Ազրպէյճան կ’արգիլէ Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդասիրական փոխադրումները․ Արցախն այս շաբաթ


Ազրպէյճան կ’արգիլէ Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդասիրական փոխադրումները

15 յունիսի առաւօտեան Հայաստան-Արցախ սահմանագիծին` Հակարիի կամուրջի տարածքին մէջ լսուած են կրակոցներ: Ազրպէյճանցի խումբ մը սահմանապահ զինուորներ փորձած են Հայաստանի տարածքին մէջ դրօշ տեղադրել: Հայաստանի սահմանապահ զինուորներու կողմէ ձեռնարկուած միջոցներուն շնորհիւ ազրպէյճանցի զինուորներու յառաջխաղացման եւ դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած են:

Պաշտօնական Պաքուն դրօշի տեղադրման ջանքերուն մասին չի խօսիր, այլ կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքէն կրակած են Հակարիի անցակէտին ուղղութեամբ, ազրպէյճանցի սահմանապահ մը վիրաւորուած է:

Հակարիի կամուրջին մօտ տեղի ունեցած ազրպէյճանական սադրանքէն ետք Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդասիրական ուղեւորափոխադրումներն ու բեռնափոխադրումները Ազրպէյճանի կողմէ արգիլուած են: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Մասնաւորաբար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ 25 հիւանդ եւ անոնց հարազատներ կը տեղափոխուէին Արցախէն Հայաստան, սակայն Քաշաթաղի միջանցքին մէջ գործող ապօրինի ազրպէյճանական անցակէտին մէջ արգիլուած է մեքենաներու հետագայ տեղաշարժը` անոնց ստիպելով վերադառնալ Ստեփանակերտ:

«Բացի ատկէ, չեղեալ նկատուած է այսօր նախատեսուած Ստեփանակերտ-Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով տասնեակ անձերու ուղեւորափոխադրումը մարդասիրական հրատապ կարիքներէն մեկնելով, անիկա պէտք է տեղի ունենար ռուս խաղաղապահներու կողմէ:

«Կասեցուած է նաեւ մարդասիրական բեռնափոխադրման նպատակով Գորիս մեկնող ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու շարժը:

«Անգամ մարդասիրական հարցերը Ազրպէյճանը կ’օգտագործէ Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ պահանջներ դնելու համար». Արցախի ՄԻՊ

«Արդէն երկրորդ օրն է որ Ազրպէյճանի կողմէ արգելափակուած են դէպի Արցախ ամէն տեսակի մարդասիրական փոխադրութիւնները, որոնք շրջափակման ընթացքին կը կատարուէին Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ», «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան։

«Դէպի Արցախ մարդասիրական բեռերու փոխադրման արգելափակումը աւելի կը խորացնէ շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակը։ Վեց ամիս շարունակուող շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած պարէնային առանց այդ ալ սուղ իրավիճակը մարդասիրական փոխադրումներու արգելափակման հետեւանքով գոյաբանական սպառնալիքներ կը ստեղծէ Արցախի 120,000 բնակչութեան, ներառեալ՝ 30,000 երեխաներու, 20,000 տարեցի եւ 9000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար։

«Միջանցքի ամբողջական արգելափակման հետեւանքով չէ իրականացուած 102 բուժառուներու եւ անոնց ուղեկցող անձերու նախապէս ծրագրուած տեղափոխութիւնը Արցախէն Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ։ Ամբողջութեամբ դադրած է նաեւ անհրաժեշտ դեղորայքի մատակարարումները՝ լրջագոյն խնդիրներ յարուցելով քաղաքացիներու եւ Արցախի բուժհաստատութիւններու համար», կը գրէ Ստեփանեան։

Ըստ անոր՝ այս բոլորը ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ մարդասիրական բնոյթի հարցերը Ազրպէյճանը կ’օգտագործէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ճնշումներ գործադրելու, ահաբեկելու եւ Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուող ցեղային ատելութեան եւ էթնիկ զտման քաղաքականութիւնը առաջ մղելու համար։

Ազրպէյճանի զինուժը Արցախի մէջ խախտած Է հրադադարը

10 յունիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Արցախի հետ շփման գիծի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ խախտած են հրադադարը: Ազրպէյճանցիները 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 ական արձակած են պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերքեց Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ իբրեւ թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 10 յունիսին պարբերաբար կրակ բացած են Արցախի Շուշիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մասնաւորապէս նշեց, որ հայկական կողմը գիւղատնտեսական աշխատանքներու անուան տակ փորձած է մնայուն ամրակայաններ տեղադրել ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն դիմաց:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, փորձելով հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներուն կողմէ հրադադարի դրութեան իւրաքանչիւր օր արձանագրուող խախտումները, կը շարունակէ խեղաթիւրել իրականութիւնը, հերթական անգամ յայտարարելով Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի եւ Շուշիի ուղղութեամբ իբրեւ թէ իրականացուող ճարտարապետական աշխատանքները խափանելու մասին», նշուած է Արցախ պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

«Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած է իբրեւ Ազրպէյճանի բաղկացուցիչ մաս»․ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի ու Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող կացութիւնը» նիւթով քննարկման ժամանակ յայտարարեց, որ «Լաչինի միջանցքին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ կողմերուն միջեւ վստահութիւն կառուցելու ջանքերուն»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ելոյթի ժամանակ

Պորելի համաձայն, ներկայ կացութիւնը յատկապէս ծանր է ղարաբաղցի հայերուն համար, որոնք «մնացած են այդ ներերկրին մէջ»:

Պորել նշած է, որ Բերձորի միջանցքը Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պատասխանատուութենէն դուրս է: «Կան տարածքային գօտիներ, Հայաստանի հետ սահմանային հատուածներ, ուր կ’երեւի, թէ Լաչինի միջանցքին մէջ ինչ կը կատարուի: Սակայն միջանցքը ինքնին առաքելութեան իրաւասութիւններուն եւ պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս է: Այժմ կը փորձենք յատուկ այս խնդիրին համար լուծում գտնել»:

«Եւրոպական առաքելութեան առաւել արդիւնաւէտ գործունէութեան համար պէտք է ըլլայ լրացուցիչ իրաւակազմակերպչական հարցերու համարժէք լուծում: Միջազգային ընտանիքն ու Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին յորդորած են կարելիութիւն ընձեռել, որպէսզի դէտերը կարենան մուտք գործել Լաչինի միջանցք եւ ըլլալ այնտեղ տեղակայուած անցակէտին մէջ», ըսած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Պորել նաեւ շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու չէ ուժային լծակներ կիրարկելով` Ազրպէյճանին բան մը պարտադրելու:

«Մոլտովայի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումի ժամանակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը. Հայաստանը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի բաղկացուցիչ մաս: Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որ կատարած է նման յայտարարութիւն, եւ Եւրոպական Միութիւնը յոյս ունի, որ Պաքուն կ’ընդունի այդ պատգամը եւ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներուն ու անվտանգութեան հարցերուն», յայտարարած է Պորել:

«Յոյս ունինք, որ հայկական կողմի պատգամը խթան պիտի հանդիսանայ` դրական հուն մղելով բանակցային հոլովոյթը», ըսած է Պորել:

«Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը ներառեց Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Սակայն անոր վերջնական կարգավիճակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, չեմ կրնար ըսել: Առաջին անգամ Հայաստանի ղեկավարը աներկբայելի կերպով կը ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ: Ասիկա աննախադէպ է», յայտնեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

«Հայաստանը պէտք է ուղղակի թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»․ Ալիեւ

Հայաստանը պէտք է ուղղակի քաղաքական կամք դրսեւորէ եւ թուղթի վրայ ամրագրէ այն, ինչ որ արդէն պաշտօնապէս յայտարարած է` «Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»: Այս մասին Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆի հետ բանակցութիւններէն ետք մամլոյ յայտարարութեան մէջ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ան նշած է, որ Փաքիստանի վարչապետին տեղեկացուցած է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացիկ բանակցութիւններու մասին: «Եւ կը կարծեմ, որ այս համաձայնագիրի ստորագրման հեռանկարներ կան», ըսած է Ալիեւ:

Ան նշած է, որ Փաքիստանի վարչապետին տեղեկացուցած է խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացիկ բանակցութիւններու մասին: «Եւ կը կարծեմ, որ այս համաձայնագիրի ստորագրման հեռանկարներ կան», ըսած է Ալիեւ:

Էջմիածին Հայաստանի իշխանութիւնը յորդորեց՝ հետամուտ ըլլալու արցախահայութեան իրաւունքի գործադրութեան

5-8 Յունիսին, Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովէն ետք ընդունուած յայտարարութեան մէջ համագումարին մասնակցողները յորդորեցին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ հետամուտ ըլլալու արցախահայութեան՝ «սեփական բնօրրանին մէջ ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու իրաւունքի իրացմանը, նաեւ՝ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու անվտանգութեանն ու անձեռնմխելիութեանը»:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի մասնակցիները

«Կը յայտնենք մեր զօրակցութիւնը արցախահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ քաջալերելով, հակառակ առկայ մարտահրաւէրներուն, երբեք չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ, շարունակել պաշտպանել ու շէնցնել Արցախ աշխարհը՝ զօրացած յոյսով ու հաւատքով», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ազրպէյճանցիներն աւերած են Հադրութի Հալիւորի կամուրջը

«Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկում» (Caucasus Heritage Watch) կայքը հրապարակած է տիեզերական լուսանկարներ, ուր կ’երեւի, որ ազրպէյճանցիները աւերած են Հալիւորի կամուրջը:

Հալիւորի կամ Հալեւորի կամուրջը կը գտնւում է Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղէն 2քմ․ հարաւ-արեւմուտք` Իշխանագէտի վրայ: Համաձայն կամուրջի հոսքընթաց ճակատին ագուցուած քարին վրայ փորագրուած եւ ցարդ պահպանուած շինարարական 7 տողանի արձանագրութեան` կառուցուած է 1835-ին:

Ան մէկն է Իշխանագէտի եւ անոր վտակներուն վրայ կառուցուած 6 կամուրջներէն, որոնցմէ չորսը պահպանուած են եւ կը գործեն:

Հալիւորի կամուրջ Մեծ Թաղերոււ տարածքը գետի վրայով կը կապէ Տումի գիւղի տարածութեան հետ: Միակամար, կիսագլանաձեւ թաղով ծածկուած կամուրջը իրարու կապած է ժայռոտ ձորափերը: Ան ունի 20 մեթր երկարութիւն, 3 մեթր լայնութիւն եւ 9 մեթր բարձրութիւն: Կամարային բացուածքի լայնութիւնը կը կազմէ 9 մեթր: Պահպանուած արձանագրութեան մէջ գրուած է․ «Յիշատակ է /կամուրջըս Եարու/ թիլն որդի Գեւ/ որքի, շինեցի իմ /ծնօղաց, օւ անցնի/ ա /աստուած ողորմի ասի, /ՌՄՁԴ /1835թ./»:

Կարմիր խաչի հանրակառքով բուժառուներ տեղափոխուած են Հայաստան. 19 բուժուած անձ վերադարձած է Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 10 յունիսին Արցախի «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-էն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ եւ իրենց կողմէ տրամադրուած հանրակառքով, 16 բուժառու եւ անոնց ուղեկցողները տեղափոխուած են Հայաստանի հիւանդանոցներ:

Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ բուժարուներ Հայաստան կը փոխադրուին

19 բուժառուներ, որոնք բուժման համար կը գտնուէին Հայաստան ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ:

Հակառակ դժուարութիւններուն` «Թումօ»ն Արցախի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` ծրագրելով նոր նախագիծեր

Ստեփանակերտի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կը պատրաստուի նոր ծրագիրներու իրագործման, որու ծիրէն ներս ուսանողները աւելի հետաքրքրական ու ստեղծագործական նախագիծերու պիտի տիրապետեն:

Ըստ «Արցախպրես»-ի՝ «Թումօ»-ի արցախեան գրասենեակի ղեկավար Խաչատուր Հայրապետեան տեղեկացուցած է, որ յուլիսին պիտի կազմակերպուին աշխատարաններ եւ յատուկ նախագիծեր, որոնց  ընթացքին ուսանողները պիտի սորվին ստեղծել նուագող մարդ-մեքենայ (robot): 

Ստեփանակերտի Թումօ կեդրոնը (լուսանկարը՝ «Թումօ»-ի)

Անդրադառնալով շրջափակման յարուցած դժուարութիւններուն, ան ըսած է, որ վառելիքի սղութեան պատճառով շրջաններէն սովորողները դժուարութիւններ ունին մայրաքաղաք հասնելու եւ զրկուած են դասընթացներուն մասնակցելու հնարաւորութենէն: «Ծագած շարք մը խնդիրները կրնանք լուծել առցանց, սակայն հովհարային անջատումները եւս խոչընդոտներ կը յարուցեն», ըսած է Հայրապետեանը:

Ըստ անոր` շրջափակման ընթացքին Թումօ յաճախողներուն թուի աճած է:

 «Վաղուհասը, Շահմասուրը, Խրամորթը, Սպիտակաշէնը, Նորշէնը այն համայնքներն են, ուրկէ ուսանողներ արձանագրուեցան շրջափակման ընթացքին», նշած ան՝ աւելցնելով, որ Գետաւան եւ Կարմիր Շուկայ գիւղերուն մէջ կը նախատեսուի նոր «Թումօ» տուփեր տեղադրել, երբ երթեւեկութեան եւ անհրաժեշտ այլ միջոցները ապահովուին:

Ստեփանակերտի մէջ նահատակ Նորայր եւ Երուանդ Հաջեաններու յուշաղբիւրի բացում

Ստեփանակերտի «Յաղթանակի» հրապարակին կից 15 յունիսին տեղի ունեցաւ ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած Նորայր եւ Երուանդ Հաջեաններու յիշատակին նուիրուած յուշաղբիւրի հանդիսաւոր բացումը:

Ըստ «Ապառաժ»-ի՝ յուշաղբիւրը օծուեցաւ Մինաս քհնյ. Մովսիսեանի ձեռամբ: Ներկայ էին` ընտանիքի անդամները, հարազատները, մարտական ընկերները, քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները:

Հաջեան եղբայրներուն հայրը` քաղաքական վերլուծաբան, լրագրող Միքայէլ Հաջեան նշեց, որ ասիկա սգոյ միջոցառում չէ, այլ յաւերժացման ճամբուն վրայ իր զաւակներու եւ անոնց հետ նահատակուած բոլոր տղոց համար նոր փուլ մը: Ան դիտել տուաւ, որ նահատակ եղբայրները ռազմաճակատ մեկնելու ատեն վայրկեան մը իսկ չեն վարանած, չեն մտածած, որ կրնան զոհ դառնալ կոյր գնդակին` հայրենիքը գերադասելով ե՛ւ ընտանիքէն, ե՛ւ ծնողներէն, ե՛ւ զաւակներէն:

«Բոլոր այն տղաներուն համար, որոնք պատերազմ մեկնեցան յանուն Արցախի պաշտպանութեան, անոնց համար հայրենիքը վեր էր ամէն ինչէն: Թէեւ ե՛ւ մեզի համար ե՛ւ զաւակներուն համար, ե՛ւ կանանց համար անչափ խորն է կորստեան ցաւը, սակայն մեր տղաները չեն մահացած. յաւերժացումը կը վերհառնի մեր սրտերուն, յիշողութեան ու դարերու մէջ: Որքան ալ խորն է ցաւը, կը հաւատացնեմ, որ հպարտ եմ իմ զաւակներուս համար: Անոնք կատարած են այն, որուն շնորհիւ իրենց հայրը կրնայ գլուխը բարձր պահել», նշեց նահատակ հերոսներուն հայրը:

Նորայր Հաջեանը զոհուեցաւ 4 ապրիլ 2016-ին, Թալիշի մէջ: Արժանացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Դրաստամատ Կանայեան», «Վազգէն Սարգսեան», «Արամազդ», Արցախի «Մայրութիւն» կազմակերպութեան կողմէ` «Մայրական երախտագիտութիւն», իսկ յետմահու` Արցախի «Մարտական ծառայութիւն», Հայաստանի «Մարտական ծառայութիւն» մետալներու:

Երուանդ Հաջեան անմահացաւ 6 հոկտեմբեր 2020-ին, 44-օրեայ պատերազմ ժամանակ, Կարախանբէյլի տեղամասին մէջ,: Իր ցուցաբերած քաջութեան, սխրանքի, նուիրումի եւ խիզախութեան համար Արցախի նախագահի հրամանագիրով յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով, իսկ դիւանագիտական ճակատին վրայ երկարամեայ բարեխիղճ ծառայութեան համար` «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Արժանացած է պետական ու գերատեսչական շարք մը պարգեւներու, որոնց կարգին` «Զինուոր հայրենեաց», «Մայրական երախտագիտութիւն», «Հայրենիք եւ հաւատ», «Մոնթէ Մելքոնեան, «Զինուոր», «Տիգրան Մեծ» մետալներու:

Ստեփանակերտի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի 85-ամեակի առթիւ միջոցառում

Ստեփանակերտի մէջ 15 յունիսին կազմակերպուած է մշակութային ձեռնարկ՝ նուիրուած Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի հիմնադրման 85-ամեակին:

Ըստ «Արցախպրես»-ի, դպրոցի տնօրէն Զարինէ Բաբայեան նշած է, որ երաժշտական դպրոցը հիմնադրուած է 1938 թուականին: Ութ տասնեակէ աւելի տարիներ, Ստեփանակերտի միակ երաժշտական դպրոցը կրթած ու դաստիարակած է սերունդներ, որոնք այսօր իրենց աւանդը ունին Արցախի մշակութային կեանքի կայացման մէջ:

«2022-2023 ուսումնական տարին դպրոցը ունեցած է 437 աշակերտ: Այս տարի ունինք 61 շրջանաւարտ. անոնցմէ ինը որոշած են իրենց ուսումը շարունակել երաժշտական ասպարէզի մէջ: Շուրջ վեց ամիս շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ դպրոցը թէկուզ մէկ օր չէ դադրեցուցած իր գործունէութիւնը: Մեր առաքելութիւնը հիմնադրման օրէն չէ փոխուած: Մենք կը շարունակենք մեր երեխաներուն մէջ սէր սերմանել մշակոյթի, երաժշտութեան հանդէպ: Վստահ ենք, որ մեր աշակերտները վաղը կը դառնան մեր երկրի լիարժէք քաղաքացիներըէ,-նշել է Զ. Բաբայեանը:

Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ բացուած է «Քոչարեան» նկարչական աշխատանոցի սաներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը

15 յունիսին, մայրաքաղաքի մէջ բացուած է «Քոչարեան» մշակոյթի արուեստանոցի սաներու հաշուետու ցուցահանդէսը, որ կը կրէր «Սովորենք արուեստի գիտութիւնը եւ գիտութեան արուեստը» խորագիրը:

«Քոչարեան» նկարչական աշխատանոցի սաներու ցուցահանդէսը (լուսանկարը՝ «Արցախպրես»-ի)

«Արցախպրես» հաղորդմամբ՝ արուեստանոցի սաներու արդէն երկրորդ տարին կազմակերպուող հաշուետու ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին նաեւ Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Նորայր Մկրտչեանը, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

Լիանա Քոչարեան ընդգծած է, որ սաները արուեստանոցին մէջ կը սորվին նկարչութեան քերականութիւնը:

«Մեր սաներուն աշխատանքները կրնան նման ըլլալ, սակայն` չկրկնուող: Իւրաքանչիւրը, լսելով իմ ուսուցողական խօսքը, իւրովի կը կատարէ աշխատանքը` իր զգացմումներուն ու կարողութիւններուն համապատասխան», ըսած է ան: Տնօրէնը աւարտական վկայականներ յանձնած է 13 աշակերտի: