Արցախն այս շաբաթ


Բերձորի մուտքի ցուցանակը

«Թորոնթոհայ»-ը շաբաթական դրութեամբ կը ներկայացնէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային իրադարձութիւնները։

Ստորեւ այս շաբթուան մեր լրահաւաքը։

Արցախի շուրջ քաղաքական զարգացումներ

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 30 Յունիսին, Արցախի ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքի փոխարէն նոր ճանապարհ բացուելու պարագային, Բերձորէն «պիտի դուրս գան, իսկ Աղաւնոյի համար պիտի շարունակեն բանակցութիւնները»:

Ըստ նախագահին՝  Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթի 6-րդ կէտին համաձայն՝ նոր երթուղիի կառուցումէն ետք հայակական կողմը պարտաւոր է Բերձորէն դուրս գալ։ Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիին հետ կապուած Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ քանի մը առաջարկներ եղած են, որոնք մերժուած են:

Յարութիւնեանի խօսքով` նոր ճանապարհի շինարարութենէն ետք արցախեան կողմը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ «իր կարծիքը ըսելու»: «Նախ` ճանապարհի որակը կը  համապատասխանէ՞ այն չափանիշներուն, որոնք մենք կ’ուզենք: Երկրորդ` պիտի ըլլա՞յ անվտանգ, իսկ իմ կարծիքով շատ աւելի անվտանգ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Մեր նպատակը եւ դիրքորոշումը անփոփոխ է` հասնիլ անկախութեան միջազգային ճանաչման` Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջոցով: «Հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով, սակայն, Ազրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է», ընդգծեց ան:

— 1 Յուլիսին «Արցախի արդի մարտահրաւէրները․ Բերձորի յանձնում, նոր պատերա՞զմ» խորագրով քննարկման ժամանակ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտարարեց, որ այս պահուն Բերձորի ու միւս գիւղերու բնակիչներու տարհանում չ’իրականացուիր:

«Ես որոշ տեղեկութիւններ ունիմ, որ հնարաւոր տարբերակներէն է, եթէ ի վերջոյ հարցը հասնի ատոր, Աղաւնոյի բնակիչները տեղաւորել Հին Շէն եւ Մեծ Շէն գիւղերուն մէջ, իսկ Բերձորի բնակիչներուն համար պիտի տրուի տեղահանուածի կարգավիճակ: Հնարաւոր է անոնց բնակարաններ յատկացուին Հայաստանի մէջ: Այս պահուն հարցերը շատ են», նշեց արցախցի պաշտօնեան:

Ընկերային եւ Մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Պատերազմէն ետք ամենածանր հարուածը Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան մարզը ստացաւ: Գիւղատնտեսութեան նախարար Նորայր Մուսայէլեան կ’ըսէ` երկրի գիւղատնտեսական հողատարածքներուն շուրջ 80 տոկոսը մնաց թշնամիին տիրապետութեան տակ: Բացի այդ, նաեւ` մեծաթիւ կենդանիներ, գիւղատնտեսական սարքեր ու տարբեր ենթակառուցուածքներ:

Բայց տարբեր ծրագիրներով նախարարութիւնը կը փորձէ Արցախի մնացած տարածքները նպատակային օգտագործել՝ ջերմոցներ հիմնելով, մինչ այդ չմշակուած տարածքները մշակելով եւ գիւղացիներուն տարբեր ծրագիրներով օժանդակելով։

«Մեծ ջանք կը գործադրենք, որ հնարաւոր ըլլայ ունեցած տարածքներով աւելի շատ մթերք, համախառն արտադրանք ստանալ», կը նշէ ան։  

Նախարարութիւնը տարբեր ծրագիրներով կը զարգացնէ նաեւ անասնապահութեան մարզը։  Նախարարութեան աշխատակից Ռադիկ Գէորգեան կ՛ըսէ` ագարակներուն ելեկտրականութիւն եւ ջուր կը հասցնեն, բայց այս ծրագիրէն կրնան օգտուիլ անոնք, որոնք կը խոստանան 7 տարի անասնապահութեամբ զբաղուիլ:

40-ամեայ Խաչատուր Գրիգորեան Արցախի Խաչէն գիւղին մէջ անասնապահութեամբ կը զբաղի, նպատակ ունի կաթի վերամշակման արտադրամաս հիմնելու: 15 տարի Խաչիկը Խաչէնի մէջ լոյս չունէր. գիւղի բարձունքներէն մէկուն մէջ հիմնած ագարակին մէջ ան 15 տարի իր անասունները լամպի կամ լապտերի լոյսի տակ կը պահէր: Սակայն վերջերս արեւային համակարգերու տեղադրումէն յետոյ արդէն լոյս ունի: «15 տարի փոքր երեխայի նման լոյս կ’ուզէի, ու հիմա, փառք Աստուծոյ, լոյս ունինք», ուրախութեամբ կը նշէ ան:  Խաչիկը, բայց դեռ ջուրի հարց ունի: Ջուրը ագարակ կը հասցնէ աւանակով։ «էշն ալ որ սատկի, պիտի մնանք առանց ջուր», կը կատակէ ան։

Նախարարութեան ներկայացուցիչը կ՛ըսէ ջրագիծերու հարցը պիտի ներառուի 2023-ին իրականացուելիք ծրագիրներուն մէջ:

— 27 Յունիսին, Արցախի մէջ սկիզբ առաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնած «Ապրելու ձայնը» խորագրով գրական- մշակութային փառատօնը։ Փառատօնին մասնակցելու համար հիւեր եկած էին Երեւանէն եւ Պէյրութէն։  Բացման հանդիսութեան Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան ըսաւ, որ այս փառատօնին խորագիրը կը խորհրդանշէ Արցախի լինելիութիւնը` անկախ առկայ մարտահրաւէրներէն:

«Հակառակ անդառնակալի կորուստներուն, Արցախի սիրտը կը շարունակէ բաբախել, եւ Արցախի այս փոքրիկ հողակտորին վրայ կը շարունակէ ապրիլ հայ մարդը, որուն երազանքն երբեք ալ պատերազմը չէ. Անոր ցանկութիւնն է` սեփական հողին վրայ ապրիլը, արարելը եւ ստեղծագործելը»։

Փառատօնին ծիրէն ներս գրական եւ մշակութային միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան մայրաքաղաքին եւ սահմանամերձ դարձած Նորշէնի, Աշանի, Ճարտարի եւ Մարտակերտի մէջ։  Գրական մրցոյթներ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, քննարկումներ, համերգներ. բազմաբովանդակ օրեր պիտի ունենանք», ըսաւ Աւագեան։

— 28 Յունիսին «Ապրելու ձայնը» փառատօնի հիւրերը եղան Մարտունիի սահմանամերձ Նորշէն գիւղ: Անոնք այցելեցին Նորշէնի դպրոց, ուր աշակերտները կազմակերպած էին գրական-երաժշտական միջոցառում: Երեւանի «Արմաւ» հրատարակչութեան խմբագիր Արմէն Աւանեսեան դպրոցին նուիրեց գիրքեր` մեծաւ մասամբ արցախցի գրողներու:

«Մեր ապագան կրթուած երեխաներու ձեռքերուն մէջ է: Ես կը հասկնամ, որ դժուար է սահմանին ապրիլը, բայց այստեղ ես կը տեսնեմ հզօր աչքեր, որոնց շնորհիւ կը սկսիմ հաւատալ պայծառ գալիքին», նշեց Աւանեսեան:

Յաջորդ կանգառը Մարտունիի Աշան գիւղն էր, ուր հիւրերը դիմաւորուեցան թոնրի շուրջ` հաց թխելու աւանդական արարողութեամբ: Այնուհետեւ գիւղ դպրոցին մէջ ներկայ եղան Համազգայինի Արցախի գրասենեակի «Մունք» ազգային պարախումբ ելոյթին, հնչեցին արցախցի գրողներու բանաստեղծութիւններ:

Աշանի դպրոցի տնօրէն Մխիթար Շինդեան նշեց, որ «սա խթան պիտի ըլլայ երեխաներուն, որպէսզի աւելի կապուին գիր ու գրականութեան հետ, ծանօթանան եւ ինչու չէ նաեւ անձամբ ճանչնան մեր գրողները: Այս հողին վրայ մենք ունինք ապրելու, ազգայինը պահպանելու եւ մեր մշակոյթը զարգացնելու իրաւունք եւ ոչ մէկ կը պատրաստուի ձգել ու հեռանալ»։

— 29 Յունիսին փառատօնի ծիրէն ներս Մարտունի Ճարտար քաղաքի Մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ երգիչ Արթուր Խաչէնցի եւ Համազգայինի «Մունք» մանկական պարախումբերուն համատեղ համերգը:

Երգիչ Արթուր Խաչենց համերգի ընթացքին հանդիսատեսին պատմեց, որ ծնած է Հադրութի Թաղասեռ գիւղը, ապրած ու մեծցած գիւղական միջավայրի մէջ: Հայրենի գիւղը կորսնցուցած երգիչը ճարտարցիներուն կոչ ըրաւ գնահատել այն, ինչ ունին:

Համերգի ընթացքին Կաղարծիի, Աշանի, Մաճկալաշէնի եւ Հաղորտուի «Մունք» պարախումբերու մանուկները ազգագրական պարերով հանդէս եկան:

—Համազգայինի հրաւէրով նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում բանաստեղծներ Յուսիկ Արայի եւ Յասմիկ Սիմոնեանի հետ:

Յուսիկ Արա ըսաւ, որ իր ստեղծագործական կեանքի սկիզբը կապուած է ազգային զարթօնքի, Արցախեան ազատամարտի եւ յաղթանակի հետ:

Գրական հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ. ներկաները հարցեր ուղղեցին գրողներուն, ասմունքեցին եւ քննարկեցին անոնց գրականութիւնը։

— Ստեփանակերտի մէջ 28 Յունիսին տեղի ունեցաւ արցախցի երիտասարդ քանդակագործներու Մուշեղ Մուսայէլեանի եւ Գոռ Իսրայէլեանի «Յետադարձ հայացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, իսկ 30 Յունիսին «Մանկութեան երազներ» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը։ Քանդակագործութեան ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 24 աշխատանքներ, իսկ նկարչութեան ցուցահանդէսին 4-16 տարեկան Համազգայինի նկարչութեան սաներու շուրջ 140 աշխատանքներ:

Լուսանկարչութեան ուսուցչուհի Գեղանոյշ Սարգսեան նշեց, որ փոքրիկ նկարիչներէն շատ բան սորված է: «Ամէն անգամ իրենց հետ կը մանկանամ եւ կը հասկնամ, որ Արցախի մէջ ապրող իւրաքանչիւր երեխայ ինքնին հայրենասէր է: Այս 140 աշխատանքներուն մէջ իւրաքանչիւրը կրնայ տեսնել երեխաներուն ապրումները` թէ՛ պատերազմական օրերուն, թէ՛ անկէ ետք»։

— 1 Յունիսին տեղի ունեցաւ փառատօնին փակման հանդիսութիւնը։

Համազգայինի Արցախի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան ըսաւ, որ նախաձեռնութեան նպատակն էր յետպատերազմական Արցախի մէջ հնչեցնել «Ապրելու ձայնը» գրականութեան եւ մշակոյթի լեզուով:

«Ապրելու ձայնը» նախագծի հեղինակ, արցախցի երիտասարդ բանաստեղծ Սերգէյ Սաֆարեան նշեց, որ «ապրելու ձայնը» եկած է ու դեռ պիտի գայ` մշակոյթով ու գրականութեամբ` ի լուր աշխարհի ըսելու, որ արցախցին կ’ապրի Արցախի մէջ եւ անոր ձայնը միշտ պիտի հնչէ աշխարհի տարբեր հարթակներու վրայ»:

Փառատօնը ամփոփուեցաւ երգչուհի Շուշան Պետրոսեանի մենահամերգով: