«Հայաքուէ». (նախկին) թորոնթոհայու մը մտորումները


Կարէն Մկրտիչեան

Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հայութիւնը կ’ապրի օրհասական օրեր. Արցախը արդէն եօթ ամիսէ ի վեր պաշարման մէջ է ու գոյաբանական պայքար կը մղէ թշնամու դէմ։ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռքերը լուացած են Արցախէն ու կը պատրաստուին ամրապնդել մեր թուացեալ պարտեալի կարգավիճակը, շտապելով ստորագրելու «խաղաղութեան պայմանագիր» մը։ Այս բոլորին առջեւ՝ սփիւռքի հայութիւնը հիասթափուած է, շուարած, կարծես ինքն իր մէջ ամփոփուելու հակուած։ Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային մտածողութեան տէր հանրութիւնը կը զգայ անզօր ու յուսալքուած։ Այս ենթապատկերին առջեւ, «Հայաքուէ» («Հայաքվէ») նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ եզակի առիթ մը՝ վերալիցքաւորելու ազգային շարժումը ու միաւորելու ազգային հանրութիւնը։

Շարժումի իրաւական նպատակը օրինագիծի մը ընդունումն է, որ պիտի քրէականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ պաշտօնեայի կողմէն Արցախը այլ պետութեան մաս կազմելու կոչ եւ արարք կամ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան նսեմացման նպաստող կեցուածք։ Այս իմաստով, նախաձեռնութեան իրաւական նպատակը ինքնին արժէքաւոր է, որովհետեւ սոյն օրինագիծի ընդունումը պիտի դժուարացնէ վերոյիշեալ դիրքորոշումներու արտայայտութիւնը հայ պաշտօնեաներու կողմէ։

Ոմանք, սակայն, իրաւացիօրէն կը հարցադրեն նախաձեռնութեան իրաւական նպատակի իմաստը։ Անոնց համար յստակ է, որ Ազգային ժողովի ՔՊ-ական (Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւն) մեծամասնութիւնը ամէն խոչընդոտ պիտի ստեղծէ արգելակելու համար օրինագիծի ընդունումը։ Ուրիշներու համար, տրուած ըլլալով Արցախի իրավիճակի օրհասական բնոյթը, այսպիսի նախաձեռնութիւն մը անտեղի է, որովհետեւ կտրուկ լուծումներ չ’առաջարկեր։ Այսպիսի մօտեցումները սակայն, մեզ պէտք չէ շեղեն «Հայաքուէ»-ին աջակցելէն, որովհետեւ այս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնն ու իմաստը շատ աւելին են, քան զուտ առաջադրուած իրաւական գործընթացը։

«Հայաքուէ»-ի ուժը կը կայանայ երկու հիմնական ազդակներու մէջ․

2021-ի համապետական ընտրութիւններու ընթացքին, իշխող ՔՊ կուսակցութիւնը, իր նախընտրական ծրագրով յանձնառութիւն կը ստանձնէր հետամուտ ըլլալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքի հիման վրայ։ Վերընտրուելէն յետոյ, փաստօրէն խաբելով զինք ընտրողները, իշխանութիւնը արդէն կը սկսէր «նշաձողը իջեցնելու», Արցախը Ազրպէյճանի որպէս մաս ճանչնալու գործընթաց։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ողջ հայ ժողովուրդը յուզող համազգային հարց է, եւ այս իշխանութիւնը չունի այդ մասով որոշում կայացնելու որեւէ լիազօրութիւն։ ՔՊ-ի կեցուածքը չի ներկայացներ հայ ժողովուրդի խօսքը, եւ «Հայաքուէ»-ն կու գայ այդ իրողութիւնը ամրագրելու, օգտագործելով ժողովրդավարական յատուկ գործառոյթ։ Այս նախաձեռնութեան սատարելով, մենք յստակ ուղերձ է որ կը յղենք արտաքին ուժերուն, որ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի վերաբերեալ տրուած որեւէ որոշում առ ոչինչ է, եւ որ հայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը պատրաստ է պաշտպան կանգնելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին։

«Հայաքուէ»-ն նաեւ կը հանդիսանայ հայութիւնը Արցախի պաշտպանութեան գաղափարի շուրջ համախմբելու եզակի հարթակը։ Նախաձեռնութիւնը քաղաքացիական բնոյթ ունի, որ կարեւոր դրական ազդակ է «քաղաքականութեամբ զբաղուիլ չուզող» լայն զանգուածներու համար։ Նախաձեռնող խումբի անդամներու մեծամասնութիւնը ազնիւ, երիտասարդ, հայրենիքին նուիրուած, լաւ կազմակերպուած գործիչներ են, որոնք չեն կապակցուած անցեալի որոշ բացասական երեւոյթներու հետ, եւ հետեւաբար շատ աւելի նուազ խոցելի են իշխանական «նախկին-ներկայ» քարոզչական կեղծ արշաւներու դիմաց։ Յանձինս Բագրատ արք.  Գալստանեան սրբազանի մասնակցութեան, Հայ առաքելական եկեղեցին յստակօրէն կ’աջակցի նախաձեռնութեանը։ Նոյնինքն իշխանութեան անցեալին մաս կազմած գործիչներ, պաշտօնեաներ, փոխնախարարներ, անդրադառնալով այս խմբակի ազգադաւ մտադրութիւններուն, գործնական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն «Հայաքուէ»-ին։ Արցախի ժողովուրդը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներու յայտարարութեան միջոցով, արդէն բարձրաձայնած է նախաձեռնութեան իր աջակցութեան մասին։ Այսպիսով, «Հայաքուէ» նախաձեռնութիւնը ունի այն բոլոր նախադրեալները, դառնալու առանցք՝ Արցախի պաշտպանութեան գաղափարի շուրջ համազգային միաւորման։

Արտաքին ուժերն ու իրենց Հայաստանեան կամակատարները մեզ կը փորձեն համոզել, որ մենք անզօր ենք, որ մենք տկար ենք, որ մենք դասալիքներ ենք, որ մենք պէտք է համակերպուինք մեր պարտութեան հետ ու մոռնանք Արցախն ու Արարատը, որ մենք պէտք է հրաժարինք Ցեղասպանութեան արդար պահանջատիրութենէն, որ մենք պարտինք փոխել մեր ինքնութիւնը։

Մայիս 1918-ին, մեր ազգի համար ամենէն օրհասական օրերուն, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէոորգ Ե. Սուրենեանցը հետեւեալ կոչը կ’ուղղէր հայ ժողովրդին․

«Թուրքը, կոտորած ու աւեր փռելով գալիս է, եւ մեր զօրապետներն էլ այլ ելք չեն գտնում այդ աղէտից, քան հայոց հայրապետին փախուստի մղել: Նրանք ինձ առաջարկում են ոսոխի բերանին թողնել Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը՝ մեր սրբարանը, հայ ժողովրդի վերջին կտորը։

Ո՛չ եւ ո՛չ: Հազար անգամ ո՛չ: Ես չեմ լքի մեր սուրբ նախնիներից աւանդ մնացած Մայր աթոռը: Եթէ հայ ժողովուրդը չի կարող թշնամու առաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չէ փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա ես ինքս սուր կը վերցնեմ եւ կ’ընկնեմ Մայր տաճարի գաւիթում, բայց չեմ հեռանայ պապերից աւանդ մնացած Սուրբ աթոռից»:

1918-ին, Սուրենեանցի կոչն ու Արամ Մանուկեանի կամքը կասեցուցին հայ ազգի ոչնչացման ընթացքն ու մեկնարկ տուին հայութեան վերածնունդին։ Արդէն ժամանակն է, որ մենք եւս միասնաբար թօթափենք պարտութեան ու անզօրութեան լուծը, ազգովին համախմբուինք ու «Հայաքուէ»-ի միջոցով ըսենք մեր անսասան «Ո՛Չ»ը մեզ ոչնչացման տանող ծրագիրներուն ու արտայայտենք մեր հաւաքական կամքը՝ ի պաշտպանութիւն հերոսական Արցախի, յանուն Հայաստանի ու հայութեան վերածնունդին։