Քսանվեցամեայ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի տարեկան եռօրեայ Ամառնային փառատօնը


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

7-8 եւ 9 յուլիս-ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի տարեկան Ամառնային փառատօնը (ACC Summerfest) եւ Հայ կեդրոնի տարածքը դարձեալ ճոխացաւ ամրան փառատօնի երջանկաբեր առիթով։ Միասնութեան ճոխ տրամադրութեան առիթը կրկին ընծայուեցաւ թորոնթհայութեան՝ ապրելու հայկական անզուգական մթնոլորտ մը։

Հայ երիտասարդական կեդրոնի շրջափակէն ներս, վրաններու տակ, երեք օրերու ընթացքին ո՛չ միայն թորոնթոհայութիւնը, այլ՝ Գանատայի այլ շրջաններէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հիւրերը վայելեցին ժրաջան աշխատող անդամներէ բաղկացած՝ փառատօնի յանձնախումբին, անոր ատենապետ Ժագ Դիքճեանի եւ Հայ կեդրոնի կապի՝ Սեւան Հաճիարթինեանի յաջողցուցած բացառիկ ձեռնարկը։

Հայկական մշակոյթը բարձր դիրքի վրայ պահելու եւ զայն նոր սերունդներուն  փոխանցելու առաքելութիւնը ստանձնած փառատօնին հիմնական նպատակներէն էր Հայ կեդրոնի յարկին տակ քաջալերել հայ արուեստագէտները եւ հայ ընտանիքներուն ապահովել ազգային ու մշակութային հայաշունչ խրախճանային մթնոլորտ։

Երեք օրերու ընթացքին հանդիսավարներն էին Արփի Ագըլեանն ու Էմմա Մաթոսեանը, որոնք աշխուժութեամբ եւ խանդավառութեամբ կատարեցին իրենց յանձնուած լուրջ պատասխանատուութիւնը։ Անոնք շնորհակալական խօսք յղեցին ժրաջան յանձնախումբին, հովանաւորներուն, Հայ կեդրոնի Ամառնային փառատօնի տարեկան գրքոյկին տպագրութեանը իրենց ծանուցումներով եւ գովազդներով օժանդակող անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը քաջալերող բոլոր հայրենակիցներուն։ Հանդիսավարները բարի գալուստ  մաղթեցին ներկաներուն եւ  ըսին. «Այս տարուան փառատօնը, ինչպէս անցեալ տարուանը, իր մէջ կը ներառէ նաեւ ազգային բնոյթ: Մեր Հայրենիքը կ’ապրի օրհասական օրեր: Այս փառատօնի ընթացքին, տարբեր նախաձեռնութիւններով պիտի զօրակցինք Արցախի մէջ գոյատեւող մեր հայրենակիցներուն: Երեք օրերու ընթացքին այցելեցէք ԳԵՄ-ի եւ պատանեկանի կրպակը՝ մայր մուտքին մօտ,  եւ ձեր զօրակցական ստորագրութիւնը դրէք «Արցախի հետ՝ Արցախի համար» պաստառին վրայ։ Իսկ կիրակի իրիկուն, բոլորս միասնաբար զօրակցական տեսահոլովակ պիտի նկարահանենք ընկեր Սերոբ Յակոբեանի հետ»։ Անոնք ուրախութեամբ յայտնեցին անակնկալի մը աւետիսը՝ ըսելով, որ շաբաթ 30 սեպտեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին՝ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ մը տեղի պիտի ունենայ՝ կատարողութեամբ յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան ընկեր Գառնիկ Սարգիսեանի»։

Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի հիւրընկալութեամբ, Գանատական քաղաքական գործիչներ ներկայ եղան ձեռնարկին եւ առաջին վայրկեաններուն բեմ բարձրացան  եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ներկաներուն։

Շրջափակէն դուրս տասնեակ սեղաններով օժտուած տօնավաճառ մը տեղադրուած էր, ուր մասնակիցները ցուցադրեցին  իրենց աշխատանքները եւ առեւտուրի առիթ ընծայեցին ներկաներուն։ Աչքառու էին Հայաստանէն ներածուած քաղցրեղէնը, ուտեստեղէնն ու գինին։ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» , Համազգայինի «Գլաձոր» եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղերը իրենց յատկացուած սեղաններուն վրայ ներկայացուցին հայկական ձեռարուեստի գործեր, գիրքեր եւ գեղեցիկ զարդեր ու իրեր։ 

Փառատօնի երեք օրերու ընթացքին ճաշի հովանաւորներն էին՝ Lara’s Restaurant-ն ու Arz Fine Food-ը, որոնք իրենց համեղ ճաշատեսակները մատուցեցին փափաքողներուն։ L’ORO Canada–ին հովանաւորած էր Լottery-ի բաժինը եւ կիրակի օրը ներկաներէն բախտաւորները արժանացան անոր տրամադրած արժէքաւոր եւ թանկագին նուէրներուն։ 

Փառատօնի ճոխ մթնոլորտին կարեւորագոյն բաժիններէն մին յատկացուած էր փոքրիկներուն, որոնք երեք օրերու տեւողութեամբ, խաղավայրի յատուկ բաժինին մէջ, հրճուանքով խաղացին։ 12 տարեկանը չամբողջացուցած փոքրիկներուն մուտքը անվճար էր՝ շնորհիւ 4 մեծ նուիրատուներուն՝ Արմէն Գրիգորեանի գործակալութեան խումբին (Armen Krikorian Team & Big City Realty), IDA Cassandra Pharmacy-ին, TOK Coach Lines-ի եւ Abraham Baboujian KRG insure-ին։ Յատուկ բաժինով մը եւս պզտիկները Հայ երիտասարդական կեդրոնէն ներս` ՀՄԸՄ մարզադաշտին մէջ եւ ՀՄԸՄ-ի խմբապետներուն պատասխանատուութեան ներքոյ տարբեր տեսակի խաղեր,  սահանակներ եւ խաղալու զանազան առիթներ ունեցան։

Կիրակի օր Ժոէլը  իր երգերով խանդավառեց փոքրիկները։  Կար նաեւ դէմքերու վրայ գծագրութեան(face painting), աճպարարի magic show-ն, փուչիկներու եւ այլ ձեւի խաղերով լաւ ժամանակ անցընելու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոնք  petting zoo-ի կենդանիներըմօտէն տեսնելու եւ ուրախանալու առիթ ունեցան։

Հոծ բազմութեան ժամադրավայրը դարձած ամառնային փառատօնը արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատականին։ Զանազան երկիրներէ ու քաղաքներէ ժամանած հայեր իրարու հանդիպելու, համախմբուելու, երգելու, պարելու եւ միասին անմոռանալի պահեր ու յուշեր ապրելու առիթը ունեցան ու վայելեցին սիրուած եւ նշանաւոր հայ երգիչներու բարձրորակ եւ իւրայատուկ կատարումները։

Փառատօնի երաժշտական ճոխ ցանկին մէջ տեղ գրաւեցին զանազան հռչակաւր երաժիշտներ ու երգիչներ։ Ուրբաթ գիշեր անուանի երգիչ Սուրօն եւ մեղմաձայն նշանաւոր երգչուհի Սարինա Քրոսը իրենց ճոխ երգացանկով խանդավառեցին ներկաները։ Շաբաթ գիշեր ներկաները վայելեցին Ամերիկայէն ժամանած նշանաւոր երգիչ Յովսէփ Կոմիտասի իւրայատուկ ոճով երգուած երգերը եւ պուզուքի ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացող Ռոնիոսին խանդավառ երգեցողութիւնը։ Կիրակի օր Ամերիկայէն ժամանած, անկրկնելի եւ անզուգական հայրենի երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի երգերով, ներկաները խանդավառուած երգեցին , պարեցին եւ անմոռանլի պահեր ապրեցան։ 

Հայահոծ  փառատօնը իր լրումին հասաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերու հոգեպարար երգերով, որոնք երգուեցան կուռ ձայնով օժտուած ընկեր Սերոբ Յակոբեանի կատարողութեամբ եւ նուագակցութեամբ՝ երգիչին նուագախումբին։ Բոլոր ներկաները միաբերան կրկնեցին մեր ժողովուրդին հոգիին թռիչք տուող երգերը, Արցախի զօրակցութեան նպատակով երգի տեսերիզ մըն ալ արձանագրեցին եւ իրարու հրաժեշտ տուին՝ յաջորդ տարուան կայանալիք փառատօնին դարձեալ հանդիպելու յոյսով։