«Սեւ մուրով ծածկուած Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցին պիտի բերենք նախկին փայլքին»


Սալբի Սաղտըճեան 

Կիրակի, 17 մայիս 2023-ի առաւօտեան բռնկած չարաբաստիկ հրդեհը մեծապէս վնասեց Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցին։

Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ատենապետ Րաֆֆի Շնորհոքեան «Թորթոնթհայ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ աւերիչ կրակը սկսած է եկեղեցւոյ գրասենեակի ջեռուցիչէն ու տարածուելով այրած է եկեղեցական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ սեւ, թանձր ծուխն ու տաքութիւնը նկատելի վնասներ հասցուցած են եկեղեցւոյ կառոյցին, վնասուած են մինչեւ անգամ՝ ջերմացնող սարքը, ջուրի խողովակները, ելեկտրական լարերը, կահոյքը, եկեղեցւոյ բեմն ու սալաքարերը։

Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Ագպաշարեան կրակը մարելու աշխատանքները նկարագրելով ըսած է․ «Ամբողջ այս անորոշութեան մթնոլորտին մէջ, Աստուծոյ հրաշալի ներկայութիւնը մղիչ ուժ հանդիսացաւ կրակը մարելու ճիգերուն համար։ Հակառակ վախի վիճակին, մինչեւ հրշէջ մեքենային հասնիլը, գիշերօթիկի երեխաները դուրս եկած էին ջուրով լեցուն իրենց գաւաթներով՝ փորձելով մարել կրակը։ Հակառակ ամէն վայրկեան ահաւոր պայթումի մը հաւանականութեան՝ մեր հերոսները շարունակեցին կրակը մարելու իրենց ճիգերը: 45 վայրկեան ետք հրշէջները հասան եւ գործի անցան: Քիչ ետք կրակը լրիւ մարեցաւ: Իսկապէս հրաշք էր, որ մարդկային վնասներ չկային»:

(տեսերիզ՝ Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ)

Վերապատուելին պատահածին կ’անդրադառնայ նաեւ հոգեւոր տեսանկիւնէն, դիտել տալով, որ այրած, մոխրացած կահոյքը, սեւցած պատերը արգելք չեղան, որ հրդեհէն մէկ ժամ ետք ժողովուրդը հաւաքուի եկեղեցւոյ կից սրահէն ներս իր պաշտամունքը կատարելու։ «Տեղւոյն վրայ խաչը մաքրուած էր եւ տեղափոխուած սրահ, ուրիշ Սուրբ գիրք մը բացուած եւ դրուած էր խաչին առջեւ: Արցունքոտ աչքերով եւ ծանրացած սրտով մարդիկ պատրաստ էին փառաբանելու զԱստուած՝ հաւատալով, որ  իրենց արցունքները շուտով պիտի վերածուին ուրախութեան կանչերու»:

Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցին հիմնուած է 1941-ին, պատուելի Արամ Հատիտեանի օրօք: Անիկա եղած է Այնճարի մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին: Սկիզբի տարիներուն պաշտամունքը տեղի ունեցած է վրանի տակ: Եկեղեցին ծառայած է նաեւ որպէս դպրոց: Անոր մէջի վեց սիւներուն շնորհիւ՝ վարագոյրներու օգնութեամբ սենեակներ կը ստեղծուէին, որոնք կը ծառայէին իբրեւ դասարաններ։

Եկեղեցւոյ մէջ կան պատմական արժէք ներկայացնող իրեր․ 1939-ին, Մուսա լեռան Պիթիասի եկեղեցիէն բերուած բեմին նստարանը, ամպիոնը եւ գորգը մինչ օրս կը գործածուին եկեղեցւոյ մէջ:

«Մեզ շատ սիրելի այրուած այս շէնքը անցնող 82 տարիներուն ընթացքին եղած է բազմաթիւ այնճարցիներու հոգեւոր տունը եւ հոգեւոր լոյսի աղբիւրը», դիտել կու տայ Շնորհոքեան։

Այնճարի հայ աւետարանական համայնքը հայ ազգին տուած է բազմաթիւ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, առեւտրական եւ այլ ոլորտներու առաջնորդներ, որոնք իրենց ազդեցիկ հետքը ձգած են մեր ազգային կեանքին մէջ: Այս առաջնորդները իրենց հոգեւոր եւ բարոյական կրթութիւնը ստացած են իրենց հարազատ եւ սիրելի Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցիին եւ դպրոցին մէջ:

Աստուծոյ նախախնամութեամբ միայն նիւթական են վնասները, որոնք կարելի է վերականգնել եւ նախկին տեսքին բերել եկեղեցին։

Ըստ մեր զրուցակիցին՝ եկեղեցւոյ վերականգնման համար առաջարկուած ծրագիրը ամբողջութեամբ պիտի վերացնէ հրդեհին պատճառած վնասները եւ անհրաժեշտ թարմացումները պիտի կատարէ, որուն համար պիտի առնուին հետեւեալ քայլերը․ մաքրութիւն, վերանորոգում, շարժական եւ անշարժ կահոյքի վերականգնում,  ջեռուցման նոր համակարգի զետեղում, ապահովական համակարգի տեղադրում եւ ներքին յարդարում։ Այս բոլոր աշխատանքներուն արժէքը կը գնահատուի 70 000 ԱՄՆ տոլար:

«Այրուած եւ սեւ մուրով ծածկուած մեր այս եկեղեցին շատ թանկագին է: Ան պատմական եւ հոգեւոր մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Մենք անպայման շուտով կը վերականգնենք զայն եւ կը բերենք իր նախկին փայլքին», կը վստահեցնէ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ատենապետը:

Թորոնթոհայ գաղութի զաւակներէն մուսալեռցի Յակոբ Ճանպազեան «Ազդակ»-ին մէջ հրապարակուած իր անդրադարձին մէջ յոյս կը յայտնէ, «որ մեր նախնիներու հաստատ կամքով ու նուիրումով կառուցուած եւ հիմնադրուած մեր եկեղեցին՝ այսօր Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեամբ, բարեսիրական հաստատութիւններու եւ համագիւղացիներուս օժանդակութեամբ՝ մերօրեայ երիտասարդներու ջանքերով պիտի վերանորոգուի»։

Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագրին աջակցելու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ յղումով` amacnews.org: