Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը կարեւոր է․ Գանատայի դեսպան


Լեռնային Ղարաբաղի Հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը կարեւոր է բարձրաձայնել միջազգային հարթակներու վրայ. Գանատայի դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (ԿԳՄՍ) նախարար Ժաննա Անդրէասեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնդրիւ Թըրնըրը:

Նախարարը ողջունած է դեսպանը եւ շնորհաւորած նշանակման առիթով: Կարեւորելով Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան բացումը` նախարարը վստահութիւն յայտնած է, որ որպէս Հայաստանի մէջ Գանատայի առաջին դեսպան` Էնտրիւ Թըրնըրը իր գործունէութեամբ նոր լիցք պիտի հաղորդէ արդէն իսկ լաւ հիմքերու վրայ կառուցուող հայ-գանատական բարեկամական յարաբերութիւններուն:

ԿԳՄՍ նախարարին եւ Գանատայի դեսպանին հանդիպումը՝ Երեւանի մէջ (լուսանկարը՝ ԿԳՄՍ-ի)

Հանդիպման ընթացքին կողմերը խօսած են Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն մասին, մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն՝ յատկապէս ֆիլմարտադրութեան բնագաւառին մէջ։

Անդրադարձած եցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեանը սպառնացող վտանգին։ Նախարար Անդրէասեան դեսպանին յայտնած է, որ 2020 թուականէն ի վեր կարելի չըլլար Լեռնային Ղարաբաղ գործուղել միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն, որ կարենար տեղւոյն վրայ արձանագրել  հայկական մշակութային ժառանգութեան ներկայ իրավիճակը: Ան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մնացած են հինգ հազարէն աւելի յուշարձաններ եւ քսանէն աւելի թանգարաններ, որոնց պաշտպանութեան խնդիրը առաւել հրատապ է 19 սեպտեմբերի իրադարձութիւններէն ետք:

Հայաստանի մէջ Գանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էնդրիւ Թըրնըրը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցի բարձրաձայնումը միջազգային հարթակներու վրայ` կարեւոր է, եւ գանատական կողմը այս առումով պատրաստ է ներդնել առաւելագոյն ջանքեր:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած աշակետներու եւ ուսանողներու կրթութեան իրաւունքի իրացմանը, ուսուցիչներու աջակցութեան եւ վերապատրաստման ծրագիրներուն:

 

Արցախի ազգային ժողովը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի օրուան առիթով յայտարարութեամբ հանդէս եկած է

10 դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պատգամաւորները Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան առիթով այցելած են Եռաբլուր պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի ճանապարհին նահատակուած հայորդիներու շիրիմներուն:

Արցախի ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը կ’այցելէ Եռաբլուր (լուսանկարը՝ Արցախի ազգային ժողովի)

Օրուան առիթով Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ’ըսուի, թէ 1991 թուականի Անկախութեան հանրաքուէն այն հիմնաքարն էր, որուն վրայ կառուցուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ դարձաւ համայն հայութեան պարծանքն ու յաղթանակի փարոսը: Արցախի ժողովուրդը 2006 թուականի նոյն օրը Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէով մէկ անգամ եւս արտայայտեց անկախ պետութիւն ունենալու եւ ազատութեան համար պայքարի ուղին անշեղօրէն շարունակելու իր կամքը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 19 սեպտեմբեր 2023-ին Ազրպէյճանի ռազմական նախայարձակումի հետեւանքով զոհուեցան հարիւրաւոր մեր հայրենակիցներ, ներառեալ` երեխաներ եւ կանայք, հայաթափուեցաւ հայ ժողովուրդի հազարամեայ հայրենիք Արցախը: Իր անվտանգութիւն պաշտպանելու անհնարինութեան պատճառով Արցախի բնակչութիւնը դիմեց հայրենիքը լքելու ծայրայեղ քայլի: Ազրպէյճանը, հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնելէ ետք, որպէս ռազմական գործողութիւններու դադրեցման նախապայման, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին պարտադրեց ստորագրել փաստաթուղթ, որով մինչեւ 1 յունուար 2024-ը պիտի կազմալուծուին Արցախի պետական հաստատութիւնները, իսկ բնակչութիւնը պիտի որոշէ` լքել հայրենիքը կամ համարկուիլ Ազրպէյճանին:

«Հաշուի առնելով Արցախի հարցի վերջնական փակմամբ շահագրգռուած կողմերու կատարուած եւ կատարուող քայլերու աշխուժութիւնն ու շահագրգիռ կողմերու յարձակողական վարքագիծը` Ազգային ժողովը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` տէր կանգնելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` շահագրգիռ կողմերու հետ քննարկելու բոլոր խնդրայարոյց հարցերը: Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովը, հաւատարիմ Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման արդիւնքով ստացած լիազօրութեան, վճռական է պաշտպանելու հայ ժողովուրդի հազարաւոր հայորդիներու արիւնով ու քրտինքով իրացուած իրաւունքներն ու ազատութիւնը», կ’ըսուի տարածուած յայտարարութեան մէջ:

 

150 միջազգային գործիչներ Ալիեւէն պահանջած են ազատ արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու միւս ապօրինի կալանաւորուածները

Աւելի քան 150 միջազգային մարդասիրական, քաղաքական գործիչներ եւ գործարարներ պահանջած են ազատ արձակել Ռուբէն Վարդանեանն ու միւսները։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի, որ Ազրպէյճանի կողմէ 9 ամիս տեւած պաշարումէն ետք ան ներխուժեց Լեռնային Ղարաբաղ պատճառ դառնալով հարիւրաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու եւ 120 հազար մարդու բռնի տեղահանութեան, որ հաւասարազօր է ցեղական զտումներու։

Գերի տարուած Արցախի պետական այրերը

«Յայտնի հայ բարերար եւ մարդասիրական գործիչ, Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը ապօրինի բերման ենթարկուած է, երբ ան եւ այլ քաղաքացիներ կը մեկնէին Հայաստան։ Անոր ձերբակալութիւնը յատկապէս մտահոգիչ է, քանի որ Արցախին միջազգային աջակցութիւն ներգրաւելու անոր ջանքերը Վարդանեանը դարձուցած են Պաքուի կառավարութեան թիրախը։

Ի թիւս այլոց՝ Հանրապետութեան երեք նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, Բակօ Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեանը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Դաւիթ Բաբայեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Իշխանեանը եւ Դաւիթ Մանուկեանը։ Շատ այլ հայեր դեռ կը պահուին ապօրինի կերպով։ Այս մարդոց առողջութեան եւ ինքնազգացողութեան մասին առկայ ծայրայեղ սահմանափակ տեղեկատուութիւնը տագնապալի է…

Ամէն օր կարեւոր է բանտարկեալներու կեանքին համար. Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցանկացած խաղաղ համաձայնագիր պէտք է պայման ներառէ անոնց ազատ արձակման համար։ Մենք կոչ կ’ընենք նախագահ Իլհամ Ալիեւին անյապաղ ազատ արձակելու նշուած ապօրինի ձերբակալուած բոլոր անձերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

 

Ըստ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազին՝ Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ

Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան գործով պիտի ստեղծուի յատուկ քննչական խումբ: Ըստ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան՝ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քիամրան Ալիեւ:

«Բոլոր քննչական գործողութիւնները կը կատարուին Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային հռչակագիրներուն համապատասխան: Ազրպէյճանի ժողովուրդը ամբողջութեամբ պիտի տեղեկացուի այս հետաքննութեան ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն մասին: Մենք ատիկա պիտի ապահովենք: Նախաքննութիւնը աւարտելէ ետք գործը պիտի ուղարկուի դատարան», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Հայաստանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող ազրպէյճանցի երկու զինուորներու վերադարձը պիտի ապահովուի»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիմամբ՝ համաձայնութիւն գոյացած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր ձեռնարկելու:

«Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում», Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ’արձակէ 32 հայ զինուորներ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր կարգին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ’արձակէ ազրպէյճանցի երկու զինուոր:

 

Երեւան չի յստակացներ, որ արդեօք Արցախի վերաբերեալ դրոյթ կա՞յ խաղաղութեան համաձայնագիրի 6-րդ տարբերակին մէջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չյստակացուց, որ արդեօք Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան 6-րդ տարբերակին մէջ կա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ դրոյթ: Անիկա պաշտօնական Պաքուին փոխանցուեցաւ 21 նոյեմբերին։

Պաքուի առաջարկները հայկական կողմը ստացած էր նախքան Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը:

Պատասխանելով «Ազատութեան» ուղղած գրաւոր հարցումին, թէ արդեօք վերջին խմբագրութեան մէջ կա՞յ Արցախի հայերուն իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերող դրոյթ՝ արտաքին գործող նախարարութիւնը պատասխանեց՝ ըսելով. «Հայաստանի համար առաջնային է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, երկու երկիրներու միջեւ սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան գլխաւոր շտապի ամենաթարմ քարտէզներու վրայ, տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակումը` հիմնուած ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքների վրայ»։

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի հայաթափումէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Երեւանի կարմիր գիծերէն է նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը:  Իսկ նախորդ շաբաթ՝ արձագանգելով Արցախի ապագային վերաբերեալ ընդդիմութեան հարցումին` Փաշինեան յայտարարեց, թէ իր հարցը Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան է:

 

Պուենոս Այրեսի խորհրդարանը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ գործուած գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն որդեգրած է

Պուենոս Այրեսի ինքնավար քաղաքի խորհրդարանը 7 դեկտեմբերին 59 թեր, 1 ձեռնպահ քուէարկութեամբ որդեգրած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի դէմ կատարուած գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւն․ կը հաղորդէ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմատետրեան էջը:

Յայտարարութեան մէջ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ մեծ մտահոգութիւն կը յայտնէ հայ ժողովուրդի բռնի տեղահանման եւ վերջինիս համար ստեղծուած անմարդկային պայմաններուն առնչութեամբ, որոնք պայմանաւորուած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ զինադադարի համաձայնութիւնը խախտող գործողութիւններով, Բերձորի միջանցքին շրջափակումով եւ Արցախի տարածքին մէջ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումով, եւ կոչ կ’ուղղէ երաշխաւորելու քաղաքային անձերու անվտանգութիւնը եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի հանդէպ յարգանքը:

 

Չեխիան Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն համար գրեթէ 18 միլիոն չեխական կրօնի չափով մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանին

Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Չեխիան Հայաստանին տրամադրած է գրեթէ 18 միլիոն չեխական կրօնի (մօտ 800 հազար տոլար) չափով մարդասիրական օգնութիւն, կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանութիւնը:

«Հինգ միլիոնը պիտի ուղղուի «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան նախագիծերուն, որ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ։

Օգնութիւնը պիտի ուղղուի՝ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած բնակիչներու ձմռան եւ տան կահաւորման համար կտրօններ տրամադրելու, հիմնական սարքաւորումներ՝ հողագործութեան, այգեգործութեան, սնունդ պատրաստելու համար, ինչպէս նաեւ, օրինակ, հաւերու աճեցման համար, նոր աշխատանք գտնելու նպատակով վերապատրաստում, դրամաշնորհներ՝ նոր գործ սկսելու համար:

Այս բոլոր նախագծերուն նպատակն է օգնել՝ հնարաւորին չափ շատ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերուն ոտքի կանգնելու:

 

«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ բացուեցաւ «Մունք. Քաշաթաղ» խորագիրով ցուցահանդէս

«Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ 12 դեկտեմբերին բացուեցաւ «Մունք. Քաշաթաղ» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի (ԿԳՄՍ) նախարարութեան կողմէ:

Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ կը ցուցադրուին Քաշաթաղի (Լաչին)  շրջանի պատմամշակութային յուշարձաններու, ներառեալ` հնամեայ կամուրջներու, եկեղեցիներու, խաչքարերու, ամրոցներու ու բերդերու լուսանկարներ, որոնք հեղինակած է շրջանի վարչակազմի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր, լուսանկարիչ Զոհրապ Ըռքոյեանը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 138 թեմատիկ լուսանկարներ:

Լուսանկարներուն հեղինակ Զոհրապ Ըռքոյեանի խօսքով` ցուցադրութեան ներկայացուած է իր արխիւին մէկ մասը: Քաշաթաղի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող լուսանկարները ընտրուած են հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այցելուները հնարաւորին լայն պատկերացում կազմեն շրջանին մասին: Արտացոլուած նմուշներէն ամենահինը նախաքրիստոնէական շրջանի յուշարձաններ են` ժայռապատկեր, վիշապաքար, ամրոցներ:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ երկու ամիս։

 

Ազրպէյճանցիները աւերած են Օմարի լեռնանցքին մէջ զոհուածներու յիշատակին կանգնեցուած յուշաղբիւրը

լուսանկարը՝ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոն»-ի

Ազրպէյճանցիները աւերած են Օմարի լեռնանցքին մէջ զոհուած Տիգրան Աբրահամեանի եւ ընկերներու յիշատակին կանգնեցուած խաչքար-յուշաղբիւրը Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս բնակավայրի Թթու ջուր կոչուող տարածքին մէջ,  կը տեղեկացնէ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կենտրոն»-ը:

Հասարակական հարթակներու վրայ տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ Աղանուս գիւղին մօտ գտնուող պատմական աղբիւրին շրջակայքը զանգուածաբար հատուած են ծառեր։ Քաշաթաղի մէջ բնակութիւն հաստատած ազրպէյճանցիները տեղեկացուցած են, որ այնտեղ պիտի կառուցուի հանգիստի կեդրոն եւ ճաշարան։ Մինչդեռ Ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ Աղանուս գիւղին մէջ իրականացուած շինարարական աշխատանքները կատարուած են կամայականօրէն եւ շինարարական աշխատանքներուն վերաբերեալ որեւէ արտօնութիւն չէ տրուած։

 

«Շուշին՝ Կովկասի մարգարիտ» գիտաժողով՝ Ֆրանսայի մէջ

11-12 դեկտեմբերին Ֆրանսայի «Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային ուսումնարան»-ին (INALCO) մէջ տեղի ունեցաւ «Շուշին՝ Կովկասի մարգարիտ» խորագիրով երկօրեայ գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր INALCO-ի եւ «Յիշատակարան» նախագիծի նախաձեռնութեամբ:

Գիտաժողովի բացման` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան ներկաներուն փոխանցած է. Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու գնահատանքը։

Գիտաժողովին ներկայ էին Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր վրդ․ Խաչատրեանը, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Ֆրանսայի մշակութային ժառանգութեան ազգային ուսումնարանի տնօրէն Շառլ Փերսոնազը, հայ եւ օտար գիտնականներ, քաղաքական, հասարակական ու մշակութային գործիչներ:

Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան զեկոյցներ՝ նուիրուած Շուշիի եւ առհասարակ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն եւ ուղենշուեցան այդ ուղղութեամբ հայ ու ֆրանսացի գործիչներու համագործակցութեան ճանապարհները։

Տ. Գարեգին վրդ․ Համբարձումեանը բանախօսեց «Շուշին որպէս կրթական եւ հոգեւոր կեդրոն Արցախի թեմին մէջ եւ Սուրբ Էջմիածինի առաքելութիւնը Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ» թեմայով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ հայոց սրբավայրերու թիրախաւորման եւ պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման փաստագրուած ապացոյցներ ու միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու առաջարկներ։