Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան
Վերջերս, Թորոնթոյի «Համազգային» թատերասրահէն ներս, ներկայ գտնուեցայ հայկական հարուստ եւ ճոխ մշակոյթը ներկայացնող ու մեծարող ձեռնարկի մը , որուն ընթացքին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառը իր օրհնութեան խօսքին մէջ քանիցս շեշտեց հայ ժողովուրդի կեանքն ու գոյութիւնը իմաստաւորող հայկական մշակոյթին ոգեղէն կարեւորութեան մասին եւ իր հայրական պատգամին մէջ յորդորեց ամէն գնով պահպանել մեր ազգային արժէքներն ու հարստութիւնները։
Ձեռնարկէն տուն վերադարձիս, ընկերուհիներէս մէկը զիս իր տունը հրաւիրեց։ Հայկական խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող նռան պատկերներով զարդարուած սուրճի բաժակներէն տարածուող անուշաբոյր սուրճի հոտին ու այնքան քաղցր թուացող դառնահամ սուրճին շոգիին խառնուեցաւ գովքը՝ այդ երեկոյի ընթացքին ամռան արեւի նման մեր սրտերը ջերմացնող ասմունքներուն, պարերուն, երգչախումբին երգած երգերուն ու դպրաց դասին ներկայացուցած շարականներուն։
Քանի մը ամիս առաջ Գանատա փոխադրուած ու թորոնթոհայ գաղութի ակնյայտ աշխուժութեամբ ու բարձր մակարդակի ձեռնարկներով հիացած ընկերուհիս՝ «Յաճախ զիս յիշէ, հը՞, չմոռնա՛ս․ միասին երթանք ու ըմբոշխնենք հոյակապ ձեռնարկներուն հաճոյքը», կ’ըսէր, իսկ ես յաճախ զինք յիշել կը խոստանայի…
Արդէն ուշ էր. հրաժեշտ տուի եւ տուն երթալու պատրաստուեցայ։ Դուրսը, ինքնաշարժիս մօտեցած պահուս՝ տան աւելորդ, չուզուած եւ կամ հինցած ապրանքներ թափելու բաժնին մէջ, հին ու խլխլած պահարանի մը ետեւէն դուրս ցցուած եւ հակառակ դարձած պատկեր մը աչքիս զարկաւ։ Այբուբենն էր, այո՛, մեր Այբուբենը, որուն Է-Ը-Թ տառերը պահարանին ետեւէն ինծի նայելով`
– Հէ՜յ, Տիրո՛ւկ…եկո՛ւր, մենք հոս ենք։ Եկուր մեզի վերցո’ւր այս աղբակոյտէն եւ ապահով տեղ մը տար։ Հաճի՜ս, փրկէ’ մեր կեանքը, արդէն կը նուաղինք…։ Եկո’ւր, եկո’ւր, դեռ ինչե՜ր կան հոս…ահաւասիկ անոնք ալ մեր քովը նետուած են, հարազատներս են անոնք՝ Սայաթն ու Մաշտոցը։ Ա՜խ, մենք ինչե՜ր չտեսանք անցնող տարիներուն։ Եկո’ւր ու նայէ՛ հոս, ճակտիս «Ակօս» գրուած է։ Ես Հրանդ Տինքին կնիքը կը կրեմ, ահա։ Պոլիսէն ճամբայ ելայ, հայրենասէր եւ հայերէնը պաշտող հայու մը ճամպրուկին մէջ տեղաւորուած՝ հասայ Թորոնթօ, ապա ապակեայ ու փայտեայ շրջանակի մը մէջ խնամքով դրուելով զետեղուեցայ այս շէնքին մէջ բնակող հայասէր ընտանիքի մը հիւրասենեակին ամենէն պատուաւոր անկիւնը եւ պատէն կախուեցայ։ Զիս տեսնողները հիացմունքով կը դիտէին իւրաքանչիւր տառս ու մեր եռագոյնը յիշեցնող գոյներս եւ զարդանախշերս։ Գիտե՞ս, աջիս իմ ստեղծագործիս` Մեսրոպ Մաշտոցին պատկերը կար, իսկ ձախիս` մեր աննման Սայաթ Նովան կանգնած էր իր քամանչայով։ Երկուքն ալ հայ վարպետ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններն էին՝ թաւիշի վրայ գծագրուած։ Անոնք ալ Հայաստանէն ճամբայ ելած, հասած էին Թորոնթօ՝ ուրախութիւն եւ յուզումնախառն պահեր ներշնչած էին հայրենիքի կարօտով ապրող տարեց տանտէրերուն։
Երեքս ալ որքա՜ն հզօր եւ կարեւոր կը զգայինք այդ տարիներուն, երբ տան բնակիչները հայերէն կը խօսէին ու կ’երգէին, նամանաւանդ ընտանեկան հաւաքոյթներուն, երբ ուշ գիշեր բոլոր ներկաները միաբերան Չարենցի՝ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»-ն կ’արտասանէին, ազգային երգեր կ’երգէին եւ հայկական «Քոչարի»-ն կը պարէին։ Այդ երգերը լսելով Սայաթ Նովան կը ժպտէր ու իր քամանչայով անոնց կը նուագակցէր, իսկ Մաշտոցը հպարտօրէն իր գիւտին գովքը կը հիւսէր։
Երբեք չե՛մ մոռնար տան մանչ զաւակին` Մեսրոպիկին ծնունդը, երբ իմ գիւտարարս` Մեսրոպը, երջանկացած` «Մեծ հայր եղայ, մեծհա’յր։ Տե’սէք, նորածինը իմ անունովս կոչեցին», բացագանչեց եւ ամբողջ գիշեր ուրախութենէն չկրցաւ քնանալ, որովհետեւ կ’ուզէր պատկերին շրջանակէն դուրս ցատկել ու նորածինը գրկելով անոր ճակտէն համբուրել։ Բոլորս ալ կը հպարտանայինք Մեսրոպիկին առօրեայ նուաճումներով, մանաւանդ Այբուբենը սորված ժամանակ բոլորս ալ անոր բերնէն կախուած՝ հայերէն տառերուն արտաբերումովը մեծագոյն բերկրանք կը զգայինք։ Երեքս` Այբուբենը, Սայաթ Նովան եւ Մաշտոցը, անկեղծ ընկերներ եւ մտերիմներ էինք արդէն ու քայլ առ քայլ կը հետեւէինք փոքրիկ Մեսրոպիկին առօրեային եւ հայկական դաշտին մէջ արձանագրած նուաճումներուն։
Տարիները անցան ու դժբախտաբար շա՜տ բան փոխեցին նորերը։ Մեծերը անցա՜ն-գացին, իսկ փոքրերը օտար շրջանակի մէջ ապրելով մոռցան իրենց արմատները, ու բոլորիս սիրած Մեսրոպիկը դարձաւ Ռոպ, իսկ անգլերէնը եղաւ իր նախասիրած լեզուն։
Սեւ օր մըն ալ, իր հայկական արմատները կոտրելով մեր երեքը հաւաքեց եւ աղբամանին մէջ նետեց։ Կը կարծէք, որ չաղաչեցի՞նք, չլացի՞նք, ամբողջ ուժով չպայքարեցա՞նք, ընդհակառակը` հայերէնով պոռացինք եւ օգնութիւն խնդրեցինք, բայց Ռոպին խլացած սիրտն ու ականջը եւ հայերէնին արժէքը մոռցած ինքնութիւնը մեզի դաւաճանելով հոս նետեց։ Սակայն գիտե՞ս, ոսկին ո’ւր որ ալ գտնուի կը մնայ արժէքաւոր, մինչեւ որ հոգատար ձեռք մը արժեւորէ եւ փրկէ զինք։ Հոգատար հազարաւոր հայ խիղճեր, հոգիներ եւ հայութեամբ շնչող սրտեր ու հայ ձեռքեր կան հոս՝ Թորոնթօ, եւ անոնք տիւ ու գիշեր կը պայքարին մեր նոր սերունդը օտարամոլութենէ փրկելու։ Վստահ ենք, որ մօտիկ ապագային Ռոպն ալ պիտի զարթնի ու Մեսրոպ դարձած պիտի վերականգնէ իր հայկական արմատները։
Մօտեցայ, Այբուբենը վերցուցի։ Անդին նետուած Մաշտոցին եւ Սայաթ Նովային նկարներն ալ առի, հոգատարութեամբ թեւիս տակ դրի, արցունքներս սրբեցի, ինքնաշարժ նստայ ու եկայ տուն։ Ճամբան բիւրաւոր օրհնութիւններ լսեցի անոնց լռակեաց շրթներէն։
Տուն հասայ, երեք պատկերներն ալ դէմս շարեցի ու ինքնաբերաբար բարձրաձայնեցի. «Թանկագին սիրելինե՛ր, դուք մի վրդովիք, հոս ձեր բարձր արժէքը պահող հազարաւոր հայորդիներ կան, Թորոնթօն հայապահպան գաղութ է, դժբախտաբար դուք սխալ տեղ հանգրուանած էիք։ Կ’երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնն էր, որ ես ձեզ գտնեմ։ Այսուհետ ապահով օճախի մէջ էք։ Մի’ վախնաք, ես ու մեր թորոնթոհայ նոր սերունդը ձեզի անպաշտպան չե՛նք ձգեր։ Դուք մեր ակումբին, դպրոցին եւ կամ նահապետական հայ ընտանիքի մը քով յաւիտեան պիտի ապրիք, ինչո՞ւ չէ, կրնամ նաեւ ձեզ յանձնել զաւակիս, որ ապագային հպարտութեամբ իր տան ամենէն պատուաւոր անկիւնը տեղադրէ ձեր պատկերները ու իր ապագայի զաւակներուն հիացմունքով պատմէ ձեր ստեղծագործութիւններուն ու արժէքին մասին։
Շուրթերէս արտաբերուած իւրաքանչիւր բառի հետ պատկերներուն ժպիտը կը մեծնար եւ ապագայի հանդէպ, իրենց ունեցած լուսաշող տեսլականին հորիզոնները կ’ընդլայնէին ու՝ «Փառք Աստուծոյ, տակաւին հայը կ’ապրի ու մեզի յաւիտեան պիտի ապրեցնէ» կը կրկնէին գոհունակութեամբ իրարու նայելով։
Հիմա, ամէն առաւօտ, քամանչայի նուագները ու Մաշտոցի Այբուբենի հնչիւնները լսելով աչքերս կը բանամ, նստասենեակիս պատէն կախուած պատկերին Մշոյ դաշտի կակաչները աջ ու ձախ շորորալով կը պարեն եւ հայաստանաբոյր տունս հայ մշակոյթով կը ծիածանուի։ Սիրելիներուս՝ Մաշտոցին ու Սայաթ Նովային լուսապայծառ եւ բարի օրերու մաղթանքն ու օրհնութիւնները լսելէ ետք, անոնց լուսապսակ ճակատին օդային համբոյր մը նետելով ճամբայ կ’երթամ դէպի հայութեան աղբիւրը լոյսին։