի՞ հեւք պիտի ունենան ձեր ապագայի ծրագիրները։

ՍԳ- Անցնող երկու տարիներուն անորոշութեան մէջ էինք բոլորս եւ մանաւանդ արուեստագէտները, որովհետեւ համերգներ չէինք կրնար տալ, ու այս վիճակին վերջը չէր երեւեր։ Այդ դժուարին ժամանակներուն նշանաբան մը ունէի եւ յաճախ ինքզինքիս կ’ըսէի. «Եթէ հիմա խեղդուելէ ազատիմ եւ արուեստի նաւս ընկղմելէ փրկեմ, ապա համաճարակի աւարտին պիտի սուրամ դէպի վեր»։ Եւ այդպէս ալ եղաւ։ Հիմա, երբ հասած ենք այս իրավիճակի աւարտին, իսկապէս ալ հեւքի մէջ եմ՝  իրարայաջորդ ծրագիրներուս հասնելու համար։ Ծրագիրներուս առաջինը` «Սէր եւ ոյժ»-ն է, որ պիտի ներկայացնեմ Սեպտեմբերի 31 եւ Հոկտեմբեր 1-ին, Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ, երկրորդը` նախապէս յիշած՝ «Հազարան պլպուլ»-ի հեքիաթին վրայ հիմնուած՝ The Nightingale of a Thousand Songs օփերան է, որ առաջին անգամ ըլլալով (4-5 ներկայացումով) պիտի ներկայացուի 2023-ի Յունիսին` Canadian Children’s Opera Company-ի  կողմէ։

Երրորդը` լիբանանցիի արմատներով գանատացի անուանի օփերայի երգչուհի` Ճոյս Էլ-խուրիի հետ ծրագրած ենք պատրաստել լիբանանեան երաժշտութեան նուիրուած խտասալիկ մը եւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որուն համար երկուքս ալ պիտի երթանք Լիբանան եւ ձայնագրենք իմ պատրաստած երգերու մշակումները: Այս մէկը լիբանանեան երաժշտութեան հետ առընչուող առաջին խտասալիկս է, որ պիտի ներկայացնէ այլազան բնագաւառներ, ըլլան անոնք հոգեւոր կամ ժողովրդական երաժշտութիւն (Ուատի Ալսաֆիէն սկսեալ մինչեւ Զաքի Նասիֆ, Ռահպանի եղբայրներու երաժշտութիւնը եւ ուրիշներ)։ Խտասալիկը պիտի բովանդակէ 15-16 երգեր, որոնք պիտի ձայնագրենք ապա՝ համերգային շրջագայութեամբ զայն տարածենք։ Հոս շատ հետաքրքրական է նաեւ երգերուն ընկերակցող արեւմտեան (դաշնամուր, ջութակ) եւ արեւելեան նուագարանները (ուտ, արաբական ջութակ, աւագասրինգ եւ հարուածային գործիքներ)։  Յաւելեալ ծրագիր մը ունիմ, Amici Ensemble-ին հետ, որուն տարեկան մեր իրականացուցած համերգներէն բացի` պիտի իրականացնենք Diasporic Bridges-ը` երաժշտականօրէն ուսումնասիրելու սփիւռքի դերը երաժշտութեան մէջ։

Փափաք ունիմ գանատահայ երիտասարդ երաժիշտներ շուրջս հաւաքել եւ անոնց հետ երաժշտական ծրագիր մը մշակել՝ գանատահայ գաղութին ներկայացնելու։ Իսկապէս ունինք հրաշալի տաղանդներ եւ կը կարծեմ, որ միասնական ոյժերով կրնանք հպարտութիւն ներշնչող առիթ մը մատուցել մեր համայնքին, առաւել եւս ծանօթացման առիթ պիտի տանք՝ մեր երիտասարդ ոյժերը օտար հանդիսատեսին ներկայացնելու։


Հարցազրոյցի Ա. մասը կարդալ այստեղ: