Թորոնթոյէն Օթաուա հեծելարշաւ՝ յանուն հայ զինուորին. հարցազրոյց


Յառաջիկայ ամիս, Օգոստոս 2022-ին, թորոնթոհայ ընկերներ` Խորէն Մարդոյեան եւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան հեծանիւներով 389 քիլոմեթր պիտի կտրեն իրենց լումանները յատկացնելու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու բուժման գործընթացին: Թորոնթոյէն Օթաուա երկարող երթ-դրամահաւաքի ընթացքին հանգանակուած գումարը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան միջոցով:

Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Թորոնթոհայ»-ը հարցազրոյց մը ունեցաւ Խորէն Մարդոյեանին հետ:

Թորոնթոհայ.- Պարոն Մարդոյեան, վերջերս յայտարարած ես, որ Օգոստոս 12-15, ընկերոջդ Ռաֆֆի Տեմիրճեանին հետ պիտի իրականացնէք հեծելարշաւ-դրամահաւաք՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներու բուժման ի նպաստ: Ինչպէ՞ս յղացաք այս բարի գաղափարը:

Խորէն Մարդոյեան.- Անկեղծ ասած, իւրաքանչիւր հայի մտքում ու գործողութիւններում պէտք է լինի հայրենիքին օգտակար լինելու ձգտումը՝ անկախ գտնուելու վայրից ու կարողութիւններից: Վերջին պատերազմը եկաւ փաստելու, որ զինուորը մեր ամէն ինչն է` պատիւը, հզօրութիւնը, խիղճն ու ապագան: Խոնարհումս բոլոր նահատակներին, սակայն ապրողներին պիտի սատարենք հնարաւոր բոլոր միջոցներով:

Գաղափարները շատ են, նպատակը մէկը` կանգնել վիրաւոր զինուորների կողքին: Հեծելարշաւի գաղափարը ուխտի նման մի բան էր, որ յղացել էի, վաղուց, ընկերոջս Ռաֆֆի Տէմիրճեանի հետ, բայց մինչեւ համարձակուելը յայտարարել դրա մասին, երկարատեւ մարզւում էինք, որպէսզի իրագործենք Թորոնթոյից մինչեւ Օթաուա՝ 389 քիլոմեթր հեծելարշաւ-դրամահաւաքը, որը ուղղուած է վիրաւոր հերոսների համար բժշկական սարքաւորումներ ձեռք բերելուն:

Աւելորդ է նշել, թէ որքան պարտական ենք մեր զինուորներին ու որքա՛ն կարեւոր է նրանց համար ստեղծել լաւագոյն բուժսարքաւորումներով յագեցած բուժման պայմաններ:

Ձախէն աջ՝ Խորէն Մարդոյեան եւ Ռաֆֆի Տեմիրճեանը լուսանկարուած CN աշտարակին դիմաց (լուսանկարը տրամադրեց՝ Խորէն Մարդոյեանը)

Թ.- Ինչո՞ւ որոշած էք ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան միջոցով Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին փոխանցել հանգանակուած գումարը:

ԽՄ.- Երբ ծրագիրը ներկայացրեցի ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեանը, նախաձեռնութիւնը հաւանութեան արժանացաւ վարչութեան կողմից, եւ այն իրագործուելու եւ կեանքի է կոչուելու հենց ՀՕՄ-ի հովանու ներքոյ: Առաջին անգամ չէ, որ ՀՕՄ-ը օգնել էր «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին. ՀՕՄ-ը միշտ իր զգայուն մասնակցութիւնն է ունեցել ազատամարտի գործընթացներին, միշտ սատար կանգնելով զոհուած ազատամարտիկների­ ընտանիքներին եւ իր հովանու տակ առած մեր նահատակուած հերոսների զաւակներին: Հենց դա էլ պատճառ հանդիսացաւ որոշմանս, որ այս դրամահաւաքը կեանքի կոչեմ իրենց հետ։ Դրամահաւաքի արդիւնքում հաւաքուած ողջ գումարը, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան միջոցով, փոխանցուելու է Երեւանի «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին` արդիական բուժսարքաւորումներ ձեռք բերելու նպատակով:

Թ.- Հեծելարշաւը Մարքամի «Յոյսի անտառ» (Forest of Hope) պուրակին տեղադրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ պիտի ըլլայ, իսկ աւարտը՝ Օթաուայի մէջ տեղադրուած գանատահայ յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի կիսանդրիի մօտ: Ինչպէ՞ս որոշեցիք այս երկու կէտերը:

ԽՄ.- Այս երկու կէտերը շատ խորհրդանշական են, քանի որ Գանատայի Մարքամ քաղաքի «Յոյսի անտառ»-ում տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշաքարը ուղիղ այն կապն է Օթաուայում տեղադրուած յայտնի գանատահայ լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի կիսանդրու հետ, որը Հայոց ցեղասպանութիւնից փրկուած, այնուհետեւ աշխարհին յայտնի դարձած գանատահայ լուսանկարիչն է. այսինքն ցեղասպանութեան յուշաքարից մինչեւ ցեղասպանութեան վերապրած յայտնի գանատահայ լուսանկարչի կիսանդրու մօտ:

Թ.- Խօսինք ձեր մարզումներուն մասին. մի՞շտ սիրած էք հեծանիւ քշելը:

ԽՄ.- Ինձ ճանաչողները լաւ գիտեն օդանաւերի եւ աւիացիայի նկատմամբ իմ առանձնայատուկ սիրոյ մասին: Օդաչու դառնալու մանկութեանս երազանքն աւելի ուշ իրականացրի Գանատայում՝ իւրայատուկ ձեւով թռիչքներ իրականացնելով փոքր ինքնաթիռների վրայ: Օդանաւերի նկատմամբ իմ ունեցած սիրուն աւելացաւ նաեւ հեծանուասպորտով զբաղուելը շնորհիւ ընկերոջս Ռաֆֆին, ում հետ յաճախակի սկսեցինք մարզուել եւ հենց այդտեղից էլ առաջ եկաւ հեծելարշաւի գաղափարը՝ յանուն հայ զինուորին:

Ձախէն աջ՝ Խորէն Մարդոյեան եւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան (լուսանկարը տրամադրեց՝ Խորէն Մարդոյեանը)

Թ.- Փափաքողները ինչպէ՞ս կրնան նուէրներ կատարել այս դրամահաւաքին:

ԽՄ.- Դրամահաւաքը արդէն սկսուած է եւ ցանկացողները կարող են իրենց նուիրատուութիւնները կատարել այցելելով ars-canada.ca/donations կայքը եւ ընտրելով «Charity Bike Ride» ֆոնտը:

Ցանկանում եմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր նուիրատուներին, որոնք արդէն կատարել են իրենց նուիրատուութիւնները: Մինչեւ հեծելարշաւի պաշտօնական մեկնարկը, որոշել եմ երկու շաբաթը մէկ, զեկոյցով հանդէս գալ հանգանակուած գումարի մասին:

Թ.- Իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք ըսելիք:

ԽՄ.- Յուսով եմ, որ դուք նոյնպէս մասնակից կը դառնաք այս հայրենանուէր ծրագրին: Եկէ՛ք միասին մեր համատեղ ուժերով սատար կանգնենք մեր հերոս տղաներին:

Մեզ սպասւում է հետաքրքիր եւ անակնկալներով լի, մօտ 400 քմ. երկարութեամբ երթուղի: