Թերսնման մակարդակը շատ բարձր է․ Արցախն այս շաբաթ


«Թերսնման մակարդակը շատ բարձր է արդէն»․ Արտակ Բեգրարեան

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ հացի սուր հարց կայ: Ցորենի պաշարները վերջացած են, եւ այժմ հացահատիկի բերքը կը հաւաքեն եւ կ’աղան: Սակայն շարք մը պատճառներով այս գործընթացը դանդաղած է: Բեգլարեան, սակայն, վստահեցուց, որ հարցը երկու օրէն կը լուծուի:

Հացի եւ կաթնամթերքի հերթ՝ Ստեփանակերտի մէջ (լուսանկարը՝ Արցախի տեղեկատուական շտաբին)

Ըստ անոր՝ բերքահաւաքի աշխատանքները շատ դանդաղ կ’ընթանան չորս հիմնական պատճառներով պայմանաւորուած՝ վառելիքի սղութիւն, երկրորդը պահեստամասերու ու այլ անհրաժեշտ պարագաներու բացակայութիւն, որովհետեւ քարշակները կը վնասուին եւ հնարաւոր չէ սարքել շատ ատեն, երրորդը, ազրպէյճանական կրակոցները այն պարագային, որ քանի մը հազար հա. հացահատիկ միայն ազրպէյճանցիներու հրաձգային միջոցներով կրակոցներու հասանելիութեան տիրոյթին մէջ են, չորրորդը, ոչ բարենպաստ տեղումները։

 «Սովածութեան մակարդակ ալ կայ, հացի առումով, այո, այս քանի օրը ահազանգերը շատ են, որ հաց չեն գտներ, բայց ընդհանուր սնունդի մասով, որ ընդհանրապէս ուտելիք չկայ, չեմ կարծեր, թէ շատ է: Դեռ ինչ-որ բան հնարաւոր է գտնել, մարդիկ ուղղակի ձեւով մը այնպէս կ’ընեն, որ սոված չըլլան, ամբողջապէս սոված չըլլան եւ թերսնուցման մակարդակը շատ բարձր է արդէն: Այսինքն` չենք կրնար ըսել, որ քանի մը օրուան մէջ սովամահութեան դէպքեր պիտի ըլլան, եթէ ինչ-որ սուր իրավիճակներ չըլլան, բացառիկ դէպքեր: Բայց կրնանք ըսել, որ կարճ ժամանակի մէջ արդէն բացարձակ սոված մարդիկ ալ պիտի ըլլան, որ ամբողջական օր կրնան ուտելիք ալ չունենան», ընդգծեց Բեգլարեան:

Երկու արցախցիներ առեւանգուեցան ազերիներու կողմէ 

29 Յուլիսին, բուժման նպատակով Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող հիւանդներէն Արցախի 68-ամեայ քաղաքացի Վագիֆ Խաչատրեան Հակարիի անցակէտին վրայ ազրպէյճանցիներու կողմէ արգելանքի տակ առնուեցաւ եւ տարուեցաւ անյայտ ուղղութեանբ: 

Խաչատրեան Երեւան կը փոխադրուէր հրատապ վիրահատութեան համար: Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցի սրտաբանը անոր վիճակը շատ վատ նկատեց՝ աւելցնելով, որ Արցախի մէջ անոր բուժումը կարելի չէր: 

Առեւանգուած Ռաշիդ Բեգլարեանն եւ Վագիֆ Խաչատրեանը

Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն աւելի ուշ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Բերձորի միջանցքով 15 հիւանդներ տեղափոխելու ընթացքին անոնցմէ մէկը «ձերբակալուած է»՝ առանց մանրամասնութիւն յայտնելու, նշելով, որ Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդասիրական լիազօրութեան ծիրին մէջ, Բերձորի միջանցքով շուրջ 680 հիւանդներ տեղափոխուած են։

31 Յուլիսին, Կարմիր Խաչի գրասենեակէն յայտնեցին, որ Վագիֆ Խաչատրեան այժմ կը գտնուի Պաքուի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Ժամեր անց Պաքուն հաղորդեց, որ ազրպէյճանցի իրաւապահները ձերբակալած եւ Պաքու տեղափոխած են Հայաստան բուժման համար գացող տղամարդը: Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ «անոր նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է» 2013-ին, զայն ձերբակալելելու որոշում տրուած էր, իսկ նոյն թուականին «միջազգային հետախուզում յայտարարուած էր»:

Մէկ այլ արցախցի՝ Ռաշիդ Բեգլարեանը, Հայաստան մէկնելու ժամանակ, առեւանգուած է ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, յայտնեց Արցախի դախատազութիւնը

Ըստ դատախազութեան հաղորդագրութեան, 1 օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի բնակիչ Ռաշիդ Բեգլարեանը Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղէն ոտքով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքի Հակարիի կամուրջին հսկիչ- անձնագրային կէտը շրջանցելով` Հայաստան երթալու ճանապարհին, Ազրպէյճանի անյայտ զինծառայողներու կողմէ իր կամքին հակառակ, բռնութեան գործադրելով գաղտնի առեւանգուած է։

Գանատա կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին՝ դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի փակումը

Գանատա կոչ կ’ուղղէ Ազրպէյճանին՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը ու ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով:

«Գանատա մտահոգ է Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումով: Ազրպէյճանին կոչ կ’ուղղենք՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը եւ արտօնելու մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տարանցումը Լաչինի միջանցքով, բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք՝ շարունակելու խաղաղ երկխօսութիւնը», կ’ըսուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի գրառման մէջ:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները Կոռնիձոր այցելեցին

 ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները 3 օգոստոսին այցելեցին Կոռնիձոր, ուր արդէն 10 օրերէ ի վեր, անշարժ կանգնած է Հայաստանի կառավարութեան Արցախ ուղարկելիք մարդասիրական բեռներով բեռնատարներու շարասիւնը:

Հայաստանի մօտ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի պաշտօնակատար Նաննա Սքաու ուղիղ պատասխան չտուաւ այն հարցումին, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ ՄԱԿ-ը, որպէսզի այդ բեռը տեղ հասնի, ան միայն յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւնը դրական արդիւնք կու տայ:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները Կոռնիձոր այցելեցին

Աւելի կանուխ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժին վերաբերեալ շարունակական մարտահրաւէրներուն մասին հաղորդումներով: Ան վերահաստատեց իր յայտարարութիւնները Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները կատարելու՝ Լաչինի միջանցքով անարգել տեղաշարժը ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին:

 Կիւթիերեշի բանբերը, առանց նշելու Լեռնային Ղարաբաղ տեղանունը՝ յայտնեց, որ քարտուղարը յատկապէս մտահոգ է տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հաղորդումներով եւ կոչ ուղղեց շտապ քայլերու ձեռնարկելու՝ դիւրացնելու կարիքաւոր մարդոց մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:

Կոռնիձոր այցելեցին մարդասիրական եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղուող միջազգային կազմակերպութիւններ

Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող մարդասիրական եւ երեխաներու պաշտպանութեան իրաւունքներով զբաղուող եւ ծառայութիւններ մատուցող շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ 4 օգոստոսին այցելցին Կոռնիձորի սահմանային հատուած։ Հայաստանի ուղարկած 361 թոն  օգնութեամբ 19 բեռնատարները, ինչպէս նաեւ «Գրանդ Քէնդի» ընկերութեան` քաղցրաւենիքով բեռնուած 2 բեռնատարները կը շարունակեն կանգնած մնալ Կոռնիձորի սահմանային հատուածին մէջ, քանի որ Ազրպէյճանը կ’արգիլէ անոնց մուտքը Արցախ:

Մարդասիրական եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղուող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու այցը Կոռնիձոր

Երեխաներու պաշտպանութեան ցանցի նախագահ Քնարիկ Գարամֆիլեանը լրագրողներուն նշեց, որ  խիստ մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակով` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կը համարեն ցեղասպանութեան արարք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ:  

«Սա կը համարենք ցեղասպանութեան ակտ: Յատկապէս մեր մտահոգութեան առարկան են 30 հազար երեխաները, որոնք կ’ապրին Արցախի մէջ եւ այս պահուն զրկուած են սնունդէն, դեղորայքէն: Ընտանիքները բաժնուած են: Ոտնահարուած են երեխաներու բոլոր իրաւունքները, եւ մեր ակնկալիքն է, որ այս հարցը շուտափոյթ լուծում ստանայ, ու միջոցներ ձեռնարկուին միջանցքը բանալու համար», «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝ ըսաւ ան:  

«Կը շարունակենք քալել Արցախի Եւ Արցախի Ժողովուրդի պահպանութեան ընտրուած ճամբով». Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան

Ազրպէյճանական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի մէջ օրէ օր աւելցող խնդիրներն ու անոնց հետեւանքները որոշակիօրէն մեղմացնելու համար պետութեան կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր կարելի միջոցները, յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան:

Ներսիսեան Դիմատետրի մէջ գրած է, որ միաժամանակ առկայ են նաեւ իրավիճակներ, որոնք յաղթահարելու համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան

«Կանգնելով ընկերային լրջագոյն խնդիրներու առջեւ, մտահոգուած ըլլալով մանկահասակ երեխաներու, հիւանդներու, տարեցներու առողջութեամբ, քաղաքացիները բաւական գերլարուած ու ջղային վիճակի մէջ կ՛ըլլան, այդ բոլորին վրայ կը գումարուին նաեւ ընկերային ցանցերու ամէնէն տարբեր հարթակներուն մէջ պետութեան հասցէին հնչող քննադատութիւնները, բոլոր խնդիրներու լուծման «գիտակներու» մեկնաբանութիւններն ու առաջարկները, միասնականութեան կոչերուն զուգահեռ կատարուող պառակտման փորձերը, համաժողովրդական յամառ ու դժուարին այս պաշտպանութիւն-դիմադրութիւնը նսեմացնող յայտարարութիւնները: Բարեբախտաբար ժողովուրդը կը հասկնայ, որ հայրենիքի պահպանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը թէեւ դժուար, բայց պատուաբեր գործ է, որուն համար անհրաժեշտ են այնպիսի յատկանիշներ, ինչպիսիք են համբերատարութիւնը, տոկունութիւնը, յամառութիւնը, պատուախնդրութիւնը»,  գրած է ան` առանց յստակացնելու, թէ ի՛նչ մեղադրանքներ ու քննադատութիւններ նկատի ունի:

Ան նաեւ շեշտած է, որ առայժմ ի հեճուկս բոլոր տեսակի խնդիրներուն, իրենք կը շարունակեն քալել Արցախի եւ Արցախի ժողովուրդի պահպանութեան ընտրուած ճամբով: