«Մեր հայեր». թորոնթոհայ Սեւան Թոսունին առաքելութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ


Սփիւռքի տարածքին շատերը քիչ բան գիտեն Պոլսոյ հայ համայնքին մասին։ Կան սխալ պատկերացումներ, կարծրատիպներ եւ ընդհանուր առմամբ գիտակցութեան պակաս, երբ խօսքը կը վերաբերի պատմական պոլսահայ համայնքին: Օրինակ, շատերը չեն գիտեր, որ բացի քաղաքական եւ ընկերային ճնշումներէ եւ դժուարութիւններէ, համայնքին մէջ տնտեսապէս անկայուն ընտանիքներ կան, որոնց վիճակը վատացաւ յատկապէս COVID-19 համաճարակէն ետք եւ Թուրքիոյ տնտեսական դժուարին այս ժամանակաշրջանին:

Թորոնթոհայ Սեւան Թոսուն փոխնախագահն է «Մեր հայեր» բարեգործական կազմակերպութեան, որուն գերնպատակն է օժանդակել Պոլսոյ հայ համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն: Սեւանին եւ «Մեր հայեր» կազմակերպութեան հետ աւելի մօտէն ծանօթանալու միտումով վերջերս հարցազրոյց մը ունեցանք անոր հետ:


«Թորոնթոհայ». Ի՞նչ է Պոլսոյ հետ կապդ:

Սեւան Թոսուն. Պոլիսը ծննդավայրս է. ծնած եմ այնտեղ 1977 թուականին, Արամ եւ Սիրարփի Թոսուններու ընտանիքին մէջ: Նախակրթարանի ուսումս ստանալէն ետք, 12 տարեկանին դարձայ ոսկերչական աշկերտ: Մինչեւ 20 տարեկան աշխատելէ եւ ոսկերչական զանազան հմտութիւններ ստանալէ ետք եկայ Գանատա այցելելու եղբօրս, որ մի քանի տարի առաջ փախստականի կարգավիճակով գաղթած էր այնտեղ: Այդ այցելութիւնը կեանքս փոխեց. չուզեցի Պոլիս վերադառնալ, ուրեմն՝ քրտնաջան աշխատեցայ, գումար խնայեցի եւ հանդիպեցայ հրաշալի հայուհիի մը՝ Ասլինին, որուն հետ կեանք եւ ընտանիք ստեղծեցի:

Թ. Ինչպէ՞ս սկսար աշխատելու «Մեր հայեր» կազմակերպութեան հետ:

ՍԹ. 2020 թուականին Պոլիս գացի ընտանիքիս այցելելու եւ այնտեղ հանդիպեցայ բարեկամիս՝ Արեւ Չեպեճիին հետ։ Արեւն ու իր կինը՝ Նաթալին, տարի մը առաջ ստեղծած էին «Մեր հայեր» կազմակերպութիւնը: COVID-19 համաճարակի օրերուն, Պոլսոյ մէջ շատ մարդիկ մնացին առանց անհրաժեշտ իրերու եւ լուրջ դժուարութիւններ ապրեցան. անոնցմէ մէկ մասը հայեր էին:

Օգնութեան խնդրանքով դիմեցին դրացիներու եւ եկեղեցիներու: Այդ օրերուն Արեւն ու Նաթալին անդրադարձան, որ կրնան ստեղծել պատրաստակամ կամաւորներու փոքր խումբ մը՝ հասնելու հայ ընտանիքներուն, որոնք օգնութեան կարիքը ունէին: Երբ տեսայ մանկութեան ընկերոջս՝ Արեւին ֆէյսպուքեան հաղորդագրութիւններն ու գրառումները, ձեռքս մեկնեցի նիւթական օժանդակութիւն ղրկելով։

Ես ալ, Արեւին պէս, պզտիկուց կ’ուզէի հայերուն օգնել, յատկապէս անոնց, որոնք շատ չքաւոր են: Երբ տեսայ իմ փոքրիկ ներդրման արդիւնքները, ուզեցի աւելի աշխուժօրէն մասնակցիլ. ներգրաւուեցայ եւ ուզեցի «Մեր հայեր»-ը գրանցուած, շահոյթ չհետապնդող, բարեգործական հաստատութիւն մը դարձնել: Միացնելով մեր մտքերն ու սիրտերը կազմակերպութիւնը վերավաճառանշումի (rebranding) ենթարկեցինք եւ «Մեր հայեր»-ը դարձուցինք շատ աւելի մեծ բարեգործական նախաձեռնութիւն:

Թ. Ի՞նչ է «Մեր հայեր» կազմակերպութեան հիմնական նպատակը:

ՍԹ. Մենք կը ցանկանանք ըլլալ օգնութեան փարոսը բոլոր կարիքաւոր հայերու համար: Մէկը կարիքի մէջ է, կամ յայտնուած է ծանր իրավիճակի մէջ, մենք կը ցանկանք, որ ան մտածէ «Մեր հայեր»-ուն մասին, որովհետեւ մենք միշտ պատրաստ ենք օգնութիւն մատուցելու: Օրինակ, երբ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ փետրուար 2023-ին, բոլորովին անսպասելի էր. մեր կազմակերպութեան կամաւորները Պոլիսէն դուրս աղէտալի գօտիին մէջ գտնուող մարդոց հասան եւ ապահովեցին անոնց հիմնական կարիքները, որոնց պէտք ունէին իրենց առօրեան շարունակելու համար:

«Մեր հայերը»-ու կամաւորները ժամանակ կը յատկացնեն անձամբ հանդիպելու եւ շփուելու կարիքաւոր ընտանիքներու հետ, անոնց հետ կիսելով իրենց լաւ ու վատ օրերը: COVID-19 համաճարակը, սարսափելի էր բազմաթիւ ճակատներու վրայ։ Մինչ բոլորը զբաղած էին հեռաւորութիւն պահպանելով, համաճարակը մեզի հնարաւորութիւնը տուաւ աւելի մօտէն ճանչնալու Թուրքիոյ հայ ընտանիքները։ Մինչ մարդիկ հեռու մնացին եւ աւելի հեռացան իրենց ընտանիքներէն ու սիրելիներէն, մենք աւելի մտերմացանք այն ընտանիքներուն, որոնց կ’օգնենք. Անշուշտ այս մէկ շատ յաճախ տեսազանգերու միջոցով եղաւ: Երբ Պոլիսը արգելափակուած էր եւ մարդիկ չէին կրնար իրենց տուները ձգել, մենք անոնց դռներուն մօտ սնունդ եւ ամէնօրեայ անհրաժեշտ իրեր կը տանէինք: Միասին մենք հասանք անհասանելիին՝ նոյնիսկ ամենէն դժուար օրերուն։

Թ. Իսկ հիմնական մարտահրաւէ՞րը:

ՍԹ. Մեր ամենէն մեծ մարտահրաւէրը այն է, որ շատ մարդիկ չեն հաւատար փոփոխութեան: Եթէ չմիաւորուինք, ապա չենք կրնար աշխարհը աւելի լաւը դարձնել՝ յատկապէս կարիքաւոր մեր հայ ընտանիքներուն համար:

Որոշ ժամանակ առաւ, մինչեւ Պոլսոյ հայ համայնքին վստահութիւնը շահեցանք. թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ տնտեսական ճնշումներու եւ դժուարութիւններու պատճառով հասկնալի է, որ համայնքը արագ չի վստահիր: Անցեալ տարուան ընթացքին, շատ մը դրսեցի աջակիցներու օգնութեամբ, ցոյց տուինք, որ քով-քովի գալով մեծ ազդեցութիւն կրնանք ունենալ եւ իսկապէս օգտակար ըլլալ:

Մէկ այլ մարտահրաւէր՝ նմանատիպ այլ հայկական հիմնադրամներու պակաս մը կայ Թուրքիոյ մէջ։ Որպէս հայեր, եթէ մենք բոլորս իրարու չաջակցինք, մեր ապագան փայլուն չէ. եթէ բոլորս համախմբուինք, կրնանք դառնալ աւելի մեծ եւ հզօր որպէս ժողովուրդ:

Թ. Ի՞նչ ապագայ ծրագիրներ ունիք Թուրքիոյ մէջ:

ՍԹ. Մենք պիտի շարունակենք մեր կամաւորական աշխատանքը մինչեւ ոչ մէկ հայ տարեց մնայ առանց դեղորայքի, մինչեւ ոչ մէկ հայ հայր տուն գայ առանց կերակուրի իր երեխաներու համար, մինչեւ ոչ մէկ հայ մանուկ կամ երեխայ անօթի քնանայ:
Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որոնք օգնած են մեզի: Պոլսոյ քաղաքապետէն ու մեր հոգաբարձութենէն մինչեւ իւրաքանչիւր կամաւոր. բոլորին անչափ շնորհակալ ենք: