Երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան կը փութան հայկական շարք մը կառոյցներ


«Թորոնթոհայ»- Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 4։17-ին, ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանները՝ պատճառելով հսկայական մարդկային եւ նիւթական վնասներ։ Պատմական Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքին մօտ 7․8 ռիխթըր ուժնութեամբ տեղի ունեցած երկրաշարժը վերջին դարուն տեղի ունեցած ամենէն ուժեղ երկրաշարժն է այդ տարածաշրջանին մէջ։ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հաղորդումով` երկրաշարժին յաջորդած է 22 յետցնցում, որոնցմէ վերջինին ուժգնութիւնը կազմած է 6 ռիխթըր: Յետցնցումներէն ամէնէն ուժգինը 6,6 ռիխթըր է: Ըստ BBC-ի վերջին տուեալներուն զոհուած է 9 հազար մարդ, վիրաւորուած՝ տասնեակ հազարաւորներ։ Փրկարարները կը շարունակեն փլատակներուն տակէն դուրս բերել մարմիններ եւ ողջ մնացածներ։ ՄԱԿ-ը յայտարարած է, որ զոհերու թիւը կրնայ հասնիլ աւելի քան քսան հազարի։ Սուրիոյ մէջ առաւելաբար տուժած են Հալէպ, Իտլէպ եւ Լաթաքիա նահանգները։ Ան զգալի դարձած է նաեւ Լիբանանի, Իրաքի, Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ։

Ըստ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն, զոհերուն թիւը հասաւ 1 250-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 2 054-ի։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ամբողջ հիւանդանոցները եւ շարժական բուժկեդրոնները տրամադրած է վիրաւորները ընդունելուն, ինչպէս նաեւ արեան տուչութեան բոլոր կեդրոնները ապահովուած են արեան բոլոր խմբաւորումներով։

Հալէպի մէջ երկրաշարժի պատճառով մահացած են հալէպահայ մայր եւ որդի Միրնա եւ Ալպեր Թէնէքէճեանները, իսկ ընտանիքին հայրն ու դուստրը վիրաւորուած են, երբ անոնց բնակած շէնքը փուլ եկած է: Բնակարաններու կողքին, մասամբ վնասուած են հայկական կեդրոններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ․ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Կիլիկիան վարժարանը․․․։ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ վնասուած են շինութիւններ, բարեբախտաբար, հայ զոհեր չկան։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը Երկուշաբթի օրուան հրապարակած զեկոյցին մէջ կը նշէ, որ Մալաթիոյ մէջ զոհուած են ամուսիններ Սամի եւ Ակտա Թապաշները՝ իրենց բնակարանին փուլ գալուն պատճառով, վնասուած է Իսկենտերունի Սրբոց Քառասուն Մանկունք եկեղեցին։

Գիշերը Հալէպի բնակչութեան մեծ մասը անցուցած է բնակարաններէն դուրս։ Հայկական ակումբներու եւ կեդրոններու մէջ պատսպարուած են մօտաւոր 2 000 քաղաքացիներ, որոնց տրամադրուած են անհրաժեշտ պարագաներ, ստեղծուած են յարմարութիւններ՝ ջերուցման, ելեկտրականութեան, որպէսզի անոնք հանգիստ գիշեր մը անցնեն։

Ըստ Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանին՝ առաջնահերթը մարդոց բնակարաններու վերականգնումն է, որովհետեւ մարդիկ ապահով չեն զգար վթարուած բնակարաններու մէջ ապրելու։ «Սուրիոյ շրջափակման պայմաններուն մէջ, երբ նոյնիսկ մարդասիրական օգնութիւնը չի հասնիր երկիր, սուրիահայութիւնը կարիքը ունի նիւթական օժանդակութեան, որպէսզի շտապ օգնութեան, կեցութեան եւ առաջին անհրաժեշտութեան կարիքները ապահովուին», կը նշէ ան։


Երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան կը փութան հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ`

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին կողմէ, գումար մը կը յատկացուի Հալէպի հայութեան, ապաստարաններու մէջ մնացող հայերուն սննդաբաշխումի աշխատանքներուն համար։

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) անմիջապէս ստեղծեց երկրաշարժէն տուժածներու հիմնադրամ մը՝ կոչ ուղղելով աշխարհասփիւռ իր մասնաճիւղերուն եւ բոլոր հայրենակիցներուն՝ անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու այս ծանր երկրաշարժէն տուժածներուն:

Նուիրատուութեան համար այցելել https://ars-canada.ca/donations/

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) նոյնպէս օգնութեան կը փութայ․ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Յարութիւն Սէլիմեան յայտնեց, որ Հալէպի Հայ աւետարանական Բէթէլ եկեղեցին անյապաղ օգնութեան ձեռք կ’երկարէ տուժածներուն: «Աւելի քան 350 ընտանիք ապաստան գտան Բէթէլ եկեղեցւոյ սրահներն եւ բակը: Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքը, ԱՀԱԸ-ի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նիւթական աջակցութեամբ ձեռք կ’երկարէ անապահովներու անմիջական եւ հիմնական կարիքները հոգալու։

Նուիրաբերեցէք AMAA-ին կամ անոր գանատական կառոյցին` AMAC-ին այստեղ:

Գանատայի Հայոց առաջնորդարանը անսալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի աջակցութեան կոչին՝ նոյնպէս դրամահաւաք կազմակերպած է: Կրնաք ձեր նուիրատուութիւննեը կատարել Գանատայի Հայոց առաջնորդարանին։

«Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ մէջ զոհուած բոլոր հայերուն, իսկ վիրաւորներուն մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է Գանատայի Առաջնորդարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

ՀՕՄ-ի արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը Երկուշաբթի նախաձեռնած է դրամահաւաք, որ պիտի օժանդակէ Սուրիոյ Հայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) գործունէութեան՝ օգնելու այս աղէտէն տուժածներուն։

Նուիրաբերեցէք ՀՕՄ-ի Արեւելեան ԱՄՆ-ի Սուրիահայ Օգնութեան (SAR) շտապ օգնութեան հիմնադրամին այստեղ: