Արցախն այս շաբաթ


Շուշիի Կանաչ ժամ եկեղեցին

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Արտաքին քաղաքականութեան մէջ շատ կարեւոր են կարմիր գիծերը, որոնց հատումը անխուսափելիօրէն կրնայ աղէտի յանգեցնել, Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«․․․ Արդիւնաւէտ արտաքին քաղաքականութիւն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ պետական կառավարման ոլորտին մէջ կարմիր գիծերու խստիւ պահպանումը ․․․ Սա յատկապէս կարեւոր է այն երկիրներուն համար, որոնք կը գտնուին իրենց պատմութեան վճռորոշ փուլերու մէջ», նշած է ան:

— 7 Յուլիսին,  Երեւանի մէջ «Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան համաժողովի ժամանակ Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան համոզում յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն նախաձեռնութեան հետ միասին բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծուին։

Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 
կը մասնակցի «Ապագայ Հայկականը» համաժողովին

Ան կարեւոր նկատեց, որ նանաձեռնութեան առաջին ժողովը անցեալ տարի տեղի ունեցած է Արցախի մէջ եւ շեշտը դրուեցաւժողովրդագրութեան վրայ։ Արցախի մէջ անվտանգութենէն ետք ամենէն կարեւոր խնդիրը ժողովրդագրութեան հարցն է։

Հարցումին, թէ ի՞նչ խնդիրներ կան եւ ինչ լուծումներ կը ցանկայ տեսնել Արցախի հասարակութիւնը` Բեգլարեան պատասխանեց, որ գլխաւոր  խնդիրը անվտանգութիւնն է: «Արցախցիներուն յուզող հարցը երկարաժամկէտ անորոշութիւնն  է, թէ ինչպէ՞ս կրնանք յաղթահարել անորոշութիւնը: Եւ իմ կարծիքով, վստահութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան ճամբով հասարակութեան պէտք է բացատրուի,  ամէն ինչ այս պահուն կանխատեսելի չէ, բայց շատ բան մեր այսօրուան ու վաղուան գործողութիւններէն կախուած է: Այստեղ ես շատ կարեւոր կը համարեմ գաղափարական աշխատանքը ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան մէջ եւ ատիկա համազգային  ջանքեր կ՛ենթադրէ»:   

— Արցախի Պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Շուշիի Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ հայկական եկեղեցին լրիւ աւերուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ, այժմ անիկա վերանորոգման պատրուակով կը վերածուի ուղղափառ եկեղեցիի:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, վերջերս սոցիալական ցանցերու մէջ ազերիներու կողմէ կը տարածուի անհիմն լուրեր, որ Կանաչ ժամ եկեղեցին ռուս ուղղափառ եկեցեցի է եւ այն վերանորոգուելով վերածուած է պատկերասրահի:

— Այս տարուան առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ ծնած է 864 երեխայ, որ, 2021-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ, աւելի է 204-ով կամ 31 տոկոսով:

«Ծնած երեխաներուն մէջ տղաները աւելի շատ են` կազմելով 53,6 տոկոս: Ըստ անուանակոչութեան` տղաներուն ամենատարածուած անուններն են` Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ, իսկ աղջիկներունը` Մանէ, Մարիա, Եւա։

Նոյն ժամանակահատուածին, նախորդ տարուան համեմատ, 22,5 տոկոսով նուազած է մահերուն թիւը, որուն արդիւնքով բնակչութեան բնական աճը կազմած է 372 մարդ:

— 2 Յուլիսին, «Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գտնուելու» տօն նշուեցաւ Ամարասի վանական համալիրին մէջ՝ Ճարտարի Ս․ Վարդան եկեղեցւոյ քահանայ Տ․ Մխիթար Հարոյեանի ձեռամբ։  Պատարագին ներկայ եղան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք աղօթք յղեցին առ Աստուած եւ Ս․ Հաղորդութիւն ստացան:

— Ռուս խաղաղապահները «Մերսի» բարեգործական կազմակերպութեան հետ միասին Շուշիի շրջանի շարք մը գիւղերու երեխաներուն դպրոցական պարագաներ տրամադրուած են:

Նման միջոցառումներ Ռուս խաղաղապահներու ու «Մերսի» կազմակերպութեան կողմէ պարբերաբար տեղի կ’ունենան:

— Արցախի նախագահի` Սփիւռքի հարցերով խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանի միջնորդութեամբ եւ Լոս Անճելըսի «Գէորգեանց» հիմնադրամի բարեգործական ծրագիրով` Մարտակերտի շրջանի Ներքին Յոռաթաղ, Զագլիկ եւ Չլդրան գիւղերու դպրոցներուն տրամադրուած են նոր գոյք եւ սարքեր:

Մարտակերտի դպրոցներուն գոյն կը յայտկացուի,
Լուսանկարը՝ “«Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի

Մարտակէտի կրթութեան բաժնի վարիչ Դաւիթ Լալայեան ըսած է, որ  նշեալ գիւղերու դպրոցները ստացած են համակարգիչներ, գրատախտակներ, աշակերտական եւ ուսուցչական նստարաններ, աթոռներ եւ այլն:

Ըստ անոր՝ շրջանին մէջ կան գիւղեր, որոնք նոյնպէս պակաս ունին գոյքի, որուն ցանկը փոխանցած են նախարարութեան:

Սիմոնեանի խօսքով` «Գէորգեանց» հիմնադրամի հետ համագործակցութիւնը սկսած է անցեալ տարի․ «Ծրագրի առաջին փուլով անցեալ տարի գոյքով ապահովուած են Մարտակերտի երկու դպրոց եւ մէկ մանկապարտէզ: Ծրագրին մէջ ընդգրկած է նաեւ Մարտունիի Թաղավարդի դպրոցը` որպէս խիստ սահմանային բնակավայրի դպրոց, ուր պարտադիր է երեխաներուն ու դասերուն համար բարեկեցիկ պայմաններ ապահովելը»։

ԱՀ նախագահի խորհրդական Լուսինէ Ղարախանեան նշած է․ «Այս աջակցութիւնը կ’իրականանայ այն մարդոց շնորհիւ, որոնք կ’ուզեն տեսնել Արցախը հզօր: Հայրենիքի հզօրութեան սահմանը դպրոցն է: Ես համոզուած եմ, որ բարեգործական հիմնադրամներու շնորհիւ բոլոր դպրոցներուն պակաս գոյքը պիտի համալրուի, ու աշակերտներուն համար յարմար պայմաններ պիտի ստեղծուին»։

— Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղին մէջ` Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհին մօտ ներկայիս կը կառուցուի  երեք թաղամաս: Կառուցուող բազմաբնակարան շէնքերէն եւ առանձնատուներէն բաղկացած երկու թաղամասերէն բացի, մեկնարկած են բնակելի տուներէ բաղկացած եւս մէկ` նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքները:

 Ըստ նախագիծին` թաղամասը պիտի ունենայ 53 առանձնատուն, որոնց 25-ը կը կառուցէ Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը։ Տուները պիտի յատկացուին պատերազմին հետեւանքով տեղահանուած արցախցիներու։

— 6 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ  Համլէտ Պետրոսեանի ու Նժդեհ Երանեանի հեղինակած «Արցախի կոթողային մշակոյթը», Համլէտ Պետրոսեանի եւ Հայկուհի Մուրադեանի «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը յարձակումների թիրախում» գիրքերուն, ինչպէս նաեւ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» նախաձեռնութեան կայքին շնորհանդէսը:

Գիրքերու եւ կայքի շնորհանդէս

Երեւանի պետական համալսարանի Մշակութաբանութեան ամբիոնի վարիչ Համլէտ Պետրոսեան ըսած է․ «Մենք` որպէս գիտնականներ, ընտրած ենք ակադեմիական հետազօտութիւններ կատարելու եւ զանոնք աշխարհին ներկայացնելու ճանապարհը»: Պատմական գիտութիւնների թեկնածու Նժդեհ Երանեանի խօսքով` «Գիրքին մէջ ներկայացուած են Արցախի տարածքի ամենավաղ շրջանի` Ք.ա 3-րդ հազարամեակէն սկսած, հին յուշարձաններ, քրիստոնէական կոթողներ, փորագիր խաչքարեր»։

Հայկուհի Մուրադեան իր հերթին նշած է, որ 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք սկսան նախաձեռնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կայքի մը ստեղծման, որուն նպատակն է 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախի` Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած տարածքներու եւ սահմանային գօտիի մշակութային ժառանգութեան, թանգարաններու քարտէզագրումը եւ գոյքագրումը,  մինչեւ պատերազմ եւ անկէ ետք եղած փոփոխութիւններու վաւերացումը (աւերում, ձեւափոխում, վերօգտագործում եւ այլն):

— 8 Յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտուի» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Մարտիրոսեան ըսաւ, որ ֆիլմը ստեղծելու գաղափարը ծնաւ 2009-ին, երբ առաջին անգամ այցելեց եւ սկսաւ բացայայտել Արցախը: Գլխաւոր հերոսը Արցախն է: ֆիլմը նկարահանուեցաւ 2018-ին: Յաջորդ տարուան Մարտին ցուցադրուեցաւ հայ հանդիսատեսին:

Ֆիլմը Հնդկաստանի 19-րդ Պունայի միջազգային փառատօնին (PIFF) մրցանակ շահած է, որպէս լաւագոյն միջազգային ֆիլմ:

Ֆիլմի ցուցադրութիւն