Արցախն այս շաբաթ


Ստեփանակերտի հանրահաւաքը՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ (լուսանկարը՝ Ապարաժ-ի))

— Սեպտեմբեր 12-ի վաղ առաւօտեան ազրպէյճանցիները Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ համայնքներու դիմաց տեղակայուած դիրքերէն  սկսան կրակել գիւղերու տուներու ուղղութեամ, կիրառելով տարբեր տեսակի եւ տրամաչափի հրաձգային զէնքեր:

«Կրակոցները տեւած են մօտ 30 վայրկեան, որուն հետեւանքով վնասուած են 2 բնակելի տուն Կարմիր Շուկայի մէջ, իսկ մէկ տուն` Թաղավարդի մէջ», յայտնեց Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

«Այս գործողութիւնները Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուող էթնիկ զտման քաղաքականութեան հերթական ապացոյցն է, որուն նպատակն է ահաբեկել Արցախի մէջ ապրող մարդը եւ խաթարել անոր բնականոն կեանքն ու գործունէութիւնը», նշեց Ստեփանեան։

— 12 Սեպտեմբերի կէսգիշին Ազրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները սկսան ռմբակոծել Հայաստանի արեւելեան սահմանային գօտիի Վարդենիսի, Ջերմուկի եւ Գորիսի ուղղութեամբ՝ թիրախի տակ առնելով հայկական դիրքերն ու սահմանային բնակավայրերը։ Անոնք օգտագործեցին խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, անօդաչու թռչող սարքեր։ Երկու օր տեւած բուռն մարտերէն ետք, միջազգային հանրութեան ներգրաւուածութեամբ, հնարաւոր եղաւ հրադադար հաստատել։ Թշնամիին յարձակումներուն եւ տեղի ունեցած սաստիկ մարտերու ընթացքին,  ըստ պաշտօնական (բայց ոչ վերջնական)տուեալներու, հայկական կողմը ունեցաւ 135 նահատակ։ Կան բազմաթիւ վիրաւորներ, գերիներ, աւերուածութիւններ եւ թշնամիին կողմէ գրաւուած տարածքներ:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը յայտնեց, որ այս պահի տուեալներով` թշնամիին յարձակման հետեւանքով Գեղարքունիքի, Սիւնիքի ու Վայոց ձորի մարզերուն մէջ իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած են առնուազն 7600 անձիք, որոնց մեծամասնութիւնը կանայք, երեխաներ, ծերեր ու հաշմանդամներ են:

15 Սեպտեմբերին, Ջերմուկի մէջ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Էդուարդ Ասրեանը` օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ, յայտարարեց, որ թշնամին մխրճուած ՀՀ ինքնիշխան տարածք 8,5 քմ․ լայնութեամբ ճակատով, մինչեւ 7,5 քմ․ խորութեամբ եւ կը գտնուի Ջերմուկ քաղաքի մատոյցներէն 4,5 քմ․ հեռաւորութեան վրայ։

14 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովի՝ կառավարութեան անդամներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ եթէ ազրպէյճանցիները դուրս գան, կանգնին նախկին Խորհրդային Միութեան սահմանին վրայ, Հայաստանը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի ճանչնայ:

Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ․ «Մենք կ’ուզենք ստորագրել թուղթ մը, որուն արդիւնքով մեզի շատ մարդ պիտի քննադատէ, շատ մարդ պիտի հայհոյէ, դաւաճան պիտի ըսէ, նոյնիսկ կրնայ ըլլալ ժողովուրդը որոշէ մեզի իշխանութենէն հեռացնել, դարձեալ գոհ ու շնորհակալ պիտի ըլլանք, որ ատոր արդիւնքով Հայաստանի 29,800 քառ․/քմ տարածքով ստանայ տեւական խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն: Ես շատ յստակ կ’ըսեմ` այն որոշումը, որ ասիկա կ’ապահովէ, ես այդ որոշումը, շատ յստակ կ’ըսեմ, պիտի ստորագրեմ»։

Այս յայտարարութիւնը մեծ վրդովմունք պատճառեց եւ բողոքի մեծ ալիք բարձրացուց ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ։ Հազարաւոր քաղաքացիներ դուրս եկան փողոց պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը։ Ի տես այս բողոքի ալիքին, շատ չանցած Փաշինեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին միջոցով  հերքեց իր իսկ ըսած խօսքերը, ըսելով որ որեւէ փաստաթուղթ չէ ստորագրուած եւ չի պատրաստուիր ստորագրման»։

«Արցախը չի կրնար եւ պէտք չէ ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, քանի որ, նախ, Արցախի ժողովուրդը կ’որոշէ իր սեփական ճակատագիրը սեփական հայրենիքին մէջ, եւ, երկրորդ, մենք ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման ենթարկելու ժողովուրդ  չունինք», հակադարձելով՝ գրեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան :

15 Սեպտեմբերին Յարութիւնեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Երեւան Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններ ունենալու եւ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով։

Արցախի նախագահը մասնակցեցաւ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որմէ ետք յայտնեց, որ այս փուլին Արցախի կարգավիճակի հետ կապուած որեւէ փաստաթուղթ չի քննարկուիր:

«ՀՀ իշխանութիւնները վերահաստատած են, որ առանց Արցախի իշխանութիւններու հետ քննարկելու եւ մեր ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու Արցախին առնչուող որեւէ փաստաթուղթ պիտի չստորագրուի», վստահեցուց ան:

— 14  Սեպտեմբերի գիշերը եւ 15 Սեպտեմբերի ամբողջ օրը արցախցիները հաւաքուելով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ իրենց բողոքը արտայայտեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հնչած յայտարարութեան առնչութեամբ։ Ելոյթ ունեցողներն իրենց մտավախութիւնը բարձրաձայնեցին Արցախի ճակատագրի վերաբերեալ:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդի փոխարէն ոչ ոք իրաւունք ունի միանձնեայ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու` Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ, որ դէմ է Արցախի շահերուն:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Վահրամ Բալայեան  կարեւոր նկատեց միասնականութիւնը` խնդիրներու լուծման եւ յաջողութիւններ կերտելու համար:

«Ժամանակն է, որպէսզի հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարանջատումները, տարբեր մօտեցումները մէկ կողմ դրուին եւ միասնական ճակատով կանգնինք պաշտպանելու երկրի սահմաններն ու մեր ժողովուրդի իրաւունքը», ընդծեց ան:

17 Սեպտեմբերին հանրահաւաքների մասնակիցները հանդես եկան յայտարարութեամբ, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուի․ «Մենք ՝ ԼՂՀ բնակիչներս, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ ընթացող համաժողովրդական հանրահաւաքի մասնակիցներս, կը յայտարարենք, որ մենք պիտի պաշտպանենք ԼՂՀ ինքնիշխանութիւնն ու պետականութիւնը», կոչ ընելով՝ ճաչնալու ԼՂՀ անկախութիւնը եւ չմասնակցելու Ազրպէյճանի և անոր դաշնակիցներուն կողմէ իրականացուող Հայոց ցեղասպանութեանը։

— 15 Սեպտեմբերին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նախաձեռնութեամբ բազմաթիւ արցախցիներ Ստեփանակերտի Ս․ Աստուածամօր Հովանի Մայր տաճարին մէջ միասնական աղօթք յղեցին առ Աստուած` յանուն հայրենիքի փրկութեան եւ հայրենեաց պաշտպաններուն զօրակցութեան:

«Փառք ու պատիւ սահմանին մարտնչող մեր զինուորականներուն, սահմանը պահող բոլոր տղաներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով այսօր մեր անվտանգութիւնը կ’ապահովեն: Մենք ամէն օր միասնական պիտի աղօթենք, քանի որ այսօր անհրաժեշտ է բոլորիս աղօթքը», դիմելով ներկաներուն, ըսաւ Տ․ Մատթէոս քհնյ․ Դրաւանցը:

— Մարտակերտի Զագլիկ գիւղին մէջ խաղավայր կառուցուած է: Գիւղապետ Դաւիթ Ազարեան նշած է խաղավայրը կառուցուած եւ կահաւորուած է ` կառավարութեան եւ «Բարի Արցախ» նախագիծին շնորհիւ։  

Ըստ գիւղապետին՝ գիւղին մէջ մանկապարտէզի անհրաժեշտութիւն կայ, քանի որ նախադպրոցական տարիքի 35 երեխայ կայ։ Այս տարեշրջանին առաջին դասարան սկսած է յաճախելու 8 աշակերտ, որ բարձր ցուցանիշ է գիւղին համար:

«Զագլիկը աճող ու զարգացող համայնք է: Եթէ մանկապարտէզ ունենանք, ապա երեխաներու թիւը աւելի կ’աճի, բացի այդ` նոր աշխատատեղեր կ’ունենանք գիւղին մէջ», ըսած ան, նշելով, որ ամէն ինչ կ’ընեն` երեխաների մանկութիւնը հնարաւորին չափ անհոգ ու ապահով դարձնելու համար:

Լուսանկարները` «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթին

— Արցախի մէջ ծնունդներուն թիւը աճած է։ 2022 թուականի Յունուար-Օգոստոսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի համեմատ ծնունդներուն թիւը աճած է 39,4 տոկոսով, իսկ մահացածներուն թիւը նուազած 21,7 տոկոսով: Այս տարուան 8 ամսուան տուեալներով` Արցախի մէջ արձանագրուած է 666 ամուսնութիւն, իսկ ամուսնալուծութիւններու թիւը կազմած է 103, անցած տարուան 123-ի փոխարէն:

Արցախի մէջ բերքահաւաք է, յայտնած է Գիւղատնտեսութեան նախարար Նորայր Մուսայէլեանը: Ներկայիս կ՛ընթանայ խաղողի, ինչպէս նաեւ բանջարեղէնի որոշ տեսակներու բերքահաւաքը:

«Գրեթէ աւարտած են հացահատիկի, եգիպտացորենի բերքահաւաքը: Հաւաքուած հացահատիկը կը բաւարարէ Արցախի ներքին պահանջարկը` թէ հացի արտադրութեան, թէ անասնաբուծութեան կարիքներու առումով: Գոհացուցիչ եղած են նաեւ ձմերուկի բերքը: Մնացած բանջարեղէնի եւ պտուղներու բերքը դեռ լրիւ չէ հաւաքուած, բայց կանխատեսումները լաւատեսական են», նշած է նախարարը։

Խաղողաքաղ՝ Մարտակերտի շրջանին մէջ (լուսանկարը՝ «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի ֆէյսպուքեան էջէն)