Ազրպէյճան կ’արգիլէ մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող մեքենաներուն մուտքն Արցախ


Արդէն երրորդ օրն է, որ Ազրպէյճան չ’արտօներ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը մտնէ Արցախ

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, լիակատար պաշարման մէջ գտնուող Արցախ ուղարկուող օգնութիւնը, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, պիտի տեղափոխուէր ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով:

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրված դիւանագիտական խումբի և միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները 28 յուլիսին այցելեցին Սիւնիքի մարզի Կոռնիձոր բնակավայր՝ Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, ուր կանգնած են մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող բեռնատարները։ Անոնք հեռուէն սահմանի մշդադիտարկում իրականացուցած են։

Օտարերկրայ դիւանագիտական ներկայացուցիչները կ’այցելեն Արցախի սահման (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մարդասիրական բեռներու մուտքը թոյլ չտալը Ազրպէյճանի կողմէ լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութեան մտադրութիւն որակեց, ինչին յաջորդեց Պաքուի արձագանգը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդեց, որ «եթէ հայկական կողմը կ’աջակցի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեանն ու ինքնիշխանութեանը ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով, ապա պէտք է խուսափի սադրիչ քայլերէ, աջակցի ազրպէյճանական կողմի առաջարկած Աղդամ-Ստեփանակերտ եւ միւս այլընտրանքային ճանապարհներուն»:

Արցախի ազգային Ժողովը կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ին՝ Ճանչնալու «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը»

Արցախի Ազգային ժողովը ուղերձով մը դիմեց ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն` «կոչ ընելով ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութիւնը»: Իր ուղերձին մէջ Արցախի ազգային ժողովը յղում կը կատարէ շարք մը փաստաթուղթերու եւ սկզբունքներու, որոնց կարգին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, 2 Սեպտեմբեր 1991-ի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին« հռչակագիրին:

«Անհերքելի է, որ կան ճանաչման համար բոլոր անհրաժեշտ հիմքերը: Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութիւնն իր ինքնորոշման իրաւունքն իրականացուցած է` չխաթարելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, չխախտելով ԽՍՀՄ սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթները», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի շէնքը

Կը նշուի նաեւ, որ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ ԼՂ (Արցախի) ճանաչումը ժողովուրդին համար պիտի դառնայ ապահովութեան վստահելի երաշխիք, պիտի նպաստէ իր պատմական հայրենիքին մէջ  բնականոն կենսագործունէութեան համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, երկարաժամկէտ եւ հաստատուն խաղաղութեան ապահովման:

«Խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է` ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ», կոչ կ’ուղղէ Արցախի Ազգային ժողովը:

Արցախի եւ Հայաստանի մէջ` համաժողովրդական հանրահաւաքներ

25 Յուլիսի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ, պետական քայլերգով նոյն ժամուն սկսան համաժողովրդական հանրահաւաքներ՝ Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով: 

Ստեփանակերտի հանրահաւաքը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Ստեփանակերտի հանրահաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Ներսիսեան իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայաստանէն կը պահանջենք հրաժարիլ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու մտայղացումէն եւ յարաբերութիւններու քաղաքական կարգաւորման նման մօտեցումէն։ Այդ մօտեցումը ունակ չէ ապահովելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի արժանապատիւ գոյութիւնը, աւելին` ատիկա չի կրնար երաշխաւորել նոյնիսկ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի (լծակից զոյգի) խնդիրը ոչ թէ Արցախն է, այլ ողջ հայ ժողովուրդն ու ազգային պետականութիւնը»:

Ստեփանակերտի մէջ անընդունելի նկատեցին Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին հնչող յայտարարութիւնները:

Ներսիսեան շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը կրնայ որոշել միայն Արցախի ժողովուրդը: «Որեւէ մէկը լիազօրուած չէ մեր անունէն որոշելու մեր ապագան, իսկ Արցախի ժողովուրդը, Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդը պատրաստ է ստանձնելու իր բաժին պատասխանատուութիւնն այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ»։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսաուղերձը: «Մենք, իբրեւ Մեծի տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութիւն, մեր միաբանութեամբ, թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով ձեր հետ ենք, Արցախ, ձեր հետ է ամբողջ Սփիւռքը։ Քաջ գիտենք, որ Արցախը կ’ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամենաճակատագրական պահը։ Այս կացութեան դիմաց մենք բոլորս պէտք է մեր հաւատքը եւ կամքը աւելի ամրապնդենք, եւ Արցախի ապագային հանդէպ մեր տեսլականը պահենք պայծառ։ Անցեալին Արցախը մերն էր, այսօր մերն է, եւ միշտ պէտք է մնայ Արցախի ժողովուրդինը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը պատմութեան ողջ ընթացքին եղած է Արցախի մէջ եւ իր քրտինքը միախառնած է Արցախի հողին։ Արցախի հողին մէջ մեր ժողովուրդին արժէքներն են, սրբութիւններն ու աւանդութիւնները։ Նայեցէք պատմութեան՝ Արցախը միշտ եղած է ինքնավար, արցախցիները եկուոր չեն, ծնունդն են Արցախի», ըսաւ Արամ Ա.։

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ զուգահեռ տեղի ունեցած հանրահաւաքները աւարտեցան երթով՝ համապատասխանաբար դէպի Եռաբլուր եւ Յուշահամալիր-զինուորական պանթէոն:

Հանրահաւաքներու համակարգողները յայտարարեցին, որ երթերուն նպատակը հայրենիքին ազատութեան ու պաշտպանութեան համար հերոսացած զինուորներուն յիշատակի առջեւ խոնարհելով` հաւատարմութիւն յայտնելն է այն գաղափարին, որուն համար անոնք զոհեցին իրենց կեանքը` երդուելով, որ պիտի շարունակեն անոնց գործը:

Արցախի ամբողջ տարածքին հանրային փոխադրութիւնը կը դադրի

Արցախի ամբողջ տարածքին, 25 յուլիսէն սկսեալ, հանրային փոխադրութեան գործունէութիւնը ամբողջութեամբ կը դադրի, յայտնեց Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը` նշելով, որ նոյնիսկ վառելանիւթի սուղ պաշարները սպառած են։

«Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էինք` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը շրջափակելու հետեւանքով յառաջացած վառելիքի գերսղութեան պայմաններուն մէջ 18 յուլիսէն հանրային փոխադրութիւնը Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կաթուածահար վիճակի մէջ է, սակայն կը պահպանուէին միջշրջանային երթուղիները: Այս պահին վառելիքի սուղ պաշարները եւս սպառած են եւ 25 յուլիսէն հանրապետութեան ողջ տարածքին հանրային փոխադրութեան աշխատանքը լրիւօրէն դադրած է», կ’ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Ստեփանակերտի հանրակառքերը կը դադրին աշխատելէ՝ վառելիքի չգոյութեան պատճառով

Աւելի կանուխ, Ստեփանակերտի փոխադրամիջոցները դադրեցան գործելէ, սակայն շրջաններուն հետ կապը տակաւին կը մնար: Սակայն, այս նոր կացութեան լոյսին տակ, գիւղերուն մէջ աճեցուած լուբիան եւ գետնախնձորը եւս քաղաք պիտի չհասնին:

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի մէջ հիմա միայն հաց կը վաճառեն, այդ ալ՝ սահմանափակ քանակութեամբ: Արցախ նաեւ ոռոգման եւ ըմպելու ջուրի հարց ունի. աղբահանութիւնը` մաքրութեամբ յայտնի Ստեփանակերտի մէջ չի կատարուիր. կազ չկայ, իսկ ելեկտրականութիւնը հովհարային անջատումներով կը տրուի եւ մանկապարտէզները փակման եզրին են:

Ստեփանակերտի մանկական հիւանդանոցին մէջ, բարդ հիւանդութիւններով փոքրիկներ կան: Վերակենդանացման բաժանմունքի ղեկավարը ըսաւ, որ ծնողները դժուարութեամբ վառելանիւթ կը գտնեն շրջաններէն իրենց զաւակները հիւանդանոց հասցնելու: Հիւանդանոցները ամէն ճիգ կ’ընեն բուժելու մանուկները, սակայն անհրաժեշտ դեղերը եւ սարքերը չունին։

Ազրպէյճանցիները Հակարիի անցակէտին մէջ բժշկական անձնակազմ տեղադրած են

225 օրերէ ի վեր, Արցախը պաշարման մէջ է. 15 Յունիսէն սկսեալ, Հակարիի ազրպէյճանական անցակէտը փակ է նոյնիսկ մարդասիրական բեռներու դիմաց: Միայն Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներուն երբեմն թոյլտուութիւն կը տրուի անցնիլ եւ ծանր հիւանդները Երեւանի հիւանդանոցները տեղափոխել:

Ազրպէյճանցիները Հակարիի անցակէտին մէջ հիմա ալ բժշկական անձնակազմ տեղակայած է, ազրպէյճանցի բժիշկները պէտք է զննեն տեղափոխուող հիւանդները։

Հակարիի կամուրջի վրայ տեղադրուած ազրպէյճանական անցակէտը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ատրպէյճանցիները համոզած են, որ բժշկական քննութիւնը գոնէ տեսախցիկներուն դիմաց չըլլայ։ «Ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդ կայ, որուն Հայաստանի Հանրապետութիւն Կարմիր խաչը կը տեղափոխէ նստած, զանոնք կ’իջեցնեն, եւ ազրպէյճանցիները կ’ըսեն` պիտի բժշկական հետազօտութեան ենթարկենք, նոյնիկս, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, այդ բժշկական հետազօտութիւնը պիտի զուգորդուի անձի մերկացումով, լրացուցիչ հետազօտութիւններով: Կարմիր Խաչին այսօր յաջողածլ էձեւով մը համոզել, որ գոնէ այդ գործընթացը տեսախցիկներու առաջ չկատարուի», յայտնեց ան։

«Հակառակ յամառ ջանքերուն, մենք չենք կրնար Լաչինի միջանցքով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել խաղաղ բնակչութեան» կ’ըսէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն

Հակառակ յամառ ջանքերուն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ներկայիս չի կրնար Լաչինի միջանցքով կամ որեւէ այլ ճամբով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել խաղաղ բնակչութեան, կը նշուի կազմակերպութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ’ուղղէ համապատասխան որոշումներ տուողներուն` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին արտօնելու վերսկսիլ այդ տարածքին մէջ իր հիմնական մարդասիրական գործողութիւնները:

Կը նշուի, որ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կ’ապաւինին նշուած երթուղիներով իրենց հասնող մարդասիրական օգնութեան:

«Քաղաքային բնակչութիւնը ներկայիս կը բախի դեղերու եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու, ինչպիսիք են առողջապահութեան միջոցներու եւ մանկական սնունդի բացի: Պտուղները, բանջարեղէնը եւ հացը հետզհետէ սակաւ եւ սուղ կը դառնան, մինչդեռ որոշ այլ մթերքներ, ինչպիսիք են կաթնամթերքը, արեւածաղիկի ձէթը, հացահատիկները, ձուկը եւ հաւը անհասանելի են: Վերջին անգամ քանի մը շաբաթ առաջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին արտօնուած է բժշկական պարագաներ եւ հիմնական սննդամթերք բերել տարածք», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց, որ «շրջանին մէջ լարուած մարդասիրական կացութեան մասին պնդումները քաղաքական շահագործումի եւ ճնշման միջոց են, եւ նախարարութիւնը ի գիտութիւն ընդունած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի յայտարարութիւնը:

Աղդամի ճամբան Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք չէ. Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց, որ Աղդամի ճամբան պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք։

Ըստ «Ազատութեան», 26 Յուլիսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ Պորել շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս մտահոգ է «նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակչութեան ապրած լուրջ մարդասիրական իրավիճակով»։

Ճոզեփ Պորել

«Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խոչընդոտը կը շարունակուի առաւել քան եօթը ամիսներէ ի վեր՝ հակառակ զայն բանալու մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամանին», կը նշուի յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ լուսարձակի տակ կ’առնուի բժշկական պարագաներու եւ առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող ապրանքներու բաւարար չըլլալը կամ արդէն սպառած ըլլալը, ինչ որ սարսափելի անդրադարձ պիտի ունենայ տեղւոյն բնակչութեան համար։ «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ երաշխաւորել Լաչինի միջանցքի երկայնքով ապահովութիւնը եւ ազատ երթեւեկը, եւ չարտօնել ճգնաժամի հետագայ սրումը», կ’ընդգծէ Պորել՝ շարունակելով. «Մենք ի գիտութիւն ընդունեցինք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած պատրաստակամութիւնը՝ ապրանքներ մատակարարելու նաեւ Աղդամ քաղաքի ճամբով։ Ասիկա պէտք չէ նկատուի իբրեւ Լաչինի միջանցքի վերաբացման այլընտրանք»։

Պորել նաեւ կ’ընդգծէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի տարածաշրջանին մէջ գործունէութիւնը լրջօրէն տուժած է, եւ կոչ կ’ուղղէ՝ վերսկսելու զայն՝ ներառեալ հիւանդներու տեղափոխումը եւ մարդասիրական մատակարարումները։

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան՝ նշելով, որ անիկա ափսոսաք կը պատճառէ։

«Պաքու բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ բանակցութիւններուն աջակցութիւնը։ Սակայն, ափսոսանք կը յառաջացնէ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ 26 Յուլիսի յայտարարութեան մէջ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ճոզեփ Պորելի մօտեցումը, որ հիմնուած է հայկական կողմի կեղծ քարոզչութեան եւ քաղաքական շահարկումներուն վրայ», ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ։

Ան կը պնդէ, որ Պաքու սխալ կը համարէ «աչք փակել 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը վտանգող հայկական զինեալ ուժերու ոչ-ամբողջական հեռացման, Ազրպէյճանի տարածքը ականներու եւ զինամթերքի տեղափոխութեան, Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի բնական պաշարներու դուրս բերման վրայ»։

«Ազրպէյճանի օրինական գործողութիւնները իբրեւ Լաչինի ճամբու փակում ներկայացնելը սկզբունքօրէն սխալ է», կը պնդէ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճան մեծ քանակութեամբ բեռներու փոխադրութեան, Ազրպէյճան առաջարկած է օգտուիլ «Աղդամ-Խանքենդի» եւ այլընտրանքային ուղիներէ՝ նկատի ունենալով Հայաստանէն բխող սպառնալիքները։ Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի այս առաջարկին կ՛աջակցին միջազգային գործընկերները, ներառեալ Եւրոպական Միութիւնը եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն, Հայաստանի եւ իբրեւ հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներ ներկայացողներու կողմէ ճամբաները փակելով բեռներու փոխադրութիւնը խոչընդոտելը եւ արգիլելը յստակ ապացոյց է, որ «լարուած մարդասիրական իրավիճակ»ի մասին շահարկումները ոչինչ են, եթէ ոչ՝ քաղաքական շահարկում»։

«Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան ռուսական կողմի տեսլականը հաւասարակշռուած չէ». Ստեփանակերտ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տարածած յայտարարութեան միջոցաւ յայտնեց, որ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան ռուսական կողմին առաջարկած տեսլականը հաւասարակշռուած չէ։

«Պնդումը, թէ անհրաժեշտ է վարել երկխօսութիւն` համաձայնեցնելու միջազգային պարտաւորութիւններէն, ներառեալ` ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման մասին համաձայնագիրներէ բխող իրաւունքները, կ’արտացոլէ միայն մէկ կողմին` Ազրպէյճանի տեսակէտը: Նման մօտեցումը կը կանխորոշէ հնարաւոր երկխօսութեան արդիւնքը եւ ատով իսկ կը խաթարէ եւ կ’արժեզրկէ անոր իմաստը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ այն պնդումը, թէ Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութիւնը ազգային փոքրամասնութեան իրաւունքներու ապահովման հարց է, կեղծ խօսոյթ է, որ յառաջ կը տարուի Ազրպէյճանի կողմէ։ Յիշեցնելով, որ Ազրպէյճանը չի գործադրեր եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի որոշումները, Ստեփանակերտէն կը յայտարարեն, որ որեւէ պնդում, թէ Ազրպէյճան յօժար կամքով կը պահպանէ կարգ մը գործիքակազմեր, ամբողջութեամբ հիմնազուրկ է:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ հանդիման արդիւնքները՝ յայտարարած էր, որ հայկական կողմին մօտ կայ է այն ըմբռնումը, որ անհրաժեշտ է համոզել Լեռնային Ղարաբաղի հայերը` շուտափոյթ կերպով հանդիպումներ ունենելու ազրպէյճանցի ներկայացուցիչներու հետ` համաձայնեցնելու համար այն իրաւունքները, որոնք կը բխին համապատասխան օրէնսդրութենէն, միջազգային պարտաւորութիւններէն (տուեալ պարագայի` Ազրպէյճանի ստանձնած)` ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման մասին բազմաթիւ միջազգային համաձայնագիրներ։

Ստեփանակերտ խստօրէն կը յորդորէ միջազգային դերակատարները՝ Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ առաջնորդուիլ բացառապէս միջազգային իրաւունքի սկզբունքներով եւ «մարդոց շահերով, որոնք արդէն շուրջ 8 ամիսէ կը գտնուին մարդասիրական աղէտի եզրին եւ ցեղային զտումներու աճող սպառնալիքի տակ»: