Ձիթապտուղով եւ ընկոյզով աղցան (Հովիւի ճաշ). Լենային հայկական [vegan] խոհանոցը


Ձիթապտուղով եւ ընկոյզով աղցան (Հովիւի ճաշ)

(4-6 հոգիի համար)

Լենա Թաշճեան

Մուսա լեռը, որ յաջող ինքնապաշտպանութեան շարժման վայր է Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ, հարուստ է թէ՛ պատմութեամբ, եւ թէ՛ խոհանոցով։ Այս աղցանը յաճախ կ’անուանուի «Մուսալեռցի հովիւի ճաշ», ամենայն հաւանականութեամբ քանի որ հիմնական բաղադրիչները՝  ձիթապտուղն ու ընկոյզը, առատօրէն մատչելի եւ հասանելի են ամբողջ լեռնային շրջանին մէջ, եւ աղցանը յարմար, յագեցնող եւ սննդարար կերակուր է՝ հողը մշակողներու համար։

Բարեբախտաբար, այս ուտեստը, որ թերեւս ստեղծուած է իր օգտակարութեան համար, նաեւ համեղ է։

Բաղադրութիւնը

  • 1,5 գաւաթ կանաչ ձիթապտուղ, կորիզը հանուած՝ լման կամ մանրուած
  • 0,5 պզտիկ սոխ, մանր մանրուած
  • 0,5 գաւաթ ընկոյզ, ոչ շատ մանր մանրուած
  • 1 թէյի դգալ նուռի մածուկ, կամ քառորդ գաւաթ մաքրուած նուռի հատիկներ
  • 1 թէյի դգալ լոլիկի մածուկ
  • 3 թէյի դգալ ձէթ
  • 2 թէյի դգալ մանրուած ազատքեղ (ըստ ցանկութեան)

Պատրաստման եղանակը

Խառնել ձիթապտուղը, ընկոյզը, ազատքեղը, նուռի մածուկը կամ նուռի հատիկները (կամ երկուքը միասին)։ Աւելցնել լոլիկի մածուկը, ձէթը եւ լաւ խառնել։

Ձգել 10-15 վայրկեան, որպէսզի համերը խառնուին։


For this and other delicious vegan Armenian recipes in English, check out Lena and Siroon’s The Vegan Armenian Kitchen Cookbook!


Խմբ.՝ Անգլերէն vegan բառին հայերէն թարգմանութիւն առաջարկող բառարան չգտանք. նոյնիսկ դիմեցինք արեւմտահայերէնի մանսագէտներու, որոնք նոր բառեր առաջարկեցին: Հետաքրքրական առաջարկներէն մէկը՝ «անասնամերժ»-ն է, որ հաւնեցանք: Իսկ դուք, սիրելի ընթերցողներ, կը փափաքի՞ք առաջարկել ուրիշ բառ մը: Մասնակցեցէ՛ք այս ընթացքին. կը կարծենք, որ օգտակար բան մը ըրած կ’ըլլանք հոմանիշի մը յառաջացման գործընթացին մէջ: Գրեցէ՛ք editor@torontohye.ca-ին: