Շահինեանի Մուսա լերան եւ Այնճարի նուիրուած ֆիլմը կը հմայէ գէմպրիճահայութիւնը


Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Լիռէոն խայր» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը՝ նախաձեռնութեամբ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գէմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին:

Աւելի քան 100 հանդիսատեսներ, որոնք ժամանած էին մօտակայ զանազան շրջաններէն վայլեցին Մուսա Լերան եւ այնճարահայութեան պատմութեան շուրջ պատրաստուած ֆիլմը, որուն բեմադրիչն է Մոնթրէալի «Հայ հորիզոն» ծրագրի տնօրէն եւ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Թամար Շահինեանը:

Նախքան ֆիլմի ցուցադրութիւնը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցեցին վերջին օրերուն նահատակուած հայ զինուորներու անմահ յիշատակին, որմէ ետք շարք մը յայտարարութիւններ եղան մասնաճիւղի յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ: Ձեռնարկի հանդիսավար՝ Ազիկ Գէորգեանը նաեւ յայտարարեց, որ ֆիլմի ցուցադրութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Միասին՝ Այնճարի համար» ֆոնտին:

16 Սեպտեմբեր 2022-ին Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիռէոն խայր» ֆիլմի ցուցադրութիւնը (լուսանկար՝ Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղ)

«Ցուցադրութենէն վայրկեաններ անց նկատելի էր սրահի մէջ տիրած լռութիւնը , ուր հանդիսատեսը կամա ակամայ ամբողջութեամբ իր ներաշխարհով կը փոխադրուէր դէպի հայրենի աշխարհ, ուր կը լսուէր գլգլացող աղբիւրներու ձայնը եւ կանաչ մարգագետիններու վրայ ներկայութիւն ըլլալու երազանքը: Դժբախտաբար շատ արագ ակնթարթի մը պէս անցաւ ժամանակը , փոխանցելով յատկապէս հարուստ աւանդ մը Մուսա լեռնցիի գոյատեւման հոգեբանական առկայ գաղտնիքի տուեալները», յայտնեց «Տաթեւ» մասնաճիւղը՝ հաղորդագրութեան միջոցով:

Ցուցադրութեան աւարտին, «Տաթեւ» մասնաճիւղի վարչութիւնը հետեւեալ երախտագիտական խօսքը փոխանցեց ֆիլմի բեմադրիչ՝ ընկերուհի Թամար Շահինեանին.

«Ահաւասիկ անգամ մը եւս ձեր կատարած ծառայութիւններու շղթային վրայ օղակ մը աւելցուցիք, թերեւս բառերով կարելի չէ բնութագրել ձեր անսակարկ նուիրումը ներազգային զանազան բնագաւառներէն ներս: Թող ձեր պայծառատեսութիւնն ու աշխատունակութիւնը ներթափանցէ ու խթան հանդիսանայ իւրաքանչիւր ազգայինի ու միութենականի: Բոլորին անունով կը շնորհաւորենք ձեզ. դուք դարձաք բարի նախանձ ձեւաւորող մեքենայի»:

16 Սեպտեմբեր 2022-ին Գէմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիռէոն խայր» ֆիլմի ցուցադրութիւնը (լուսանկար՝ Համազգայինի «Տաթեւ» մասնաճիւղ)

Ապա Շահինեանը ներկաներու ծափողջոյններով բեմ հրաւիրուեցաւ. իր սրտի խօսքի ընդմէջէն, ան անդրադարձաւ Այնճարի հայաւանի քաշողականութեան եւ լիարժէք հայրենի աշխարհի մէկ մասնիկը ըլլալու հանգամանքին մասին: Շահինեան նաեւ բարձր գնահատեց «Տաթեւ» մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը: 

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Ռազմիկ Կարպուշեանի կողմէ արտասանուած «Հայ զինուորի աղօթք»-ով: