Գանատահայութիւնը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ երկաշարժէն տուժած սուրիահայութեան


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Միջին Արեւելքը հարուածած ահաւոր երկրաշարժին առաջին իսկ օրէն ՀՕՄ-ը ձեռնածալ չմնաց ու երկրաշարժին պատճառած վէրքերը ամոքելու հաւաքական ճիգին մասնակցելով` ձեռնարկեց դրամահաւաք-արշաւներու՝ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով:

Այս ծիրէն ներս, 25 մարտ 2023-ին, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Սուիրահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ենթայանձնախումբի անդամներուն կազմակերպութեամբ, դրամահաւաքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս, ուր հիւրասիրութեան մը շուրջ հաւաքուած թորոնթոհայ գաղութը, հանգանակութեամբ գոյացած գումարին աւելցուց նորը:

Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ)՝ երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակին համար կազմուած ծրագիրներուն ու դասաւորումներուն ծանօթացանք ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ կայացած զրոյցին ընդմէջէն:  

 Ձեռնարկը կը վայելէր գերապատիւ տէր Վարդան ծվ. Թաշճեանի, արժանապատիւ տէր  Տաթեւ աւ. քհն. Միքաէլեանի,  ՀՕՄ-ականներու, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ թորոնթոհայերու ներկայութիւնը։

Սուիրահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ենթայանձնախումբի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կատարած նուիրտուութիւններուն համար եւ ըսաւ. «Այսօրուան ձեռնակին նպատակն է ձեզի ներկայացնել Սուիրահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի աշխատանքները, 6 փետրուարի երկրաշարժի օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր,  եւ խօսիլ այս ենթյանձնախումբի ապագայի ծրագիրներուն մասին»։  

Ենթայանձնախումբի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի բարի գալուստ կը մաղթեէ ներկաներուն (լուսանկարը՝ Օննիկ Նազարեանցի)

Լոռի Արամեան յուզախառն զգացումով արտասանեց Համաստեղի՝ «Հայու ոգին», որմէ ետք Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան բեմին վրայ հարցազրոյց վարեց հիւրաբար ներկայ գտնուող ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիբ Մհեր Գարագաշեանի հետ` առցանց կապի միջոցաւ։

Այստեղ կը ներկայացնենք հարցազրոյցէն բաժիններ՝


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան – Ինչո՞ւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն փափաքեցաւ գործակցիլ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շ9րջանային վարչութեան հետ սուրիահայութեան վերջին աղէտին գծով: Արդեօք նման գործակցութեան նախափորձ մը եղա՞ծ է այս երկու կազմերուն միջեւ:

Մհեր Գարագաշեան – Այս համագործակցութիւնը, բարեբախտաբար, միշտ մեծ մաշտաբի վրայ է, այսպիսի գործունէութիւններու ուղղութեամբ։ Ցաւօք, որ այսպիսի առիթներով համագործակցեցանք, յատկապէս անցնող չորս տարիներու ընթացքին` համաճարակի, Լիբանանեան տագնապի, Սուրիոյ պատերազմի եւ Արցախեան պատերազմի ծանր պայմաններուն։ 

Ծանր հարուածներուն ընթացքին կարողացանք ստեղծել այնպիսի համակարգ մը, ուր մեր ամբողջական ոյժերը լարեցինք՝ հասնելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլան անոնք։ Այս պարագային, նախապէս այդ փորձը ունենալու շնորհիւ, դժուար չեղաւ գործի լծուիլը, եւ մեր իսկ համաձայնութեամբ ուզեցինք, որ ՀՕՄ-ը՝ ինք առաջնորդէ եւ ուղղորդէ այս աշխատանքը երկրաշարժէն անմիջապէս ետք եւ մեր ընկեր-ընկերուհիները լծէ գործի, այնպէս ինչպէս որ ըրած էր նախապէս՝  Լիբանանի օժանդակութեան աշխատանքներուն ընթացքին. ուրեմն երկու տարբեր առիթներով ՀՕՄ-ին յանձնած ենք այդ համակարգը։ Մեծագոյն դժուարութիւնը, հոս, Սուրիոյ պարագային՝ պատժամիջոցներու խնդիրն է, որ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու պարագային արտօնութիւն ստանալը կը յաջողեցնենք ու հանգանակուած գումարը ամբողջութեամբ կը դնենք Սուրիահայ օժադակութեան միացեալ մարմինի տրամադրութեան տակ։ Այս գծով արդէն կապի մէջ ենք տեղւոյն կեդրոնական կոմիտէին հետ։

ՏՄԿ – Կուսակցական գետնի վրայ, ՀՅԴ Գանատայի մարմինը ի՞նչ ձեւով օգտակար կը դառնայ սուրիահայութեան, երկրաշարժի աղէտէն ետք։

ՄԳ – ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ Սուիրահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը կազմուեցաւ ու այս ենթայանձնախումբի ատենապետութիւնը կը վարէ Անի Հոթոյեան-Ժոլի, այսինքն՝ կորիզը ՀՕՄ-ն է, բայց ՀՄԸՄ-ը, ԳԵՄ-ը,  Համազգայինը հոն են, եւ մասամբ նորին:

Ըստ յանձնախումբի որոշումին, փոքր կամ մեծ ձեռնարկներ կազմակերպելով գումարներ կը հաւաքուին. ինչպէս նաեւ թուական մը ճշդած ենք եւ մինչեւ այդ թուականը պիտի հասնինք թիրախ գումարին եւ փոխանցենք զայն, ուր որ հարկ է. ունինք մեծ ծրագիր մը եւս, որ ընկերային ցանցերու միջոցով պիտի սփռուի։ Մենք ձեռք-ձեռքի տուած առաջ կը տանինք այս աշխատանքը եւ մեզմէ սպասուածն ու նոյնիսկ չսպասուածը կը տրամադրենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

ՏՄԿ – Սուրիոյ մէջ ազգային կառոյցներն ու միութիւնները ի՞նչ վիճակի մէջ են այսօր՝ շէնքերու ապահովութեան իմաստով:

ՄԳ – Այս հարցումին իբր պատասխան, ընկ. Մհեր ընթերցեց Սուրիոյ կեդրոնական կոմիտէի կողմէ ղրկուած նամակը, ուր նշուած էր ժողովուրդին կարիքները ու բնակարաններուն, հայկական կառոյցներուն, եկեղեցիներուն եւ մշակութային օճախներուն կրած վնասները։ Ընկ. Մհեր հաւաստիացուց, որ գանատահայ գաղութը ամբողջութեամբ ճիգ պիտի չխնայէ եւ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս, լիովին վստահելով մեր ոյժերուն՝ պատիւով դուրս պիտի գանք ու յաղթահարենք այսօրուան ծանր իրավիճակը։

ՏՄԿ– Ընկերուհի Լուսին, երկրաշարժի առաջին օրերուն ՀՕՄ-ը՝ Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) միջոցաւ ինչպէ՞ս օգնութեան հասաւ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին։

Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան – Երկրաշարժէն առաջ, Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, ՀՕՄ-ը կեդրոնացուցած էր իր ուշադրութիւնը Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն վրայ, իսկ Սուրիոյ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, անսալով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ստեղծած՝ «Երկրաշարժէն տուժածներու հիմնադրամ»-ի կոչին անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առինք եւ օգնութեան ձեռք մեկնեցինք ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան (ձախ) եւ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան (աջ) (լուսանկարը՝ Օննիկ Նազարեանցի)

Երկրաշարժին երկրորդ օրը դրամահաւաքի կոչով մը հանդէս եկանք եւ մեր մասնաճիւղերը զօրակոչի ենթարկեցինք ու մեր բոլոր հայրենակիցներէն օժանդակութիւն խնդրեցինք: Հանգանակութեան յայտարարութեան յաջորդ օրը՝ 8 փետրուարին, որոշեցինք մեր առաջին օժանդակութիւնը ղրկել: Ուստի, 25 000 ԱՄՆ տոլար ուղարկեցինք Սուրիոյ մեր միաւորին: ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերը անխտիր նոր նախաձեռնութիւններ կազմակերպեցին եւ կամ նախօրօք կազմակերպուած եւ յայտարարուած ձեռնարկներուն շահը որոշեցին՝ երբեմն նոյնիսկ ամբողջութեամբ, նուիրել սուրիահայութեան:

ՀՕՄ-ականները նաեւ դրամահաւաքի նպատակով բազմաթիւ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացուցին։ ՀՕՄ-էն անկախ, գրեթէ մեր յարկին տակ գործող բոլոր միութիւնները անխտիր իրենց մասնակցութիւնը բերին սկսիզբ առած դրամահաւաքին: Այս ընթացքին, 14 փետրուարին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթով եւ մեր ընկերային հարթակներով ու նամակներով հրապարակեցինք մեր երկրորդ կոչը՝ ուղղուած մեր ուղեկից միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հայրենակիցներուն, որուն մէջ նշեցինք հետեւեալը.

«ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի Սուրիահայութեան օժանդակութեան յանձնախումբին եւ մեր ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, իր աջակցութիւնը պիտի բերէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ գաղութի զաւակներուն։ Սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի յանձնախումբի ժողովները առցանց տեղի կ’ունենան, որովհետեւ յանձնախումբի անդամները կ’ապրին Վանքուվըր, Թորոնթօ, Գէմպրիճ, Մոնթրէալ, Օթաուա եւ Լաւալ քաղաքներուն մէջ։ Մեր յանձնախումբի անդամները կը ներկայացնեն մեր տեղական մարմինները եւ միութիւնները՝ ՀՕՄ-ը, կոմիտէութիւնները, Համազգայինը, ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները, Արմէն Գարօ ուսանողական միութիւնը, ՀՄԸՄ-ը, եւ «Հայ հորիզոն» հեռատեսիլի տնօրէնութիւնը։

Շնորհիւ մեր ժողովուրդին այսօր ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը կրցաւ իր երկրորդ յատկացումը կատարել սուրիահայութեան՝ 50 000 ԱՄՆ տոլար նուիրաբերելով: Տակաւին ունինք խոստումներ անհատներէ եւ միութիւններէ: Դրամահաւաքի թիրախը նուազագոյնը հարիւրէն երկու հարիւր հազար  գանատական տոլար է: Այսօրուան դրութեամբ մենք տակաւին այս գումարը չենք յաջողած ձեռք ձգել: Սակայն, տակաւին օժանդակութեան գործընթացը կանգ չէ առած:

Բոլորս ալ յոյս ունինք, որ նոր նուիրատուներ երեւան պիտի գան եւ մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին: Հետեւաբար, անոնք, որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն կատարել կրնան ե-փոխանցում մը ընել ՝ ars-canada@bellnet.ca կամ վճարագիր մը գրել ARS Foundation, նշելով տակը Aid to Syria բառերը:

Լիայոյս ենք, որ իւրաքանչիւր գանատահայ իր մասնակցութիւնը բերելով պիտի նպաստէ մարդասիրական այս մեծ գործին:

ՏՄԿ – Գանատահայ ժողովուրդը եւ նուիրատուները ինչպէ՞ս պիտի կարենան գիտնալ, թէ սուրիահայ ժողովուրդը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ Գանատայի ղրկած օգնութիւններէն։

ԼԺՓ – Մենք ստեղծուած քաոսային կացութիւնը թեթեւցնելու համար մեր գումարները ղրկեցինք, որպէսզի տեղւոյն մարմինները յատկացնեն զանոնք, ուր պէտքը կայ: Բնակարաններու մասնակի կամ ամբողջական նորոգման ցանկագրումները արդէն տեղի կ’ունենան: Նպատակ կայ դպրոցականներուն ալ կէսօրուան ճաշ մատակարարել:

Ներկայիս Սուրիահայ oգնութեան խաչը կը գործածէ նուիրատուութիւնները, որպէսզի սուրիահայութեան պէտքերը հոգայ, ինչպէս՝ սննդարար ուտելիք, փոքրերու համար կաթ, հագուստեղէն, վերմակներ, դեղեր եւ օգնութիւն՝ տուներու շինարարութեան համար։

ՀՕՄ-ի բարեսիրական գործը կը կայանայ ժողովուրդէն եկածը ժողովուրդին վերադարձնելուն մէջ: Ի հարկէ ՀՕՄ-ի նշանաբանին ծանօթ էք՝ «Ժողովուրդիս համար, ժողովուրդիս հետ», այս է ՀՕՄ-ին սուրբ առաքելութիւնը:

ՏՄԿ – ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ենթայանձնախումբին կազմակերպութեամբ արդեօք տեղի պիտի ունենա՞ն դրամահաւաքի նոր ծրագիրներ:

ԼժՓ – Իրականութեան մէջ դրամահաւաքի յատուկ երեկոյ մը պիտի չկազմակերպենք, այլ փակման տարբեր միջոցառում մը պիտի ունենանք:

Այս հանգանակային արշաւին առթիւ կը պատրաստուի յատուկ վաւերագրական ժապաւէն մը՝ Մոնթրէալի եւ Հալէպի Հորիզոնի անձնակազմի պատրաստութեամբ, յետ երկրաշարժի՝ սուրիահայութեան իրավիճակին մասին:

Յիշեալ ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի «Հայ հորիզոն»-էն՝ 2 մայիսին, Քէպէքի մէջ եւ «Նոր հայ հորիզոն»-էն 6 մայիսին, Օնթարիոյի մէջ: Այս ժապաւէնը կարելի է տեսնել ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան դիմատետրէն, 29 ապրիլի ժամը 2-ին: Տեղին է նշել, որ ժապաւէնի տեւողութեամբ պիտի ներկայացուին նուիրատուներուն անուններն ու նուիրաբերած գումարները: Վստահ ենք, որ նոր ծրագիրներ ալ պիտի մշակուին, նպաստելու սուրիահայութեան առողջապահական, կրթական, սնունդի, բնակարաններու, ինչպէս նաեւ ազգային կառոյցները ամուր պահելու ուղղութեամբ:


Հարցազրոյցէն ետք ներկաները դիտեցին զգացաշարժ տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր   Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ։  Այս տեսերիզը ցոյց տուաւ սուրիահայերուն ներկայ իրավիճակը եւ աղէտի ընթացքին ղեկավար մարմիններուն կատարած աշխատանքները։

Հիանալի անակնկալով մը երեկոն դարձաւ կրկնակի յիշարժան, երբ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի, «Գոլոլեան» նախակրթարանի աշակերտներէն խումբ մը, իրենց ձեռքին Հայաստանի դրօշակները ծածանելով ներկայացան եւ կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները՝ մօտենալով այն սեղանին, ուր ենթայանձնախումբի անդամներ՝ Օսաննա Մխսիարթինեան եւ Նաթալի Մանուկեան նստած կը ստանային ներկաներուն  կատարած նուիրատուութիւնները։

(ձախէն՝ աջ. Նաթալի Մանուկեան, Էլիզապէթ Լէպլէպճեան, Անի Հոթոյեան Ժոլի, Շահէ Թաշճեան, Լուսին Ժամկոջեան Փալանճեան, Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան եւ Օսանա Մխսիարթինեան (լուսանկարը՝ Օննիկ Նազարեանցի)

Անի Հոթոյեան-Ժոլի հրաւիրեց «Կիլիկիա» նուագախումբը, որուն անդամներուն՝ Յովիկ Կարապետեանին, Վրէժ Ղազարեանին եւ Գէորգ Մանուկեանին կատարած հայկական երաժշտութեամբ ճոխացաւ այդ երեկոյթին մթնոլորտը, իսկ ջութակահար-երաժիշտ Յովհաննէս Մուպայէտի մեկնաբանած նուագները ճոխացուցին այդ օրուան յայտագիրը։ Ընկերուհին մէկիկ-մէկիկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ենթայանձնախումբի անդամներ՝ Շահէ Թաշճեանին, Օսանա Մխսիարթինեանին, Նաթալի Մանուկեանին եւ Էլիզապէթ Տէր Ներսէսեանին, ինչպէս նաեւ ձայնային գործիքներու պատասխանատու Քրիս Արապեանին եւ ձեռնարկի յաջողութիւնը ապահովող ընկհ․ Արաքսի Փիլաւճեանին եւ Լիզա Շիշոյեանին։ 

Յաջողութեամբ եւ զգացական բաժիններով յորդող ձեռնարկի աւարտին, տէր Տաթեւ աւ. քհն. Միքաէլեան ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ Պահպանիչով  փակեց երեկոյի  յայտագիրին պաշտօնական բաժինը։