«Ամբողջական շրջափակման հետեւանքները աննկարագրելի ծանր են». Արցախն այս շաբաթ


«Ամբողջական շրջափակման հետեւանքները աննկարագրելի ծանր են Արցախի համար»․ Գուրգէն Ներսիսեան

Արցախը 15 յունիսէն ետք ամբողջութեամբ կ’ապրի իր ներքին միջոցներով, իսկ ինքնաբաւութեան բաւարար մակարդակ չունեցող երկրի համար, որ կ’ապրէր Հայաստանի հետ անխզելի կապի միջոցով, նման պայմանները աննկարագրելի ծանր են, 6 յուլիսին Հայաստան-Արցախ հեռուստակամուրջ-ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանը` անդրադառնալով ամբողջական շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

«12 դեկտեմբեր 2022-էն սկսած մինչեւ այս տարուան 15 յունիսը Արցախ մտած էր չնչին քանակի սնունդ, որ ընդամէնը բաւարարած էր բնակչութեան նուազագոյն կարիքները: Բնականաբար այդ ամէնուն զուգահեռ կրճատուած էին մեր ներքին միջոցները: Աւելի քան 20 օր է` արցախցի երեխաները, տարեցները, յղի կանայք զրկուած են անհրաժեշտ քանակի միրգ ու բանջարեղէն օգտագործելու հնարաւորութենէն, կը բացակային տարրական մարքրութեան պարագաները, մարդիկ զրկուած են հիւանդին հիւանդանոց տեղափոխելու հնարաւորութենէն: Առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները կը փոձենք հաւասարաչափ բաշխել ու հասցնել բնակիչներուն, իսկ շրջաններու մէջ ապրող մեր քաղաքացիները ամբողջութեամբ կտրուած են մայրաքաղաքէն ու Ստեփանակերտի հիւանդանոցներ դիմելու հնարաւորութենէն:

Գիւղատնտեսութեամբ զբաղուող մարդիկ կանգնած են լրջագոյն խնդիրներու առջեւ: Հայաստանէն ելեկտրականութեան ու կազի մատակարարումը խափանուած ըլլլալու պատճառով մարդիկ ընդամէնը քանի մը ժամ կը ստանան ելեկտրականութիւն», ներկայացուց Արցախի պետնախարարը` համոզում յայտնելով, որ այս ամէնը ոչ թէ մարդու իրաւունքներու խախտում, այլ ոչնչացում է:

Շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախը միայն ներքին պաշարներու հաշուին իր գոյութիւնը կը պաշտպանէ, ըսաւ պետական նախարարը

Ազրպէճանը շրջափակումով սկսած էր Արցախի ժողովուրդը հիւծելու, մաշեցնելու գործընթաց, իսկ 15 յունիսէն սկսած Արցախ բացարձակ որեւէ մարդասիրական բեռ չի մտեր, ընդհանրապէս սնունդ չի մտներ, նշեց Արցախի պետական նախարարը:

«Ինչպէս գիտենք, Արցախն ինքնաբաւ երկիր չէ սնունդի տեսանկիւնէ եւ կան բազմաթիւ ապրանքատեսակներ, որոնք կը բերուէին Հայաստանէն: Սակայն 15 յունիսէն Արցախը միայն իր ներքին միջոցներու հաշուին իր գոյութիւնը կը պաշտպանէ։ Արցախցին այսօր կ’ապրի մեր գիւղացիներու կողմէ ստեղծուած գիւղատնտեսական մթերքի հաշուին եւ այն պահուստային ֆոնտի հաշուին, որ մենք ունեցած ենք: Պարզ է, որ մեր ունեցած պաշարները անսպառ չեն: Աննկարագրելի ինքնակազմակերպուածութիւն է Արցախի ժողովուրդին մօտ», ըսաւ ան:

Հարցումին` որքանով ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, որ 50 տոկոսով աճած են ջերմոցային տնտեսութիւնները, անասնապահութիւնը, պետնախարարը պատասխանեց. «Այո՛, որոշ ժամանակ անց մենք կրնանք մեր ջերմոցներու հաշուին ապահովել մեր ներքին պահանջարկի մօտ 70 տոկոսը, որ աննախադէպ ցուցանիշ է Արցախի համար: Մենք երբեք նման ինքնաբաւութեան մակարդակ չենք ունեցած»:

Արցախի հետզհետէ սրող իրավիճակը լուրջ մարտահրաւէր կը յառաջացնէ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 5 Յուլիսին գումարուած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի աճող սպառնալիքներուն եւ մարդասիրական փոխադրութիւններու ամբողջական կասեցման պայմաններուն մէջ, օրէ օր սրող ապահովական ու մարդասիրական իրավիճակը լուրջ մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան։

«Բոլոր պատասխանատու դերակատարներու կողմէ հրատապ ու արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկման սուր անհրաժեշտութիւն կայ` իւրաքանչիւրը իր պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս: Մեր հնչեցուցած գոյաբանական ահազանգի պայմաններուն մէջ Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները կ’ակնկալեն սեղմագոյն ժամկէտի մէջ շօշափելի արդիւնքներ անվտանգային ու մարդասիրական իրավիճակի մեղմացման եւ շրջափակման վերացման ուղղութեամբ», ընդգծեց Արայիկ Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ Արցախ հաւատարիմ կը մնայ իր կառուցողական կեցուածքին եւ պատրաստ է քաղաքակիրթ երկխօսութեամբ քննարկել եւ խաղաղ միջոցներով կարգաւորել բոլոր հիմնահարցերը:

Նախագահ Յարութիւնեան օրեր առաջ` Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ պարէնային մթերքը պէտք է խնայողաբար օգտագործուի` դիտել տալով, թէ այդ չի նշանակեր պաշարներ չկան կուտակուած: «Ահռելի պաշարներ ունiնք, ի հարկէ, ոչ բոլոր ապրանքատեսակներով, բայց տեղական արտադրանքը թոյլ պիտի տայ երկարաժամկէտ պայքար տանելու», հաստատեց Յարութիւնեան` ընդգծելով, որ կարեւորը ինքնիշխանութիւնը չկորսնցնելն է, իսկ այդ մէկը, ըստ իրեն, կարելի է: 

Այս ծանր պայմաններուն մէջ Արցախի հայութեանը ամենաշատը կը պակասի ոչ այնքան սնունդ, վառելիք կամ մէկ այլ նիւթական միջոց, այլ` գործնական ուշադրութիւն․ Բեգլարեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանի Սահմանադրութեան օրուան եւ իր ծննդեան տարեդարձին առիթով խնդրանքով դիմեց հայ ժողովուրդին, նշելով հետեւեալը․

«Այսօր ՀՀ Սահմանադրութեան օրն է եւ իմ ծննդեան տարեդարձը: Շնորհաւորելով բոլոր հայերս Մայր Հայաստանի Մայր օրէնքի օրուան առթիւ` չեմ սպասեր որեւէ շնորհաւորանքի տարեդարձիս առիթով: Փոխարէնը, կը ցանկայի ինծի յարգող իւրաքանչիւր անձի ուշադրութիւնը հերթական անգամ հրաւիրել Արցախի ներկայ վիճակի ու իւրաքանչիւրի ընելիքներուն վրայ:

Այս ծանր պայմաններուն մէջ Արցախի հայութեան ամենաշատը կը պակասի ոչ այնքան սնունդ, վառելիք կամ մէկ այլ նիւթական միջոց, այլ` գործնական ուշադրութիւն: Անշուշտ, այս պայքարին մէջ հիմնական խաչը կը կրէ Արցախի հայութիւնը` ստանձնելով իր բաժին ազգային պատասխանատուութիւնը, սակայն մենք կ’ակնկալենք ուշադրութիւն առաջնահերթօրէն հայ ժողովուրդէն ու հայոց պետականութենէն` որպէս Արցախի տէր ու գլխաւոր շահառու: Շրջափակման ընթացքին բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ եղած են Արցախին աջակցելու համար, որոնց բոլորի հեղինակներուն ու մասնակիցներուն երախտապարտ ենք:

Այժմ խնդիր ունինք աւելի գործնական ու զանգուածային դարձնելու Արցախին աջակցող նախաձեռնութիւնները, որոնցմէ կ’ուզէի այսօր առանձնացնել «Հայաքուե»-ն:
Արցախը բացառիկ նշանակութիւն ունի Հայ ժողովուրդի ու Հայոց պետականութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի համար, եւ, հետեւաբար, իւրաքանչիւր հայի ազգային ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն մէջ կը մտնէ հայկական ու անվտանգ Արցախի նպատակին ծառայելը: Ատիկա կարելի է ընել թէ՛ բարեխիղճ պետական-ազգային ծառայութեամբ, թէ՛ «Հայաքուե»-ին կամ այլ նախաձեռնութեան միանալով, թէ՛ այլ ծրագիրներ իրագործելով, թէ՛ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ պահանջատիրական ու իրազեկման ցոյցեր իրականացնելով եւ բազմաթիւ այլ եղանակներով: Սակայն կ’ուզէի ընդգծել, որ Արցախին օգնելու առաջնահերթ ձեւը չվնասելն է.

Տօնական ու ծննդեան իմ իրաւունքէն օգտուելով` իւրաքանչիւրիդ եղբայրաբար կը խնդրեմ, կը յորդորեն ու կը պահանջեմ`

• Մի՛ վնասէք Արցախին` ատով իսկ ողջ Հայ ազգին ու Հայոց պետականութեանը,

• Մի՛ թոյլ տաք այլոց եւս վնասել,

• Մի՛ տրուիք յուսահատութեան ու անելանելիութեան թշնամական որոգայթին,

• Հնարաւորինս գործնական ձեւերով սատարեցէ՛ք Արցախին աջակցող ցանկացած նախաձեռնութեան,

• Մի՛ մոռնաք, որ նպատակին կը հասնին պայքարով, պայքարը կ’ուղեկցուի նաեւ զրկանքներով, իսկ առանց պայքարի` ազգերը արեւի տակէն արագօրէն կը գլորուին հողի տակ»:

Ազրպէյճանցիները կրակ բացին Մաճկալաշէն գիւղի դաշտերուն մէջ աշխատող երկրագործին ուղղութեամբ

7 Յուլիսի երեկոյեան Մարտունիի շրջանին մէջ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը խախտեցին զինադադարը՝ հրաձիգներով եւ 60. մմ տրամաչափի ականանետերով կրակ բանալով Մաճկալաշէն գիւղի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քարշակին ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմէ տուժողներ չկան:

Ստեփանակերտ անընդունելի կը նկատէ միջազգային հանրութեան Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն ոչ-պատշաճ արձագանգը 

Արցախի պաշտպանութեան բանակին մասին կեղծ խօսոյթներ յօրինելով եւ յառաջ մղելով՝ Ազրպէյճան, ըստ էութեան, կը ժխտէ Արցախի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան անքակտելի իրաւունքը եւ կը ձգտի զայն զրկել սեփական ապահովութեան երաշխաւորման բոլոր միջոցներէն եւ կարելիութիւններէն, հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Չնայած այն հանգամանքին, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբն արցախեան կողմէ հրադադարի խախտում երբեք չէ արձանագրած՝ պաշտօնական Պաքուն կը շարունակէ իր դիրքերը գնդակոծելու մասին կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնել Արցախի պաշտպանութեան բանակի հասցէին եւ միեւնոյն ժամանակ սաստկացնել յարձակողապաշտ ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը՝ ատով իսկ տեղեկատուական եւ քարոզչական հող նախապատրաստելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ նոր յարձակման համար: Ատոր մասին կը վկայէ նաեւ այն, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հետեւողականօրէն մերժել առաջարկները՝ Արցախ, ներառեալ՝ Լաչինի միջանցք ուղարկել միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն, որ կարենայ տեղւոյն վրայ գնահատել իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան ներկայացնել իրականութեան առարկայական պատկերը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

 Պաշտօնական Ստեփանակերտը անընդունելի կը նկատէ, որ «միջազգային հանրութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Ռուսիան, առանց պատշաճ ուշադրութեան եւ արձագանգի կը ձգեն Ազրպէյճանի սպառնալիքները»:

Նախարարութիւնը կ’ընդգծէ, որ միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամները եւ, մասնաւորապէս, խաղաղ գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր դերակատարները պէտք չէ անտեսեն եւ առաւել եւս՝ որոշակի յայտարարութիւններով խրախուսեն Ազրպէյճանի կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններու խախտումները, Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, որ կրնայ վերածուիլ աւելի լայնածաւալ յանցագործութեան:

Ուաշինկթըն կ’արձագանգէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը արձագանգեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն հնչած այն քննադատութեան, թէ «միջնորդներու մօտեցումները պէտք չէ կանխորոշեն բանակցութիւններու արդիւնքը»: 

«Հարցերու կարգաւորման եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբան ուղիղ երկխօսութիւնն է: Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի ապագային վերաբերեալ բանակցութիւններու արդիւնքներ չի կանխորոշեր: Միացեալ Նահանգները կ’աջակցի համաձայնութեան կայացման, որ պիտի ըլլայ տեւական, կայուն եւ պիտի ապահովէ հիմքեր խաղաղութեան համար։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու ու ապահովութեան հարցը հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան առանցքը կը հանդիսանայ: Վերջապէս, չափէն աւելի երկար տեւած եւ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր արժած այս հակամարտութեան տեւական կարգաւորումը երաշխաւորելու միակ ճամբան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումն է եւ իրենց տուներուն մէջ ապահովութեան զգացում ունենալը», ըսաւ դեսպան Քրիսթինա Քուին:

Ալիեւ Հայաստանէն կը պահանջէ զինեալ ուժերը «ամբողջութեամբ» դուրս բերել Արցախէն

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ եթէ Հայաստանը իսկապէս շահագրգռուած է շրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան հասնելու գաղափարով, ապա պէտք է իր զինեալ ուժերը ամբողջութեամբ դուրս բերէ Ղարաբաղէն:

«Հակառակ անոր որ Հայաստանը ստիպուած էր Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալ, սակայն Ազրպէյճանի տարածքին մէջ, ուր ժամանակաւոր տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները, տակաւին կան հայկական զինեալ ուժերու մնացորդներ», «Ազատութեան» փոխանցմամբ՝ ըսած է Ալիեւ` զգուշացնելով, որ զինուորական եւ կիսազինուորական կազմաւորումները պէտք է զինաթափուին:

Ազրպէյճանի բռնապետը դժգոհած է, որ Հայաստանը կը խոչընդոտէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը, մինչդեռ, ըստ Ալիեւի, Երեւանը այդ պարտաւորութիւնը ստանձնած է 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեամբ, ուստի անիկա պէտք է իրականացուի:

«Ռուսիան չափազանց անհանգստացած է Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումով»․ Զախարովա

«Ռուսիան չափազանց անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներով եւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքի շարունակուող շրջափակումով», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ըստ առկայ տեղեկատուութեան, շրջանին մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը վատթարանայ: Ցաւով ստիպուած ենք արձանագրելու, որ մատակարարման դադրեցման պատճառով Ղարաբաղի բնակչութիւնը կրնայ մնալ առանց սննդամթերքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ դեղորայքի պաշարներու», ըսած է Զախարովա` շեշտելով, որ ասիկա կը հակասէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնագիրներուն:

Զախարովա նաեւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է ապաշրջափակելու Բերձորի միջանցքը:

«Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ’ուղղենք բոլոր հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով, ազրպէյճանական կողմին կոչ կ’ուղղենք ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անոր միջոցով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը` քաղաքացիական նպատակներով», նշած է Զախարովա:

Միջազգային դատարանը վերահաստատեց Lաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժ ապահովելու իր որոշումը

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 6 յուլիսին տուաւ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտ տեղադրելու գծով Հայաստանի դիմումին վերաբերող որոշումը, որմով վերահաստատեց այս տարուան փետրուարի իր որոշումը, որուն միջոցով կը պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանը՝ ձեռնարկելու բոլոր միջոցները երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը։

Ֆրանսա Արցախի հայութեան համար ապահովութեան երաշխիքներ կը պահանջէ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա հաստատեց, որ Ֆրանսա Արցախի հայութեան համար ապահովութեան երաշխիքներ կը պահանջէ: 6 Յուլիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Քոլոննայի հետ:

Ըստ Փարիզի հաղորդած տեղեկութեան՝ նախարար Քոլոննա շեշտեց, որ միայն միջազգային իրաւունքը յարգող եւ Արցախի հայ բնակչութեան` հոն ապրելու կարելիութիւնը երաշխաւորող համաձայնութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ արդար եւ մնայուն խաղաղութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ հայերը պէտք է առիթ ունենան ապրելու Արցախի մէջ՝ իրենց իրաւունքներուն եւ մշակոյթին նկատմամբ յարգանքով:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման եւ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտումին նկատմամբ հետագայ գործողութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու հրատապութիւնը:

7 Յուլիսին, Քոլոննա գրառում մը կատարելով «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ՝ հաստատեց, որ Ֆրանսա կ’աջակցի Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութեան հասնելու՝ Հայաստանի անկեղծ ջանքերուն ` պահպանելով Արցախի մէջ բնակող հայերուն իրաւունքները: «Ֆրանսա զօրաշարժի ենթարկած է իր ուժերը՝ յանուն արդարութեան եւ միջազգային իրաւունքի պահպանման», գրած է Քոլոննա: 

Արցախի դպրոցներուն մէջ նոր տարեշրջանին պիտի դասաւանդուի «Արցախի պատմութիւն» նիւթը

Արցախի Հանրապետութեան հանրակրթական դպրոցներուն մէջ ուսումնական նոր տարեշրջանին պիտի դասաւանդուի «Արցախի պատմութիւն» նիւթը:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան նախարար Նորայր Մկրտչեան յայտնեց, որ «Արցախի պատմութիւն» նիւթը պիտի ըլլայ փոխլրացումը Հայոց պատմութեան եւ իր մէջ պիտի ներառէ Արցախին վերաբերող իրադարձութիւնները:

«Կը նախատեսուի, որ առաջին փուլին անիկա դասաւանդուի միայն 8-9-րդ դասարաններուն մէջ, սակայն յետագային անիկա պիտի ներառուի նաեւ այլ դասարաններու ուսումնական ծրագրին մէջ», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ Արցախի պատմութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան անբաժանելի մասն է, սակայն գաղափարի նպատակն է, որ արցախցի աշակերտները աւելի լաւ սերտեն իրենց երկրամասին մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւնները:

Արցախի ազգային նուագարաններու եւ Արցախի պետական կամերային նուագախումբերու համերգ

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ, 6 յուլիսին տեղի ունեցաւ Արցախի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի եւ Արցախի պետական կամերային նուագախումբի համատեղ համերգը:

 Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ համերգը սկսաւ Մակար Եկմալեանի «Սուրբ սուրբ» ստեղծագործութեամբ, որ յարգանքի տուրք էր եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի

Երեկոյի ընթացքին հանդիսատեսին ներկայացուեցան կոթողական ստեղծագործութիւններ, առաւել բարդ ու բազմաձայն, հնչեղ կատարումներ: Երաժիշտներու նուագին կ’ուղեկցուէին Ստեփանակերտի Սայաթ-նովայի անուան երաժշտական քոլէճի ուսանողներու կատարումները:

Համերգը եզրափակուեցաւ Յասմիկ Հախվերդեանի «Իմ Արցախ» ստեղծագործութեան կատարումով:

«Հայ ուսանողութիւնը Արցախի Համար» ուսումնասիրութիւնմրցանք

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը նախաձեռնէ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» խորագիրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք ծրագիր մը՝ նպատակ ունենալով համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: «Սոյն մրցանքը կը նախաձեռնենք նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը, եւ անհրաժեշտութիւնը տեսնելով հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը ծառայեցնելու Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին», ըսուած է գրասենեակւ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներու մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ արդիւնաւէտ օգտագործման համար:

Առ այդ, կոչ կ’ուղղուի 20-35 տարեկան՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ուսանողութեան մասնակցելու սոյն ծրագրին:

Մասնակիցներուն աշխատանքին պիտի վերահսկեն հանրայայտ դէմքեր որպէս խորհրդատուներ (mentors):

Յայտադիմումները եւ անոր կից նպատակային բացատրագիրները պէտք է լրացնել մինչեւ 31 յուլիս, այցելելով հետեւեալ կայքը studentsforartsakh.am :

Ուսումնասիրութիւներու յանձման վերջաժամկէտն է սոյն թուականի 1 հոկտեմբերը:

Լուսաբանունմներու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am: