Բռնի տեղահանուած 5 351 արցախցի արդէն աշխատանքի ընդունուած են


Արցախէն բռնի տեղահանուած 5 351 անձիք արդէն աշխատանքի ընդունուած են

ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի տուեալներուն համաձայն` Հայաստանի մէջ արդէն աշխատանքի տեղաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 5 351 անձիք:

 «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ՝  8 դեկտեմբերին «Հումանիտար կենտրոն»-ի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սարգսեանը` մանրամասնելով, որ անոնք աշխատանքի տեղաւորուած են հիմնականօրէն՝ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ՝ 674 անձ, կրթութեան` 947, սպասարկման եւ ծառայութեան` 731, շինարարութեան ոլորտին մէջ 420 անձ եւ այլն:

Միասնական հարթակ՝ աշխատանք փնտռող արցախցիներու համար (լուսանկարը՝ photolure-ի)

«4 դեկտեմբերի դրութեամբ՝ Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան Միասնական սոցիալական ծառայութեան 49 կեդրոններուն մէջ որպէս աշխատանք փնտռող հաշուառուած է շուրջ 3 929 անձ, որոնցմէ 3 737-ը ստացած է գործազուրկի կարգավիճակ», ըսած է փոխնախարարը:

Անդրադառնալով զբաղուածութեան ծրագիրներուն, ան նշած է, որ վերջնական փուլի մէջ են նախարարութեան կողմէ մշակուող երկու ծրագիրներ եւ հաստատման պարագային պիտի գործեն արդէն 2024 թուականին:

«Զուգահեռաբար` Առողջապահութեան, Կրթութեան նախարարութիւնները յատուկ միջոցառումներ իրականացուցած են համապատասխան ոլորտներու մասնագէտներու զբաղուածութեան աջակցութեան նպատակով: Կ’իրականացուին եւ կը նախատեսենք իրականացնել զբաղուածութեան տարբեր ծրագիրներ միջազգային գործընկերներու հետ», ըսաւ ան` համոզուած ըլլալով, որ աշխատանք փնտռելու պարագային, վստահաբար, անոնք կրնան գտնել, քանի որ տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ է մօտ 5 000 թափուր աշխատատեղ, որոնց մասին հնարաւոր է տեղեկութիւն ստանալ այցելելով Միասնական սոցիալական ծառայութիւններու տարածքային կեդրոններ կամ համապատասխան ելեկտրոնային հարթակ:

 

Բռնի տեղահանուած արցախցին Աբովեանի մէջ մանուկներու զարգացման կեդրոն կը հիմնէ

Արցախէն բռնի տեղահանուած, Ստեփանակերտի բնակիչ Արէն Սարգսեան Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքին մէջ հիմնած է մանուկներու զարգացման կեդրոն մը։

Սարգսեան կը յայտնէ, որ բռնի տեղահանութենէն եւ Աբովեան հաստատուելնէն ետք, իրենք որոշած են երկրին բեռ չդառնալ, այլ ընդհակառակը՝ ըլլալ բարեխիղճ հարկատու, գործել եւ արարել։

Մանուկներու զարգացման կեդրոն` Աբովեանի մէջ (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Արցախի մէջ կինս երկար տարիներ մանկապարտէզ աշխատած է։ Ուստի որոշեցինք մանկական զարգացման կեդրոն ստեղծել։ Միջոցներուն մէկ մասը հայթայթեցինք, իսկ միւս մասը սեփական ուժերով ներդրեցինք ու հիմնեցինք այս զարգացման կեդրոնը», պատմեց Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ անիկա այժմ կը գտնուի արտօնագիր ստանալու փուլին մէջ։

Ըստ Սարգսեանի՝ մանուկներու թիւը դեռ փոքր է, սակայն եռայարկ շէնքի երկու յարկերը ընդգրկող կեդրոնին տարածքը նախատեսուած է առնուազն 70 մանուկներու համար։

 

Արցախի խորհրդարանը կը գործէ, տարբեր յանձնաժողովի նիստեր կը գումարուին. Դաւիթ Գալստեան

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի աշխատանքները չեն դադրած, տեղի  ունեցած են նիստեր, ներառեալ` լիագումար եւ առանձին յանձնաժողովներու:

24News-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեանը:

«Ատոր մէջ զարմանալու ոչինչ կայ: Այո՛, Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովը կը գործէ, տարբեր յանձնաժողովներ նիստեր կ’ընեն: Շէնքային առումով հիմնականօրէն Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան մէջ տեղի կ’ունենան», ըսած է ան, սակայն հրաժարած է բովանդակային առումով օրակարգային հարցերու մասին խօսելէ` խորհուրդ տալով դիմել Արցախի ազգային ժողովի լրատուական ծառայութիւն:

 

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը մերժեց Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը քրէականացնելու նախագիծը

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը 5 դեկտեմբերին մերժեց Ազգային ժողովի նիստի օրակարգ ընդունիլ «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան նախագիծը։ 58 հազար քաղաքացիներու ստորագրութեամբ խորհրդարան հասած օրինագիծը կ’առաջարկէ քրէականացնել Հայաստանի անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը։

«Հայաքուէ» նախաձենութիւն

Արցախի նիւթը դարձեալ փոխադարձ մեղադրանքներու առարկայ դարձաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Ընդդիմութիւնը պնդեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր ղեկավարած ուժը չեն կատարեր իրենց նախընտրական խոստումը, այլ կ’ընեն բոլորովին հակառակը՝ Արցախը ճանչնալով Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Փաշինեանի ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը 2021-ի նախընտրական իր ծրագիրին մէջ կը խօսէր արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասին։

 

«Հայերը պէտք է մոռնան այսպէս կոչուած ԼՂՀ պատմութեան մասին եւ անցնին սահմանազատման գործընթացին». Ալիեւ

«Ղարաբաղ. վերադարձ տուն 30 տարի անց. նուաճումներ եւ բարդութիւններ» խորագիրով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեսուն երկիրներէ մասնակցող վեց տասնեակ փորձագէտներուն ներկայացուց պաշտօնական Պաքուի տեսակէտը՝ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցային գործընթացին, միջազգային դերակատարներուն եւ այսօր քննարկուող բուն նախագիծին վերաբերեալ:  

Ալիեւ ելոյթի պահուն

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան մօտ է խաղաղութեան պայմանագիրի 5 հիմնարար սկզբունքներու որդեգրման, եւ որ «եթէ հայկական կողմը քանի մը տարի առաջ ըներ այդ մէկը, հակաահաբեկչական գործողութեան կարիք չէր ըլլար»։

Ալիեւ ըսաւ, թէ Հայաստան պէտք է երաշխիքներ տայ Պաքուին, որ վրէժխնդրութեան փորձեր պիտի չըլլան, «որովհետեւ մենք գիտենք, թէ Հայաստանի մէջ ինչ կը կատարուի, գիտենք նաեւ, որ Հայաստան եւրոպական որոշ մայրաքաղաքներու մէջ բազմաթիւ «խորհրդականներ» ունի»։

«Ազրպէյճան կ’ուզէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանրապէս պատերազմ չըլլայ, սակայն հայերը պէտք է մոռնան այսպէս կոչուած ԼՂՀ պատմութեան մասին եւ անցնին սահմանազատման գործընթացին», ըսաւ Ալիեւ:

Ան նշեց, որ Ատրպէյճան եղաւ խաղաղութեան գործընթացի նախաձեռնողը. առաջին փուլին, հայկական կողմը ջանքեր գործադրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եզրոյթը համաձայնագիրի նախագիծին մէջ ներառելու համար, ինչ որ մերժելի էր Պաքուի կողմէ։ Կա՛մ համաձայնագիրը պիտի սահմանէ երկու փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, կա՛մ ընդհանրապէս չենք խօսիր այդ մասին։ Մեր դիրքորոշումն էր՝ չանդրադառնալ այս հարցին, եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը պէտք է ըլլայ փոխադարձ: Առ այդ, մենք ըսինք, որ եթէ հոն պիտի ներառուի Ազրպէյճանի մէջ հայկական փոքրամասնութեան հարցը, նոյն ձեւով պէտք է ներառուի նաեւ Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցիներու հարցը: Անոնք ալ պէտք է վերադառնան Հայաստան, ապրին հոն, անոնց իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է բոլորովին երաշխաւորուի», ըսաւ Ալիեւ։

Ընդգծելով, որ Մինսքի խումբի համանախագահները միակարծիք էին, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի՝ Ալիեւ շեշտեց, որ Պաքու ապացուցեց, որ երեք երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, սխալած են։ «Մենք ապացուցեցինք, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում ունի: Այս հակամարտութիւնը լուծուեցաւ 3 տարի առաջ։

Խօսելով Արցախի հայերու ճակատագիրին մասին՝ Ալիեւ ըսաւ, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն ետք, Պաքուի դիրքորոշումը յստակ էր` կա՛մ անոնք կը դառնան Ազրպէյճանի քաղաքացիներ, եւ անոնց համար ստեղծուած են բոլոր իրաւական դաշտերը, կա՛մ՝ այլ բնակութեան վայր կ’ընտրեն։

«Լաչին վերադարձած բնակիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ես ըսի, որ եթէ անջատողական առաջնորդները յանձնուին, անոնց նկատմամբ կարելի է կիրարկել համաներում: Դժբախտաբար, իմ խօսքերը դարձեալ պատշաճ կերպով չգնահատուեցան: Այսօր, անջատողականներուն առաջնորդները Ազրպէյճանի մէջ են: Անոնք մեզի կը սպառնային, որ հրասայլերով պիտի գան Ազրպէյճան եւ Պաքու: Այսօր անոնք Պաքուի մէջ կը սպասեն մեր դատական համակարգի վերջնական վճիռին», ըսաւ Ալիեւ:

 

Պաքու կը ծրագրէ յառաջիկայ 3 տարիներուն բնակեցնել նաեւ Ստեփանակերտը, Ասկերանը եւ Մարտունին

Պաքու կը ծրագրէ յառաջիկայ 3 տարիներուն, 140 հազար անձեր բնակեցնել իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, որոնց կարգին՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ։ Այս մասին յայտարարեց Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով։

Ըստ անոր՝ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, 987 ընտանիքներ հաստատուած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ. յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին 215 ընտանիքներ եւս պիտի տեղափոխուին այդ շրջանները։

 

Եւրոպական միութիւնը կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին՝ պահպանելու եւ երաշխաւորելու Արցախի հայերուն իրաւունքները

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձր ներկայացուցիչը Ժոզեփ Պորել, պատասխանելով միութեան պատգամաւորներէն մէկուն գրաւոր հարցումին՝ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ’ուղղէ Աzրպէյճանին՝ պահպանելու եւ երաշխաւորելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, որոնց կարգին՝ իրենց տուները վերադառնալու՝ տեղահանուածներուն իրաւունքը։

Ան ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ նաեւ կոչ կ’ուղղէ՝ հոն միջազգային մնայուն ներկայութիւն ապահովելու: «Ղարաբաղի հայերուն սեփականութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ ան։

Պորել յիշեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը դատապարտած է Ազրպէյճանի սեպտեմբերի ռազմական յարձակումը Արցախի դեմ, քննադատած մարդկային զոհերը եւ Արցախի հայերուն զանգուածային գաղթը, որ տեղի ունեցաւ բռնութեան պատճառով։

Պորել յայտարարեց, որ, թէեւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Ազրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը կը նպաստէ ուժանիւթի փոխադրութեան այլազանութեան Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, սակայն Միութեան կառոյցները կը շարունակեն դիտարկել իրավիճակը տեղւոյն վրայ եւ կը զգուշացնեն՝ զերծ մնալ իրավիճակի հետագայ սրումէն, նաեւ՝ Հայաստանի տարածքին դէմ. ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան վերջնական նպատակն է՝ յառաջ տանիլ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարատեւ խաղաղութիւնը։

 

Ֆրանսան եւս տասնհինգ միլիոն եուրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն

Ֆրանսան եւս 15 միլիոն եուրօ հրատապ մարդասիրական օգնութիւն պիտի յատկացնէ Հայաստանին եւ Արցախէն տեղահանուածներուն։

«Ֆրանսան կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ համաձայն 30 նոյեմբերին խորհրդարանին կողմէ Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներուն 15 միլիոն եուրոյի հրատապ օգնութեան հաստատման:

Հայերը բռնի կը տեղահանուին Արցախէն, Ստեփանակերտ, 24 սեպտեմբեր 2023 (լուսանկարը՝ Reuters-ի)

Հայաստանին ցուցաբերուած է անհետաձգելի բժշկական աջակցութիւն, իսկ քանի մը հոգի ծանր այրուածքներով տեղափոխուած են ֆրանսական հիւանդանոցներ: Այս աջակցութիւնը կ’ուղեկցուի նաեւ Ֆրանսայի քաղաքացիական հասարակութեան եւ տարածքային մարմիններուն ջանքերով՝ ի շահ հայ բնակչութեան։

2023-ին Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին յատկացուող օգնութեան ծաւալը կը կազմէ 27,5 միլիոն եւրօ», ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Բռնագրուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ոչնչացնել հայկական ժառանգութիւնը CHW

Caucasus Heritage Watch-ը կ’ահազանգէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան նոր վտանգներու մասին:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի գրաւուած Շուշիի մէջ ազրպէյճանական գործողութիւններու անդառնալի վնասները հայկական կառոյցներուն եւ պատմական հայկական գերեզմանատուներուն։ Վերջերս վնասուած եւս 4, կրկին վտանգուած եւս 3 կառոյց: 

«Վտանգուած կառոյցներու, վնասներու դէպքերուն թիւը անշեղօրէն կ’աճի` հակառակ միջազգային դատարանի` դեկտեմբեր 2021-ի որոշումին:  

Այժմ կանգնած ենք վախ ազդող հեռանկարի առջեւ, որ կ’ընդգրկէ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայկական ժառանգութիւնը (մօտ 500 պատմական վանքեր, եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուներ)», կ’ըսուի CHW զեկոյցին մէջ:

 

Պաքու Հադրութի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին պիտի «վերականգնէ» իբրեւ աղուանական

Արցախի Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդին հաղորդած տեղեկութեան համաձայն՝ Ազրպէյճան յայտարարած է, թէ Հադրութի Ս. Յարութիւն հայկական եկեղեցին պիտի վերականգնի իբրեւ աղուանական:

Հադրութի Ս․ Յարութիւն եկեղեցին (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի )

«Հադրութ քաղաքի նոր մշակուած յատակագիծով, յառաջիկային, հնագիտական պեղումներէ ետք, եկեղեցին պիտի վերականգնի իբրեւ աղուանական: Կը նախատեսուի նաեւ այնտեղ ստեղծել «աղուանական» մշակոյթը ներկայացնող թանգարան մը», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ:

 

Հայերէնով լոյս տեսաւ «Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը»

Անգլերէնով հրատարակուելէ ետք, հայերէնով լոյս տեսաւ Արմինէ Տիգրանեանի «Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը. պաշտպանութեան մեքանիզմները (գործիքակազմերը, համակարգերը) ժառանգութեան պահպանութեան միջազ֊գային համակարգում» աշխատութիւնը՝ որպէս «Վէմ» մատենաշարի 7-րդ հատոր։

Խմբագիրներն են՝ հնագէտ-մշակութաբան Համլէտ Պետրոսեանը եւ «Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմագէտ Գէորգ Խուդինեանը։

Աշխատութեան մէջ կը քննուին զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազ֊գա֊յին համակարգի կիրառման հնարաւորութիւնները՝ Ազրպէյճանի կող֊մէ 44-օրեայ պատերազմի ըն֊թաց֊քին եւ անկէ ետք Արցախի հայ֊կական մշակութա֊յին ժառանգութեան թիրախաւորման դէպ֊քե֊րու լուսաբանման միջոցով: Կը ներկայացուին զինուած հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային արժէքներու պաշտ֊պա֊նութեան մի֊ջազ֊գա֊յին կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքները (միջազ֊գային համաձայնագրեր, հռչա֊կագրեր, բանաձեւեր, կա֊նոնադ֊րութիւններ, սովորոյթներ)։

Աշխատութիւնը նախատեսուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղուող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանող֊ներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ ու պահպանութեամբ մտահոգ ըն֊թերցողներու համար։

 

«Յաւերժի վաւերագրութիւն» ցուցահանդէսը նորովի բացայայտեց Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը

5 դեկտեմբերին Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Յաւերժի վաւերագրութիւն. Արցախ» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ուր տեղ գտած են համանուն մրցոյթին մասնակցած լուսանկարիչներու յիսունէ աւելի աշխատանքներ, որոնք կը պատկերեն Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը:

Լուսանկարները` Հայկ Յարութիւնեանի

Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեանի խօսքով` ցուցահանդէսը կ’իրականացուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանի եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի համատեղ կազմակերպած «Յաւերժի վաւերագրողները. Արամ, Արա, Արտաշէս Վրոյրներ» ցուցադրութեան ծիրէն ներս յայտարարուած «Յաւերժի վաւերագրութիւն. Արցախ» խորագրով հեղինակային լուսանկարներու մրցոյթի արդիւնքով:

«Մրցոյթի գաղափարը յառաջացաւ ոչ միայն Վրոյրներուն նուիրուած ցուցահանդէսի բնաբանին տակ, այլ նաեւ այն իրավիճակէն, ուր յայտնուեցանք. Ատիկա Լեռնային Ղարաբաղի բռնազաւթման, էթնիկ զտման հետ կապուած էր եւ ինչ-որ առումով պատմական նմանութիւններ եղան այն տարիներու հետ, երբ Վրոյրները կ’աշխատէին», ըսաւ Պօղոսեանը:

Ըստ անոր` ներկայացուած լուսանկարները շատ հետաքրքիր են եւ կը պատմեն վտանգի մէջ գտնուող պատմամշակութային ժառանգութեան մասին: Պօղոսեանը յոյս ունի, որ այդ ժառանգութիւնը կը պահպանուի ու չի արժանանար այն յուշարձաններու բախտին, որոնք պահպանուած են միայն Վրոյրներու լուսանկարներուն մէջ:

Ցուցահանդէսին խորհրդանշական մրցանակներու արժանացան լաւագոյն լուսանկարներու հեղինակները:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մէկ ամիս: