Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի փառատօնը՝ 25 տարեկան. հարցազրոյց


Հարցազրոյց յանձնախումբի ատենապետ Սեւան Հաճիարթինեանի հետ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

8-10 Յուլիս 2022-ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի տարածքը դարձեալ կը ճոխանայ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնի երջանկաբեր առիթով. համավարակի պատճառած երեք տարիներու սահմանափակումներուն վերացումէն ետք, ամրան աւետաբեր փառատօնը, իր 25 ամեայ տարեդարձով, բերկրանքի եւ միասնութեան ճոխ տրամադրութեան առիթը կրկին կ’ընծայէ թորոնթոհայութեան։

Սոյն առիթով տարուած աշխատանքին ու փառատօնի մանրամասնութիւններէն տեղեակ ըլլալու նպատակով զրուցեցի փառատօնի ատենապետ Սեւան Հաճիարթինեանին հետ, մեր սիրելի ընթերցողներուն փոխանցելու հաճելի եւ ճոխ անակնկալներով լի եռօրեայ փառատօնին հանգրուանները։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան.- Երկար սպասուած այս տարուան ամառնային փառատօնին յաջողութեան համար ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին ներկայիս։

Սեւան Հաճիարթինեան.- Փառատօնին յաջող ընթացքը ապահովելու նպատակով այլազան աշխատանքներ կ՛իրականացնենք։ Ունինք մօտաւորապէս 15 ժրաջան աշխատող անդամներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ ամիսներէ ի վեր կ’աշխատի այս բացառիկ ձեռնարկին յաջողութեան համար։

Այս տարի փառատօնին 25-րդ ամեակն է եւ ինչպէս որ գիտենք, Քորոնա ժահրի պատճառով, երեք տարիներէ ի վեր փառատօնը չէինք կրցած իրականացնել. հետեւաբար այս տարի շատ խանդավառ ենք եւ կը փափաքինք, որ այս յաջող փառատօնին ընդառաջող ներկաներուն քանակը շատ ըլլայ։ Փառատօնին դռները կը բացուին Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7-ին, Շաբաթ՝ ժամը 5-ին, իսկ Կիրակի՝ կէսօրէն ետք ժամը 2։30-ին:

ՏՄԿ.- Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, եւ ի՞նչպիսի յայտագիր ծրագրուած է անոր յաջող ընթացքը ապահովելու իմաստով։

ՍՀ.- Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 8-10 Յուլիսին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի շրջափակէն ներս` վրաններու տակ անշուշտ։ Երեք օրերու ընթացքին փառատօնի հանդիսավարը ԱՄՆ-էն ժամանած Մէրի Պասմաճեանն է, որ Կիրակի օրն ալ յատուկ մենաներկայացումով զուարճալի պահեր պիտի պարգեւէ ներկաներուն։ Ուրբաթ օրուան բացման խօսքէս ետք՝ հանդիսավարն է, որ պիտի վարէ 25-ամեայ մեր փառատօնի եռօրեայ յայտագիրը։

Այս տարուան յայտագրին մաս պիտի կազմեն զանազան հռչակաւոր երաժիշտներ ու երգիչներ։ Ուրբաթ գիշեր անուանի երգիչ-երաժիշտներ՝ Մարդին Մկրտչեան, DJ Դաւօն եւ Սուրօն հանդէս պիտի գան։ Շաբաթ գիշեր պիտի վայելենք հռչակաւոր երգիչներ՝ Արմենչիկին եւ Ռոնիոսին երգեցողութիւնը, իսկ Կիրակի օր պիտի վայելենք նշանաւոր երգիչ Արարատ Ահարոնեանի եւ Մարքօ Թէմթէմի իւրայատուկ ներկայացումը, ինչպէս նաեւ՝ ընկեր Սերոբ Յակոբեան բոլորս պիտի խանդավառէ ազգային եւ յեղափոխական երգերով (տեսնել փառատօնի մասնակցողներու ցուցակը ամբողջութեամբ՝ այստեղ):

ՍՄԿ .- Մեր փոքրիկներուն համար ինչպիսի՞ անկնկալներ պատրաստուած են։

ՍՀ.- Ամբողջ շաբաթավերջ, մեր փոքրիկներուն մուտքը անվճար պիտի ըլլայ, շնորհիւ մեր երեք մեծ նուիրատուներուն՝ Արմէն Գրիգորեանի Armen Krikorian Team & Big City Realty գործակալութեան, IDA Cassandra Pharmacy դեղատան եւ Abraham Baboujian KRG Insure ապահովագրական ընկերութեան։ Նաեւ, յատուկ փոքրիկներուն համար, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ՀՄԸՄ մարզադաշտին մէջ, տարբեր տեսակի խաղեր, սահանակներ եւ խաղալու զանազան բաժիններ պիտի ըլլան:

Կիրակի օր մանկական իրգիչ Ժօէլը հիւրաբար ներկայ պիտի գտնուի՝ իր երգերով խանդավառելու փոքրիկները. անոր կողքին պիտի ունենանք դէմքերու վրայ գծագրութեան բաժին (face painting), աճպարար (magic show), փուչիկներու եւ այլ ձեւի խաղերով լաւ ժամանակ անցընելու հնարաւորութիւն, առաւել եւս շատ հետաքրքրական բաժին մը՝ կենդանաբնական պարտէզ (petting zoo) մը:

ՍՄԿ.- Ինչպիսի՞ այլ մանրամասնութիւններով պիտի ապահովուի փառատօնի ճոխութիւնը ։

ՍՀ.- Երեք օրերու ընթացքին Հայ Դատի հիւրընկալութեամբ, դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական քաղաքական գործիչներ ներկայ պիտի գտնուին ձեռնարկին. անոնք ձեռնարկի սկիզբը բեմ պիտի բարձրանան եւ բարի գալուստ մաղթելով, իրենց սրտի խօսքը պիտի փոխանցեն ներկաներուն։

Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի շրջափակին մէջ շուրջ 14 սեղաններով օժտուած պիտի գործէ տօնավաճառ մը, ուր մասնակիցները պիտի ծանուցեն իրենց աշխատանքներն ու արտադրանքը եւ առեւտուրի առիթ ընծայեն ներկաներուն։ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրատարածը եւ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը իրենց յատուկ տաղաւարները պիտի ունենան՝ ներկայացնելու եւ վաճառելու գիրքեր, գեղեցիկ իրեր եւ ձեռային աշխատանքներ։

Ներկաները երեք օրերու ընթացքին պիտի վայելեն «Լարա» ճաշարանի (Lara’s Restaurant) եւ «Արզ»-ի (Arz Fine Foods) համեղ ճաշատեսակները։

«Լորօ» գոհարեղենք (L’oro Jewellery) ընկերութեան հովանաւորութեամբ վիճակահանութիւն տեղի պիտի ունենայ. ներկաները կրնան մասնակցիլ եւ շահումներ ունենալ փառատօնի երեք օրերու ընթացքին։

Կրնանք ամբողջութեամբ վստահեցնել, որ մեր անձնակազմը այնպիսի մեղուաջան աշխատանք կը տանի, որպէսզի թորոնթոհայ գաղութի մեծերն ու փոքրիկները շատ խանդավառ եւ անմոռանալի պահեր ապրին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ամառնային փառատօնի ընթացքին։

Ամբողջ թորոնթոհայութիւնը սիրով հրաւիրուած է ներկայ գտնուելու ու այս ճոխ մթնոլորտին իր մասնակցութինը բերելով ուրախանալու։