Խումբ մը ազերիներ ժամանակաւոր փակած են Հայաստան-Արցախ մայրուղին․ Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական

* Խումբ մը ազերիներ քանի մը ժամով փակեցին Հայաստան-Արցախ մայրուղին

3 Դեկտեմբերի կէսօրին Շուշի-Քարին Տակ հատուածին վրայ քաղաքացիական հագուստներով խումբ մը ազրպէյճանցիներ, բնապահպանական պատճառաբանութեամբ, փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին։

Արցախի տեղեկատուական շտապի տարածած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի․ «Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճանը այս քայլով կը դիմէ սադրանքի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապը ընդհատելու եւ խաղաղ բնակչութեան հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելու համար:

Ճանապարհը բանալու նպատակով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուները կը բանակցին ազերիներուն հետ խնդրին հնարաւորինս արագ կարգաւորման ուղղութեամբ»։

Աւելի ուշ տեղեկատուական շտապը յայտնեց, որ աւելի քան երեք ժամ տեւած բանակցությունները տուած են դրական արդիւնք: Ճանապարհը բացուած է։

* Ազրպէյճանի զինուած ուժերու կրակոցներէն վիրաւորուած է Արցախի բանակի երկու զինուոր

28 Նոյեմբերին Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի բանակը խախտած է հրադադարը եւ կրակած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով բեկորային թեթեւ վիրաւորում ստացած են Արցախի պաշտպանութեան բանակի 2 զինուորներ։ Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

* 30 Նոյեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ մը

Ի շարս այլ դրոյթներու ընդունուած բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ` բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակման, կ’առաջարկէ կառավարութեան՝ շարունակել միջնորդական ջանքեր գործադրելը՝ Արցախի հայ բնակչութեան ապահովական հարցի լուծման նպատակով՝ համաձայն խորհրդարանի 2020-ի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշուած բանաձեւով կառավարութեան կ’առաջարկուի ճանչնալ Արցախը), կոչ կ’ուղղէ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն Հայաստանի ու Արցախի՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթ առաջ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս որդեգրեց նոյնանման բանաձեւ մը։

* Շնորհակալ ենք Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին համար

Արցախի Ազգայի ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, իր տարածած յայտարարութեամբ, երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամներուն՝ ընդունուած բանաձեւին առնչութեամբ եւ աւելցուց․ «Ազրպէյճանը լուրջ սպառնալիք է հայկական պետականութեան համար, ամէն օր սահմանին հնչող կրակոցները չեն խօսիր, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան օրակարգին հետ: Նման բովանդակութեան բանաձեւի մը ընդունումը կարեւոր քայլ է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէ, քանի որ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը լուրջ վտանգներ կը ստեղծէ»:

Ընկերային

* Կը վերանորոգուի Կարմիր Շուկայի մանկապարտէզը

Մարտունիի Կարմիր Շուկայ համայնքին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աջակցութեամբ կը վերանորոգուի մանկապարտէզը: Ըստ «Արցախպրես»-ի՝  2 Դեկտեմբերին գիւղապետ Նարեկ Աթայեան տեղեկացուցած է, որ շինարարութիւնը կ’աւարտի նոր տարիէն ետք, երբ կ’ունենան լաւ պայմաններով, ջեռուցումով մանկապարտէզ: Այժ մանկապարտէզը ժամանակաւորապէս կը գործէ դպրոցի շէնքին մէջ։

Ըստ գիւղապետին՝ Կարմիր խաչը կը կառուցէ նաեւ նոր բուժկէտ, որուն  շինարարութիւնը պիտի աւարտի գալ տարուան սկիզբը։

* «Արցախեան հիմնախնդիրը արդի քաղաքական գործընթացների հոլովոյթում» խորագիրով համաժողով Ստեփանակերտի մէջ

26 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առած գիտագործնական համաժողովը նախաձեռնած էին Արցախի Ազգային ժողովը, Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան:

Համաժողովին Հայաստանի եւ Արցախի գիտական, հասարակական, քաղաքական գործիչներ ելոյթներ, քննարկումներ ունեցան Արցախեան հիմնախնդրի հետ կապուած արդիական թեմաներու շուրջ:

Մշակութային

* Գրաւուած տարածքներուն մէջ 1994-էն ետք կառուցուած հայկական կոթողները կ’ոչնչացուին, իսկ  մինչեւ 19-րդ դարու կառուցուածները` բռնի կ’իւրացուին

26 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած վերեւ նշուած համաժողովին այս մասին ըսաւ Արցախի Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ Ան յայտնեց, որ այդ տարածքներուն մէջ մնացած են մօտ 2000 յուշարձան, որոնց շարքին 10 պետական եւ 2 ոչ պետական թանգարաններ, ուր կը պահուէին 20885 ցուցանմուշներ: «Մեր կողմէ վկայագրուած 346 վանական համալիր-եկեղեցի-մատուռներէն 169-ը, ինչպէս նաեւ  117 ամրոցէն 52-ը մնացած է թշնամու տիրապետութեան տակ», ըսաւ ան:

Ըստ Յովհաննիսեանի՝ Ազրպէյճանի վարած մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի երկու ուղղութիւն՝ 1994-էն ետք կառուցուած հայկական կոթողները  յստակ հրամանով կ’ոչնչացուին, ինչպէս` Հատրութի շրջանի Առաքել գիւղի խաչքարը, Որոտանի խաչքարային խումբերը: Իսկ մինչեւ 19-րդ դարու մեր մշակութային ժառանգութիւնը բռնի կ’իւրացուի, որ  սկսած էր դեռ խորհրդային ժամանակներէն։

Մինչդեռ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ըստ անոր,  ժամանակին իսլամական մշակութային կոթողները վկայագրուած եւ պահպանուած են, որ պէտք է օգտագործել տեղեկատուական դաշտին մէջ: Ըստ 1998-ի  վարչատարածքային բաժանման` Արցախի տարածքին  կար 17 մզկիթ, որմէ 6-ը Ակնայի, 4-ը` Շուշիի մէջ:

* Ստեփանակերտի մէջ Սայաթ Նովայի 310 -ամեակին նուիրուած համերգ

29 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ երաժիշտ, աշուղ, փիլիսոփայ Սայաթ Նովայի 310-ամեակին նուիրուած համերգ, որ կը համընկնէր նաեւ Ստեփանակերտի երաժշտական քոլեճի 60-ամեակին հետ:

«Երաժշտական այս երեկոյին նպատակն է երեխաներուն մէջ սէր յառաջացնել դէպի հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը», «Արցախպրես»-ին ըսաւ քոլէճի տնօրէնը:

 Համերգի ընթացքին ուսանողները ասմունքեցին Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն, ներկայացուցին բեմադրութիւն եւ ցուցադրեցին անոր մասին պատմող տեսանիւթ:

* Մոնթէ Մելքոնեանին նուիրուած յուշ-երեկոյ

2 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է յուշ-երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս, զօրավար Մոնթէ Մելքոնեանի (Աւօ) ծննդեան 65-ամեակին: Ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Արցախեան բոլոր պատերազմներուն նահատակուածներուն յիշատակը:

Ներկայացուեցան Մոնթէի սխրանքները եւ ընդգծուեցաւ անոր կերպարը որպէս հայրենասիրութեան, ազգապաշտութեան, նուիրուածութեան խորհրդանիշ: Համալսարանականները ասմունքեցին եւ երգեցին հայրենասիրական ստեղծագործութիւններ:

* Շուշիի Ա. Խաչատրեանի անուան քոլեճի ուսանողներու աշխատանքներու ցուցահանդէս

2 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի Արսէն Խաչատրեանի անուան պետական քոլեճի ուսանողներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը` «Վերածնունդ» խորագիրով:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են ուսանողներու վերջին երկու տարիներուն մօտ 170 աշխատանք` գծանկար, գունանկար, համադրութիւն, գրաֆիքական գործ, ինչպէս նաեւ գորգեր, կարպետներ, գորգանկար:

Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան նաեւ «Հագուստի ձեւաւորում եւ նախագծում» բաժինի ուսանողներու կարած հագուստները։