Արցախն այս շաբաթ


— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- 28 Յուլիսին, ազրպէյճանական կողմը կրակած է Մարտունիի Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկայ գիւղերուն ուղղութեամբ:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան տեղեկացուցած է, որ մօտ 20 վայրկեան տեւած են կրակոցները, որուն հետեւանքով փամփուշտները հասած են բնակելի տուներու մօտ: Կարմիր Շուկայի տուներէն մէկուն պատուհանը վնասուած է, նոյն տան բակը յայտաբերուած է 8 փամփուշտ: Վիրաւորներ չկան: Ըստ Ստեփանեանի՝ ազերիները նպատակ ունին խաթարելու բնականոն կեանքը Արցախի գիւղերուն մէջ եւ ահաբեկելու քաղաքացիները։

Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան նշած է, որ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը հայերու նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ եղած է ատելութիւն, ֆիզիկական ու հոգեբանական բռնութիւն, եւ որեւէ հիմք չկայ ենթադրելու, որ մօտ ապագային Ազրպէյճան կրնայ փոխել այդ ռազմավարութիւնը: Թաղավարդի ու Կարմիր Շուկայի մէջ խաղաղ բնակիչներու տուներուն ուղղութեամբ արձակած գնդակները եւ վերջին օրերու հրադադարի այլ խախտումները ատոր հերթական ապացոյցներն են։

«Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը եւ պաշտպանութիւնը այլընտրանք չունի, քանի որ մենք ենք մեր ճակատագրի տէրը մեր Հայրենիքին մէջ, եւ ատիկա միակ ձեւն է աշխարհի վրայ նոր ցեղասպանութիւն մը կանխելու համար»,  գրած է նախարարը:

— 24 Յուլիսին, Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին  եւ Գանձասարի ուխտի օրուան առթիւ վանքին մէջ մատուցուած է Ս․ Պատարագ:

25 Յուլիսին Արցախի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ննջեցեալներու յիշատակին մատուցուած է Ս․ Պատարագ: Յաւարտ պատարագի՝ Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզման-յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ հայ ազգի բոլոր ննջեցեալներուն:

— 24 Յուլիսին Աղաւնոյի մէջ նշուած է Վարդավառի տօնը։ Մէկ օր առաջ կազմակերպուած է խարոյկահանդէս, թէյախմութիւն, վրանային ճամբար: Վարդավառին մասնակցելու եկած են Հայաստանի ու Արցախի տարբեր շրջաններէն այցելուներ:

24 Յուլիսին Աղաւնոյի մէջ նշուած է Վարդավառի տօնը

Աղաւնոյի համայնքապետ Անդրանիկ Չաւուշեան ըսած է․ «Միջոցառումը աւելի կ’ամրապնդէ մեզ` խորհուրդ ունենալով, որ հայը պիտի ապրի հայեցի` պահպանելով իր սովորոյթներն ու աւանդական տօները»։ Գիւղին մէջ կազմակերպուած է նաեւ սնունդի եւ յուշանուէրներու տօնավաճառ, ուր ներկայացուած էին ժենգեալով հաց, քաղցրաւենիք, գիւղի բերքնուբարիքը։ Տօնական միջոցառուման հնչած են ազգային երգ-երաժշտութիւն, իսկ Շուշիի Խանդամիրեանի անուան թատրոնը ներկայացուցած է «Հայ մուկը» տիկնիկային ներկայացումը։

— «Թուֆենկեան» բարեգործական  հիմնադրամին կողմէ Արցախի գիւղերուն մէջ իրականացուած են տարբեր ծրագիրներ։ Հիմնադրամը Արցախի մէջ կը գործէ 2003-էն ի վեր, եւ պատերազմէն ետք կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ  իր սկզբունքներուն` կատարելով մշակութային, առողջապահական լայնածաւալ աշխատանքներ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենկեան»-ի աջակցութեամբ` Հերհերի մէջ խաղավայր կառուցուած է (լուսանկար՝ Թուֆենկեան հիմնադրամի)

«Թուֆէնկեան»-ի կողմէ Ճարտարի մէջ վերանորոգած է 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, պայմանագրային զինուոր, Ճարտարցի Արթուր Աւետիսեանի տունը: Աւետիսեանն  ականի պայթումէն վիրաւորուած է գիւղի պաշտպանութեան ժամանակ: Անոնց տան պայմանները շատ անմխիթար էին։ Շնորհիւ հիմնադրամին` ստեղծուած են ապրելու անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։

Հիմնադրամը Մարտունիի Սօս գիւղին մէջ վերակառուցած է 2020-ի պատերազմին վիրաւորուած Յարութ Հենրիկեանի բնակարանը: Յարութը պաշտպանած է իր ծննդավայրը թշնամիին յարձակումէն եւ անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն վիրաւորուած է ոտքերէն։ Ան մինչ այսօր մօտ տասը անգամ վիրահատուած է եւ կը շարունակէ իր բուժումը:

Մարտունիի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ «Թուֆենկեան»-ի եւ գանատահայ նուիրատուներ` Քլարա Գասապեանի ու Վահէ Յակոբեանի աջակցութեամբ կառուցուած է խաղավայր, որուն բացումը տեղի ունեցած է 28 Յուլիսին:

Գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեան անհրաժեշտ համարելով խաղավայրի կառուցումը, ըսած է, որ գիւղին մէջ կայ մօտ 80 երեխայ, որոնք իրենց օրուան մեծ մասը կ’անցնեն այստեղ: Համայնքի զարգացման համար ասիկա նոր հնարաւորութիւն մըն է։

Վերակառուցած է նաեւ Մաճկալաշէնի դպրոցի երկարամեայ մանկավարժ Լիւդմիլա Ծատուրեանի տունը, որ կը գտնուէր խիստ վատթար վիճակի մէջ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենկեան»-ի աջակցութեամբ` Հերհերի մէջ նոյնպէս խաղավայր կառուցուած է։ Համայնքապետ Արման Ալեքսանեան նշած է, որ «գիւղին մէջ կան 80 դպրոցական եւ 35 նախադպրոցական տարիքի երեխաներ, որոնք յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն աւելի յագեցած պիտի անցնեն այստեղ»։

«Թուֆենկեան»-ի Արցախի ծրագիրներու կառավարիչ Էդուին Գրիգորեան նշած է, որպէսզի ընտանիքները շարունակեն ապրիլ իրենց գիւղին մէջ` պիտի ստեղծուին յարմարաւէտ պայմաններ, որոնցմէ են նաեւ երեխաներու համար խաղալու եւ ժամանցի վայրերը, եւ վստահեցուցած, որ գիւղերուն մէջ խաղավայրերու կառուցումը շարունակական պիտի ըլլայ:

Հերհերի մէջ պատերազմի ժամանակ հրթիռակոծութեան պատճառով փլած Հայրապետեաններու տան փոխարէն «Թուֆէնկեան»-ը կառուցած է նորը՝ կենցաղային անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով:

— Ստեփանակերտէն 16 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մօտ հիմնուող բնակավայրին մէջ կ’ընթանան շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներ: 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախի տարբեր շրջաններէ տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներ արդէն այս տարի պիտի ունենան իրենց տուները:

Հայաստանի դրամատուներու միութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախորդ տարեվերջին միութիւնը որոշած են մասնակցիլ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «100 տուն Արցախում» ծրագրին եւ ֆինանսաւորել մէկ բազմազաւակ ընտանիքի համար կառուցուող տան շինարարական աշխատանքները:

— Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի Սօս համայնքին մէջ լայն թափով կ’ընթանան գիւղի ճանապարհներու բարեկարգումը: Շինարարութիւնը կ’իրականացուի Արցախի կառավարութեան եւ ծնունդով սօսեցի բարերար Արթուր Դադասեանի կողմէ:

Սօսի մէջ այս օրերուն գիւղատնտեսական եռուզեռ է: Բնակիչները արդէն կատարած են գարիի, ցորենի եւ թութի բերքահաւաքը: Շուտով կը սկսի նաեւ խաղողինը: Բերքէն գիւղացիները օղի եւ գինի կ’արտադրեն: Գիւղը ունի կազ եւ ապահովուած է ելեկտրականութեամբ եւ ջուրով:

— 18-31 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» արուեստի ակադեմիայի վարպետութեան դասերը` ժողովրդական, կամերային, դասական վոկալի եւ ճազ երաժշտութեան, ձեւաւորման եւ ստեղծագրութեան ժանրերու մէջ: Ակադեմիայի գեղարուեստական ղեկավարն է ՀՀ ժողովրդական արտիստ, օփերային երգչուհի Յասմիկ Պապեան:

Ստեփանակերտի մէջ, 25 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ակադեմիայի անդրանիկ համերգը:

18-31 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Զարթօնք» արուեստի ակադեմիայի վարպետութեան դասերը

«Զարթօնք» ակադեմիայի տասնեակէ աւելի սաներ ու դասախօսներ ներկայացուցին հայ եւ օտար աշխարհահռչակ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

— 27 Յուլիսին «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի» խորագիրով Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անուանի երգահաններու համերգը։

Համերգի ընթացքին հնչած են հեղինակային ստեղծագործութիւններ` Հայաստանէն ժամանած յայտնի երգահաններու եւ մենակատարներու կատարումով:

Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ, երաժշտահան Մարտին Վարդազարեան ըսած է, որ ծրագիրը հնարաւորութիւն տուաւ ծանօթանալու արցախցի հանդիսատեսին եւ ներկայացնելու տարբեր ստեղծագործութիւններ:

Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան նշած է, որ համերգի ընթացքին ներկայացուած են պատերազմի օրերուն ստեղծուած այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք կրնան յուզել, ոգեշնչել մարդուն, տրամադրել` շարունակելու իր պայքարը:

Նշենք, որ 23-27 Յուլիսին Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» աջակցութեամբ` «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի» խորագիրով նախագիծի մեկնարկը տրուած է ՀՀ Սիւնիքի մարզէն: Համերգներ տեղի ունեցած են նաեւ Մարտունիի եւ Ճարտարի մէջ: