Թորոնթոհայութիւնը մեծ շուքով տօնեց ՀՅԴ-ի 132-ամեակը


Խաժակ Գուլաճեան

Անխտիր բոլոր ժամանակներուն, ամենայն հաւատարմութեամբ իր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած, Հայաստանի, սփիւռքի, Արցախի մէջ, արտաքին` միջազգային ճակատի վրայ հայութեան դատի հետապնդման դրօշակակիրը հանդիսացած ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարի ջահը միշտ վառ ու բարձր պահած՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 132-ամեակը Թորոնթոյի մէջ տօնուեցաւ 3 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ, երբ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան բազմավաստակ ընկեր Նշան Աթիքեան ջահով մուտք գործեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահը ու զայն փոխանցեց ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ՀՅԴ ԳՊՄ) «Ռոստոմ» մասնաճիւղի կրտսեր պատանիին, խորհրդանշելով «շարունակել մեր սուրբ գործը»:

Ապա, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւններու «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու 120 պատանիները մուտք գործեցին սրահ եւ պաշտօնական յայտագիրի մեկնարկը տուին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգերու, ինչպէս նաեւ «Զարթի՛ր լաօ» Դիմադրութեան շարժումի խորհրդանիշ երգի կատարողութեամբ:

Երեկոն վարեց ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ ԳԵՄ-ի) «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ «յարգելով Դաշնակցութեան ծառայած ու մեզմէ առյաւէտ հեռացածներուն յիշատակը, երախտագէտ մնալով երէց սերունդի նուիրումին, մենք՝ Գանատայի երիտասարդական միութեան ընկերները, վճռած ենք մնալ ամուր, չվհատիլ, չմոլորիլ, կառչիլ մեր հաւատքին: Գույումճեան բացատրեց, որ այս ձեռնարկով բոլորս՝  երէց ու չափահաս, երիտասարդ ու պատանի, միասնաբար կ’ոգեկոչենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձը՝ խոստանալով միշտ վառ պահել դաշնակցականի ազգասիրական եւ հայրենասիրական ոգին»:

Ապա` ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս, մէկ վայրկեան լռութեամբ, յարգելու յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած բոլոր ընկերներուն:

Գույումճեան հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեանը, որ կատարեց «Քրիստափոր» Պատանեկան միութեան պատանիներու խոստումի յոյժ տպաւորիչ արարողութիւնը։ Այնուհետեւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Հրակ Գըլըպոզեան վարեց պատանեկան շարքերէն ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի շարքեր փոխանցումի արարողութիւնը:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան հերթապահ Վահան Աճէմեան փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ի տես համախմբումին, այս անորոշ պայմաններուն եւ այս դժուար օրերուն, Աճէմեան դիտել տուաւ, որ այս ուխտ է՝ զօրակցելու եւ մեր վստահութիւնը հաստատելու հայութեան իրաւունքներու պաշտպան կուսակցութեան, որ կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերուն պաշտպանութիւնը:

Վեր առնելով ՀՅԴ-ի օրը հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը, Աճէմեան ըսաւ. «Բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալել կարելի կ’ըլլայ միայն ու միայն ժողովուրդին նուիրումով եւ նուիրաբերութեամբ: Ա՛յս է կուսակցութեան գաղտնիքը` կախեալ ըլլալ ո՛չ ոքէ, ո՛չ մէկ կողմէ եւ հաշուետու ըլլալ միայն ու միայն ժողովուրդին»:

Աճէմեան դրուատեց թորոնթոհայ համայնքը եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անունով իր շնորհակալական ջերմ զգացումները փոխանցեց՝ պատասխանելու կոմիտէութեան բոլոր կոչերուն եւ ընդառաջելու Հ Յ Դաշնակցութեան բոլոր առաջարկներուն: «Ձեր իւրաքանչիւր նիւթական, թէ ֆիզիքական ներդրումը մեր աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն մէջ, մեծապէս նպաստած են մեր յաջողութեան եւ մեր բոլոր յաջողութիւնները կը պարտինք ձեզի», ըսաւ ան:

Աճէմեան յայտնեց, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներու նման, Թորոնթօն ալ այսօր կը դիմակալէ նոր մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ թէ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:

Խօսքի աւարտին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի հերթապահ Վահան Աճէմեան եւ երէց ընկեր Նշան Աթիքեան հատեցին 132-ամեակին կարկանդակը:

Այսպիսով, վերջ գտաւ ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը: Բեմ հրաւիրուեցան Յարութ Պետրոսեան, Մհեր Մինասեան, Յովիկ Մանուշեան, Ժիրօ Միսաքեան եւ հիւրաբար՝ Գօգօ Թիւթիւնճեան, որոնք հանդէս եկան յեղափոխական երգերով, նուագակցութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին: Ձեռնարկը ընթացաւ տօնական խանդավառ ու դաշնակցականավայել մթնոլորտի մէջ: