Հարցազրոյց՝ դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի հետ իր «Ատանայի արհաւիրքը» հատորին շուրջ


Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Ուրբաթ, 24 Յունիս 2022, երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Թորոնթոյի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շատ հետաքրքրական, նաեւ պատմական գետնի վրայ նոյնքան կարեւոր՝ The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early Twentieth Century («Ատանայի արհաւիրքը», Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատուն, 2022) խորագիրը կրող հատորին շնորհանդէս-դասախօսութիւնը, որուն հիւրն էր Ամերիկայի միացեալ նահանգներէն ժամանած, սոյն հատորին հեղինակ, փրոֆեսոր դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան։

Առնօ Պապաճանեանի «Էլէկիա» երաժշտական կտորը շատ գեղեցիկ հնչեց Հրակ Գարամարտեանի դաշնամուրային կատարումով, որմէ ետք Աննա Մարիա Մուպայէտ ներկայացուց հիւր դոկտորը` Պետրոս Տէր Մաթոսեանը, որ Նեպրասքայի համալսարանի (Լինքըն) պատմութեան բաժանմունքի ամպիոնի տեղակալն է, արդի միջին արեւելեան պատմութեան գործակից-դաաախօս եւ հրէական ուսմանց «Հայմըն Ռոզենպէրկ»-ի դասախօս եւ Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան (SAS) նախագահ։ Ան ծնած ու մեծցած է Երուսաղէմ, ուր աւարտած է Եբրայական համալսարանը։ Միջին Արեւելքի պատմութեան իր դոկտորականը ստացած է Քոլոմպիա համալսարանի միջին արեւելեան, հարաւ ասիական եւ ափրիկեան ուսմանց բաժանմունքէն։ 2008-2010-ին, Մասաչուսէցի թեքնոլոժիի հիմնարկ համալսարանի (MIT) միջին արեւելեան պատմութեան դասատու, իսկ 2014-ի գարնան՝ Շիքակոյի համալսարանի այցելու դասախօս։ Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ համախմբագիր, որոնց շարքին՝ մրցանակի արժանացած Shattered Dreams of Revolution: From Liberty to Violence in the Late Ottoman Empire հատորը (Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատուն, 2014)։ Իսկ վերջերս՝ բազմալեզու 15 արխիւներու մէջ տասնամեակ մը տեւած ուսումնասիրութիւններէ ետք, Քալիֆորնիոյ Սթենֆըտի համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է անոր «Ատանայի արհաւիրքը» (The Horrors of Adana: Revolution and Violence in the Early Twentieth Century) հատորը, որ նուիրուած է աւելի քան 22.000 զոհ խլած 1909-ի Ատանայի ջարդերուն։

Դասախօսութեան ընթացքին, 45 վայրկեաններու տեւողութեամբ, օրուան դասախօսը ներկայացուց եւ վերլուծեց «Ատանայի արհաւիրքը» գիրքը՝ պաստառին վրայ ցուցադրելով գիրքին բովանդակած նկարներն ու վերլուծողական հիմնական կէտերը։

Դասխօսութեան աւարտին՝ գիրքի մակագրումէն եւ փոքրիկ հիւրասիրութեան մը շուրջ համախմբուած ներկաներուն դրական կարծիքները լսելէ ետք, առիթը ունեցայ զրուցելու դոկտ. Մաթոսեանի հետ, սոյն գիրքին ներկայացուցած ակադեմական արժէքին, բովանդակած նիւթերուն եւ հրատարակման գծով տարուած աշխատանքներուն մասին՝ թորոնթոհայութեան ծանօթացնելու մեր ազգի պատմութեան արխիւային հիմնաքարերուն վրայ աւելցած կարեւոր այս հատորը, որ այժմ կը վաճառուի:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան.- Շատ կարեւոր պատմական իրադարձութիւնները մատչելի ձեւով եւ ամենայն մանրամասնութեամբ փոխանցեցիք ներկաներուն։ Ինչպիսի՞ն է ձեր կարծիքը դասխօսութեան ընթացքին, ամենայն ուշադրութեամբ, ձեզի ունկնդրող թորոնթոհայ ներկաներուն ցուցաբերած արձագանգին մասին։

Պետրոս Տէր Մաթոսեան.- Քանի մը անգամ այցելած եմ Թորոնթօ, Զօրեան հիմնարկին կը ծառայեմ, ձեւով մը իրենց ծրագիրներուն ալ մաս կը կազմեմ։ Իրապէս շատ խանդավառ եւ զարգացած գաղութ մըն է թորոնթոհայութիւնը։ Իսկապէս, ուրախ եւ գոհ մնացի տեսնելով, թէ սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր հետաքրքրուած ունկնդիրներով, որոնք՝ հակառակ նիւթին ծանրութեան, շատ տեղին հարցումներ ուղղեցին եւ ուշադրութեամբ հետեւեցան վերլուծած նիւթերուս։

ՏՄԿ.- Դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուցիք ձեր՝ «Ատանայի արհաւիրքը» խորագիրով գիրքը։ Կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն հակիրճ ձեւով ներկայացնել զայն։

ՊՏՄ.- Աւելի քան 15 արխիւներէ կատարուած, տասնեակ լեզուներով սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուած, տասնամեայ մանրակրկիտ հետազօտութիւններու արդիւնքը խտացնող «The Horrors of Adana» գիրքս հրատարակուած է Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատունէն՝ թղթակազմ, լաթակազմ եւ ելեկտրոնային տարբերակներով։ The Horrors of Adana-ին մէջ քննած եմ 1909-ի երկու իրերայաջորդ ջարդերը, որոնք Ատանայի նահանգը ցնցած են, աւելի քան 20.000 հայ սպաննելով։ Գիրքին մէջ բազմակողմանի մօտեցումով ձգտած եմ հասկնալ այս բարդ դէպքը ձեւաւորող տարաձայնութիւններն ու յոյզերը, հանրային ոլորտներն ու մարդասիրական միջամտութիւնները։ Հակառակ կոտորածի բռնութեան, քանդումի եւ էթնիք բռնութեան մեծ ծաւալին, Ատանայի ջարդերը յաճախ դուրս մնացած են պատմական ներկայացումներէ, յատկապէս օսմանեան եւ միջին արեւելեան շրջաններէ։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողները կը շարունակեն կեղծիքներ տարածել այս ջարդերուն առնչութեամբ, եւ «դէպքեր» անուանելով այդ ամէնը, կը նկատեն զանոնք իբրեւ հայերու ձախող ըմբոստացում՝ Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը վերականգնելու նպատակով, եւ հետեւաբար իրենց՝ թուրքերուն գործած բռնութիւնները իբրեւ բնական արդիւնք կը նկատեն։ Գիրքիս մէջ կը փաստեմ, որ ջարդերը պատահական չեն, այլ հետեւանքն են բարդ ազդակներու՝ քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական կեանքի փոփոխական իրականութեան մէջ։

ՏՄԿ.- Արխիւներէ պրպտումներու արդիւնքով մոռացութեան ենթարկուած բազմաթիւ տեղեկութիւններ ներգրաւուած են ձեր այս արժէքաւոր հատորին մէջ, արդեօք մեր հակառակորդին քով ինչպիսի՞ բարդոյթներ պիտի յառաջացնեն անոնք։

ՊՏՄ.- Ամենէն կարեւորը հոս, որ թուրք հերքողները չեն օգտագործեր հայկական աղբիւրները կամ արխիւները, ընդհանրապէս չեն ուսումնասիրեր այլ աղբիւրներ, բացի՝ թրքականը։ Սակայն այս գիրքս հիմնուած է 12 լեզուներէ բաղկացած աղբիւրներէ` արաբերէն, եբրայերէն, օսմաներէն, հայերէն, թուրքերէն, լատիներէն գերմաներէն, յունարէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներ, որոնք օգտագործած եմ, որ ձայն տամ ո՛չ միայն զոհին, այլ նաեւ ոճրագործին եւ անոնց, որոնք լուսանցքի վրայ էին եւ մերժեցին օգտակար դառնալը՝ ինչպէս որ նշեցի դասախօսոթեանս մէջ։ Հիմա անշուշտ կը սպասեմ թրքական քննադատական արձագանգ մը, որ պիտի հերքէ մօտեցումներս, ուր կ’ըսեմ, թէ հայերը ապստամբութեան ծրագիր մը չունէին, եւ ամենէն կարեւորը հոս զինումի հարցն է, որ հիմնուած է Դաշնակցական արխիւներու վրայ, ուր կը փաստեմ, որ հայերը յետյեղափոխական շրջանին կը զինուէին միա՛յն ինքնապաշտպանութեան նպատակով եւ ո՛չ թէ Կիլիկեան թագաւորութեան վերականգնման համար։

ՏՄԿ.- Եւրոպական շուկան, մանաւանդ Ատանայէն բամպակ ներածող երկիրները ինչպէ՞ս արձագանգած են կոտորածի օրերուն եւ արդեօք որեւէ ձեւով փորձա՞ծ են աջակից դառնալ զոհ գացող հայութեան։

ՊՏՄ.- Եւրոպական տնտեսութիւնը, մանաւանդ գերմանականը՝ բամպակ ներածելու իմաստով, ազդուած էր այդ շրջանին, որովհետեւ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, բամպակի արտադրութիւնը լուրջ հարուած մը ստացաւ կոտորածի պատճառով։ Եւրոպացիները ձեւով մը ներխուժած էին բամպակի արտադրութեան շուկան եւ բամպակի գործարաններ ունեցող գերմանական հաստատութիւնները շատ գէշ ձեւով ազդուած էին կոտորածէն, սակայն եւրոպացիները մարդասիրական միջամտութիւն չըրին, այլ՝ մարդասիրական որոշ օժանդակութիւն ցուցաբերեցին եւ հայ խլեակներուն կամ գաղթականներուն օգնեցին, այսինքն՝ վրաններ սարքեցին, վիրաւորները բուժեցին եւ սնունդ հայթայթեցին անոնց։

Տասնըերրորդ դարուն, մարդասիրական միջամտութիւն կը նշանակէր մարդասիրական ոյժերու ռազմական միջամտութիւն իրագործելը ջարդերը կանխելու եւ կամ օգնութիւն ցուցաբերելու համար, այնպէս ինչպէս որ 19-րդ դարուն տեղի ունեցաւ Լիբանանի, Քրիթի եւ Յունաստանի պարագաներուն։ Մարդասիրական միջամտութիւն չընելու պատճառներէն ոմանք հետեւեալներն էին՝ Եւրոպական ոյժերը իրարու մէջ հաշիւներ ունէին ու չէին ուզեր վտանգել զանոնք կամ ոյժի հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել եւրոպական բեմին վրայ։ Մարդասիրական միջամտութիւնը տեղի կ’ունենայ այն պարագային, երբ ամբողջ եւրոպական ոյժերը կը գիտակցին, թէ իրենց միջամտութեան արդիւնքով որեւէ երկիր շահ պիտի չունենայ. բայց հայերու պարագային՝ մէկ կողմէն Ռուսիան կար, միւս կողմէն՝ Անգլիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, որոնք հակասական քաղաքականութիւն ունէին հայերուն հանդէպ։

ՏՄԿ.- Ցեղասպանութիւնը հերքողը նոյնինքն կոտորածը սարքող թշնամին է, որ իրողութիւնները հերքած կը շարունակէ ինքնախաբէութեամբ ապրիլ, արդեօք այդ հերքողականութիւնը որքա՞ն սրուած է այս հատորին հրապարակումէն ետք։

ՊՏՄ.- Շատ կարեւոր հարց մը կայ այսօր. արդեօք հերքողական մօտեցումը՝ Ատանայի ջարդերուն, նոյն հերքողական մօտեցո՞ւմն է, որ թշնամին ունէր 1909 թուականին, եւ որուն միջոցով կը փորձէ «փաստել», թէ Ատանայի մէջ տեղի ունեցածը ապստամբութիւն մըն էր օսմանեան պետութեան դէմ, եւ որուն նպատակն էր վերահիմնել Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէր եւրոպացիներուն ներխուժումը դէպի Ատանա եւ անոնց աջակցութեամբ պիտի հիմնուէր այդ թագաւորութիւնը։ Այո՛, այս թէզը 1909-ի եւ 1950-ականներու նոյն թեզն է, որ կը գրուի թրքական հերքողական խմբակին հիմնադիր, թրքական հերքողական հիմքերէն մէկուն` Էսաատ Ուրասի կողմէն, որ կը շարունակէ անցեալի զրպարտութեան եւ «Իիդիտալ» թերթին մէջ գրուած Ատանայի առաջին եւ երկրորդ ջարդերուն շինծու ըլլալուն պատճառին մասին խօսիլ, առաւել եւս ըսեմ, որ օր ըստ օրէ յստակօրէն կը սրի այդ հերքումը իր եւ իր խմբակին միջոցով:

ՏՄԿ.- Կոտորածներ ծրագրող ու իրականացնողները ծածկել կը փորձեն իրականութիւնը եւ 1915-ի ցեղասպանութիւնը հերքելով կը շարունակեն ինքնախաբէութիւնը։ Որքանո՞վ պիտի յաջողին անոնք, երբ արդէն ջարդերու եւ ցեղասպանութեան նիւթերով կը յորդին արխիւները։

ՊՏՄ.- Ցեղասպանութիւն բառը ընդունուած է ակադեմական աշխարհին մէջ, բայց ինչպէս որ գիտենք, թրքական պետութիւնը տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ եւ իր հիւպատոսարաններու, աշակերտաց եւ մշակութային միութիւններու միջոցաւ ամէն ջանք կը թափէ հերքելու Հայկական ցեղասպանութիւնը, այսինքն՝ շատ կազմակերպուած արշաւ մըն է իր տարածը։ Իսկ Ատանայի մէջ տեղի ունեցածը կազմակերպուած ջարդ-կորտորած էր, որը Ատանայէն ծայր առաւ եւ բռնութիւնը շուտով տարածուեցաւ նահանգին մէջ ու հասաւ արեւելք՝ Հալէպի նահանգը։ Օսմանեան կառավարութիւնը, այն օրերուն, հետաքննական յանձնաժողովներ ղրկած եւ պատերազմական ատեաններ հաստատած է ՝ յանցագործները պատժելու նպատակով, սակայն դատարանները քրէական պատասխանատուութեան չեն ենթարկած ջարդերու գլխաւոր հեղինակները եւ այդ կորտորածը առ այսօր դարձեա՛լ կը հերքուի զայն իրագործող թուրքին կողմէ։ Ջարդը այնքան խրթին հարց մըն է, որուն միայն պատմական դիտանկիւնէ չենք կրնար դիտել կամ վերլուծել, այլ՝ տեսաբանական մօտեցումով պէտք է դիտենք զանիկա, նկատի առնելով ոճրագործին հոգեբանութիւնը, ընկերային միջավայրը եւ ոճիր իրագործելու այլազան պայմանները։ Ամէն պարագայի՝ թուրքերը միշտ ալ հերքած են ջարդերն ու ցեղասպանութիւնը։

ՏՄԿ.- Ի՞նչ է այս գիրքին ներդրումը ակադեմական աշխարհին մէջ։

ՊՏՄ.- Գիրքին ներդրումը` լուսաբանել ակադեմական աշխարհը եւ հանրութիւնը, որպէսզի փորձենք ընդունիլ, որ 1909-ի իրագործուած Ատանայի ջարդը, ո՛չ միայն հայութեան դէմ է գործուած, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան դէմ, նաեւ փորձենք վերլուծել զայն համաշխարհային մօտեցումով, որովհետեւ այսպիսի ջարդեր գոյութիւն ունեցած են 20-րդ դարուն, տարբեր մշակոյթներու եւ կրօնքներու մէջ. ահաւասիկ ա՛յս է ձեւը համշխարհային ծաւալ ունեցող այս ջարդը աւելի լաւ հասկնալու։

Ջարդերու ընթացքին տեղի ունեցած բռնուժի ու բռնութեան հիմքերը նոյնն են ու անոնք կը ներառեն կառավարութեան մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զինուորներուն, ոստիկանութեան եւ տարբեր ոյժերու մեղսակցութիւնն ու անարդարութիւնը, որ տեղի կ’ունենայ տարբեր շրջաններու մէջ: Նոյնիսկ դատարաններ, ռազմական ատեաններ տեղի ունեցած են այս ուղղութեամբ եւ ձեւով մը մասնակի արդարութիւն բերած են անոնք, հետեւաբար 20-րդ դարուն տեղի ունեցած ջարդերը արդարութեան չեն յանգած։ Ահաւասիկ, այս է կարեւորութիւնը այս գործին, որը ներդրում մըն է այսօրուան նոր ասպարէզին, որ կը կոչուի՝ Ջարդերու ոսումնասիրութիւն։

ՏՄԿ.- Որո՞նք են ձեր յաջորդ ծրագիրները, հորիզոնին վրայ նոր աշխատանքներ կամ հատորներ կա՞ն։

ՊՏՄ.- Յաջորդ տարի Նեպրասքա համալսարանի հրատարակչատան կողմէ (Nebraska University Press) խմբագրած գիրքս լոյս պիտի տեսնէ եւ այդ գիրքը կը վերաբերի՝ «Ցեղասպանութիւններու հերքողութիւնը 21-րդ դարու» նիւթին։ Այս գիրքը լուրջ մօտեցում մը կը յառաջացնէ, ո’չ միայն Հայկական ցեղասպանութեան հերքողութեան, այլ ողջակիզման` Ռուանտայի, Քամպոտիայի, Պոսնիայի, Կուաթիմալայի եւ այլ ցեղասպանութիւններու հերքողութեան մասին։ Այս հատորին մէջ կ’ուզենք նշել տարբեր գիտնականներու եւ պատմաբաններու գրիչով գրուած վերլուծումները, թէ՝ ի՞նչ է այսօրուան հերքողութեան միջոցները, ընկերային ցանցերու օգտագործման բնագաւառները եւ ակադեմական միջոցներն ու ժանրերը՝ հերքելու 20-րդ դարու գործուած Հայկական ցեղասպանութիւնն ու այլ ցեղասպանութիւնները։