Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը կոչ կ’ուղղէ սատարելու «Հայաքուէ»-ին


Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը ամբողջական պաշարումի վերածելու գործողութիւնները եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայաստանեան «Հայաքուէ» («Հայաքվե») օրէնսդրական նախաձեռնութեանը:

«21-րդ դարուն, այսպիսի աննախադէպ բարբարոսութիւնը պէտք չէ անտեսուի քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար երկիրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւասու կառոյցներու կողմէ, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ խուսափին իրենց պատասխանատուութենէն եւ բաւարարուին արցախցիներու հարցով որեւէ խնդիր չլուծող «Դա Ռուսաստանի խնդիրն է» վերացական եւ անդէմ յայտարարութիւններով», կ’ըսուի խորհուրդին տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ան կը հաւատայ, որ համազգային խնդիրները յարիր է լուծել բացառապէս համազգային ընթացակարգերով. հայ ժողովուրդը ոչ ոքի յանձնառութիւն տուած է միահեծան լուծելու ողջ ազգին վերաբերող առանցքային հարցերը:

Օնթարիոյի հայկական միացեալ խորհուրդը կ’ողջունէ «Հայաքուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր աշխատանքներուն, որոնք կը միտին՝ քրէականացնել Արցախը Ազրպէյճանի մաս ճանչցող գործողութիւնը եւ այդ գաղափարի ու գործի շուրջ առաջ բերել համազգային համախմբում եւ կանխել Արցախի յանձնումը։

Ան կոչ կ’ուղղէ Օնթարիոյի մեր բոլոր հայրենակիցներուն յաւուր պատշաճի սատարելու Հայաստանի «Հայաքուէ» օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որպէսզի փորձ չկատարուի որեւէ ձեւով խոչընդոտելու յիշեալ նախաձեռնութեան բնականոն ընթացքը:

Յիշեցնենք, որ «Հայաքուէ»-ն օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը օրէնքի փոփոխութեամբ խիստ պատիժ կը նախատեսէ Արցախի ինքնորոշումէն հրաժարելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նշանակութիւնը նսեմացնելու համար: Վաթսունօրեայ ժամկէտի մէջ (19 յունիսէն մինչեւ 19 օգոստոս), պէտք է հաւաքուի 50 000 ստորագրութիւն, որպէսզի օրէնսդրական փոփոխութեան պահանջը ներկայացուի Ազգային ժողով:

«Հայաքուէ»-ի ստորագրահաւաքին կրնան մասնակցիլ 18 տարեկանէն բարձր Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները. այն ՀՀ քաղաքացիները որոնք ունին նոյնականացման քարտ կրնան էլէկտրոնային ձեւով քուէարկել։