Անի Հրեշտակեան՝ Համազգայինի շարադրական մրցոյթին յաղթող 


ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտ Անի Հրեշտակեանը Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան 2021-22 տարեշրջանի շարադրութեան մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած է:

Հինգշաբթի, 9 Փետրուարին, Համազգային Գանատայի շրջանային վարչութեան Թորոնթոյի ներկայացուցիչ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան, ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան եւ հայերէն լեզուի ուսուցիչ Յասմիկ Պապեան շարադրական մրցումի գնահատագիրն ու «Պատանեկան օրագիր» գրքէն օրինակ մը յանձնեցին նախկին տարեշրջանի Ը. կարգի աշակերտուհի Անի Հրեշտակեանին: Մրցոյթին նիւթն էր՝ «Իմ Հերոսս»:

Շարադրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.


Իմ հերոսս

Անի Հրեշտակեան

Իւրաքանչիւր անձ կ՚ունենայ իր հերոսը՝ ըլլայ ան իր ծնողներէն կամ հարազատներէն մէկը, կամ արուեստի եւ մարզական աշխարհէն աստղ մը։ Սակայն ես որպէս հայ պատանի, որ կը յաճախեմ ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանը եւ անդամ եմ ՀՄԸՄ-ի ու Պատանեկան շարքերուն, օրական մտիկ կ’ընեմ հայրենիքի լուրերը եւ կը զգամ հայ ժողովուրդը տանջող մտահոգութիւնները։ Անցեալ տարուան Արցախեան 44-օրեայ ահռելի պատերազմէն ետք, իմ հերոսս դարձաւ ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանը։

Գէորգ Հաճեան

Գէորգը զաւակն է Մուսա լերան եւ այնճարցի հայ ընտանիքի մը։ Ան 2005 թուականին հաստատուած էր Հայաստան իր կնոջ եւ իր մէկ հատիկ տղուն հետ։ Երբ Արցախեան պատերազմը սկսաւ Սեպտեմբեր 2020-ին, ան թողելով իր կինն ու որդին, Լիբանան ապրող իր ծերունի մայրն ու երիտասարդ քոյրերը, մեկնեցաւ կռուադաշտ, միացաւ իր գաղափարի ընկերներուն, ունենալով մէկ նպատակ՝ զոհուիլ վասն հայրենիքի ու հայութեան, որ այդպէս ալ եղաւ։

Ես բախտն ունեցած եմ զինք անձամբ տեսնելու, երբ ան կ’այցելէր Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանը։ Լսած էի եւ տպաւորուած իր հրաշալի ձայնով, որով կը կատարէր կրօնական շարականներ, ազգագրական երգեր, որոնք լեցուն էին հարազատ եւ ազգային ապրումներով, ոգիով եւ շունչով։

Գէորգ Հաճեանը օրինակն է հայրենասէր հայու, որ չխնայեց նոյնիսկ իր կեանքը ազատելու եւ պաշտպանելու համար իր հայրենի հողը։

Փառք ու պատիւ քեզի, Գէո՛րգ․ դուն հայ պատանիներու սրտերուն, հոգիներուն ու միտքերուն մէջ միշտ պիտի մնաս։ Պիտի հետեւինք քու քայլերուդ, պիտի չդադրինք պայքարելէ ու պահանջելէ։ Խունկ ու մոմ քու եւ քեզի նման նահատակներու շիրիմին ու հոգիին։