Ազրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ մզկիթներ կը կառուցէ․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ մզկիթներ կը կառուցէ 

Monument Watch-ը յայտարարեց, որ Ազրպէյճանը բռնագրաւուած Արցախի մէջ մզկիթներ կը կառուցէ:

Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները 44-օրեայ պատերազմէն ետք ձեռնամուխ եղան Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան ոչնչացման կամ անոր  ցեղային-դաւանական կերպարի ամբողջական փոփոխութեան։ Այս քաղաքականութիւնը սկիզբ առած է դեռ խորհրդային ժամանակներուն։  

Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան այս քայլով սկսաւ «հիմնաւորել» երկրամասի իսլամական եւ ազրպէյճանական ըլլալը։

«Սա բաւական լաւ կը ցուցադրէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ երկրամասի ազրպէյճանական ըլլալու թէզին մէջ առաջնային տեղ կը յատկացնէ Աղդամի մէջ գտնուող եւ Փանահ խանին վերագրուող պալատին եւ Ղարաբաղի խաներու եւ անոնց ժառանգներու դամբարաններուն ու Շահբուլաղին՝ որպէս ազրպէյճանական պետութեան կազմաւորման կարեւոր վայր:

«Արցախի իսլամացման գործին մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացուի Շուշի քաղաքին, որ կը ներկայացուի որպէս ազրպէյճանական մշակութային, քաղաքական առաջնային կեդրոն: Այն կը ներկայացուի որպէս ազրպէյճանական մզկիթաշինութեան կարեւորագոյն օրրան: 2020 թուականից յետոյ Ադրբեջանի իշխանութիւնները գրեթէ լիովին աւարտին հասցրեցին Շուշիի ադրբեջանականացման, իսլամականացման քաղաքականութիւնը՝ վերացնելով քաղաքի հայկական կերպարը եւ հռչակելով քաղաքը որպէս մահմեդական աշխարհի հոգեւոր եւ մշակութային կենտրոն։

«Արցախի իսլամացման գործին մէջ կարեւոր գործօն է երկրամասին մէջ եղած մզկիթներու թուաքանակի հարցը, որ Ազրպէյճանի կողմէ դարձած է անհիմն շահարկումներու առարկայ. նկատելի է անոն թիւը ուռճացնելու միտում՝ հակառակ անոր, որ իսլամական ներկայացուող Արցախի մէջ ազրպէյճանական գիւղերու 70 տոկոսը կառուցուած են խորհրդային տարիներուն, երբ երկրամասին մէջ քոչուոր կեանք վարող բնակչութեան խորհրդային իշխանութիւնները ստիպած են անցիլ նստակեցութեան, յայտնի է, օրինակ, որ Զանգելանի, Կուբաթլուի, Ջեբրայիլի, Ֆիզուլու, Աղդամի տափաստանային հողերու ջրարբիացման եւ մշակման նպատակով 1940-1950-ական թուականներուն այդ տարածքներուն մէջ հիմնուած են տասնեակ նոր բնակավայրեր»:

Ըստ Monument Watch-ի՝ այս քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, նոր մզկիթներ կը կառուցուին Շուշիի, Հադրութի, Քարինտակի, Մատաղիսի, Բերձորի, Զանգելանի մէջ: Բոլոր մզկիթները կը կառուցուին Հայտար Ալիեւի հիմնադրամի միջոցներով, հիմնարկէքը կը կատարեն անձամբ նախագահն ու իր կինը։ Ազրպէյճանը չի թաքցներ, որ մզկիթներու վերակառուցման եւ նորերու կառուցելուն մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունին Թուրքիայէն հրաւիրուած մասնագէտները:

«Փաստօրէն Արցախի հայազրկումը «հանգստութիւն» չի բերել բռնակալին: Զայն կ’անհանգստացնեն պատմութիւնն ու անոր հազարաւոր հայկական պատմա-մշակութային դրսեւրումները: Ուրեմն՝ կարելի է զանոնք խեղել, վերագրել, ոչնչացնել, հայկական տարածքը «վերապատմականացնել» ընտրովի մզկիթաշինութեամբ», նկատել կու տայ Monument Watch-ը:

***

Արցախցիները բնակարանով ապահովելու պետական ծրագրի շահառուները պիտի ստանան 3-5 միլիոն դրամ

Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանով ապահովելու պետական աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս շուտով պիտի յստականայ դիմելու կարգը:

Ըստ կառավարութեան որոշումին՝ ծրագիրը բաղկացած է երեք փուլերէ։ Առաջին փուլով բնակարանի համար կրնան դիմել երեք եւ աւելի երեխայ ունեցող, հաշմանդամութիւն ունեցող եւ զոհուածի ընտանիքները։ Անոնք պիտի կարենան դիմումներ ներկայացնել 15 յունիսէն սկսեալ:  Հիմնական պարտադիր պայմանը ՀՀ քաղաքացիութիւն ունենալն է ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար, ներառեալ` անչափահասներուն:

Աջակցութեան չափերը տարբեր են` երեքէն հինգ միլիոն դրամ, կախուած թէ ընտանիքը ուր կը նախընտրէ տուն կառուցել կան գնել:

Բնակավայրերու ցանկին մէջ ներառուած են ե՛ւ քաղաքներ, ե՛ւ գիւղեր: Աջակցութեան առաւելագոյն չափը նախատեսուած է սահմանամերձ շրջաններուն համար, ուր ըստ կատավարութեան՝ ներկայիս կամ յառաջիկային պիտի իրականացուին տարբեր ներդրումային ծրագիրներ, ներառեալ ենթակառուցուածքներու զարգացում, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, բժշկական կէտերու կառուցում կամ նորոգում:

***

Արցախցիներու հանդէպ ատելութեան խօսքը օրէ օր նորանոր դրսեւորումներ կը ստանայ. Գեղամ Ստեփանեան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կ’ահազնագէ, որ  ընկերային հարթակներու եւ լրատուամիջոցներու մէջ կը տարածուին արցախցիներու հանդէպ ատելութեան խօսք։

Ան մասնաւորապէս կը գրէ, որ բազմաթիւ հրապարակային խնդրանքները, յորդորները որեւէ արդիւնք չեն տուած։ Ատելութեան խօսքը ոչ թէ նուազած է, այլ օրէ օր նորանոր դրսեւորումներ կը ստանայ։ Ան հրապարակած է այդպիսի օրիկնակերէն մէկը։

Ստեփան Գեղամեան եւ ատելութեան խօսքսերմանող օգտատիրոջ մը գրառումը

«Նկարին մէջ պատկերուածը ատելութեան խօսքի վառ դրսեւորում է, որուն վերաբերեալ բազմաթիւ արցախցիներ առարկայական վրդովմունք արտայայտած են՝ պահանջելով իրաւական պատասխանատւութեան ենթարկել։

Տեղեկացնեմ, որ այս հարցով Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնի համահիմնադիր, իրաւապաշտպան Յովհաննէս Խուդոյեանը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուցած է ՀՀ իրաւապահ մարմիններուն։

Ատկէ զատ, կ’ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, որ Արտակ Բեգլարեանի, Նարէ Սիմոնեանի եւ Արեգա Յովսէփեանի հետ համատեղ կը մեկնարկենք նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն է արձանագրել արցախցիների դէմ ուղղուած ատելութեան խօսքի դրսեւորումները եւ իրաւական ու այլ եղանակներով պայքարելու անոնք դէմ։

Այս հարցով կ’ակնկալենք ձեր աջակցութիւնը եւ կը խնդրենք ատելութեան խօսքի դրսեւորումներ նկատելու պարագային յղումը կամ լուսանկարը ուղարկել Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան / Artsakh Ombudsman Facebook-եան էջին։ Ուղարկուած նիւթերը պիտի ամփոփուին զեկոյցներու մէջ եւ/կամ պիտի օգտագործուին ատելութիւն պատճառողներուն իրաւական պատասխանատւութեան ենթարկելու համար»․ կը գրէ Ստեփանեան։

***

«Լեմքին» հիմնարկը կոչ կ’ուղղէ՝ չեղարկելու Ազրպէյճանը՝ իբրեւ COP29 գագաթնաժողով հիւրընկալող երկիր ճանաչումը

«Լեմքին» ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը դէմ է ՄԱԿ-ի՝ Ազրպէյճանը իբրեւ COP29 կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ գագաթնաժողովի հիւրընկալ երկիր նշանակելու որոշումին՝ նկատի ունենալով Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ռազմավարութիւնը, անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան եւ հայատեաց գաղափարախօսութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ փտածութեան եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումները:

«Ազրպէյճանին այս կարեւոր իրադարձութիւնը հիւրընկալելու պատիւը շնորհելով՝ ՄԱԿ-ը հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանական խօսքին, ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ բռնապետութեան, որ կը բխի ո՛չ կլիմայի, ո՛չ ալ աշխարհի մարդոց շահերէն: Ազրպէյճանի՝ իբրեւ COP հիւրընկալողի ընտրութիւնը կ’օրինականացնէ, բանական եւ բնական կը դարձնէ ցեղասպանութիւնը համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Աւելի՛ն, անիկա կը սպառնայ կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային ուխտով հաստատուած սկզբունքներու արժանահաւատութեան: Ցեղասպանութեան կանխարգիլման, մարդու իրաւունքներու եւ ՄԱԿ-ի՝ իբրեւ աշխարհի ժողովուրդին ներկայացնող մարմինի շահերէն մեկնելով, ՄԱԿ-ը պէտք է չեղարկէ Ազրպէյճանը՝ իբրեւ COP29-ի ընդունող երկիր ճանաչումը, կա՛մ գտնէ այլ հիւրընկալող երկիր մը», կ’ըսուի «Լեմքին» հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ «Ալիեւ Ազրպէյճանին՝ իբրեւ COP29-ի հիւրընկալողի ընտրութիւնը դիտարկած է իբրեւ հայերու նկատմամբ իր ցեղասպան քաղաքականութեան հաստատում (ի շարս այլ բաներու)»:

***

Տեղի ունեցաւ առաջին «Հայաստան-Արցախ» համահայկական երիտասարդական ժողովը

10-12 մայիսին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին «Հայաստան-Արցախ» համահայկական երիտասարդական ժողովը, որ մէկ տանիքի տակ համախմբեց Հայաստանի եւ Արցախի քանի մը հարիւր երիտասարդներ: Այդ մասին կը յայտնեն համահայկական երիտասարդական ժողովէն (ֆորում):

Կը նշուի, որ ժողովը բացառիկ միջավայր էր` համերաշխութեան, հետաքրքիր հանդիպումներու, դասախօսութիւններու, մարդկային շփումներու, գործնական խնդիրներու քննարկման, զարգացման եւ մարզական խաղերու իրականացման համար:

«Անցնող օրերու ընթացքին բոլորին կը յուզէին նոյն հարցերը` ինչպէ՞ս շարունակել այս բացառիկ նախաձեռնութիւնը, ինչպէ՞ս պահել ձեւաւորուած մարդկային կապերը, ինչպէ՞ս պահել այն բացառիկ համերաշխութեան մթնոլորտը, զարգացնել ձեռքբերածը եւ ձեւաւորել նոր բարի աւանդոյթներ:

Կան բազմաթիւ հետաքրքրական առաջարկներ ու գաղափարներ, որոնք հնարաւոր պիտի ըլլայ իրականացնել միայն համակարգուած աշխատանքի պարագային:

կազմուած է նախաձեռնող խումբ, որ բոլոր առաջարկներուն հիման վրայ ձեռնամուխ պիտի ըլլայ «Հայաստան-Արցախ» երիտասարդական միութեան կազմաւորման:

Այս միութեան գործէունէութիւնը առաջին հերթին ուղղուած պիտի ըլլայ կրթական, մշակութային առողջ միջավայր ձեւաւորելուն։ Անիկա պիտի ըլլայ մարդկային շփումներու, կապերու ուրոյն հարթակ մը: Նպատակային ծրագրերը ուղղուած պիտի ըլլան անհատի զարգացման, կրթութեան եւ զարգացման հնարաւորութիւններ ընձեռելուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: