Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը կը շարունակուի. Արցախն այս շաբաթ


1․ Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը կը շարունակուի. «Caucasus Heritage Watch»

«Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 յունիսին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7-րդ զեկոյցը:

Վերջին զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով:

 CHW-ը մշտադիտարկման սկսած էր 2021-ին, եւ վերջին զեկոյցին մէջ բացայայտած է վտանգուած հայկական մշակութային վայրերու մեծագոյն քանակը` վեց նոր աւերուած վայրեր եւ գոյատեւման սպառնալիքին առջեւ կանգնած եօթը վայրեր:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներէն ետք, CHW-ը իր դիտարկման ծրագիրին մէջ աւելցուցած է առաւել քան 180 վայրեր: Մշտադիտարկման մեկնարկէն ի վեր, անոնք 57 տեղանքներ իբրեւ աւերուած, վնասուած կամ վտանգուած նկատեցին:

Վերջին զեկոյցին մէջ ներառուած են Կանաչ ժամի եւ Շուշիի Ղազանչեցոց գերեզմանատան ամբողջական աւերումները:

Կը նշուի նաեւ, որ Քարինտակ գիւղը ամբողջութեամբ հողին հաւասարեցուած է անցեալ տարուան աշունէն այս տարուան ապրիլ ամիսը երկարող ժամանակաշրջանին, ինչ որ, հաւանաբար, տեղ պիտի բանայ ազրպէյճանական նոր բնակելի աւանի մը համար:

Բացի այդ, խումբը վտանգուած վայրերու ցանկին վրայ աւելցուց հինգ եկեղեցիներ եւ երկու գերեզմանատուներ` 24 դեկտեմբեր 2023-էն վայրերու թիւը հասցնելով յունիս 2024-ի դրութեամբ:

«Caucasus Heritage Watch» հետազօտական նախաձեռնութիւնը, որ կը ղեկավարուի «Քորնել» եւ «Փերտիու» համալսարաններու հնագէտներուն կողմէ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին իր ցանկին վրայ աւելցուցած է հայկական ժառանգութեան 181 վայրեր: Այդ ցանկը այժմ կը ներառէ 489 վայրեր՝ ամբողջ Արցախի տարածքին:

«COP29-ի նախապատրաստական աշխատանքները կրնան լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ. ենթակառուցուածքներու եւ վերակառուցման ծրագիրները կը սպառնան, կը վնասեն կամ կ’ոչնչացնեն մշակութային վայրերը», կ’ըսուի «Caucasus Heritage Watch»ի զեկոյցին մէջ:

***

2․ Յունիսի դրութեամբ Հայաստանէն հեռացած են 10,308 արցախցիներ

1 Յունիսի դրութեամբ՝ օդային եւ ցամաքային ուղիներով Հայաստանէն հեռացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած 17,743 անձեր, վերադարձած՝ 7435 անձեր: Այսինքն՝ 1 Յունիսի դրութեամբ Հայաստանէն հեռացած եւ չեն վերադարձած 10,308 արցախցիներ (Արցախի հաշուառում ունեցող անձեր): Այս տուեալները «Սիվիլնեթ»-ին տրամադրած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ):

Արցախցիները բռնի գաղթի ընթացքին (լուսանկարը՝ Անի Բալայեանի)

1 մայիսի հետ համեմատած՝ Հայաստանէն հեռացած Արցախի հաշւառում ունեցող անձերուն թիւը աւելցած է 383-ով:

***

3․ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Արցախը Ազրպէյճանին յանձնողը Ռուսիան կը նկատէ. Մոսկուան կը պատասխանէ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, 26 յունիսին, յայտարարեց, որ Ռուսիան եկաւ, Արցախը յանձնեց Ազրպէյճանին եւ վերադարձաւ Ռուսիա:

«Կառուցելով ապագան» նշանաբանով «Ապրի» ֆորումին ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ եղած փոփոխութեան մասին՝ Գրիգորեանը ըսաւ. «Երբ Հայաստանն ամբողջութեամբ կախուած էր Ռուսաստանից, պատերազմ չե՞նք ունեցել` ունեցել ենք: Եկէք արձանագրենք, որ մինչեւ այս գոյութիւն ունեցող իրավիճակի պատճառով ենք մենք յայտնուել պատերազմում: Մենք փորձել ենք այս փոփոխութիւններով կայունութիւն բերել ու համոզուած ենք, որ այս փոփոխութիւնները կայունութիւն են բերելու»։

Գրիգորեան պնդեց, որ Ռուսիա ինք Հայաստանի ձեռքէն առաւ Արցախը: «Սա է տեղի ունեցել, երբ մենք ամբողջովին կախուած էինք Ռուսաստանից: Ռուսաստանը եկել, մեր ձեռքից վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձրել է Ադրբեջանին, յետոյ ետ գնացել, սա է ամբողջ իրականութիւնը: Ես պնդում եմ` Ռուսաստանը վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ առանց Ռուսիոյ թոյլտուութեան` պատերազմ տեղի չէր ունենար:

Գրիգորեանի այս խօսքերուն հակադարձելով Ռուսիոյ Դաշնակցութեան խորհուրդի միջազգային հարցերու կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասին «ՌԻԱ նովոսթի»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղը չյանձնեց Ազրպէյճանին»։ Ան նշեց, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին ըսածը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան։

Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ, որ Արմէն Գրիգորեան կը նուաստացնէ իր ժողովուրդը, Ռուսիան մեղադրելով Արցախի կորուստին համար:

«Իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներ` այսպիսի գործիչներ կը նուաստացնեն իրենց ժողովուրդը: Հայաստանի քաղաքացիները պաշտպանեցին իրենց տարածքը, տուին իրենց կեանքը եւ ասիկա նկատեցին պատմական կարեւորութիւն: Հայաստանի` իբրեւ պետութիւն գաղափարախօսութիւնը երկար տարիներ կառուցուած է ինքնին այս թէզերուն վրայ: Անոնք գիտէին, թէ ինչո՛ւ կ’երթան մարտի, ինչո՛ւ կը զոհաբերեն իրենց բարեկեցութիւնը, իրենց կիները եւ զաւակները կը դատապարտեն այրիութեան ու որբութեան: Եւ ինչպէս կարելի է անոնց յիշատակը դաւաճանել այդքան շնական կերպով` զերոյի հաւասարեցնելով ամէն բան, որ նախապէս, կը կարծեմ հիմա նոյնպէս, Հայաստանի մէջ սխրագործութիւն կ’անուանէի՛ն», ըսաւ Զախարովա։

Ան նաեւ խօսեցաւ «ժամանակաւոր կառավարողներուն մասին, որոնք ակնյայտօրէն կը սնանին դուրսէն» եւ կը վիրաւորեն իրենց ժողովուրդը:

«Ինծի համար զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կրնան իրենց բազմաչարչար ազգի պատմական յիշողութեան հետ այդքան նուաստացուցիչ կերպով վերաբերիլ», աւելցուց Զախարովա։

***

4․ Արցախի նախկին ղեկավարներու «քրէական» գործերը պիտի ուղարկուին դատարան

Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած՝ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներուն դէմ յարուցուած «քրէական» գործերը պիտի փոխանցուին դատարան:

Ըստ ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ այս մասին Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւը:

Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը

Ըստ անոր՝ 15 անձերու նկատմամբ հետաքննութիւնը արդէն աւարտած է: Ձերբակալուածներուն մէջ են՝ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, խորհրդարանի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը եւ բարձրաստիճան նախկին զինուորական ծառայողներ:

«Այս պահուն, մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժողները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն, ճանաչողական փուլի աւարտէն ետք մեղադրական եզրակացութիւնը պիտի ներկայացուի դատարան», ըսաւ Ալիեւը:

– Յունիսին, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան (ԿԽՄԿ) աշխատակիցները այցելեցին Պաքուի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարներուն, յայտնեց ԿԽՄԿ-ի Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան բանբեր Իլահա Եուսէյնովան:

Այցելութիւններուն ընթացքին ԿԽՄԿ-ն կը գնահատէ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, կեցութեան պայմանները եւ կարելիութիւն կը ստեղծէ վերականգնելու կամ շարունակելու կապը իրենց ընտանիքներու հետ:

–  Հայաստանի Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը 26 յունիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներուն վերադարձը Հայաստանի օրակարգին վրայ է։

«Մենք միշտ քննարկել ենք բոլոր գերիների վերադարձի հարցը ՝ լինի Ադրբեջանի, թէ միջազգային գործընկերների հետ: Սա եղել է մեր օրակարգում, մենք ինտենսիւ (բուռն) աշխատանք ենք տանում այս ուղղութեամբ: 2023 թուականի Դեկտեմբերի 7-ին որոշակի յաջողութիւն ունեցանք այդ առումով` 32 գերի վերադարձել է, բայց մենք դրանով չենք բաւարարւում եւ շարունակում ենք աշխատել, որպէսզի բոլոր գերիները վերադառնան», ըսաւ Գրիգորեան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խաղաղութեան համար այդ մէկը գլխաւոր նախապայման չէ՞՝ Գրիգորեան նշեց, թէ ճիշդ չէ այդ հարցը փոխկապակցել խաղաղութեան պայմանագիրին հետ, որովհետեւ գերիները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնան Հայաստան:

***

5․ Ըստ Պաքուի՝  ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ կան առաւել քան երեք հազար բնակիչներ

«Ներկայ դրութեամբ՝ Ստեփանակերտի մէջ առաւել քան 3 հազար քաղաքացիներ կը բնակին՝ պետական կառոյցներու աշխատողներ եւ գործարարութեամբ զբաղող անձեր», Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող համաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչիմ Իւսուպովը։  

Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ ան նաեւ նշեց, որ Ստեփանակերտի մէջ այսօր կը գործեն 43 հաստատութիւններ, ուր կ’աշխատին առաւել քան 300 անձեր:

«Կը նախատեսուի հետագային եւս 37 կառոյցներու բացումը կատարել, իսկ Ղարաբաղի համալսարանի բացումէն ետք բնակիչներու թիւի յաւելում մը կ’ակնկալուի», դիտել տուաւ ան:

Պաքուն յայտարարած է «Մեծ վերադարձ» ծրագիրին մասին` նշելով, որ կը նախատեսուի մինչեւ 2027, Ղարաբաղի եւ «Արեւելեան Զանգեզուր»ի մէջ վերաբնակեցնել 34.5 հազար ընտանիքներ, որոնց համար պիտի կառուցուին բնակարաններ եւ անհատական բնակելի շէնքեր:

***

6․ ՀՅԴ Արցախի կառոյցը ընդլայնուած կազմով խորհրդաժողով ունեցաւ

22 յունիսին գումարուեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցներու ընդլայնուած կազմով սեմինար-խորհրդաժողովը, նուիրուած՝ Արցախի ներկայ իրողութիւններուն:

ՀՅԴ Արցախի կառոյցին խորհրդաժողովը (լուսանկարը՝ «Ապարաժ»-ի)

Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան Լեռնիկ Յովհաննիսեանը՝ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ադրբեջանի կողմից 44-օրեայ պատերազմից եւ 2023թ․ Սեպտեմբերի 19ից յետոյ» նիւթով, Լենա Խաչատրեանը՝ «Արցախցիների վերադարձի իրաւունքը» եւ Տաթեւիկ Աղաջանեանը՝ «Արցախցիների բնակարանային ապահովման գործընթացի եւ ՀՀ իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:

Ներկաները հարցումներ ուղղեցին հիմնական զեկուցողներուն եւ հանդէս եկան նիւթերուն վերաբերող իրենց առաջարկներով ու դիտողութիւններով: