Արցախցիք դրամահաւաք կը կազմակերպեն սուրիահայերու օժանդակութեան համար․Արցախն այս շաբաթ


Արցախը աւելի քան երկու ամիս շրջափակման մէջ

Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր (62 օր), արցախցիները վճռակամութեամբ կը դիմակայեն խորացող մարդասիրական ճգնաժամը։

Ազրպէյճան այս շաբթուան ընթացքին դէպի Արցախ կազամատակարարումը դարձեալ կասեցուց, յաջորդ օր մասնակի բացաւ։ Շրջափակման շուրջ երկու ամիսներուն ընթացքին, Արցախ կապոյտ վառելանիւթէն կը զրկուի արդէն yօթերորդ անգամն ըլլալով:

«Պարբերաբար ընդհատելով եւ մասնակիօրէն վերականգնելով գազամատակարարումը ազրպէյճանական կողմը նպատակ ունի ոչ միայն խորացնելու մարդասիրական ճգնաժամը, այլեւ` անորոշութեան զգացողութիւնը», յայտարարեցին Արցախէն:

Պետական ծրագիրով վառարան ու փայտ կը տրամադրուին այն բնակիչներուն, որոնք կազով ջեռուցման կարելիութիւն չունին:

Շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախի տնտեսութիւնը մեծ վնասներ կը կրէ․ Արցախի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արմինէ Մուսայէլեան յայտնած է, որ տուժած է տնտեսութեան քառասունմէկ ոլորտ:

«Տուժած են մանածագործական հագուստի, խմիչքներու, արտադրութեան, միրգ-բանջարեղէնի, միս-մսամթերքի մշակման ու պահածոյացման ոլորտները, հանրային սնունդի կազմակերպման ծառայութիւնները, հիւրանոցային տնտեսութիւնները, ինչպէս նաեւ մեծածախ ու մանրածախ առեւտուրի ոլորտը՝ ապրանքի բացակայութեան, իսկ արտադրողներու պարագային հումքի ներմուծման բացակայութեան  պատճառով:

Շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ անաւարտ մնացած է հարիւրաւոր բնակելի տուներու շինարարութիւնը:

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան տուեալներով, 90-95 տոկոսով նուազած է ընդհանուր շինարարութեան ծաւալը, որ հետեւանք է  շինանիւթերի պակասի։

Առաջին անհրաժեշտութեան պարէնային ապրանքները կը շարունակուին սպառողներուն տրամադրուիլ կտրօններով: Տասը Փետրուարի Արցախի տեղեկատուական շտապը յայտնեց, որ կտրօնով տրամադրուող ապրանքներուն ցանկը ընդլայնուած է։ Մակարողներէնի, հնդկաձաւարի, բրինձի, շաքարի, ձէթի կողքին բնակիչներուն պիտի տրամադրուին նաեւ միրգ, բանջարեղէն եւ ձու:

Ռուս խաղաղապահները՝ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխեցին եւ Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցեցին 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն։

Այս շաբաթ, Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ, ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան տասնեօթ անձեր, իսկ բժշկական հարցերով վեց հիւանդներ՝ Հայաստանի հիւանդանոցներ։ Հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի Արցախ տեղափոխուեցան տասնութ անձիք։ Նշենք, որ մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է եօթանասուն հիւանդ։

* Արցախի կառավարութիւնը պիտի համագործակցի ՀՕՄ-ի հետ` Սուրիահայերու օժանդակութեան համար

Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն` Արցախի կառավարութիւնը, համագործակցելով Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ, որոշած է միանալ համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն` կազմակերպելով դրամահաւաք:

«Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն` կոչ կ’ընենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն: Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար կանգնելու անկեղծ ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել ինչպէս բնութեան արհաւիրքները, այնպէս ալ` արհեստածին մարտահրաւէրները», ըսուած է կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Կը նշուի, որ նուիրատուութիւնները Հայաստանի դրամով կարելի է կատարել «Արցախբանկ»-ի մէջ բացուած հետեւեալ հաշիւի թիւով՝ 22300100156701:

Մէկ այլ լուրով կը հաղորդուի, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները և աշխատակազմը մէկ միլիոն տասներեք հազար դրամ նուիրած են Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տուժած իրեն հայրենակիցներուն օգնելու նպատակով։

* Քեպէքի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը

Քեպէքի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Փետրուարին գումարուած Գանատայի Քեպէք նահանգի խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Ազատական կուսակցութեան անդամ Սոնա Լախոյեան ընթերցեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը, որ ընդունուեցաւ խորհրդարանիի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Coalition Avenir Québec (CAQ), Quebec Liberal Party (QLP), Québec solidaire (QS) եւ Parti Québécois (PQ) կուսակցութիւններու պատգամաւորները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին բանաձեւին։

Բանաձեւը նիստին ներկայացուցած էին Միշէլ Սեթլաքուի (QLP), Սելին Հայթայեան (CAQ), Ժօէլ Արսէնօ (PQ) եւ Հարուն Պուազի (QS), եւ այս ձեւով, խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները համահեղինակ էին բանաձեւին։

 Խորհրդարանին որոշումով բանաձեւը պիտի փոխանցուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Քեպէքի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Գանատայի մօտ Ազրպէյճանի դեսպանատան։

* Լեռնային Ղարաբաղը ի սկզբանէ պատկանած է Հայաստանին եւ միշտ բնակեցուած է մեծամասնութեամբ հայերով. Ճեֆրի Ռապըրթսըն 

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Ճեֆրի Ռապըրթսըն «Տը Ինտիփենտընթ»-ին մէջ հրապարակած է յօդուած մը՝ ազրպէյճանցիներուն կողմէ Լաչինի միջանցքը փակելու առիթով։

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Ճեֆրի Ռապըրթսըն

Ան յօդուածը կը սկսի հետեւեալ ձեւով. «Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Չինաստան կրնան կասեցնել մենատիրական Ազրպէյճանը, որ շրջափակած է Լեռնային Ղարաբաղը՝ 120 հազար բնակիչներ սովամահ դարձնելու նպատակով»:

Յօդուածագիրը կը շեշտէ, որ շրջափակումը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է եւ կը հակասէ շարք մը պայմանագիրներու, սակայն ազրպէյճանցիները երկու ամիս է, որ շրջափակած են Արցախը եւ տակաւին կը շարունակեն անոր շրջափակումը: Ան կը յայտնէ, որ Լաչինի միջանցքը կենսական օղակ է՝ Ղարաբաղի հայերուն ամէն օր 400 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ հասցնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու, դպրոցականներու եւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու երթեւեկին համար:

«Անշուշտ, այդ մէկը աւելի արագ պիտի ըլլար օդային փոխադրութեան ճամբով, սակայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը սպառնացած է հարուածել որեւէ մարդատար կամ բեռնատար ինքնաթիռ, որ կը փորձէ վայրէջք կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Երկիրը Ազրպէյճանի եւ պատմութեան գերին է։ Անիկա ի սկզբանէ պատկանած է Հայաստանին եւ միշտ բնակեցուած է մեծամասնութեամբ հայերով, որոնք յայտնի են իրենց վաղ քրիստոնէական եկեղեցիներով եւ իւրայատուկ գորգերով: 19-րդ դարուն անիկա բռնագրաւուած է Ռուսիոյ կողմէ, իսկ 1921-ին Ստալին կամայականօրէն եւ սխալ կերպով այս քրիստոնէական շրջապատուած տարածքը ներառած է մահմետական Ազրպէյճանի կազմին մէջ՝ իբրեւ անկախ շրջան: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը անկախութիւն պահանջեց եւ պատերազմ մղեց անոր հասնելու համար», կը նշուի յօդուածին մէջ:

Յօդուածագիրը նկատել կու տայ, որ «ցուցարարներէն» շատեր դաջուածքներ ունին, եւ անոնք կ’ապացուցեն, որ անոնք »«Գորշ գայլեր»ու անդամ են: Կը շեշտուի, որ «ցուցարարները»ը կը խրախուսուին բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:  Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ նաեւ 20 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին եւ անդամներուն պահանջին մասին:

* Ստեփանակերտի մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է երեկոյեան ժամերգութիւն եւ օրհնութեան կարգ


Փետրուար 4-ին, երիտասարդ զոյգերու եւ սիրահարներու բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով, Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, եւ երիտասարդներու օրհնութեան կարգ: Այնուհետեւ, մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնին նուիրուած հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկ:

* Աւելի քան հարիւր պատանի մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած մէկօրեայ ճամբարին

ՀՅԴ Վանքի «Նորայր Դանիէլեան» պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ Վանք գիւղին մէջ Մարտակերտի շրջանի Վանք, Շահմասուր, Ծմակահող եւ Գառնաքար համայնքներու աւելի քան 100 պատանիներու համար կազմակերպուած էր մէկօրեայ ճամբար:

Ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, Արցախի Հայ օգնութեան միութեան եւ ՀՄԸՄ Արցախ-ի ջանքերով, նպատակ ունէր Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ պատանիները կտրել առօրեայ հոգերէն եւ անոնց ուրախ ու անմոռանալի օր պարգեւել: Պատանիները պատրաստած էին բեմական ներկայացումներ, երգեր, պարեր, խաղեր եւ դասախօսութիւն: