«Մարդասիրական իրավիճակը ժամ առ ժամ կը վատանայ»․ Արցախն այս շաբաթ


«Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը ժամ առ ժամ կը վատանայ»․ Արցախի ՄԻՊ

Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ փակուելուն պատճառով, Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակը ժամ առ ժամ կը վատանայ: Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեանի գրասենեակը հրապարակեց Ստեփանակերտի մեծագոյն հանրախանութներէն տեսանիւթ մը, ուր կ’երեւի, որ անիկա ամբողջութեամբ դատարկ է:

Ստեփանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրեց, որ ուտելիքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու բացակայութիւնը տառապանքներ կը պատճառէ 120 հազար մարդոց, որոնց մէջ՝ 30 հազար մանուկներու:

«Կանխեցէք ցեղասպանութիւնն Արցախի մէջ» կարգախօսով ցոյցեր Երեւանի մէջ առջեւ

«Կանխեցէք ցեղասպանութիւնն Արցախի մէջ», «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը», «Փրկեցէ՛ք Արցախի ժողովրդավարութիւնն Ալիեւի բռնապետութենէն» կարգախօսներով քաղաքացիներ 20 Յուլիսին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան շէնքին առջեւ հաւաքուեցան՝ պահանջելով հանդիպում պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

«Մենք այստեղ ենք՝ խնդրելու, պահանջելու, յորդորելու, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը բոլոր ջանքերը գործադրէ, գործոն ազդեցութիւն ունենայ ճանապարհի բացման համար», ըսաւ ցոյցին մասնակցողներէն մէկը:

Անոնք անգամ մը եւս Եւրոպական Միութեան յիշեցուցին, որ Արցախի շուրջ 120 հազար բնակչութիւնը 7 ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ է, իսկ առաւել քան 1 ամիս  ամբողջական պաշարման մէջ է՝ սովի սպառնալիքին դէմ յանդիման:

Քաղաքացիները յայտարարեցին, որ, երբ հազարաւոր արցախցիներ սովի վտանգին դէմ յանդիման կանգնած են, Եւրոպան լուռ կը հետեւի Արցախի պաշարման եւ Պաքուի՝ արցախցիները ցեղասպանելու փորձերուն:

Պատուիրակութեան ներկայացուցիչներէն մէկը ճաղերուն միւս կողմէն լսեց ցուցարարները եւ յայտնեց, որ ներկայ դրութեամբ չեն կրնար զիրենք ընդունիլ: Ցուցարարները անոր յանձնեցին իրենց նամակը, որուն մէջ կ’ըսուի, որ Աղդամի ճամբան չի կրնար այլընտրանք ըլլալ Լաչինի միջանցքին: Հաւաքուածները ընդգծեցին, որ Արցախը պաշարած, սովի սպառնալիքի առջեւ կանգնեցուցած Ազրպէյճանէն մարդասիրական օգնութիւն չեն ակնկալեր, այլ իրենց իրաւունքներու վերականգնումը կը պահանջեն:

Ցոյցին մասնակցողները Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան մօտ եկան ՄԱԿ-ի գրասենեակէն: Երկրորդ օրն է, որ անոնք ուտելիք, դեղորայք ու այլ անհրաժեշտ ապրանքներ կը հաւաքեն՝ պահանջելով, որ ՄԱԿ-ը եւ այլ կառոյցներ օգնութիւնը տեղափոխեն Արցախ: «Եւրամիութիւնը կրնայ հնարաւոր դարձնել այս պարէնի տեղափոխումը եւ տեղ հասցնելը Ստեփանակերտ մեր հայրենակիցներուն», ըսաւ «Բացում» նախաձեռնութեան համակիր Սեդա Գրիգորեան:

Ցուցարարներէն մէկը առաւել քան 90 պարկ ալիւր բերած էր ՄԱԿ-ի գրասենեակին մօտ, որովհետեւ ալիւրը եւս Արցախի մէջ սպառման եզրին է:

Արցախ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու պահանջով, Երեւանի մէջ խումբ մը քաղաքացիներ 19 Յուլիսին եւս հաւաքուեցան Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ:

Նախաձեռնող խումբը տեղւոյն վրայ կը հաւաքէր ձէթ, մաքարոնի տեսակներ, ձաւարեղէն, մանկական ուտելիք եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ, որոնք արդէն աւելի քան ամիսէ մը իր վեր պաշարուած Արցախի մէջ դժուարութեամբ կը գտնուին կամ արդէն ընդհանրապէս չկան: Ցոյցին նախաձեռնողները յոյս ունին, որ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցը առնուազն մարդասիրական փոխադրութիւններ կը հասցնէ Արցախ:

«Այսօրուընէ կը սկսինք հաւաքել պարէն, որուն ամբողջ ցանկը արդէն հրապարակուած է: Այստեղ պիտի ըլլանք, հաւաքենք եւ փորձենք ՄԱԿ-ին ցոյց տալ, որ մենք հիմա կը հաւաքենք, ձեզմէ կ’ակնկալուի ընդամէնը իրականացնել այն, ինչ նախատեսուած է ձեր իսկ վեհաժողովներով», յայտնեց «Բացում» նախաձեռնութեան համակարգող Անուշ Յարութիւնեան, ըստ որուն, Արցախի շրջափակումը վերացնելու համար կազմակերպուող զանազան ցոյցերու ներկայիս աւելի մեծաթիւ անձեր կը մասնակցին, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին, որ վիճակը ծայրայեղ ծանր է, հազարաւոր արցախցիներ արդէն կը գտնուին սովի սպառնալիքին տակ եւ եղած պաշարները արագօրէն կը սպառին, ինչ որ ահազանգ կը նշանակէ։

21 Յուլիսի առաւօտէն Երեւանի մէջ դարձեալ հաւաքներ տեղի ունեցան։ Հանրահաւաքներուն մասնակցողները կոչերով եւ պահանջներով դիմեցին թէ՛ Հայաստանի կառավարութեան եւ թէ միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարներուն, մասնաւորաբար՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան: Անոնք բարձրացուցին պաստառներ՝ «Մենք Արցախն ենք», «Փրկէք Արցախը» եւ «Բացէք կեանքի ճանապարհը» գրութիւններով։

Ցուցարարները, ի շարս այլ կոչերու, Հայաստանի կառավարութեան կոչ ուղղեցին  բանակցութիւններուն մէջ հաստատելու, որ Արցախը եւ Արցախի ժողովուրդը չեն կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, աշխոյժ ու հրատապ դիւանագիտական ջանքեր գործադրելու Արցախի ապաշրջափակման ու ապահովութեան երաշխաւորման նպատակով` ՄԱԿ-ի բոլոր գործիքակազմերը կիրարկելու ուղղութեամբ, որոնց կարգին`Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ ընդունելու միջոցով:

Ցոյցեր տեղի կ’ունենան նաեւ Ստեփանակերտի մէջ։

Արցախի նախագահը եւ Ազգային ժողովի նախագահը Ստեփանակերտի մէջ նստացոյցի սկսան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 17 յուլիսին նստացոյցի սկսաւ` միանալով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ սկսած շարժումին: Ան հանդէս եկաւ ուղերձով եւ յայտնեց, որ այս քայլը լրացուցիչ ճիգ է միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու, յորդորելու միջազգային հանրութեան պարտադրել կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները` մղելու հայ ժողովուրդը եւ բոլոր բարեկամները աշխուժ եւ անյապաղ գործողութիւններու։

Յարութիւնեան նշեց, որ եթէ մէկ շաբթուան ընթացքին «միջազգային միջամտութեամբ Արցախի ժողովուրդի վիճակը չվերադառնայ քիչ թէ շատ բնականոն հուն», ապա անկէ ետք պիտի դիմեն աւելի կարծր գործողութիւններու` առանց յստակացնելու, թէ ճիշդ ինչի մասին է խօսքը:

Արայիկ Յարութիւնեան նստացոյցի սկսած է Ստեփանակերտի մէջ

Արցախի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ տարբեր երկիրներու մէջ նստացոյցներու եւ բողոքի շարժումներու միջոցով կարելի է շօշափելի արդիւնք ապահովել այս պայքարին մէջ: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է զգայ հայ ժողովուրդի վճռական կամքն ու սատարումը Արցախին, քանի որ Արցախի հայկական ու արժանապատիւ ապագայի բանալին նոյնինքն հայ ժողովուրդի ձեռքերուն մէջ է», նշեց Արցախի նախագահը:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 19 յուլիսին եւս միացաւ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մեկնարկած նստացոյցին: Ան նշեց, որ նստացոյցը պայքարի ծայրայեղ միջոցներէն է, բայց ոչ ամենէն ծայրայեղը:

«Արցախի ամբողջական պաշարումը օրէցօր կը յանգեցնէ վատթարագոյն ծայրայեղութեան, ինչը անդառնալի հետեւանքներու պատճառ կը դառնայ», ըսաւ Թովմասեան:

Ասկերանէն Ակնա տանող ճամբան փակուեցաւ խումբ մը հայ ցուցարար երիտասարդներու կողմէ

Խումբ մը երիտասարդներ կրախիճէ արգելապատնէշներով փակեցին Ասկերան-Ակնա ճամբան՝ կտրականապէս մերժելով այդ ճամբով ազրպէյճանական մթերքներու ներածման առաջարկը՝ ըլլայ այդ մարդասիրական օգնութիւն թէ շատ աժան գիներով առեւտուր:

Երիտասարդներ փակած են Ստեփանկերտ-Ակնա ճանապարհը (լուսանկարը՝ Ապարաժի)

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է գործիչ, «Վերնատուն» Երիտասարդական վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Արշակ Աբրահամեան, որ կ’ըսէ. «Մենք յստակ նշած ենք, որ ատիկա մեզի համար կը հանդիսանայ կարմիր գիծ եւ Արցախը ընկերային իմաստով եւ տնտեսապէս իր կապը պէտք է պահէ միայն Մայր Հայաստանի հետ: Մեր հիմնական պահանջներուն մէջ առաջնային կը մնայ Հակարիի կամուրջի վրայ ապօրինի տեղադրուած ազրպէյճանական անցակէտի կազմաքանդումը, իսկ ստեղծուած մարդասիրական աղէտի պայմաններուն մէջ որպէս կարճաժամկէտ եւ հրատապ լուծում կը պահանջենք մարդասիրական օդային միջանցքի տրամադրումը»։

Ասոր զուգահեռ, Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց ընկերային ցանցերու վրայ տարածուող տեղեկութիւնը, իբր թէ Ակնայէն` (Աղդամ) Ասկերան քաղաքով, ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ, Կարմիր Խաչի աշխատակիցները մարդասիրական օգնութիւն կը տեղափոխեն:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ ընդունելով Ռուսիոյ նոր դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը՝ անդրադարձաւ այս նիւթին եւ դարձեալ առաջարկեց Աղդամի ճամբան օգտագործել արցախահայերուն օգնութիւն մատակարարելու։ «Կը կրկնենք՝ Ազրպէյճանի հայ բնակիչներու պահանջներու բաւարարման համար Աղդամ-Խանքենդի ճամբու օգտագործման առաջարկը, զոր կատարած էինք անցած շաբաթ», ըսաւ ան։

Քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը: Պայրամով շեշտեց, որ «Լաչինի անցակէտի տեղադրումը Ազրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքն է եւ նպատակ ունի հակաօրինական գործունէութիւններ կանխարգիլելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու»:  

ՄԻԵԴ-ը դարձեալ պարտադրեց Ազրպէյճանին` ապահովելու ծանր հիւանդներու փոխադրութիւնը Լաչինի միջանցքով

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) դարձեալ պարտաւորեցուց Ազրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցներու` ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճամբան անապաստան մնացած կամ ապրուստի միջոցներու կարիք ունեցող անձերու ապահով տեղափոխութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Միջագային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչին գրասենեակը, ըստ որուն, դատարանը այս ձեւով վերահաստատեց  21 դեկտեմբեր 2022-ին տուած որոշումը` ուսումնասիրելով Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու գծով Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրարկելու Հայաստանի պահանջը: Որոշումը պէտք է պարտադիր կատարուի Ազրպէյճանի կողմէ:

«Գանատան հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման աջակցման»․ Մելանի Ժոլի

Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին թուիթըրեան էջին միջոցով յայտարարած է, որ Գանատան մաս պիտի կազմէ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեանը։ 

Ան մասնաւորապէս գրած է. «Գանատան հաւատարիմ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման աջակցման եւ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան ապահովմանը: Նոյն այդ պատճառով ալ մենք մեծցուցած ենք մեր ներկայացուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Այժմ մենք կը յայտարարենք, որ Գանատան պիտի մասնակցի Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան»:

Թշնամին պարբերաբար կը կրակ է գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող բնակիչներու ուղղութեամբ

Ինը տարի առաջ` 20 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Ճարտար համայնքին քաղաքի կարգավիճակ տրուած է: Հերոսական բնակավայրը կը շարունակէ  կանգուն մնալ հերոս զաւակներու նուիրումին շնորհիւ:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ ըսած է Ճարտարի քաղաքապետ Վլադիկ Յովհաննիսեանն եւ աւելցուցած, որ, Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, օրուան խորհրդով տօնական միջոցառումներ պիտի չկազմակերպեն:

Մարտունիի Ճարտար քաղաքէն պատկեր մը

«Անկախ բոլոր դժուարութիւններէն ու փորձութիւններէն` բնակիչները կը շարունակեն արարել հայրենի բնակավայրին մէջ: Այս շրջանին հունքի շրջան է: Վարելահողերուն մեծ մասը պատերազմէն ետք մնացած է թշնամիի տիրապետութեան տակ: Եղած դաշտերուն մէջ աշխատիլն ալ  դժուարացած է, քանի որ թշնամիին դիրքերէն կը կրակեն գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ: Ունինք խաղողի այգիներ, որոնց մէկ մասը հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ մշակած ենք», նշած է քաղաքապետը:

Մեկնարկած են ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները

Մարտունիի մէջ 17 յուլիսին մեկնարկեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած պատանեկան բակային ճամբարը։

ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը Մարտունի քաղաքի երիտասարդական կեանքը աշխուժացնելու համար Մարտունիի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կը նախաձեռնէ տարբեր միջոցառումներ:

19 յուլիսի երեկոյեան, պատանի հանդիսատեսի համար կազմակերպուած էր բացօթեայ ծաղրանկարներու (cartoon) դիտում: Ցուցադրուած են մայիսեան հերոսամարտերու եւ «Անահիտ» հեքիաթի մասին պատմող ֆիլմեր, որուն յաջորդած են ազգային երգն ու պարը:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահագն Խաչատրեան կը նշէ, պատանիներու առօրեան շատ յագեցած է, հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն:

 «Ճամբարը ծրագրուած էր նախքան Արցախի լիակատար շրջափակումը: Այդ շրջափակումը ալ աւելի սրեց առկայ իրավիճակն ու բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ կանգնեցուց մեզ: Դժուարութիւնները սակայն պատճառ չհանդիսացան, որ մենք ետ կանգնենք մեր ծրագիրէն։ Մեր նպատակ ունինք այս պայմաններու մէջ պատանիներու համար ապահովել աշխուժ ու ուրախ առօրեայ` յագեցած նոր գիտելիքներով, ժամանցային, մշակութային ու մարզական ծրագիրներով, ցրուել անոնց բացասական մտքերն ու մտածումները», «Ապարաժ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսաւ Խաչատրեան:

Ճամբարը ՀՅԴ Երիտասարդականի համար աւանդական է: Անոնք կը կազմակերպուէին մինչեւ պատերազմը, եւ՛ պատերազմէն ետք: Պատերազմէն ետք կազմակերպուած են 12 ճամբարներ` Արցախի տարբեր համայնքներու մէջ, որուն մասնակցած են շուրջ 1500 պատանիներ:

Ճամբարը կը սկսի առաւօտեան ժամը 08:00-էն միչեւ 14:00-ը: Ըստ Վ․ Խաչատրեանի` ճամբարը սպասուածէն աւելի հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ է: