Ազրպէյճան Հակարի կամուրջին վրայ անցակէտ տեղադրեց. Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճան Հակարի կամուրջին վրայ անցակէտ տեղադրեց

23 Ապրիլին, Ազրպէյճանի բանակը փակեց Հայաստանը Արցախին կապող Հակարիի կամուրջը, որ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ կը գտնուի։ Պաքուն յայտարարեց, որ իրենք տեղադրեցին նոր անցակէտ մը, որուն մասին տեղեկացուցին ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեանը։

Միւս կողմէն 28 ապրիլին ազրպէյճանցի այսպէս կոչուած «բնապահպան»-ները, որոնք 12 դեկտեմբերէն փակած էին Բերձորի միջանցքը` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճամբան, երէկ յայտարարած են, որ կը դադրեցնեն իրենց շարժումը: Անոնք հրաւիրուած են Ազրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման:

Շուշիի մէջ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քարիմով «բնապահպան»-ներուն ըսած է, որ 23 ապրիլէն ետք, երբ պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները անցակէտ տեղադրած են Բերձորի միջանցքին մէջ, սկզբունքօրէն նոր իրավիճակ ստեղծուած է, եւ շարժումի մասնակիցներուն առաջարկուած է դադրեցնել զայն: Որոշուած է 28 ապրիլ 2023-ին, ժամը 18:00-էն ժամանակաւորապէս դադրեցնել այդ շարժումը:

Ազրպէյճանական այս երկու անցակէտերուն միջեւ մնացին Շուշիի շրջանի 4 գիւղերը` 350 արցախցիներ, որոնք կիրակի օրուընէ կտրուած են թէ՛ Ստեփանակերտէն եւ թէ՛ Գորիսէն: Հին Շէն, Մեծ Շէն, Եղցահող եւ Լիսագոր գիւղերուն մէջ առայժմ ուտելիքի սուր հարցեր չկան, տեղեկացուց Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Գրիշա Յովհաննիսեան, սակայն, ան դիտել տուաւ, որ այս կացութեան շարունակութեան պարագային, այդպիսի տագնապ մը պիտի յառաջանայ. ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան մարդասիրական բեռ հասցնել գիւղերուն, եթէ այս կրկնակի շրջափակումը շարունակուի:

Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրման հարցով Հայաստան դիմեց ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին։

24 ապրիլին գումարուած Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը հրատապ նիստին մասնակցողները որոշեցին դիմել եռակողմ յայտարարութեան կողմերուն, յատկապէս Ռուսիոյ՝ անյապաղ քննարկումներու սկսելու՝ Արցախի շրջափակման վերացման, ազրպէյճանական անցակէտի տեղադրման կանխարգիլման եւ Արցախի ժողովուրդի ապահովական իրական երաշխիքներու շուրջ: «Կ’ակնկալենք ամենակարճ ժամկէտի մէջ գործուն քայլեր ձեռնարկել Արցախի ժողովուրդի առջեւ ծագած անվտանգային եւ մարդասիրական հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ, որոնց բացակայութիւնը թոյլ կու տայ Արցախի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին որոշելու իրենց հետագայ ընելիքները», ըսաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:

Այս քայլը, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կը միտի Արցախի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնել եւ Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափելու ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը իրականացնել։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ 9 Նոյեմերի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրող կողմ, կոչ ուղղեց Ռուսիոյ վերջապէս կատարելու եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով ստանձնած իր պարտաւորութիւնը՝ վերացնելով միջանցքի ապօրինի փակումը եւ ապահովելով Ազրպէյճանի ուժերու դուրսբերումը Լաչինի միջանցքի ամբողջ ապահովական գօտիէն։

Զօրավար-գնդապետ Լենցով նշանակուեցաւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու հրամանատար

Զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցով նշանակուեցաւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նոր հրամանատարը։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի նախկին խորհրդական Լենցով այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ զօրավար-հազարապետ Անտրէյ Վոքովը, որ այս պաշտօնը վարեց շուրջ 1 տարի եւ 3 ամիս։

Լենցով մինչեւ 2020 եղած է ցամաքային զօրքերու գլխաւոր փոխհրամանատար։ Ան մասնակցած է Չեչենիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան։

Ստեփանակերտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած ջահերթ կազմակերպուած է

23 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան ընդառաջ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթը:

Ըստ «Ապարաժ»` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` «Յիշե՛նք անցեալը, պաշտպանե՛նք ապագան» խորագիրով ջահերթը մեկնարկեց Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն:

Ջահերթի մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր` հայկական ազգային երաժշտութեան ներքոյ տանելով Հայոց զոյգ պետականութիւններու դրօշները:

Յուշահամալիրի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթողի մօտ, ջահերթի մասնակիցները յարգանքի տուրք մատուցանեցին:

Ստեփանակերտի մէջ Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած մշակութային յուշ-երեկոյ

Մայրաքաղաքի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին նուիրուած համերգ` Արցախի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ Արցախի պետական երգչախումբի համատեղ կատարումներով:

Ըստ «Արցախպրես»-ի` համերգը մեկնարկեց լռութեան րոպէով` ի յիշատակ Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերուն: Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայ անուանի երգահաններու գործերէն: Համատեղ համերգը ամփոփուեցաւ Կոնստանտին Պետրոսեանի «Հայաստան» եւ «էրեբունի-Երեւան» ոգեշնչող ստեղծագործութիւններու կատարմամբ:

«Թուֆենկեան» հիմնադրամը տարրալուծական սարքեր նուիրեց Ստեփանակերտի բոլոր դպրոցներուն

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը 26 ապրիլին, Ստեփանակերտի բոլոր դպրոցներուն կենսաբանութեան տարրալուծական սարքեր նուիրեց:

Ըստ «Արցախպրես»-ի` ընդհանուր առմամբ 120 տարրալուծական հաւաքածու յանձնեցաւ դպրոցներու ներկայացուցիչներուն:

Տարրալուծական սարքերու տրամադրում (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

 «Թուֆենկեան» հիմնադրամի Արցախի ծրագիրներու կառավարիչ Էդուին Գրիգորեան ըսաւ, որ դպրոցներուն տարրալուծական սարքաւորումներ տրամադրելու գաղափարը առաջարկած է ամերիկաբնակ Սարեան ընտանիքը:

«Սարքաւորումներու առաջին խմբաքանակը անցեալ տարի տրամադրած ենք Մարտունիի շրջանի գիւղերու դպրոցներուն: Բաւական լաւ արդիւնքները հաշուի առնելով, որոշած ենք ծրագիրը շարունակել: Առկայ սարքաւորումներէն պիտի տրամադրենք նաեւ Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Շուշիի շրջանի համայնքներու դպրոցներուն», ըսաւ Գրիգորեան` աւելցնելով, որ համապատասխան քանակով սարքաւորումները դպրոցներուն տրամադրուած են ըստ աշակերտներու թիւին:

Ան տեղեկացուցած է, որ յաջորդ տարեշրջանին Արցախի դպրոցներուն պիտի նուիրին «ֆիզիկա» եւ «քիմիագիտութեան» սարքաւորումներ:

Արցախի երիտասարդները ստորագրահաւաք նախաձեռնած են Ազրպէյճանի կողմէ հայերու էթնիկ զտման քաղաքականութիւնը դադրեցնելու պահանջով

Արցախի մէջ մեկնարկած է «Ոչ` Արցախի Հանրապետութեան էթնիկ զտմանը» շարժման ստորագրահաւաքը։

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ շարժման մամուլի պատասխանատու Արշակ Աբրահամեան կը տեղեկացնէ, որ այսօր Արցախի երիտասարդական կառոյցները նախաձեռնած են ստորագրահաւաք` պահանջելով դադրեցնել Ազրպէյճանի կողմէ հայերու էթնիկ զտման ու ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը Արցախի մէջ, եւ ապահովել 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան կատարումը:

«Պահանջատէրներու հասցէատէրերն են` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւնները, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները եւ ՀՀ վարչապետը, որպէս ՀՀ Անկախութեան հռչակագիրով Արցախի Հանրապետութեան հարցով իրաւական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավար: Հասարակութիւնը աշխոյժ կը մասնակցի ստոագրահաւաքին: Սա եւս մէկ անգամ կը խօսի, որ արցախահայութիւնը յստակ նշած է իր կարմիր գծերը եւ պատրաստ է տէր կանգնելու իր անկախութեան իրաւունքին», ըսած է Աբրահամեան:

Ստորագրահաւաք (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

Անոր խօսքով` ստորագրահաւաքը նախատեսուած է իրականացնել մինչեւ 6 մայիսը, որմէ ետք պիտի հաշուին արդիւնքները:

Ամարասի վանական համալիրին մէջ վերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին

Ամարասի վանական համալիրն մէջ կը շարունակուի շինարարական եւ վերականգնողական աշխատանքներու երրորդ փուլը:

Ամարասի վերականգման աշխատանքներէն պատկերներ (լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսած է․ «Ամարասի վանական համալիրին մէջ ընթացող շինարարական-վերականգնողական աշխատանքները կը ֆինանսաւորուին «Լոյս» հիմնադրամի կողմէ: Շինարարութիւնը կ’իրականացուի «Գարդեն» ընկերութեան կողմէ: Երրորդ փուլով կ’ընթանայ վանական համալիրի երիցատան եւ անոր յարակից շինութիւններու, գլխաւոր մուտքի հանդիպակաց տարածքի վերանորոգումը: Ամարասի վերանորոգումը սկսած է 2019-էն: Բաւական մեծ նախագիծ է, ուստի աշխատանքները կ’իրականացուին փուլ առ փուլ»: 

Ամարասի նորոգութեան զուգահեռ կը շարունակուին նաեւ Բովուրախանի վանքի վերականգման աշխատանքները: