Միութենական կեանք. «օրիորդ», «քոյր», «ընկերուհի»


Լոռի Պէրպէրեան 

Ես, շատերու նման, որդեգրած եմ համայնքիս գործունեայ անդամի մը դերը․ ամառները կը դառնամ «օրիորդ», կիրակիները՝ «քոյր» ու «դպրուհի», իսկ երեկոները՝ «ընկերուհի»։ Բացատրեմ…

Վերջերս ամբողջացաւ այս տարուան Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարը: Հեռացան այդ օրերը, երբ իւրաքանչիւր քայլիս «օրիորդ Լոռի», «օրիորդ Լոռի» կը գոչէին պզտիկները։ Այդ «օրիորդ»-ը յատկապէս կ՚օգտագործուէր ծանօթներուս կողմէ, որոնք նոր պաշտօնս մատնանշելով վրաս կը ծիծաղէին։ Ոմանք ալ ամենայն լրջութեամբ որդեգրած էին այդ տիտղոսը, իբրեւ յստակ վերնագիր ըրած գործիս։ Վերջինները, վստահաբար, նկատած էին, եթէ գործս պզտիկներու հետ է, ուրեմն, բնականաբար, ուսուցչուհի պէտք է կոչուիմ, թեկուզ երկու ամսուան համար։ 

Այս տրամաբանութեամբ, մեր համայնքի իւրաքանչիւր միութիւն անուանած է իր անդամները գործունէութեան բնոյթին յարմար տիտղոսով մը։ Այդ պատճառով, ՀՄԸՄ-ի հաւաքոյթներու ու բանակումներու ընթացքին, ակումբը կը լեցուի հազարաւոր քոյրերով ու եղբայրներով։ «Քոյր»-«եղբայր» տիտղոսը կը լուսաբանէ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնն ու նպատակը՝ անդամները միացնելով մէկ ընտանիքի զաւակներուն պէս։ Ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կամ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան կազմակերպած ժողովներուն, հաւաքներուն կամ ցոյցերուն ընթացքին, բոլոր ներկաներու անուններուն ինքնաբերաբար կը նախորդեն «ընկեր» ու «ընկերուհի» տիտղոսները։ Այս երեւոյթը կը ցուցադրէ կուսակցական-երիտասարդական ընկերներու միջեւ տիրող պաշտօնական, սակայն մտերմիկ կապը։ Առաւել եւս, «ընկեր»-«ընկերուհի»-ները կը բազմանան Համազգայինի ու ՀՕՄ-ի բազմատեսակ մշակութային ու մարդասիրական գործունէութիւններու ընթացքին։ Վերջապէս, մեզի ծանօթ են «սարկաւագ», «դպրուհի» եւ այլ տիտղոսները, որոնք մեր եկեղեցիներու խոնարհ ծառաները կը նկարագրեն։ 

Միութենական կեանքը դիւրին չէ. ան կ՚ենթադրէ տեւական աշխատանք, անկաշկանդ պատրաստակամութիւն ու ժամանակի տրամադրում։ Գրեթէ օրական կը փոխարինենք տիտղոսներ, կարծես ըլլան գլխարկներ, ընդհանուր մէկ նպատակի համար՝ ծառայել ազգին ու հայրենիքին ու հասնիլ համայնքին բոլոր պէտքերուն։ Այս նպատակին կը ծառայեն մեր համայնքի բոլոր միութիւններու գործերն ու ծրագիրները, ըլլան անոնք՝ հոգեւոր, կազմակերպչական, դաստիարակչական, մշակութային, մարդասիրական կամ նիւթական։ Միութենական սուրբ գործին ու ազգին ծառայութեան հանդէպ մեր անսասան նուիրումը կը պարտինք մեր ազգն ու անոր բոլոր արժէքները պահպանելու մեր միասնական որոշումին։ Այս լռելեայն համաձայնութիւնն է, որ մեզ հաւատարիմ կը պահէ մեր միութիւններուն ու յանձնարարութիւններուն: Այս սկզբունքը հաւատամքն է, որ մեր ազգին ջահը տեւական կը վերակենդանացնէ ու եւ վառ կը պահէ։ 

Միեւնոյն ատեն, միութենական կեանքը կը յորդի բարեկամութիւններով, միասնական ուժով, սիրոյ ու պատկանելիութեան զգացումներով։ Այդ պատճառով, որքան ալ դժուարանայ խմբային աշխատանքը, դիզուին պարտականութիւնները ու յոգնութիւն պատճառեն շարունակական ու յաճախակի ժողովներու մասնակցութիւնը, վերոյիշեալ միութիւններուն անդամը այդ բոլոր նեղութիւնները կ՚անտեսէ արձանագրուած հիանալի արդիւնքին շնորհիւ։ Անփոխարինելի են նաեւ միութիւններուն ջերմ ու նպատակաուղղուած ժողովները, որոնք թափ կու տան թէ՛ օրուան գործին, թէ՛ անդամներու ընկերային կեանքին։ Առաւել եւս, գաղութին բազմազբաղութիւնը շատերուն առիթ կ՚ընծայէ, որ գտնեն իրենց յատուկ նախասիրութիւններուն յարմար միութիւն մը, որուն միջոցաւ կրնան իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնները օգտագործել ազգին բարելաւման համար։

Բոլոր յիշեալ շարժառիթներուն համար, շատ ցաւալի է, երբ միութեան մը իւրայատուկ գործունէութիւնը հասնի իր աւարտին։ Այս պարագային, արցունքներով բաժնուեցանք մեր երկամսեայ «օրիորդներէն» ու «պարոններէն»: Այլեւս «օրիորդ Լոռի» չմնաց, սակայն շուտով կը սկսի «քոյր» ու «ընկերուհի» Լոռիին գործունէութիւնը. իսկ ան միտք չունի ծառայութիւնը դադրեցնելու։ Միայն Աստուած գիտէ վաղը ինչ պիտի կոչուիմ. այդ ակնկալութեամբ՝ հրաժեշտ կու տամ ՀՕՄ-ի ամառնային ճամբարի մեծ ընտանիքիս։