Ալեք Մարտիրոսեան
Սակաւախօս Վահրամ Փիրջանեանը յայտնած էր, որ «երկու շաբաթից Հայաստան եմ գալու, տեսնուե՛նք»: Ուրիշ գործերու կարգին, իր ծնողքին յիշատակին վերանորոգած մանկապարտէզն էր այցելելու: Հայրենիքի սահմաններէն հասնող մտահոգիչ լուրերով, յարմար համարեցի Վահրամին հետ երթալ եւ անձամբ տեղւոյն ժողովուրդին վիճակը տեսնել իրենց բնակավայրին մէջ:
Այսօր ձմռան առաջին օրն է, շատ խիտ մառախուղի մէջ, Վահրամը իր վարորդ Վահիկին հետ եկան վերցուցին զիս ու ելանք ճանապարհ: Սեւանի հիւսիսարեւելեան գեղատեսիլ ափին է դպրոցը, Շորժայէն մէկ գիւղ անդին, Փամպակ գիւղին մէջ:
Թորոնթոհայ բարերարը այնպիսի հոգատարութեամբ ու գուրգուրանքով վերանորոգած էր մանկապարտէզը, որ մտքէն բնաւ չէր անցած՝ օր մը կրկին թուրքը բլուր մը անդին պիտի սպառնայ աշակերտութեան, ծնողներու կեանքին ու գիւղին գոյութեանը: Մանկավարժ ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը վախի եւ անորոշութեան տարտամ վիճակին են մատնուած:
Դարձայ Վահրամին ու փսփսացի․ «Ինչպէ՞ս կարելի է այս պահի ապրումն ու միջավայրի թելադրած ահազանգային վիճակը փոխանցել սփիւռքի մեր քոյր-եղբայրներուն, որոնցմէ շատեր պիտի թելադրեն՝ Let them eat cake»:
Աշակերտութիւնը իրենց անմեղունակ ու գեղջական հագ ու կապով, երգ ու ասմունքով, մասամբ փառատեցին իմ հոգու մառախուղն ու ամպրոպը. իրենց թիւը 180-էն իջած է 60-ի: Տնօրէն Արթուրը, որ կ’ապրի Վարդենիս ու ամէն օր 80 քիլոմեթր երթեւեկով իր լաւագոյնը կ’ընէ՝ իրեն վստահուած պաշտօնը կատարելու:
Մեզի տարաւ «մասունք»-ի սենեակը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց մեր անմահ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի գրամեքենան (typewriter): Մօտեցայ եւ զգոյշ շօշափեցի, խորհրդածելով, որ այս գործիքն էր թուղթին դրոշմած բանաստեղծին ստեղծագործական աշխարհը՝ «Անլռելի զանգակատուն»-ը, «Մարդը ափի մէջ»-ը, «Նորից չեն սիրում, սիրում են կրկին»-ը․․․
Ներսը ո՛չ ջեռուցում, ո՛չ ալ լուսաւորութիւն. դուրսի խիտ մառախուղն ալ աւելի խորհրդաւորութիւն էր ստեղծած, կարծես Չարենցի մութ ու խոնաւ բանտախուցը ըլլար:
Մեր նոր տարուան նուէրները արդէն բաժնած էինք ու ժամացոյցը յուշեց, որ պէտք է վերադառնանք: Ճանապարհին ոչ մի երթեւեկ, լճափին սովետէն մնացած փլատակ հիւրանոցներ ու կիսակառոյց լքուած տուներ:
Հայը թողած իր տունն ու հայրենիքը, գացած է միացեալ ազգերէն պահանջելու, որ պահպանէ մեր սահմանները ազերիի ներխուժումէն, նոյն ատեն նզովելով, որ միջազգային ընտանիքը շատ անտարբեր է մեզի հանդէպ:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը…